16.2 C
Yerevan

Թրքա­կան Կայսե­րա­պաշտութեան Հաշուե­յարդա­րը

2020 թուա­կա­նի վերջաւո­րութեան Արցա­խի գոյա­մարտի մէջ մեր ձախո­ղութիւննե­րը իրա­կա­նութեան մէջ կատա­րե­լա­պէս ուրիշ և աւե­լի բանա­կան բացատրութիւն ունին ու աւե­լի պարզ պատճառ:

Հրազդան Սարգի­սի Զէյթլեան

Արցա­խի գոյա­մարտին 2020‑ի վերջաւո­րութեան մեր ձախո­ղութիւննե­րը բացատրել փորձող երկու սխա­լա­կան մօտե­ցումներ լայն տարա­ծում գտան հայկա­կան քաղա­քա­կան մամուլին մէջ և ընկե­րա­յին ցանցե­րուն վրայ, հակա­ռակ իրենց պարզունակ և կրկնա­բա­նա­կան տրա­մա­բա­նութեան:

Առա­ջի­նը, որ թէև հազիւ թէ համո­զեց Հայաստա­նի Յունի­սեան ընտրութիւննե­րու քուէարկածնե­րէն քիչ մը աւե­լի քան մէկուկէս առ հարիւրը միայն, կը շարունա­կուի առաջ քշուիլ Լևոն Տէր Պետրո­սեա­նի և ՀԱԿի կողմէ և այն է որ ձախո­ղե­ցանք քանի որ չհե­տապնդե­ցինք հարցի լուծման աւե­լի «լուրջ», աւե­լի «ռացիո­նալ» մօտե­ցում ինչպէս իրենք կը սիրեն ըսել (երևի հայե­րէն «բանա­կան» բառը չգործա­ծե­լով աւե­լի հաւա­տա­լի կը դառնայ իրենց տեսա­կէ­տը): Ըստ ասոնց, աւե­լի ռացիո­նալ մօտե­ցում մը եղած պիտի ըլլար նախկին ԼՂԻ­Մի շուրջ մեր ինի­սունա­կան թուա­կաննե­րուն ազա­տագրած պատմա­կան հայա­պատկան հողե­րը արագ վերա­դարձնե­լը «փոխզի­ջումնե­րով», վաստկե­լու համար ապա­գա­յին Ատըրպէյճա­նի սահմաննե­րուն մէջ տակաւին Արցա­խեան ինքնո­րոշման քուէարկութիւն անցկացնե­լու իրաւունքին խոստումը, ազե­րի «գաղթկաննե­րուն վերա­դարձէն» ետք…: Պարզա­պէս զաւեշտա­կան է այս մօտե­ցումը, ներա­ռեալ քանի որ հակա­ռա­կորդ կողմե­րէն միայն մե՛նք է որ միշտ «փոխզի­ջումնե­րով» զբաղցուե­ցանք իսկ «Ատըրպէյճան» միայն ու միայն մերժե՛ց ՈՐԵՒԷ «փոխզի­ջում»:

Երկրորդ մօտե­ցումը, մանրա­վա­ճա­ռուած Նիկոլ Փաշի­նեա­նի կողմէ որ իր մատչե­լիութեամբը համո­զեց ձախո­ղութե­նէն խոնջած մեծա­մասնութիւնը, այն է որ մենք ձախո­ղե­ցանք 2020‑ի վերջաւո­րութեան քանի որ ըստ իրեն ամէն ինչ սխալ ըրած էինք մինչև 2018, և բաւա­րար ժամա­նակ չէր եղած 2018-էն 2020 սխալնե­րը շտկել…:

2020 թուա­կա­նի վերջաւո­րութեան Արցա­խի գոյա­մարտի մէջ մեր ձախո­ղութիւննե­րը իրա­կա­նութեան մէջ կատա­րե­լա­պէս ուրիշ և աւե­լի բանա­կան բացատրութիւն ունին ու աւե­լի պարզ պատճառ:

Փետրուար 1988-ին Արցա­խեան Շարժումը սկսաւ Ստե­փա­նա­կերտի մէջ ո՛չ տեղա­կան ինքնա­վարման պահանջով (Արցա­խը խորհրդա­յին լուծի տակ ԼՂԻՄ «ինքնա­վար» մարզ մըն էր արդէն ըստ կարգա­վի­ճա­կի սահմա­նումին), այլ Արցա­խի Ատըրպէյճա­նէն անկա­խա­ցումին և Հայաստա­նին միա­ցումին պահանջով: Արցա­խեան Շարժումը շուտով վերա­ծուե­ցաւ հայկա­կան աննա­խա­դէ­պօ­րէն մասսա­յա­կան ազգա­յին շարժումի մը թէ՛ Արցա­խի և թէ՛ Հայաստա­նի մէջ. շարժումի մը որու հիմնա­կան առա­ջա­տար նպա­տա­կը խորհրդա­յին իշխա­նութեան կողմէ թրքա­կան ժողո­վուրդնե­րու սիրա­շահման զոհա­բե­րուած Արցա­խին Ատըրպէյճա­նի բռնակցման պատմա­կան անարդա­րութեան և Արցա­խի Հայաստա­նէն մասնա­տումին սրբագրումն էր: Ազգա­յին արդա­րութեան վերա­հաստատման հզօր այդ շարժումը դարձաւ առանց որևէ չափա­զանցումի ա՛յն կայծը որմէ սկսաւ ապազգա­յին խորհրդա­յին կառուցուածքին փլուզման խառոյկը և խորհրդա­յին իշխա­նութեան փոշիա­ցումը, երբ մէկը միւսին ետևէ խորհրդա­յին լուծի տակ ազգ-հանրա­պե­տութիւննե­րը ներա­ռեալ Ռուսիան ոտքի կանգնե­ցան անկա­խութիւն հռչա­կե­լով:

Արցա­խը Ատըրպէյճա­նին կցումը 1923-ին Ստա­լին բռնա­պե­տի ֆիաթով խորհրդա­յին իշխա­նութեան կողմէ թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեա­նը սիրա­շա­հե­լու և դրա­մա­տի­րա­կան Արևմուտքի դէմ դարձնե­լու դաւ մըն էր որ յաջո­ղե­լու ո՛չ մէկ գրաւա­կան ունէր և որ լմա՛ն ձախո­ղե­ցաւ երբ Թուրքիա դարձաւ և մնաց ՆԱԹՕ‑ի անդամ՝ ցայսօր:

Քանի որ Արցա­խը խլուած էր Հայաստա­նէն թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան սիրա­շահման համար հիմնա­կա­նօ­րէն (ուրիշ պատճառ գոյութիւն չունէր Հայ մեծա­մասնութեամբ պատմա­կա­նօ­րէն հայապտկան այս շրջաննե­րուն Հայաստա­նէն պոկումին), ապա ուրեմն՝ Արցա­խի խլումը անուղղա­կի արգա­սիքն էր և ըստ արդիւնքի բաղկա­ցուցիչ մասը հայութեան թիւի բռնութեամբ նուա­զեցման, Հայաստա­նի մասնա­տումին և տկա­րա­ցումին օսմա­նեան, իթթի­հա­տա­կան, քեմա­լա­կան թէ յետքե­մա­լա­կան թրքա­կան պետութեան շարունա­կա­կան կայսե­րա­պաշտա­կան քաղա­քա­կա­նութեան պատմա­կան չարի­քին:

Ուրիշ խօսքով, Արցա­խի անկա­խացման դատը մասնիկն էր Հայ ժողո­վուրդի դիմադրութեան՝ թրքա­կան կայսե­րա­պաշտա­կան պետա­կան քաղա­քա­կա­նութեան որ 19-րդ դարու վերջէն սկսեալ կը նպա­տա­կադրէ ուղղա­կի և անուղղա­կի միջոցնե­րով Հայութեան ջնջումը, և Մեծ Եղեռնէն ետք վերապրած Հայաստա­նի մասնա­տումը և շարունա­կա­կան տկա­րա­ցումը:

Արցա­խի 1990-ական թուա­կաննե­րու ազա­տա­մարտիկնե­րո ՛ւն համար Արցա­խի դատը մասնիկն էր մասնա­տուած Հայաստա­նի վերաամբողջացման, հայութեան ազգա­հաւա­քին և հայա­պատկան բռնագրաւուած հողե­րու ազատման արդա՛ր ազգա­յին ազա­տագրա­կան պայքա­րին: Արցա­խի դատի լուծումը առանձին կարե­լի չէր դիտել ընդհանրա­պէս Հայ Դատի պատմա­կան լուծումէն: Այս իմաստով Արցա­խեան գոյա­մարտը բնակա՛ն շարունա­կութիւնն էր 1970/80-ական թուա­կաննե­րու Հայ Դատի լուծումը պահանջող սփիւռքեան հայ մարտիկնե­րու պայքա­րին, պայքար մը որ իր կարգին պատմա­կան Հայ յեղա­փո­խա­կան շարժմա­նը վերա­նո­րո­գումն էր:

Արցա­խեան պայքա­րը ուրեմն բնաշրջա­կան եղա­փո­խութիւնն ի՛սկ էր պատմա­կան Հայ Յեղա­փո­խութեան որ սկսած էր Արցա­խեան Շարժման սկիզբէն ուղիղ մէկ դար առաջ, 1880-ական թուա­կաննե­րու վերջաւո­րութեան:

Եւ երբ յատկա­պէս Արցա­խի ազա­տա­մարտիկնե­րու աննկո՛ւն առա­ջա­տա­րութեամբ (ճակատնե­րէն ազդե­լով հայկա­կան պետա­կան մարտա­վա­րութեան ուղղութեան վրայ), նորանկախ Հայաստա­նի նորըստեղծ բանա­կի մասնակցութեամբ հայութիւնը յաղթեց 1992-էն 1994-ին, կը թուէր թէ Արցա­խի և Հայաստա­նի վերա­միացման պատմա­կան ժամը հասած էր:

Յարա­կարծա­կա­նօ­րէն, և անբնա­կա­նօ­րէն յաղթա­կան կողմին համար, Հայաստա­նի նորանկախ պետա­կա­նութեան անդրա­նիկ ղեկա­վա­րութիւնը Լևոն Տէր Պետրո­սեա­նի հիմնա­կա­նօ­րէն սխա­լա­կան բայց տիրա­պե­տող մօտե­ցումնե­րով, այդ ճի՛շտ մոմենտին, չյայտա­րա­րեց Հայաստա­նի և Արցա­խի միա­ցումը և անհասկնա­լիօ­րէն, հակա­ռակ մեր յաղթա­նա­կին, որո­շեց ենթարկուիլ մեր շահե­րը չբաժնող և մեր շահե­րուն հակա­սող , իրե՛նց շահե­րէն մղուած օտար պետութիւննե­րու նենգ և անձնա­սէր խրատնե­րուն, մինչև իսկ Արցա­խի անկա­խութիւնը չճանչցաւ բան մը որ անհե­թե­թութեան գագաթնա­կէտն էր և է ՛ տակաւին:

Օտար, տարբեր պետութիւննե­րու շահե­րը ընդհանրա­պէս թրքա­մէտ էին 1994-ին և ե՛ն տակաւին, մի՛շտ կը նախընտրեն Հայաստան գործա­ծել իբրև ճնշման լծակ՝ աւե­լի մեծ Թուրքիան և թրքա­կան աշխարհը պահե­լու համար իրենց ծիրին մէջ կամ սիրա­շա­հե­լու իրենց ազդե­ցութեան շրջա­նա­կին մէջ: Անսալ օտար պետութիւննե­րու չանկեղծ յորդորնե­րուն և չճանչնալ Արցա­խի անկա­խութիւնը ինի­սունա­կաննե­րու մեր յաղթա­նակնե­րէն ետք սխալ մըն էր որ պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ իբրև ամէ­նէն ծանրակշիռ սայթա­գում եւ սխալ մը որ յանգե­ցաւ մեր վերջին ձախո­ղութիւննե­րուն:

Եթէ ատե­նին Արցա­խը Հայաստա­նի մաս հռչա­կուած ըլլար, Արցա­խի վրայ յարձա­կում Հայաստա­նի սահմաննե­րուն վրայ յարձա­կում պիտի ըլլար, սկզբունքով կիրարման մէջ դնե­լով Հայաստա­նի պաշտպա­նո­ղա­կան դաշինքնե­րը. դաշինքներ որ չգործադրուե­ցան 2020-ին ըստ յայտա­րա­րութեանց որովհե­տեւ Արցա­խը Հայաստա­նի մաս չէր, պաշտօ­նա­պէս նոյնիսկ Հայաստա­նի համար:

Տէր Պետրո­սեա­նի համար ռացիո­նալ փոխզի­ջումնե­րով կարե­լի էր և կարե­լի է լուծել Արցա­խի դատը: Խորհրդա­յին ապազգա­յին մշա­կոյթի ուղե­ղա­լուացման և ժողո­վուրդնե­րու եղբայրութեան առասպե­լին հաւա­տա­ցած համայնա­վար միջազգայնա­կան հօր մը ազդե­ցութեան տակ դաստեա­րա­կուած այս մարդը հակա­ռակ իր պատմա­բա­նա­կան ուսումին չկրցաւ ըմբռնել տարրա­կա­նը՝ թրքա­կան ցեղա­պաշտութեան անզի­ջող կուսակրօ­նութեան եօթը հարիւր տարի­նե­րու այլա­մերժա­կա­նութիւնը և այս ցեղա­պաշտութեան հիմնա­կա­նօ­րէն քանդիչ դերը Արցա­խեան դատի հոլո­վոյթին վրայ:

Հակա­ռակ ակա­դե­մի­կո­սի իր մտաւո­րա­կան ենթադրե­լի պաշա­րին որ զինք պատրաստած պետք է որ ըլլար տեսնե­լու տարբեր պետութիւննե­րու բարդ հակա­սութեանց մառա­խուղին ընդմէ­ջէն Հայաստա­նի՛ ռազմա­վա­րա­կան շահե­րու յստակ առաջնա­հերթութիւնը, Տէր Պետրո­սեան կատա­րե­լա­պէս խափուե­ցաւ և Հայաստա­նը մխրճեց փոխան Արցա­խի անկա­խութեան ճանաչմամբ ամրագրուած, Արցա­խի միացման ռազմա­վա­րութեան, «փոխզի­ջո­ղա­կան» բանակցութիւննե­րու երկար գործընթա­ցի մը մէջ, ուր ամէն քայլա­փո­խի օտար պետութիւննե­րը Ատըրպէյճա­նի ամբողջա­կա­նութեան հանկերգը նուա­գե­ցին, կէտեր արձա­նագրե­լով Թուրքիոյ և Ատըրպէյճա­նի հետ, ի վնաս մեզի և ի շահ իրենց: Հայաստա­նը մնաց աւա­զախռուած Արցա­խի ապա­գայ կարգա­վի­ճա­կի անյստակ «սթա­թուսի» որոշման յետաձգման հոլո­վոյթի մը մէջ. Հայաստա­նը կրկնեց ու կրկնեց ինքնո­րոշման մարդկա­յին իրաւունքի ճշմարտա­կութիւնը բոլո­րին խուլ ականջնե­րուն: Ատըրպէյճա­նը պաշտպա­նուած անուղղա­կիօ­րէն օտար պետութիւննե­րու կողմէ և իր դաշնա­կից Թուրքիոյ զօրաւոր ուղղա­կի աջակցութեամբ, պարզա­պէս մերժեց ՈՐԵՒԷ «փոխզի­ջում» և օրն ի բուն պատրաստուե­ցաւ՝ գերարդիա­կան պատե­րազմի:

Ուրիշ խօսքով, Տէր Պետրո­սեան մեր յաղթա­նա­կէն անմի­ջա­պէս ետք չորս  թանկա­գին տարի­ներ մսխեց ինքնո­րոշման սկզբունքին շուրջ բանակցութիւննե­րով առանց որեւէ յաջո­ղութեան, ինքնիշխա­նութիւնը Արցա­խը սկզբունքով ունէր խորհրդա­յին ԼՂԻ­Մի օրե­րէն արդէն իսկ, երբ մեր հարցը՝ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ ՍԿՍԵԼՈՎ ՄԵԶՄԷ, ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌԶԱԿՈՒՄ և ՄԻԱՑՈ՛ՒՄ:

Ինքնո­րոշման սկզբունքի կիրա­րումը սահմաննե­րու ամբողջա­կա­նութեան սկզբունքի ծիրին մէջ միայն կրնար յանգիլ լաւա­գոյն պայմաննե­րու տակ ինքնա­վա­րութեան որ Արցա­խի ԼՂԻ­Մեան անցեա՛լն էր, Ատըրպէյճա­նի սահմաննե­րուն մէջ և ատըրպէյճա­նա­կան ճնշող լուծի տակ: Հայաստա­նը երբեք պէտք չէր որ ընդունէր իրե­րա­մերժ այս երկու սկզբունքնե­րու բոլո­րա­կա­յին անե­լը, և յստա­կօ­րէն կեդրո­նա­նար ինքնո­րոշման սկզբունքին վրայ հիմնուած անկա­խա­ցումի իրա­կա­նութեան վրայ — ասի­կա կարե­լի էր ընել յստա­կօ­րէն մերժե­լով սահմաննե­րու ամբողջա­կա­նութեան սկզբունքը ԼՂԻՄ‑ի Խորհրդա­րա­նի 20 Փետրուար 1988‑ի Հայաստա­նի հետ միաւորման որոշման հիման վրայ: Ինքնո­րո­շումի այս որո­շումը անկա­խացման և Հայաստա­նի հետ միա­ցումի ժողովրդա­վա­րա­կան անժխտե­լի որո­շում էր:

Տէր Պետրո­սեա­նի զոյգ սկզբունքնե­րու նկա­տառման մօտե­ցումը այնքան անյա­ջող դարձաւ որ ի վերջոյ իր ամէ­նէն մօտիկ գործընկերնե­րը իրեն կից տուին և զինք ճամբու դրին: Սակայն, հակա­ռակ իր հրա­ժա­րա­կա­նին, հայկա­կան պետութեան առա­ջին ղեկա­վա­րին և իր կողմնա­կի անձնաւո­րութիւն Ժիրայր Լիպա­րի­տեա­նի մօտե­ցումնե­րը դժբախտա­բար դարձան չխոստո­վա­նուած տոկմա իր յաջորդնե­րուն համար ևը՛ս:

Ընդհանրա­պէս, երբ նոր պետութիւններ իրենց անդրա­նիկ ռազմա­վա­րա­կան մօտե­ցումնե­րը կը բանաձև­են և կը դնեն պետա­կան գործադրութեան, գնացքը կը շարժի այդ որոշ ուղղութեամբ և միայն հզօր յեղա­փո­խութիւն մը կրնայ հիմնա­կա­նօ­րէն փոխել գնացքի ուղղութիւնը: Մեր պարա­գա­յին, մէկը միւսին ետև­էն ներպա­լա­տա­կան փոփո­խութիւննե­րով իշխա­նութիւն ստանձնած Քոչա­րեան և Սարգսեան շարունա­կե­ցին զանա­զան պզտլիկ տարբե­րութիւննե­րով Տէր Պետրո­սեա­նի նոյն հիմնա­կա­նօ­րէն սխա­լա­կան մօտե­ցումը:

2018‑ի Տէր Պետրո­սեա­նի գաղա­փա­րա­կան սանուկ Փաշի­նեա­նի թաւշեայ շարժումն ալ դժբախտա­բար փաստօ­րէն ո՛չ մէկ շօշա­փե­լի փոփո­խութիւն բերաւ Հայաստա­նի հիմնա­կա­նօ­րէն Տէր Պետրո­սեա­նա­կան Արցա­խեան քաղա­քա­կա­նութեան մէջ, որ մնաց եզե­րուած ինքնո­րոշման իրաւունքի կիրարկե­լիութեան բանա­վէ­ճով, սահմաննե­րու ամբողջա­կա­նութեան սկզբունքին ծիրին մէջ:

Հակա­ռակ սահմաննե­րու անձեռնմխե­լիութեան սկզբունքի իր չարա­շա­հումին քանի որ ինքնա­վար Արցա­խը Ատըրպէյճա­նի սահմաննե­րէն ներս կը գտնուէր, թրքա­կան դրդումով, Ատըրպէյճա­նը տիպա­կա­նօ­րէն ա լա թուրքա հետաքրքրուած չէր որևէ միջազգա­յին իրաւունքի սկզբունքնով՝ ընդհանրա­պէս: Ո՛չ ինքնա­վա­րութեան սկզբունքով (տես ԼՂԻՄ‑ի լուծա­րումը Ատըրպէյճա­նի կողմէ 1991-ին), ո՛չ ալ նոյնիսկ սահմաննե­րու անձեռմխե­լիութեան սկզբունքով (տե՛ս 2021-ին Հայաստա­նի սահմաննե­րը փոխե­լու իր բռնի փորձե­րը այս օրե­րուս): Սումկայթէն Գէտա­շէն և Հատրութէն Սև Լիճ, Ատըրպէյճա­նը հետաքրքրուած էր և է միայն ու միա՛յն հայութեան վտա­րումով և հայկա­կան հողե­րու բռնի խլումով:

Հայաստա­նը առա­ջին օրէն իսկ, ինի­սունա­կան թուա­կաննե­րէն պէտք է որ յայտա­րա­րեր ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՕՐԷՆ որ հարցը ինքնա­վա­րութեան հարց չէր, նախկին ԼՂԻ­Մը ինքնա­վար էր Արցա­խեան շարժման սկիզբէն առաջ, հարցը Արցա­խի ԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄՆ ԷՐ և ՎԵՐԱՄԻԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ հետ իբրև թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան Հայաստա­նի և հայութեան քանդումին ի դէմ ՀԱՅ ԴԱՏԻ լուծման հոլո­վոյթի ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԱՐԸ:

Մեր պետա­կան ղեկա­վա­րութեան սխա­լը ռացիո­նա­լիզմի պակա­սը կամ սխալնե­րը շտկե­լու ժամա­նակ չունե­նա­լը չէր… Մեր պետա­կան ղեկա­վա­րութեան սխա­լը եղաւ և է ա՛յն որ Ատըրպէյճա­նի հայաջնջման փորձը չդի­տեց իբրև թրքա­կան ֆաշա­կա­նութեան նորո­վի դրսև­ո­րումը Արցա­խեան գոյա­մարտի սկիզբէն մինչև այսօր, նոյնիսկ քարա­սունչորս օրե­րու մեր ձախո­ղութիւնէն ետք, ձախո­ղութիւն մը ի դիմաց թուրք բանա­կի և սպա­յա­կոյտի լայնա­մասշտա­բա­յին ղեկա­վա­րա­յին մասնակցութեան Ատըրպէյճա­նի Արցա­խի վրայ յարձակման մէջ:

Մեր պետա­կան ղեկա­վա­րութեան սխա­լը՝ երև­ա­կա­յե­լու անկա­րո­ղութիւնը եղաւ. չկրցան մտքով տեսնել որ թշնա­մին Ատըրպէյճա­նը չէր միայն, և չկրցան կանխա­տե­սել որ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին դէմ հանդի­ման պիտի գտնուէինք թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան ամբողջ միջոցնե­րուն միա­ժա­մա­նակ կատա­րեալ շղթա­յա­զերծման:

Մինչեւ իսկ 15 Յունի­սի Շուշիի Թուրք Ատըրպէյճա­նա­կան դաշինքի հռչա­կա­գի­րէն ետք, տակաւին յիմարներ կան մեր պետա­կան ղեկա­վա­րութեան մէջ որ չեն անդրա­դառնար որ մեր վերապրումի պայքա­րը Արցա­խի մէջ պայքա՛րն է թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութիւն դէմ և խաղա­ղութիւն և ապա­հո­վութիւն գոյութիւն չունի և չի կրնար ունե­նալ հայութեան համար՝ այնքան ատեն որ վերջնա­կան հաշուե­յարդա­րի չէ ենթարկուած թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութիւնը:

Պատմութիւնը ցոյց տուաւ որ ինքնա­վա­րութեան ու սահմա­նա­յին անձեռնմխե­լիութեան սկզբունքնե­րու սուտ մրցակցութեան շուրջ երկա­րաձգուող բանակցութիւննե­րը թատրոն էին պարզա­պէս. Թուրքիա և Ատըրպէյճա­նը լծուած էին հիմնա­կա­նօ­րէն պատե­րազմի պատրաստութեան և ռազմա­կան ամբողջարկութեան: Երբ Թուրքիոյ և Ատըրպէյճա­նի պատե­րազմա­կան  պատրաստութիւննե­րը հասան ա՛յն մակարդա­կին երբ պատե­րազմի ընթացքին յաղթա­կան արդիւնք հասնե­լու կարե­լիութիւնը ընդունե­լի հաշւոյթ դարձաւ իրենց համար, ժամա­նա­կը հասած էր և Թուրքիոյ ուղղա­կի մասնակցութեամբ և ղեկա­վա­րութեամբ Ատըրպէյճան յարձա­կե­ցաւ:

2020‑ի վերջին մարտե­րուն կարևորագո՛յն ուսա­նե­լի դասը այն է որ թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութիւնը երբեք չէ դադրած գործադրե­լէ՝ եղեռնի շարունա­կութիւնը: Այս պատճա­ռով Հայ Դատի հետապնդումը ողջ հայութեան պետա­կան և ոչ պետա­կան ուժե­րուն միակ իրա­տես ուղղութիւնն է այսօ՛ր երբ Թուրքիոյ և Ատըրպէյճա­նի դրսեւո­րած շարունա­կուող նպա­տա­կը Հայաստա­նը խղճա­լի ճամբա­րի մը վերա­ծելն է: Հայութեան ուղղա­կի և անուղղա­կի շարունա­կուող եղեռնը դադրեցնե­լու ՄԻԱ՛Կ միջո­ցը թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան վերջնա­կան ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐՆ է:

2020‑ի վերջին ազե­րի թուրքե­րուն ի գործ դրած բարբա­րո­սութիւննե­րը փաստե­ցին որ Մեծ Եղեռնը պատմա­կան անցած հանգրուան չէ, ա՛յլ թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան շարունա­կուող քաղա­քա­կա­նութիւն մինչև մեր վերջը իբրև պետա­կան ազգ:

Հայ Դատի հետապնդումը, Ցեղասպա­նութեան ճանաչումը/Արցախի դատը «իրարմէ անկախ» ՉԵ՛Ն… ՆՈ՜ՅՆ պայքարն է՝ կասեցնե­լու, այսօ՛ր՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈ՛Ղ ԵՂԵՌՆԸ Արցա­խի մէջ:

Արցա­խի դատը մասնիկն է թրքա­կան կայսե­րա­պաշտա­կան դաւե­րով մասնա­տուած և տկա­րա­ցուած Հայաստա­նի վերամբողջացման և Արցա­խի դատի լուծումը առանձին կարե­լի չէ դիտել:

Ազգաջնջման շարունա­կուող երկդա­րեան ոճի­րով Մասնա­տուած Հայաստա­նի վերա­միացման և եղեռնա­յին այս ոճի­րի արդա­րա­հա­տոյցը կարե­լի չէ իրա­գործել առանց թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան հաշուե­յարդա­րին:

Ի՞նչ կրնայ նշա­նա­կել Թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան հաշուե­յարդա­րը. թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան հաշուե­յարդա­րը պատմա­կան ա՛յն հանգրուանն է երբ Թուրքիա կամաւոր կ՛ընդունի երկու դար երկա­րող հայութեան ազգաջնջումի իր մեղքը, կը համա­ձայնի նիւթա­կան և հողա­յին հատուցման և կը հիմնագրէ իր այս պարտաւո­րութիւննե­րը և վերջնա­կա­նա­պէս կը վանէ կայսե­րա­պաշտա­կան ծաւա­լա­պաշտութիւնը ի վնաս Հայութեան իր պետա­կան ռազմա­վա­րութե­նէն: Առանց այս հաշուե­յարդա­րին, չկայ Հայ Դատի և Հայ Դատի Արցա­խեան էջին վերջնա­կան լուծում: Առանց այդ հաշուե­յարդա­րին Թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութիւնը միշտ ալ պիտի շարունա­կէ փորձել՝ խորտա­կել Հայաստա­նը, Արցա­խը և ընդհանրա­պէս Հայութիւնը:

Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ուղին հիմա որպէսզի պատճա­ռենք թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան հաշուե­յարդա­րը:

Նախ՝ Հայ յառաջդի­մա­կան ուժե­րը պէտք է յաջո­ղին համո­զել ռուսա­կան քաղա­քա­կան միտքը որ թրքա­կան դէպի արեւելք տարա­ծումը նոյնքան վտանգաւոր է Հայաստա­նի ԵՒ Ռուսիոյ համար, անկախ ժամա­նա­կաւոր մարտա­վա­րա­կան հարցա­կան առաւե­լութիւնէ մը (ան ալ թերևս) այս հանգրուա­նին, ռուս-թրքա­կան գործակցութիւննե­րով արևմտեան պլո­քին մէջ մակե­րե­սա­յին հակա­սութիւն ստեղծե­լու խաղով:

Ռուսիոյ ռազմա­քա­ղա­քա­կան միտումնե­րուն մէջ տակաւին գոյութիւն ունին նախկին ստա­լի­նեան քաղա­քա­կա­նութեան ցախաւել մնա­ցորդ ա՛յն մօտե­ցումը որ կը տեսնէ շահ՝ Ռուսիոյ համար, Արցա­խեան դատի օգտա­գործմա­նը մէջ՝ թրքա­կան աշխարհը «սիրա­շա­հե­լու» արևմտեան ծիրէն դուրս, Արևմուտքէն անկախ «գործընկե­րութիւն» ստեղծե­լով Թուրքիոյ և Ռուսիոյ միջեւ շրջա­նա­յին հարցե­րու լուծման մէջ (Արցախ, Սուրիա, Լիպիա): Ասի­կա երէ­կի ստա­լի­նեան կատա­րե­լա­պէս ձախո­ղած սովե­տա­կան քաղա­քա­կա­նութեան այսօ­րուան վիժուկն է: Այս իրա­կա­նութեան մէջ բոլո­րո­վին անի­րա­պաշտ և սխալ քաղա­քա­կա­նութիւնը քանի՞ անգամ պիտի ձախո­ղի որպէ­զի Ռուսիա անդրա­դառնայ որ հոտ երկարժամկէտ շահ չկայ իրեն համար: Ստա­լի­նեան ներշնչումով թրքա­կան աշխարհը Արևմուտքէն անջա­տե­լու սին փորձը ի վնաս Արցա­խի, ռազմա­վա­րա­կան տեսա­կէ­տէ սխալ էր և սխալ է, քանի որ թրքա­կան դէպի արև­ելք տարա­ծումը միայն ու միայն Ռուսիոյ տկա­րացման կրնայ տանիլ (տե՛ս թրքա­կան հակա­ռուս քաղա­քա­կա­նութիւնը Ուքրա­նիոյ մէջ):

Վերջա­պէս՝ Ռուսիա ինքնին կառուցուած է թուրա­նա­կան արև­ե­լեան հրո­սա­կա­ցե­ղա­խումբե­րու ձիւնա­թաղման մէջ: Արդեօ՞ք Ռուսիա պիտի ուզէ վերա­դառնալ մոսկո­վեան պետութեան մը իրա­վի­ճա­կին՝ շրջա­պա­տուած թուրա­նա­կան արև­ե­լեան պետութիւննե­րու վոհմակնե­րով:

Հայ յառաջդի­մա­կան ուժե­րը հսկա՛ գործը ունին հիմա՛ համո­զե­լու Քրէմլի­նը որ ստա­լի­նեան ներշնչումով Թուրքիոյ սիրա­շահման յոյսե­րով քաղա­քա­կա­նութիւննե­րը ձախո­ղած են մի՛շտ անցեա­լին և պիտի ձախողի՛ն ՄԻ՛ՇՏ:

Թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան միջամտութիւնը Արցա­խեան գոյա­մարտին մէջ չպէտք է որ յաջո­ղի, այլա­պէս յաջորդ արա­րը պիտի ըլլայ Սիւնի­քի կտրա­տումը,  Սիւնի­քի ընդմէ­ջէն թուրա­նա­կան հողա­յին կապի հաստա­տումը:

Ժամա­նակն է որ դիմագրաւենք և հակա­դարձենք այս կայսե­րա­պաշտութեա­նը՝ արձա­նագրե­լով մեր սահմանադրութեա՛ն մէջ իբրև անփո­փո­խե­լի հիմնա­յօ­դուած որ Արցա­խը էր, է և պիտի ըլլայ մինչև վերջ Հայաստան: Հայաստա­նի նոր խորհրդա­րա­նը պէտք է վերամշա­կէ Հայաստա­նի սահմա­նադրութեան մէջ հայա­հաւա­քի և հողա­հաւաքհ հայկա­կան արև­ե­լութեան ռազմա­վա­րութիւննե­րը: Հայկա­կան արև­ե­լութեան հիմնա­րար այս սկզբունքնե­րուն հիման վրայ Հայաստա­նի սահմա­նադրութեան մէջ պէտք է վիմագրուի որ Հայաստան չի կրնար ընդունիլ Թուրքիոյ և Ատըրպէյճա­նի սահմա­նա­յին ամբողջա­կա­նութիւնը այնքան ատեն որ Թուրքիայ չէ ընդունած Հայութեան ազգաջնջումի իր ոճի­րը, Մեծ Եղեռնը և պատրաստա­կա­մութիւն չէ յայտնած հատուցման և հայա­պատկան գողցուած հողե­րու վերա­դարձին, և այնքան ատեն որ Արցա­խը իբրև Հայաստա­նի անբա­ժան մաս չէ ճանչցուած Ատըրպէյճա­նի կողմէ:

Ի պատասխան Ալիևի յայտա­րա­րութեան թէ ինք լուծած է Արցա­խի հարցը վերջնա­կա­նօ­րէն, Հայաստա­նի նոր խորհրդա­րա­նը Արցա­խը Հայաստա­նի անբա­ժա­նե­լի մաս պէտք է հռչա­կէ անմի­ջա­պէս որպէսզի որևէ Հայաստա­նի կառա­վա­րութիւն օրէնքով ստի­պուած ըլլայ ըստ այնմ գործել: Հայաստա­նի բանա­կը իր վէրքե­րը լիզե­լու ժամա­նակ չունի՝ պատրաստուի՛նք պատմա­կան Արցա­խի մնա­ցորդա­ցի պաշտպա­նութեան:

Արցա­խեան Հանրա­պե­տութեան անկա­խութեան ճանա­չումը Հայաստա­նի կողմէ այլեւս անժա­մանցե­լի է եւ հրա­տապ: Մեր դաշնա­կից Ռուսաստա­նի նախա­գա­հը ի՛նք ընդունեց 9 Նոյեմբեր 2020‑ի համա­ձայնագրի օրե­րուն որ երբեք չէր հասկցած ինչու Հայաստա­նը այդ քայլը ցարդ չէր առած…: Ֆրանսա­յի արտա­քին գործոց նախա­րա­րը Ժան-Իվ Լը Տրիա­նը նոյն Նոյեմբե­րի վերջաւո­րութեան Հայաստա­նի կողմէ Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան անկա­խութիւնը ճանա­չում չունե­նա­լը մատնանշեց չարա­փաստօ­րէն արդա­րացնե­լու համար որ Ֆրանսա­յի կառա­վա­րութիւնը պէտք չէ ճանչնայ Արցա­խի անկա­խութիւնը:

Հիմի էլ լռենք եւ չառնե՞նք այս քայլը երբ Ատըրպէյճա­նի նախա­գահ աւա­զա­կը Սիւնի­քի եւ Երեւա­նի ազե­րիա­կան հող ըլլա­լու մասին կը ճառա­բա­նէ:

Հայաստա­նի յառաջդի­մա­կան քաղա­քա­կան ուժե­րուն կ՛իյնայ Հայաստա­նի խորհրդա­րա­նին մէջ այս ճանաչման օրէնսդրութեան անցման ապա­հո­վումը:

9 Նոյեմբեր 2020‑ի համա­ձայնա­գի­րը խաղա­ղա­բեր համա­ձայնութիւն չէ և չի կրնար ըլլալ այնքան ատեն որ Արցա­խը անկախ չէ Ատըրպէյճա­նէն: Զինա­դա­դա­րը կրկնե­րեւոյթ է լոկ, օդա­ցո­լութիւն, միրաժ։ Չորս տարիէն ԵԹԷ ՈՉ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ, Ատըրպէյճա­նը պիտի պահանջէ որ Ռուս զինուորնե­րը հեռա­նան «Ատըրպէյճա­նի տարածքնե­րէն» և օգտա­գործե­լով թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան լման կարո­ղա­կա­նութիւնը և բոլոր լծակնե­րը պիտի յարձա­կի լիքիուի­տացնելու Արցա­խը: Ջայլա­մի բնազդ է կարծել այլա­պէս: Միակ իրա­պաշտ մարտա­վա­րութիւնը օրն ի բուն պատրաստուիլն է՝ պատե­րազմի եկող յաջորդ փուլին:

Խաղա­ղութիւն գոյութիւն երբեք չի կրնար ունե­նալ այնքան ատեն որ թուրքը հայեր կը խողխո­ղէ հայա­պատկան հողե­րու վրայ:

Մասնա­գէտներ, ակա­դե­մա­կաններ եւ այլք կը խօսին Արցա­խեան «առա­ջին» կամ «երկրորդ» պատե­րազմնե­րուն մասին իբրեւ սկսուած եւ վերջա­ցած պատերազմ«ներ»: Արցա­խեան պատե­րազմը դադրած չէ, չէ վերջա­ցած եւ չի կրնար վերջա­նալ այնքան ատեն որ Հայ ազգի պատմա­կան իրաւունքը չէ վերա­հաստա­տուած Արցա­խի մէջ:

Հրա­դա­դա­րը հանգրուան մըն է պարզա­պէս: Պատե­րազմը առանց մեր յաղթա­նա­կին աւարտած չի կրնար ըլլալ:

Փաստօ­րէն զինա­դա­դար անգամ գոյութիւն չունի. աւե­լի ճիշդը զինա­դա­դա­րը յարգո­ղը մենք ենք միայն, խեղճօ­րէն, ի գին ամէն ինչի: Թշնա­մին զինուած խուժումնե­րով օր ըստ օրէ կը մտնէ Հայաստան, սահմա­նա­յին շրջաննե­րը, քիչ մը ամէ­նուր, անպա­տիժ, մինչև իսկ… առանց հակա­հա­րուա­ծի: Մեր պետութիւնը ՄԵՐ սահմաննե­րը պաշտպա­նե­լու համար կը դիմէ ՕՏԱՐ երկիրնե­րու որոնց համար ատըրպէյճա­նա­կան զինուած խուժումնե­րը անկարև­որ «սահմա­նա­յին դէպքեր» են լոկ: Ասի­կա պետա­կան մօտե­ցում չէ: Որևէ խուժում Հայաստա­նի սահմաննե­րէն ներս պէտք է ստա­նայ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾ և արդար ռազմա­վա­րա­կան նախա­հա­րուած այլուր:

Թշնա­մին տակաւին կը պահէ պատե­րազմա­կան հայ գերի­ներ հակա­ռակ համա­ձայնագրի գերի­նե­րու վերա­դարձման պայմաննե­րուն և նոր գերի­ներ կը գերե­վա­րէ: Հայ գերի­նե­րու վերա­դարձը մուրա­լը պետա­կան մօտե­ցում չէ: Ակա­նա­քարտէսնե­րու վաճա­ռումը գերի­նե­րու վերա­դարձին համար տկա­րացնե­լով մեր պաշտպա­նո­ղա­կան կարո­ղութիւնը դարձեալ սխալ մօտե­ցում է: Գերի­նե­րը կը փոխա­նա­կուին. ա՛յդ է գերի­նե­րու հարցը լուծե­լու միջո­ցը: Մենք ալ ազե­րի գերի­ներ պէտք ունինք, և իրենց մեր երկի­րը խուժող զինուորնե­րը այդ փոխա­նա­կե­լի գերի­նե­րը պէտք է որ ըլլան:

Թշնա­մին երբեք հոգե­բա­նա­կան կացութեան մէջ պէտք չէ որ ըլլայ որ կարծէ թէ իր յաջո­ղութիւննե­րով Արցա­խի հարցը «լուծած» է վերջնա­կա­նա­պէս, և եթէ է, այդ տպաւո­րութիւնը պէտք է վերա­ցուի: Ընդհա­կա­ռա­կը, Արցա­խի դատը պէտք է վերա­ծուի իրեն համար այնպի­սի վտանգաւոր և հսկայ «գլխա­ցաւի» մը որ թշնա­մին ի՛նքը ուզէ որ Արցա­խը անջա­տուի:

Արցա­խի գրաւեալ շրջաննե­րուն մէջ թշնա­մին հանգիստ չպէտք է մնայ Հատրութէն Շուշի, քանի որ մե՛նք հանգիստ չենք՝ արտաքսուած մեր հողե­րէն: Թշնա­մին պէտք չէ զգայ «յաղթա­կան», «անպա­տիժ», քոմբրո­միսով անհե­տաքրքիր: Եթէ չկայ ելք ու ճար ապա ուրեմն ժամա­նակն է՝ անհա­մա­չափ, յեղա­փո­խա­կան և ի հարկին արտա­պե­տա­կան պայքա­րի:

«Ատըրպէյճա­նը» էր, է և պիտի մնայ թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան սիրա­շահման նուէր արուեստա­կան պետութիւն մը, հիմնուած հայկա­կան բնակչութեան ոչնչացման ոճի­րին սկզբնա­կան մեղքին վրայ և որ կը համախմբէ, թայֆայական օպսքուրանթիսթ բռնա­պե­տութեան մը տակ, իրա­րու անհաւա­տա­րիմ շարք մը ցեղա­յին և կրօ­նա­կան խմբաւո­րումներ և որու միակ հարստութիւնը և գերարդիա­կան զէնքեր գնել կարե­նա­լու միակ ազդա­կը՝ քարիւղի արդիւնա­բե­րութիւնն է (արդիւնա­բե­րութիւն մը որ պատմա­կա­նօ­րէն կը պարտի հայ գործա­րարնե­րու հանճա­րին և ջանքե­րուն): Յաջորդ տասնա­մեակնե­րուն, երբ մարդկութիւնը անդին կ՛անցնի ածխաջրա­ծի­նա­կան ուժա­նիւթի գործա­ծութե­նէն մէկ կողմէ, և գոյութիւն ունե­ցող պաշարնե­րու սպա­ռումով միւս կողմէ, քարիւղը պիտի դադրի՛ ռազմա­վա­րա­կան առաւե­լութիւն ըլլա­լէ: Քարիւղի շահե­րու պակսումով, ժամա­նա­կի ընթացքին, իր նիւթա­կան միջոցնե­րու նուա­զումով պիտի տկա­րա­նայ նոյնիսկ Ատըրպէյճա­նի ռազմա­վա­րա­կան դաշնակցութիւնը թուրա­նա­կան միւս պետութիւննե­րուն և մինչև իսկ Թուրքիոյ հետ, և ապա­գա­յին նուազ հարուստ Ատըրպէյճան մը հաւա­նա­բար ի վիճա­կի պիտի չըլլայ գերարդիա­կան նմա­նա­չափ զինա­մա­տա­կա­րա­րումը շարունա­կել Իսրա­յէ­լէն:

Սատա­րենք «Ատըրպէյճա­նի» ցեղա­յին և կրօ­նա­կան ընկճուած խմբաւո­րումնե­րուն քաղա­քա­կան ինքնա­հաստատման, որ անոնք հատու ներքին կիցե­րով խախտեն «Ատըրպէյճան» խրճի­թի խարխուլ հիմե­րը:

Արցա­խի հանդէպ յաջո­ղութիւն արձա­նագրե­լու համար Ատըրպէյճա­նը ինքզինք վերա­ծեց վասսալ նահանգ մը Էրտո­կա­նեան Թուրքիոյ և բան մը որ իր իսկ պետա­կան շահե­րուն անյա­րիր է և ստի­պուե­ցաւ ընդունիլ օտար ռուսա­կան բանա­կը որ կը պաշտպա­նէ Արցա­խը Ատըրպէյճա­նէն — եւ ասի­կա յիմար Ալիև­ին «յաղթա­նակն» է որու համար մսխեց քարիւղի օրըստօ­րէ պակսող շահե­րը:

Թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութիւնը չենք կրնար հաշուե­յարդա­րի ենթարկել լոկ պայքա­րե­լով Արցա­խի մէջ այս կայսե­րա­պաշտութեան դէմ: Թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութիւնը նահանջի մղե­լու համար ուրիշ ելք ու ճար չունինք բացի ընդարձա­կե­լէ պայքա­րը:

Ժամա­նա­կը մեզի հետ է:

Թուրքիան չի կրնար երկարժամկէտ մնալ էրտո­կա­նեան արկա­ծախնդրա­կան մենա­տի­րութեան տակ քանի որ իր իսկ շահե­րը կը պահանջեն որ ան նահանջէ ռիսկերով յղի համա­թուրա­նա­կան միթի երկրպա­գումէն:

Թուրքիա ամէն ինչ կ՛ընէ ինքզինք ներկա­յացնե­լու համար իբրև համա­ծին ազգ պետութիւն մը, երբ իրա­կա­նութեան մէջ ոչի’նչ է բացի ՝ փոքր կայսրութիւն մը ուր շարք մը ժողո­վուրդներ կ՛ապրին թուրք իշխա­նաւոր ցեղա­խումբի լուծին տակ, և որու երկարժա­մա­նակ վերապրումի հեռանկա­րը ըստ իր ներկայ կայսե­րա­պաշտ ղեկա­վա­րութեան «թուրք» արուեստա­կան կոչումին մէջ ձուլումն է ներքին ժողո­վուրդնե­րուն և համա­թուրա­նա­կան ընթլայնումը:

Մենք պէտք է քաջա­լե­րենք և սատա­րենք Թուրքիոյ մէջ ապրող ինքնուրոյն ժողո­վուրդնե­րուն և կրօ­նա­կան փոքրա­մասնութիւննե­րուն ինքնութեան վերելքին ու անոնց իրաւունքնե­րուն ինքնա­հաստատմա­նը:  

Յատկա­պէս ճիգեր ներդնենք մեր ՔԻՒՐՏ եղբայրնե­րու ղեկա­վարնե­րուն քով քովի բերե­լու: Թելադրենք որ իրենց ուժը իենց միութեան մէջ տեսնեն: Օգնենք որ այս հսկայ ժողո­վուրդը ցեղա­խումբի և վարձկա­նութեան մտայնութե­նէն ձերբա­զա­տուե­լով որո­շէ դառնալ ԱԶԳ եւ ունե­նայ ՀԱՅՐԵՆԻՔ հո’ն ուր մեծ թիւե­րով է՝ անկա­խա­նա­լով Թուրքիա­յէն:

Թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան հաշուե­յարդա­րին ամէ­նէն իրա­տես ուղին ԱՆԿԱԽ ՔՐՏԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ստեղծումն է: Օգնենք մեր քիւրտ եղբայրնե­րու ազգացման դատին: Հայաստա­նը չի կրնար չըլլալ, բնա­կա­նա­բար է’ և պէտք է որ ըլլայ՝ Թուրքիոյ մէջ քրտա­կան պետութեան արդար գաղա­փա­րին ներշնչման փարո­սը:

Իրա­քի և Սուրիոյ մէջ քրտա­կան ինքնա­վար շրջաննե­րու հաստատմամբ , այլևս պարզա­պէս ժամա­նա­կի հարց է որ Թուրքիոյ քրտա­կան մասսա­նե­րը ուզեն առնուազն նոյնը ընել Թուրքիոյ մէջ: Ռազմա­վա­րա­կան պայմաննե­րը վերջա­պէս դարձած են բարենպաստ, և Թուրքիայ ժամա­նա­կա­ռումբին պատռոյգը մեր Քիւրտ եղբայրներն են որ պիտի վառեն.

Թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութիւնը մեզմէ լաւ գիտէ որ ռազմա­վա­րա­կան կացութիւնը վերջա­պէս դարձած է փոփո­խա­կան և վտանգաւոր իրեն համար. ասոր համար է արդէն որ կատա­ղած շան պէս կայսե­րա­պաշտա­կան Թուրքիան յարձա­կե­ցաւ Սուրիա տկա­րացնե­լու և կասեցնե­լու համար քրտա­կան շրջա­նա­յին կառա­վարման կառոյցը, օժանդա­կեց Ատըրպէյճա­նին Արցա­խի մէջ, կը պահէ Կիպրո­սի կէսը գրաւուած, կը սպառնայ Յունաստա­նին, միջա­մուխ է Լիպիա­կան քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմին մէջ և հիմա ներկա­յութիւն է Աֆղա­նիստա­նի մէջ:

Ապրիլ 2021-ին Հայաստա­նը հաստա­տեց հիւպա­տո­սա­րան քրտա­կան էրպիլ քաղա­քին մէջ: վերջապէ՛ս. բայց ո՞ւր են Հայկա­կան Բանա­կի խորհրդա­կաննե­րը Րօճաւա­յի մէջ, ի դիմաց թրքա­կան բանա­կին և թրքա­կան վարձկաննե­րուն: Սուրիոյ Հայ գաղութի ֆիզի­քա­կան պաշտպա­նութիւնը և Թուրքիոյ կողմէ Սուրիա­ցի վարձկաննե­րու կազմա­կերպումը և փոխադրութիւնը Ատը­րէյճան Արցա­խի դէմ պատե­րազմին մէջ գործա­ծութեան համար հայկա­կան պետութեան պաշտպա­նո­ղա­կան ներկա­յութիւնը Րօճաւա­յի մէջ անհրա­ժեշտ կը դարձնեն:

Թուրքիա և Ատըրպէյճան ռազմա­փորձեր ըրին միա­սին Կարսի մէջ այս տարուայ Ապրի­լին, hայկա­կան յատուկ ջոկա­տա­յիններն ալ ռազմա­փորձեր պէտք է ընեն ուրեմն՝ Րօճաւա­յի մէջ:

Ստեղծենք հայկա­կան պետա­կան յատուկ տարա­տե­սակ կառոյցներ, ուսումնա­սի­րա­կան եւ այլք, ակա­դե­մա­կան ամպիոններ շարունա­կա­կան համա­գումարնե­րով, համակրա­կան կրուբներ, արտա­պե­տա­կան կազմա­կերպութիւններ ուղղա­կի գործո­ղութեան համար, ևայլն: Այս բոլո­րը՝ ուսումնա­սի­րե­լու և օգնե­լու համար Թուրքիոյ մէջ թրքա­կան լուծի տակ ապրող ժողո­վուրդնե­րը՝ ՎԵՐԱՊՐԱԾ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (ներա­րեալ կորսուած հայե­րը), մեր եղբայր ՔԻՒՐՏԵՐԸ, մեր եղբայր ԵԶԻՏԻՆԵՐԸ, մեր եղբայր ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ, ԼԱԶԵՐԸ, ԱԼԵՒԻՆԵՐԸ, ՐՕՄԱՆԵՐԸ, ՉԵՐՔԷԶՆԵՐԸ:

Այս տարի Յունաստան Կիպրոս Եգիպտոս զինուո­րա­կան համա­գործակցութեան պատմա­կան համա­ձայնա­գիր կնգե­ցին — անընդունելի՛օրէն բացա­կայ էր Հայաստա­նը:

Մեր լօզունքը թող ըլլայ՝ «թրքա­կան կայսե­րա­պաշտա­կան չարի­քի զոհեր միացէ՛ք»: ՀԱՅԱՍՏԱՆ, մեր ՔԻՒՐՏ եղբայրնե­րը, ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ, ՅՈՅՆ ԿԻՊՐՈՍ, ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԼԻՊԻԱ, ԵԳԻՊՏՈՍ, ՄԱԻ (UAE), և այլք: Ըլլանք ղեկա­վար ազդակ, ձգտինք միագրել այս ուժե­րը թրքա­կան ակրէ­սիաները դիմա­կա­յող պաշտպա­նո­ղա­կան դաշնագրութեան մէջ:

Ռազմա­վա­րա­կան ներկայ հանգրուա­նը կատա­րե­լա­պէս աննա­խա­դէպ առիթ մը կը ստեղծէ միացնե­լու շարք մը պետութիւններ և ուժեր որ հետզհե­տէ աւե­լի վտանգաւոր կերպով կը զգան իրենց մորթին վրայ համա­թուրա­նա­կան չարի­քի Էրտո­կա­նեան հանգրուա­նի աւերնե­րը: Հայաստա­նը և հայութեան յառաջդի­մա­կան և յեղա­փո­խա­կան քաղա­քա­կան ուժե­րը ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԵՐ պէտք է ստանձնեն ռազմա­վա­րա­կան դաշնագրութեան մը ստեղծման մէջ վերջնա­կա­նա­պէս թաղե­լու համար համա­թուրա­նա­կան ցեղա­պաշտութիւնը:

Նոյեմբեր 9–1Օ‑ի տխրահռչակ համա­ձայնա­գի­րը Արցա­խեան «երկրորդ» պատե­րազմի աւարտը չէ, այլ անյա­ջող հանգրուան մը լոկ: Ոչ մէկ համա­ձայնա­գիր կրնայ բաժնել Հայաստա­նի մաս Արցա­խը Հայաստա­նէն եթէ մենք պատրաստ ենք՝ անկոտրում մարտունա­կութեան:  Եթէ մենք պատրաստ ենք դիմա­կա­յել վերջնա­կա­նա­պէս թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութիւնը Արցա­խի մէջ ե՛ւ Արևմտա­հա­յաստա­նի մէջ:

Անզի­չող մարտունա­կութի’ւնը միակ ուղին է որ կը տանի յաջո­ղութեան՝ ուժե­րու հանդէպ որոնց նպա­տա­կը հայութեան կատա­րեալ բնաջնջումն է:

Խաղա­ղութիւն անկա­րե­լի է առանց թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութեան հաշուե­յարդա­րին:

Առնչվող Հոդվածներ