Սփիւռք

Հարցումներ՝ Կարօ Արմենեանին

Եթէ ամէն մէկ հայ Սողոմոն Իմաստուն է, եւ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը «սնանկ, յանցագործ, երկիրը պարտութենէ պարտութիւն տանող քաղաքական խլեակը» կը փափաքի վերընտրել որպէս վարչապետ, ի՞նչ պատահած է ուրեմն. ամէն մարդ Խենթ Սողոմոն չէ՞…կամ արդեօք սխալ հասկցած եմ բացատրութիւնը եւ յօդուածագրին նշած Սողոմոնները միա՛յն իր սպիտակ խումբին կը պատկանին. միւսները սեւ են եւ անատա՞կ՝ Սողոմոններ ծնելու:

Անի Աստուրեան

Առջի օր «Ազդակ»ի մէջ զարմանքով կարդացի Կարօ Արմենեանի «Մեր Պայմանագրութիւնը Ազգի՛ն Հետ է» յօդուածը:

Կարօ Արմենեանի գրական ստեղծագործութիւնները միշտ կը կարդամ «Բագին»ի մէջ ու շա՛տ կը սիրեմ: Այս մէկ գրութիւնը գրական չէր սակայն, եւ բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ բացաւ: Շա՛տ շնորհակալ պիտի ըլլայի իրեն, եթէ ոչ զգացական պատասխաններ տրամադրէր հետեւեալ հարցումներուն:

Սողոմոն Իմաստունին մասին խօսելով, պրն. Արմենեան կ՛ըսէ, թէ ամէն մէկ հայ Խենթ Սողոմոնն է, որ անկախութեան իրաւակարգին «յարութիւն» պիտի պարգեւէ: Հարց կու տամ յարգելի յօդուածագրին՝ եթէ ամէն մէկ հայ Սողոմոն Իմաստուն է, եւ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը «սնանկ, յանցագործ, երկիրը պարտութենէ պարտութիւն տանող քաղաքական խլեակը» կը փափաքի վերընտրել որպէս վարչապետ, ի՞նչ պատահած է ուրեմն. ամէն մարդ Խենթ Սողոմոն չէ՞…կամ արդեօք սխալ հասկցած եմ բացատրութիւնը եւ յօդուածագրին նշած Սողոմոնները միա՛յն իր սպիտակ խումբին կը պատկանին. միւսները սեւ են եւ անատա՞կ՝ Սողոմոններ ծնելու:

Յօդուածագիրը կ՚ըսէ, թէ կը խօսի «հաւատքով, ոգեւորութեամբ, յոյսով», բայց իր գրութիւնը լի է վերջերս սովորական դարձած ատելութեամբ, այլամերժութեամբ, կռուազանութեամբ: Այս ժխտական եւ նուաստացնող զգացումները կրնա՞ն արդեօք, բացի իր խումբէն, ոգեւորել սրտցաւ ընթերցողը, հաւատք ներշնչել անոր՝ ապագայի նկատմամբ: Չեմ կարծեր: Ան կը գրէ. «Հայ անկախ պետականութեան մարմինը պէտք է արմատապէս ախտազերծուի, որպէսզի կարողանայ ապահովել իր անկախութիւնն ու իր լինելութեան կենսական գործօնները»: Հարցումը ինքնաբերաբար կը յայտնուի. արդեօք ինչպէ՞ս կ՛երեւակայէք այդ անկախութիւնը: Ինչո՞ւ չէք նշեր ռուսական կամ ամերիկեան գործօնները, երբ շատ լաւ գիտէք, որ Հայաստանի մէջ գործող ուժերու գրեթէ ամբողջ մեծամասնութիւնը կը ղեկավարուի «դուրսէն»: Վարագոյրին ետին կեցած են մեծ պարոններ կամ տիկիններ եւ ճարտարօրէն իրենց խամաճիկներուն ցատկռտել կու տան քաղաքական բեմին վրայ:

Հետաքրքրական է, որ տեղ մըն ալ կ՚ընդունիք, որ պրն. Փաշինեանի պարտութեամբ «վերջ չի գտներ մեր պետական համակարգի ախտահանման դժուարին գործը»: Ձեր ներկայացուցած լուծումը այս հարցին՝ շատ համոզիչ չէ սակայն: Դուք լուծումը կը գտնէք… ընդդիմութեան մէջ ու գլխագիր, մե՜ծ գիրերով կը հաւաստիացնէք ընթերցողը, թէ՝ «ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԿԵԱՆՔԻ ՀԻՆ ՆՈՐՄԵՐԸ, ԱՅՍԻՆՔՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՕԼԻԳԱՐԽԻԱ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է ՎՃՌԱԿԱՆՕՐԷՆ: ԿԸ ԿՐԿՆԵՄ: ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է ԵՒ ՎԵ՛ՐՋ»: Բայց ո՞ւր են ձեր փաստերը: Ինչպէ՞ս հաւատալ ընդդիմութեան մը, երբ ան լծուած է Ռ. Քոչարեանին, որ կը խոստանայ չուերթներ ստեղծել Երեւանի եւ Գիւմրիի միջեւ, ինչպէս հայր մը չկամ պզտիկի մը զովացուցիչ կը խոստանայ…Եւ ինչպէ՞ս ընթերցողի յիշատակի տախտակէն պիտի կարենաք ջնջել «Հետք»ի 2018ի 17 Օգոստոսի թիւին մէջ հրատարակուած պրն. Քոչարեանի ունեցուածքին ցանկը՝ 28 տարբեր եւ գոյնզգոյն հրաշալիքներէ բաղկացած՝ դրամատուներ, խաղատուներ, կօշիկի վաճառատուներ, ինքնաշարժերու ներկայացուցչութիւն, բջիջային հեռաձայներու ներածման ընկերութիւն, պանդոկներ, եւայլն… Արդեօք անձնապէս ձեզ հաւաստիացուցա՞ծ է, որ այդ բոլորէն պիտի հրաժարի, որպէսզի «օլիգարխիա» չըլլայ այլեւս, ինչպէս կը գրէք այդքան պարզօրէն, կարծես կախարդական ճիպոտը՝ ձեր ձեռքին… Կամ արդեօ՞ք ստորագրած է խոստումնագիր մը, ըստ որուն արտասահմանի եւ հայրենիքի մէջ գտնուող իր միլիոնները պիտի բաշխէ հայ ժողովուրդին, որպէսզի «Ազգի՛ն հետ» ըլլայ. (հոս այլ հարցեր կը ծագին, բայց նիւթէս շեղած կ՚ըլլամ. ի՞նչ է Ազգը ձեզի համար. այն խումբը, որ կը փափաքի եւ կը ծրագրէ գնդակահարե՞լ իր վարչապետը, կամ՝ այն զանգուածը, որ տակաւին կը հաւատայ անոր. եւ եթէ կը հաւատայ՝ ուրեմն Ազգ չէ՞):

Կ՛ըսէք. «Ազգը պիտի քշէ թշնամին մեր հայրենիքի սահմաններէն», բայց չէք ըսեր՝ ինչպէ՞ս, ո՞ր ուժերով, ո՞ր բանակով, ո՞ր զէնքերով: Իսկ եթէ կը հաւատաք, որ ունինք պէտք եղած բանակը եւ զէնքերը, ապա հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ չգործեցին անոնք քառասունչորսօրեայ պատերազմի ընթացքին: Թերեւս յիշեցնէք, որ պրն. Փաշինեանն էր գլխաւոր հրամանատարը եւ իր պատճառով պարտուեցանք, բայց լրջօրէն կը հաւատա՞ք, որ ինքն էր որոշողը թէ քանի՞ զօրագունդ, գունդ կամ զինուոր պէտք էր ղրկել այսինչ կամ այնինչ շրջանը: Արդեօ՞ք կը կարծէք, թէ Քոչարեանի պարագային սպայակոյտն ու հրամանատարները պիտի չգործեն նոյն սխալները: Եթէ այո՛՝ ինչո՞ւ արդեօք:

Վերջին հարցումս կը վերաբերի Հայաստանէն արտագաղթին: Կը մէջբերէք պրն. Քոչարեանը, որ շատ մտահոգ կը թուի ըլլալ վերջին ամիսներուն երկիրը ձգած 80,000 մարդոցմով: Հոս երկու հարց կը ծագի. սեպելով, թէ այս թիւը ճիշդ է՝ պսակաձեւ ժահրի պատճառած ճամբորդական արգելքներով հանդերձ, պրն. Քոչարեանին յիշեցուցա՞ծ էք արդեօք, որ իր եւ իրեն յաջորդած նախագահին օրօք մօտ 800,000 մարդ ձգած է Հայաստանը ու չէ՞ք մտահոգուիր, որ եթէ մենաշնորհեալ պրն. Քոչարեանը յայտնուի ամուր դիրքի վրայ՝ հարիւր հազար մարդ եւս լքէ երկիրը:

Ըստ ձեզի, «Ընտրութիւնը շատ յստակ է. կա՛մ մենք պիտի երթանք դէպի նոր, կենսունակ, արդիական եւ ազատագրուած պետականութիւն, կա՛մ ազգովին յանձնուինք վերջնական գահավէժին եւ ազգովին դուրս գանք պատմութեան բեմէն: Երրորդ այլընտրանք գոյութիւն չունի»:

Հապա եթէ՞ գոյութիւն ունի երրորդ այլընտրանք: Հապա եթէ՞ Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքական բեմէն քաշուին թելերէ կախուած խամաճիկները ու թոյլ տան իսկապէ՛ս անշահախնդիր ու կարո՛ղ մարդոց՝ հաւաքուիլ վաղուան ղեկավարին շուրջ, շինիչ խորհուրդներ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցել ու նեցո՛ւկ կանգնիլ անոր:

Հապա եթէ՞ բոլորս հաւաքուինք Եռագոյնին տակ եւ պաշտպանենք ու զօրացնենք մեր պետականութիւնը, առանց զայն տկարացնող հանապազօրեայ ցեխարձակումներու եւ յարձակումներու: Թերեւս այն ատեն Եռագոյնն ու «Մեր Հայրենիքը» իմաստ կ՛ունենան եւ լօզունգները՝ նոյնպէս:

Asbarez.am

    

One Response to “Հարցումներ՝ Կարօ Արմենեանին”

  1. Anais Barsoumian Reply

    Շատ տեղին և տրամաբանուած յօդուած։ Ցաւալին այն է ,որ դարէ մը աւելի հայրենասիրութիւն դաստիարակած կուսակցութիւն մը երկիրը թալանած թեկնածուի մը կը միանայ ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *