Սփիւռք

Ճիշդ Ընտրութիւն Կատարելու Ճակատագրական Պահը. (Մաս Ա)

Փորձեցի Հայաստանի ընտրութիւններու մասին մտածումներս յօդուածով մը ամփոփել։ Կը ներեք որ քիչ մը երկար ստացուեց, բայց ոչինչ, շատ բան կար ըսելիք եւ շեշտեմ, որ հաւակնութիւնը չունիմ ճշմարտութեան տիրապետելու։ Պարզապէս կ՛ուզեմ ձեզ հետ կիսուիլ իմ կարծիքը։

Ռուբէն Գարագաշեան

Յունիս 20-ի կայանալիք արտահերթ պատգամաւորական ընտրութիւններուն, թէեւ կը մասնակցին 26 կուսակցութիւններ ու դաշինքներ, ընտրութիւնը իրականութեան մէջ երկու յետագայ որդեգրուելիք ուղղութիւններու միջեւ է։ Մէկ ուղղութիւն, որ կը միտի խորացնել յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ, եւ չի խորշիր Հայաստանի մէջ ունենալէ Ռուսաստանի պատկերով կառավարման համակարգ, եւ երկրորդ ուղղութիւն, որ կը միտի բարելաւել յարաբերութիւնները այլ մեծ պետութիւններու հետ եւ այդպիսով հաւասարակշռել Ռուսաստանի ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ, եւ միաժամանակ հաստատել ժողովրդավար եւ արդար համակարգ երկրէն ներս։

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ռոբերտ Քոչարեանը սիրենք թէ ատենք, իրենք են այսօր այս երկու ուղղութիւններու գլխաւոր ներկայացուցիչները, եւ ընտրութիւնը դժբախտաբար պիտի կայանայ այս երկու պարագլուխներուն միջեւ։ Կ՛ըսեմ դժբախտաբար, որովհետեւ ազնիւ քաղաքացիին համար աներեւակայելի է կողմնորոշուիլ այս երկուքի միջեւ, նկատի առնելով մէկուն անցեալը իսկ միւսի ներկան։ Հաւանաբար շատեր որոշեն ընտրել այն անձնաւորութիւնը որ քիչ մը պակաս կը զզուեցնէ զիրենք։

Իմ կարծիքով, շատ մեծ սխալ պիտի ըլլայ ընտրել Ռոբերտ Քոչարեանին պարզապէս Նիկոլ Փաշինեանի հանդէպ ունեցած զզուանքէն եւ կամ ատելութենէն մղուած։ Պէտք է ընտրութիւն կատարել առանց կիրքի ու վրէժխնդրութեան զգացողութեան, նկատի առնելով ոչ միայն ընտրութեան անմիջական հետեւանքները, բայց նաեւ երկարատեւ անդրադարձը մեր բոլորի երազած ապագայ Հայաստանի կերտման հեռանկարի վրայ։

Հայոց պատմութեան վերջին մօտ 200 տարիներու ընթացքին, Հայաստանը գտնուած է Ռուս-Թրքական  աքցանի ներքոյ, եւ հայ ժողովուրդը, Թուրքի եաթաղանէն սարսափած, յանձնուած է Ռուսիոյ, եւ զոհած է իր ինքնիշխանութիւնը փրկելու համար իր կաշին։ Մեզմէ շատեր ունին այն խաբկանքը, թէ Ռուսը մեր դաշնակիցն է, եւ իր զօրքերը տեղադրած է Հայաստան մեզ պաշտպանելու Թուրքէն։ Հետեւաբար, պէտք չէ նուազագոյն անհաւատարմութիւնն իսկ ցուցաբերել մեր ռուս դաշնակցի նկատմամբ, այլապէս ան նեղացած կը հեռանայ մեր տարածքէն եւ մեզ կը թողնէ անպաշտապան ցեղասպան Թուրքի առաջ։ Դառն իրականութիւնը այն է սակայն, որ Ռուսը մեզ հետ կը վարուի իբրեւ պատանդ եւ ոչ դաշնակից, եւ միշտ պատրաստ է մեր շահերը սակարկելու իր համար առաւելութիւններ ապահովելու նպատակով։ Այնքան ատեն որ ան կը վայելէ մեր անսակարկ հաւատարմութիւնն ու նուիրումը, ոչ մէկ պատճառ ունի նկատի առնելու մեր շահերը։ Հայաստանը Ռուսին կը հետաքրքրէ իբրեւ տարածք, եւ այդ տարածքի վրայ իր ներկայութիւնը եւ ազդեցութիւնը պահպանելու իր վճռակամութիւնը կախեալ չէ մեր իր հանդէպ ունեցած վերաբերմունքէն։ Որքան մենք ստրկամտօրէն վերաբերուինք Ռուսի հետ, այնքան աւելի անտարբեր պիտի ըլլայ ան մեր ազգային շահերու նկատմամբ։

Որեւէ առողջ ազգային ուժ բնականաբար ունի իբրեւ նպատակ կերտել ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ եւ ՀԶՕՐ հայկական պետականութիւն, որովհետեւ միայն նման պետութիւն մը կրնայ ապահովել հայ ժողովուրդի գոյատեւումը եւ զարգացումը իր հայրենի հողին վրայ։ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԿԵՐՏԵԼ ԱՌԱՆՑ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՌՈՒՍ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՔՑԱՆԻ ՄԷՋԷՆ, ԻՍԿ ՀԶՕՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԿԵՐՏԵԼ ԱՌԱՆՑ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ԵՒ ԱՐԴԱՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ։

Այսօր շատեր կ՛ըսեն, թէ ժողովրդավարութիւն խաղալու ժամանակը չէ, մեր առաջնահերթութիւնը անվտանգութիւնն է, եւ նախընտրելի է ընտրել Քոչարեանի նման «ուժեղ» ղեկավար, նոյնիսկ ժողովրդավարութիւնը զոհելու գնով։ Համաձայն կ՛ըլլայի նման մտածողութեան հետ եթէ Հայաստանը ունենար 10-20 միլիոն ժողովուրդ եւ կամ պատկառելի բնական հարստութիւններ։ Սակայն մեր միակ հարստութիւնը մարդն է, իւրաքանչիւր հայ անհատը, ըլլայ ան Հայաստանէ ներս թէ դուրս, եւ մեր զարգացման ու հզօրացման միակ երաշխիքը այդ անհատներու համախմբումն ու կազմակերպումն է, անոնց ողջ ներուժի օգտագործմամբ։ Մենք ականատես եղանք թէ ինչպէս ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան չգոյութիւնը ոչ միայն արգելք եղաւ նման ուժերու համախմբման, այլ նաեւ մեր հայրենի ժողովուրդը մղեց արտագաղթի։ Մենք սովետական ժամանակաշրջանի մէջ չենք այլեւս։ Սահմանները այսօր բաց են, եւ դժգոհ, արհամարհուած եւ կեղեքուած հայուն համար անհնարին չէ այլեւս լքել Հայրենիքը։ Այդ է պատճառը, որ 4 միլիոնանոց ժողովուրդէն այսօր մնացած է մօտ 2.5 միլիոն, եւ եթէ մենք, ապահովելով հանդերձ անվտանգութիւնը, վերադառնանք մեր մօտիկ անցեալի բռնապետական, գողական եւ անարդար համակարգին, այդ արտագաղթը պիտի շարունակուի նոր թափով, եւ մէկ օր պիտի արթննանք եւ տեսնենք որ մնացեր ենք մէկ միլիոն։ Մեզ համար ժողովրդավարութիւնն ու արդարութիւնը շռայլութիւններ չեն, այլ բացարձակ անհրաժեշտութիւններ։ Հետեւաբար մեր այսօրուայ հրամայականն է ընտրել ուժեր, որոնք կը ձգտին մեզ դուրս բերել Ռուս-Թրքական աքցանի մէջէն, եւ որոնք ժողովրդավարութիւնն ու արդարութիւնը կ՛ընդունին իբրեւ բացարձակ արժէքներ։

[շարունակելի]

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *