Յուշապատում
Անխառն, անսակարկ եւ անձնուէր ՍԷՐը՝ դէպի Ազգը, Ընտանիքը եւ Գաղափարի Օճախը
Նազարէթ Պէրպէրեան
Ազգային-պետական եւ քաղաքական-կուսակցական երախտաշատ ԳՈՐԾԻՉի ինքնատիպ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ մը յաւիտենական իր հանգիստը գտաւ ընկեր ՑՈԼԱԿ ԹԻՒԹԷԼԵԱՆի մահով։
ԱՆՁԻՆՔ ՆՈՒԻՐԵԱԼՔի Հայոց Պանթէոնին մէջ իր մնայուն տեղը զբաղեցնելու գնաց աւելի քան յիսուն տարուան ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԱՍՏԱԿ նուաճած՝ Լիբանանի հայութեան սէրն ու յարգանքը արդարօրէն վայելած ԸՆԿԵՐ – եւ, ինչո՛ւ ոչ, ՊԱՐՈՆ – ՑՈԼԱԿը․․․
Արդարեւ՝ որքան Դաշնակցութեան, նոյնքան եւ մեր ժողովուրդի տարբեր շերտերուն ու հոսանքներուն երախտագիտութեան արժանի ԳՈՐԾ եւ ՎԱՐՔ կապուած են Ցոլակ Թիւթէլեան անունին։
Իր զաւակները՝ Ալիսը, Մարալը եւ Րաֆֆին – իրենց ընտանիքներով ու հարազատներով հանդերձ – անմխիթար չեն իրենց սուգին մէջ, այլեւ՝ սովորական իմաստով սգաւոր ալ չեն, որովհետեւ Ցոլակ Թիւթէլեան վերջին հաշուով կը վերամիանայ իր այնքան սիրած ու պաշտած կեանքի ընկերոջ՝ տիկին ԿԱՍԻԱյին, որուն բառին խորագոյն իմաստով ՍԻՐԱՀԱՐՈՒԱԾ մնաց մինչեւ իր վերջին շունչը երկրաւոր այս կեանքին մէջ։
Աւելի քան վեց տարի առաջ, Լիբանան մէկ այցելութեանս ընթացքին, ընկերոջս՝ Մարտիկ Պօղոսեանին – Ալիս Թիւթէլեանի ամուսինին – հետ գացի ընկեր Ցոլակի մօտ՝ ցաւակցելու համար տիկին Կասիկի մահուան առիթով։ Այդ օրերուն «ԱԶԴԱԿ»ի մէջ լոյս տեսած էր ընկեր Ցոլակի ստորագրութեամբ սրտառուչ մահագրական վկայութիւն մը ԿԱՍԻԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ԹԻՒԹԷԼԵԱՆին նուիրուած – անմահանուն ԱՐԱՄ ՍԱՀԱԿԵԱՆի դուստրն էր տիկին Կասիկը։ Ընկեր Ցոլակ ուզեց, որ իր այդ վկայութիւնը հետս առնեմ եւ քովս ունենամ․ ձեւով մը՝ ինձ աւանդ յանձնեց իր Մեծ Սէրը վկայելու ճիտի պարտքը։
Կցուած՝ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնեմ սրտի այդ խօսքը․-
Նաեւ ազգային-կուսակցական մեր կեանքին մէջ ընկեր Ցոլակ հայրական ՀՈԳԱԾՈՒԹԵԱՄԲ եւ ՍՐՏԲԱՑՈՒԹԵԱՄԲ միշտ աշխատեցաւ ու գործեց ի սպաս ԿԱՄՐՋՈՒՄի իր առաքելութեան իրականացումին։ ԿՈՂՄԵՐ իրարու մօտեցնելու եւ հաշտեցնելու անսպառ կորով մը ունէր իր մէջ եւ, մանաւա՛նդ, անհրաժեշտ ժամանակը ի վիճակի էր տրամադրելու այդ նպատակի յաջողութեամբ պսակումին համար։
Հետեւաբար, ընկեր Ցոլակի ԱՒԱՆԴը շարունակելու կոչուած դաշնակցականները իրենք եւս, սգաւորի իրենց ապրումներէն անդին, կրնան մխիթարուիլ այն հաստատ համոզումով, որ երկար տարիներու իր այրող կարօտին առյաւէտ յագուրդ կու տայ ահա հանգուցեալ մեր Ընկերը՝ վերամիանալով Հրաչ Տասնապետեան, Եդուարդ Էլոյեան, Հրայր Մարուխեան, Աբօ Աշճեան, Ժիրայր Ալահայտոյեան եւ այլ անուններով յայտնի ու անյայտ իր սերնդակից բոլոր ընկերներուն, որոնց անունները մէկ առ մէկ թուելու պահը չէ հիմա։
Բայց յատկապէս ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի հետ ընկեր Ցոլակի ունեցած գաղափարական մտերմութիւնը եւ գործակիցի հարազատութիւնը անպայման արժանի են յիշատակութեան, այլեւ՝ յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծումի, որովհետեւ գոնէ ես կրնամ վկայել 1982էն 1985 անոնց ունեցած՝ միասնաբար ՈՒՂԻ՜ հարթելու գաղափարական ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ մասին։
Հակառակ անոր, որ տարիքով համեմատաբար աւագը ինքն էր, այդուհանդերձ՝ ընկեր Զէյթլեանի նկատմամբ ընկեր Ցոլակ կը տածէր իր մտքերն ու քայլերը առաջնորդող ղեկավարը գնահատելու անխառն հոգեհարազատութիւն՝ ընկերական փոխադարձ հաւատարմութեան վրայ խարսխուած հպարտութիւն։
Այդպէ՛ս, ու ամփո՛փ․ ընկեր Ցոլակ Թիւթէլեան իր անձով, գործով ու կեանքով մարմնաւորեց եւ շնչաւորեց ԱՒԱՆԴը տիպար ՀՄԸՄականի, որ միշտ հաւատարիմ մնաց «ԲԱՐՁՐԱՑԻՐ, ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ» բնաբանին։
Խորքին մէջ՝ յանուն արդարութեան պէտք է որոշ բարեփոխումի արժանացնել բնաբանը եւ շեշտել, որ ընկեր Ցոլակ իր շրջապատին մէջ միշտ արժէքները տեսնողն ու գնահատողն էր՝ ընկերները եւ գործակիցները ԲԱՐՁՐԱՑՆՈՂն էր եւ, իբրեւ այդպիսի՛ն էր, որ բոլորիս աչքին դարձաւ ու հանդիսացաւ ԲԱՐՁՐ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐը։
Ինչ լաւ նկարագրած ես մեր սիրելի ընկերոջ, ինչ յիշատակներ արթնցաւ շնորհակալութիւն սիրելի Նազո: Աստուած հոքին լուսաւորէ :
Ռազմիկ Սիմոնեան