15.1 C
Yerevan

Խոհե­մութեան Իմաստա­կութիւնը. (Մաս Ա)

Հրազդան ԶԷյթլեան

…Հայաստա­նը ո՛չ թէ «փոխզի­ջումնե­րը» մերժեց, ընդհա­կա­ռա­կը՝ Հայաստա­նը ՄԻ՛ՇՏ պատրաստ եղաւ նոյնիսկ արագ հողա­յանձնումով խաղա­ղութեան հասնե­լու և ԱՄԷ՛Ն անգամ «Ատըրպէյճանն» էր որ մերժեց, որովհետև չուզեց և չուզէր հայութեան ինքնիշխան գոյութիւնը…

Կատա­րե­լա­պէս, ԿԱՏԱՐԵԼԱՊԷՍ սխալ է այն գաղա­փա­րը որ կը մանրա­վա­ճա­ռուի ներկա­յիս զանա­զան ուժե­րու կողմէ, ներա­ռեալ ՀԱԿ‑ի և Լեւոն Տէր Պետրո­սեա­նի կողմէ, թէ «Ատըրպէյճա­նի» հետ աւե­լի «լուրջ», աւե­լի «խոհուն», աւե­լի «ճկուն» քաղա­քա­կա­նութեամբ (իմա՝ հայա­պատկան հողե­րը կամաւոր յանձնե­լով առանց կռիւի,  հոգ չէ թէ կարե­լի եղա­ծին չափ երկա­րաձգե­լի ժամա­նա­կաշրջա­նի մը վրայ)  «փոխզի­ջումնե­րու» ճանա­պարհով (որ ի դէպ պիտի նշա­նա­կէր զիջումներ հիմնա­կա­նին մէջ միայն մեր կողմէ) կարե­լի էր պատե­րազմէն խուսա­փիլ, եւ, վաստա­կիլ՝ ներկա­յի վիճա­կէն «աւե­լի լաւ» պայմաններ:

 Այսպի­սի մտա­ծո­ղութիւն կրնայ ունե­նալ միայն ան որ չէ հաւա­տա­ցած երբեք և չի հաւա­տար պատմա­կան Հայաստա­նի վերա­կերտման հայկա­կան արեւե­լութեան ռազմա­վա­րութեա­նը, որ չի հաւա­տար հայկա­կան պատմա­կան գողցուած հողե­րու հաւա­քա­միացմա­նը անկախ Հայաստա­նի սահմաննե­րուն մէջ և ո՛չ իսկ կը հաւա­տայ Արցա­խի Հայաստա­նի վերա­միա­ցումին,  քանի որ պատրաստ ըլլա­լով արա­գօ­րէն զիջիլ հայա­պատկան հողեր կը դժուրացնէ Արցա­խի միաւո­րումը Հայաստա­նի հետ:

Ըստ այս մտայնութեան, Հայաստա­նի յետԼև­ոն ղեկա­վարնե­րը չանդրա­դարձան, որ «ժամանակ»-ի անցնումը ի շահ մեզի չէր եղեր և չուզե­ցին համա­ձայնութեան երթալ:

Նախ և առաջ ասի­կա սուտ մըն է. Քի Ուէսթի և այլ «փոխզի­ջո­ղա­կան» համա­ձայնութեան առա­ջարկութիւննե­րը ո՛չ թէ Հայաստա­նը, ա՛յլ ընդհանրա­պէս «Ատըրպէյճանն» էր որ միշտ մերժեց:

Հայա­պատկան հողե­րու զիջումի այսպի­սի մտա­ծո­ղութիւնը ի սկզբա­նէ իսկ աժան պարտուո­ղա­կա­նութիւն մըն է ինքնին, քանի որ հիմնուած է հայա­պատկան հողե­րու կամաւոր վաճառքի գաղա­փա­րին վրայ  առանցքայնօ­րէն՝ կարծե­ցեալ, ապա­հո­վութեան մը վաստակման սին յոյսով, արիւնա­հոտ երա­զով:

 Ասի­կա նաև շատ թէա­կան մտայնութիւն է այն իմաստով որ նոյն այդպէս մտա­ծողնե­րը կ՛ընդունին որ թշնա­մին իր կարգին շատ լա՛ւ հասկցած պիտի ըլլար «ժամա­նա­կը» ի շահ իրեն ըլլա­լու գաղա­փա­րը:  Այսինքն թշնամի՛ն որևէ աճա­պա­րանք պիտի չունե­նար (և չունե­ցաւ) իսկա­կան համա­ձայնութեան գալու հայկա­կան յաղթա­նակնե­րէն անմի­ջա­պէս ետք: Նոյնիսկ եթէ Լևոն չհրա­ժա­րէր, և առատ զիջումնե­րով համա­ձայնութեան փորձէր երթալ շուտ մը, թշնա­մին միշտ պիտի յաւե­լեալ զիջումներ պահանջէր և պահանջեց և պիտի երկա­րաձգէր և երկա­րաձգեց  զիջումնե­րու հոլո­վոյթը նոյն այդ «ժամա­նա­կը» «Ատըրպէյճա­նի» օգտին ըլլա­լու տրա­մա­բա­նութեամբ, քանի որ, դարձեալ, «ժամա­նա­կը» իր հետ էր: Ի դէպ այս մտայնութեան հետեև­որդնե­րը խղճա­լիօ­րէն համա­ձայն են թշնամիի՛ն հետ որ «ժամա­նա­կը» մեր կողմը չէր:

«Ժամա­նա­կը» «Ատըրպէյճա­նին» կողմը ըլլա­լը ինքնին անհե­թե­թութիւն մըն է, սակայն, հակա­ռակ մեր ներկայ ժամա­նա­կաւոր ձախո­ղութիւննե­րուն,  պատմա­կան «ժամա­նա­կը» վերջնա­կան յաղթա­նա­կո­ղին կողմն է միայն ու միա՛յն և ներկայ կացութիւնը «Ատըրպէյճա­նի» համար վերջնա­կան յաղթա­նակ մը ըլլա­լէ շատ հեռու է:

«Ատըրպէյճա­նը» էր, է և պիտի մնայ թրքա­կան և խորհրդա­յին կայսե­րա­պաշտա­կան քաղա­քա­կա­նութեանց արգա­սիք արհեստա­կան պետութիւն մը, հիմնուած հայկա­կան բնակչութեան ոչնչացման ոճի­րին սկզբնա­կան մեղքին վրայ և որ կը համախմբէ, թայֆա­յա­կան օպսքուրանթիսթ բռնա­պե­տութեան մը տակ, իրա­րու անհաւա­տա­րիմ շարք մը ցեղա­յին և կրօ­նա­կան խմբաւո­րումներ և որու միակ հարստութիւնը և գերարդիա­կան զէնքեր գնել կարե­նա­լու միակ ազդա­կը՝ քարիւղի արդիւնա­բե­րութիւնն է (արդիւնա­բե­րութիւն մը որ պատմա­կա­նօ­րէն կը պարտի հայ գործա­րարնե­րու հանճա­րին և ջանքե­րուն): Յաջորդ տասնա­մեակնե­րուն, երբ մարդկութիւնը անդին կ՛անցնի ածխաջրա­ծի­նա­կան ուժա­նիւթի գործա­ծութե­նէն մէկ կողմէ, և գոյութիւն ունե­ցող պաշարնե­րու սպա­ռումով միւս կողմէ, քարիւղը պիտի դադրի՛ ռազմա­վա­րա­կան առաւե­լութիւն ըլլա­լէ: Քարիւղի շահե­րու պակսումով, ժամա­նա­կի ընթացքին, իր նիւթա­կան միջոցնե­րու նուա­զումով պիտի տկա­րա­նայ նոյնիսկ «Ատըրպէյճա­նի»  ռազմա­վա­րա­կան դաշնակցութիւնը թուրա­նա­կան միւս պետութիւննե­րուն և մինչև իսկ Թուրքիոյ հետ, և ապա­գա­յին նուազ հարուստ «Ատըրպէյճան» մը հաւա­նա­բար ի վիճա­կի պիտի չըլլայ գերարդիա­կան նմա­նա­չափ զինա­մա­տա­կա­րա­րումը շարունա­կել Իսրա­յէ­լէն:

 Մարտունակ Հայաստան մը և մարտունակ Հայկա­կան գաղտնի սպա­սարկութիւններ կրնան ապա­կա­յունացնել և պէտք է շարունա­կա­պէս ապա­կա­յունացնեն «Ատըրպէյճա­նը» (սատա­րե­լով «Ատըրպէյճա­նի» ցեղա­յին և կրօ­նա­կան ընկճուած խմբաւո­րումնե­րուն քաղա­քա­կան ինքնա­հաստատման), և հատու ներքին կիցե­րով խախտեն «Ատըրպէյճան» խրճի­թի խարխուլ հիմե­րը:

 Կարե­լի է եզրա­կացնել, նկա­տի ունե­նա­լով յիշեալ ռազմա­վա­րա­կան տուեալնե­րը, որ «Ատըրպէյճա­նը» յարձա­կե­ցաւ որովհետև ժամա­նա­կը աւե­լի ուշ, ի շահ իրեն պիտի չըլլար:

Բայց դեռ այս արագ «փոխզի­ջումներ» «աւե­լի լաւ» արդիւնքնե­րու համար մտա­ծո­ղութեան ամէ­նէն հիմնա­կան յիմա­րութիւնը այն է որ «աւե­լի լաւ» պայմաննե­րը որոնց մասին կը խօսին այս մարդիկ իրա­կա­նութեան մէջ շատ աւե­լի վտանգաւոր պայմաններ են, քան ունինք նոյնիսկ հիմա՛:

 Ինչ կը վերա­բե­րի ինի­սունա­կան թուա­կաննե­րու հայկա­կան յաղթա­նակնե­րէն ետք անմի­ջա­կա­նօ­րէն «փոխզի­ջո­ղա­կան» հաշտութեան ստո­րագրե­լու գաղա­փա­րին, իրո­ղա­պէս որևէ վստա­հութիւն գոյութիւն չունէր և չէր կրնար ունե­նալ որ նոյնիսկ եթէ հեռա­կայ պետութիւններ ժամա­նա­կաւոր սին երաշխիքներ առա­ջարկէին, նոյնիսկ  եթէ միջազգա­յին թէ միազգա­յին դիտորդներ տեղաւո­րուէին, որ  «փոխզի­ջո­ղա­կան» հողե­րու կանխաւ վերա­դարձնե­լու հանգրուա­նա­յին քաղա­քա­կա­նութիւնը պիտի յանգէր Արցա­խի անկա­խութեան: Նոյնիսկ եթէ անի­րա­տե­սօ­րէն երեւա­կա­յենք, որ այդ շուտ «փոխզի­ջո­ղա­կան» բանակցութիւննե­րը պիտի ստի­պէին «Ատըրպէյճա­նին» ընդունիլ մինչև իսկ սովե­տա­կան ԼՂԻՄ‑ի նմա­նութեամբ իրա­վի­ճակ մը Արցա­խին համար, միջազգա­յին երաշխիքնե­րով և տեղա­կան ինքնա­վա­րութեամբ, նոյնիսկ այդ պարա­գա­յին, տասնա­մեակնե­րու բանակցութեանց ընթացքին ներկա­յա­ցուած «փոխզի­ջո­ղա­կան» բոլոր ծրագրե­րը կը պարունա­կէին բոլոր տեղա­փո­խուածնե­րու վերա­դարձի սկզբունքը:

Իրա­տե­սօ­րէն, այս վերա­դարձի սկզբունքը կատա­րե­լա­պէս անարդար էր որովհե­տեւ միայն ու միայն պիտի ծառա­յէր «տեղա­փո­խուած ազե­րի­նե­րու» մասսա­յա­կան և իրենց կառա­վա­րութեան կողմէ առա­տա­ձեռնօ­րէն ֆինանսաւո­րուած «վերա­դարձին», կամ ներխուժումին պարզա­պէս. քանզի հայ տեղա­փո­խուածնե­րը իրա­կա­նութեան մէջ մեծա­մասնա­բար «Ատըրպէյճա­նի» մեծ քաղաքնե­րու բնա­կիչնե­րը կամ նախկին ԼՂԻՄ‑ի անմի­ջա­կան սահմաննե­րէն անդին ապրող հայերն էին, կամ՝ ջարդուած-ոչնչա­ցուած, կամ ալ արդէն իսկ աշխարհացրիւ — մենք երբէք չսորվե­ցանք նկրտիլ, ապրիլ գաղթա­կա­նա­կան ճամբարնե­րու մէջ, եւ սպա­սել վերա­դարձի ատ ալ ուրիշ հարց, ատ ալ ուրիշ պատմա­կան չարիք:

Եւ արդեօք ո՞վ պիտի ճշդէր և հակակշռի տակ կարե­նար պահել ազե­րի վերա­դարձողնե­րու թիւը, յատկա­պէս Շուշիի մէջ, աւե­լի կարեւո­րը՝ անոնց թուա­կան արագ աճը հայութեան բաղդա­տած, և ի վերջոյ ինչպէ՞ս պիտի քուէարկէին այս վերա­դարձողնե­րը: Արդեօ՞ք խառն բնակչութեամբ, ներքին «ազե­րի» հայա­տեաց ամբո­խով այդպի­սի Արցախ մը կարե­լի կրնար ըլլալ հայա­պատկան պահել երկար ժամա­նա­կի վրայ:

 Ներկա­յի անկախ Արցա­խը փոքրա­ցած է, բայց կատա­րե­լա­պէս հայաբնակ է և անշուշտ հայա­պատկան է հարիւր առ հարիւր:

 Իրա­կա­նութեան մէջ, Հայաստա­նը ո՛չ թէ «փոխզի­ջումնե­րը» մերժեց, ընդհա­կա­ռա­կը՝ Հայաստա­նը ՄԻ՛ՇՏ պատրաստ եղաւ նոյնիսկ արագ հողա­յանձնումով խաղա­ղութեան հասնե­լու և ԱՄԷ՛Ն անգամ «Ատըրպէյճանն» էր որ մերժեց, որովհետև չուզեց և չուզէր հայութեան ինքնիշխան գոյութիւնը և ինչպէս վերջին մարտե­րու ընթացքին Հադրութի պարպումը և հայութեան յետմնա­ցած ինչքի և հայկա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րու քանդումը ցոյց տուին, չուզէր նոնիսկ հայութեան պարզ վերապրումը:

Եթէ մե՛ր պատմութիւնը սորվե­ցուցած է մեզի մէ ՛կ դաս, եթէ կրնանք աներկբա­յօ­րէն վստահ ըլլալ մէկ բանի մասին, ան է որ՝ երբ հարցը ՀՈՂՆ է, «փոխզի­ջումը» ժամա­նա­կի վատնում է պարզա­պէս երբ թշնա­մին թուրքն է: Հողը կը յանձնուի միա՛յն պարտութեամբ: Հողը կը վերագրաւուի զէնքով միայն:

[շարունա­կե­լի]

Առնչվող Հոդվածներ