14.8 C
Yerevan

Նախա­գահ Պայտը­նը Վերջա­պէս Պաշտո­նա­պէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը,բայց․․․

Մեզի կը մնայ վերա­կանգնիլ եւ ընել անկա­րե­լին հզո­րա­նա­լու եւ հզոր պետութիւն դառնա­լու համար, որու համար առա­ջին հերթին պետք է հաւա­տանք մեր ներուժին։

Աւօ Պօղո­սեան

Ողջունե­լի է այս քայլը սակայն պետք է գիտակցինք որ այն Ամե­րի­կա­յի կողմէ Թուրքիան սաստե­լու եւ իր չափե­րուն մէջ մնա­լու հրաւէր քայլ մըն է։ Թուրքիոյ վերջին տասնա­մեա­կին ինքնուրոյն քաղա­քա­կա­նութիւն վարե­լու իբր արդիւնք ըստ երեւոյթի Ամե­րի­կա­յի կամքին հակա­ռակ քայլեր կը նկա­տուէին Սուրիոյ մէջ իր սանձարձակ գործո­ղութիւննե­րը, բայց մանաւանդ Ռուսաստա­նի հետ մերձե­ցումը սկսեալ միջուկա­յին ելեկտրա­կա­յա­նի կառուցման որո­շումը Ռուսաստա­նի օգնութեամբ, ռուսա­կան S_400 հրթիռներ գնե­լու պայմա­նա­գի­րը, եւ վերջա­պէս գուցէ եւ հարաւա­յին Կովկա­սի մէջ Ռուսաստա­նի հետ գործակցութիւնը, որու այսբերկի երեւա­ցող մասը Արցա­խի հողա­յին կորուստն է ի շահ Ազրբէյջա­նի, եւ Հայաստա­նի ռազմա­վա­րա­կան հենա­կե­տե­րու տկա­րա­ցումը, իսկ անտե­սա­նե­լին՝ Թուրքիոյ տնտե­սա­կան առաւել հզո­րա­ցումը, Նաֆթա­յին ուղի­նե­րու վրայ անհրա­ժեշտ հակակշիռնե­րու ձեռքբերման արդիւնքով որոնք անկասկած զինք աւե­լի սանձարձակ պիտի դարձնէ եւ Եւրո­պան կախեալ վիճա­կի մէջ ձգէ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ փոխան միայն Ռուսաստանի,որը նաեւ ուժեղ խաղա­թուղթ կրնայ դառնալ թուրքիոյ ձեռքին Եւրո­պա­յի ընտա­նի­քին անդա­մակցե­լու իր ճիգե­րուն մէջ։ Միեւնոյն ժամա­նակ ազե­րիա­կան նաֆթի իր երկրէն անցումը մեծ նիւթա­կան շահեր պիտի ապա­հո­վէ անոր եւ իր տնտե­սութեան ուժե­ղացման համար անհրա­ժեշտ 60% քանա­կի աժան գնով ապա­հո­վումով, իսկ մնա­ցեալ քանա­կի համար յաճա­խորդնե­րու պակաս չկայ, սկսեալ Իսրա­յէ­լէն վերջացրած Յունաստա­նէն։

Թուրքիոյ այս համե­մա­տա­կան անկա­խութիւնը Ամե­րի­կա­յէն ու Եւրո­պա­յէն դժբախտա­բար կրնայ զինք աւե­լի գրա­վիչ ուղղու վրայ դնել եւ ժամա­նակ մը ետք պատճառ դառնայ թէ Ամե­րի­կա­յի եւ թէ Ռուսաստա­նի միջեւ նոր մրցակցութեան մը աւե­լի շահաւէտ առա­ջարկներ եւ ծառա­յութիւններ մատուցե­լու Թուրքիոյ, պարզա­պէս իր անփո­խա­րի­նե­լի աշխարհագրա­կան դիրքին եւ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան կարեւո­րութեան համար։

Ահա այսպի­սին է Հայկա­կան Բարձրա­վանդա­կին կարեւո­րութիւնը, որու արժէ­քը մենք չկրցանք գիտնալ եւ հետեւա­բար պահպա­նել, ու զայն կորսնցուցինք։ Իսկ նոր տերէ­րը առա­ջին օրէն գիտցան գնա­հա­տել, իւրացնել, ամրացնել, հզո­րացնել իսկ այսօր անոր միջո­ցաւ մարտահրաւէրներ կարդալ գերպե­տութիւննե­րուն եւ աւե­լին‘ հաւակնիլ դառնալ անոնցմէ մէկը։

Մեզի կը մնայ վերա­կանգնիլ եւ ընել անկա­րե­լին հզո­րա­նա­լու եւ հզոր պետութիւն դառնա­լու համար, որու համար առա­ջին հերթին պետք է հաւա­տանք մեր ներուժին։

Առնչվող Հոդվածներ