16.2 C
Yerevan

Այնճա­րը Համա­հայկա­կան Արժեք է

Արցա­խեան 44-օրեայ պատե­րազմը այս տարեշրջա­նին  դարձաւ մնա­յուն ու տիրա­կան ներկա­յութիւն այնճա­րա­հա­յութեան մօտ, այդ պայքա­րին Այնճար նուի­րա­բե­րեց իր զաւակնե­րէն‘ հայ մշա­կոյթի ու դպրութեան սպա­սարկող, ազնիւ հայորդի Գէորգ Հաճեա­նը, որուն նահա­տա­կութիւնը ցնցեց ամբողջ հայաւա­նը:

Յակոբ Հաւա­թեան

Բովանդակ հայութեան եւ Հայաստա­նի, ինչպէս նաեւ լիբա­նա­նա­հայ համայնքի ապրած ճակա­տագրո­րոշ այս փուլին, Մուսա լերան 106-ամեա­կի եւ Այնճա­րի հիմնադրութեան 82-ամեա­կի նշումը ժամա­նա­կա­կից խորի­մաստ նոր պատգամնե­րով եւ մտա­ծումնե­րով կը ներկա­յա­նայ մեզի:

Մուսա լերան ժողո­վուրդին ցուցա­բե­րած համա­ժո­ղովրդա­յին դիմադրութիւնը, կերտած հերո­սա­պա­տումը եւ այնճա­րա­հա­յութեան լինե­լու ու արա­րե­լու կամքը, հայոց պատմութեան բոլոր փուլե­րուն եւ յատկա­պէս ներկայ ժամա­նակնե­րուն կը պահեն իրենց պատմադրոշմ վեհ ու նշա­նա­կա­լից իմաստն ու այժմէա­կա­նութիւնը:

Համա­հայկա­կան մեր ընդհա­նուր երթին մէջ Մուսա լեռը եւ անոր բնա­կան շարունա­կութիւնը հանդի­սա­ցող Այնճա­րը միշտ ալ իրենց գլխա­գիր ներկան արձա­նագրե­լով ու հայ կեանքին մէջ խոր արմատներ ընդարձա­կե­լով յաջո­ղած են հայութեան պայքա­րին եւ Հայաստա­նի, Արցա­խի ու Հայ դատի ծառա­յութեան համար գտնուիլ պատնէ­շի առա­ջին դիրքե­րուն վրայ: Արցա­խեան 44-օրեայ պատե­րազմը այս տարեշրջա­նին  դարձաւ մնա­յուն ու տիրա­կան ներկա­յութիւն այնճա­րա­հա­յութեան մօտ, այդ պայքա­րին Այնճար նուի­րա­բե­րեց իր զաւակնե­րէն‘ հայ մշա­կոյթի ու դպրութեան սպա­սարկող, ազնիւ հայորդի Գէորգ Հաճեա­նը, որուն նահա­տա­կութիւնը ցնցեց ամբողջ հայաւա­նը:

Լիբա­նա­նի ապրած ընկե­րա­յին-տնտե­սա­կան ու առողջա­պա­հա­կան ճգնա­ժա­մը Այնճա­րի ու այնճա­րա­հա­յութեան համար պիտի դառնար համընդհա­նուր զօրա­շարժ: Գիւղի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմի­տէն, քաղա­քա­պե­տութիւնը, յարա­նուա­նութիւննե­րը եւ ուղե­կից կազմա­կերպութիւննե­րը միա­ցեալ ու համադրեալ ճիգով դիմա­կա­լե­ցին ու կը շարունա­կեն կանխարգի­լել գիւղին սպառնա­ցող բոլոր վտանգներն ու դժուա­րութիւննե­րը: Արտա­սահմա­նի այնճա­րա­հա­յե­րուն զօրակցութիւնը պիտի չուշա­նար եւ համաայնճա­րեան նուի­րա­հաւա­քով անոնք պիտի գային զօրա­վիգ կանգնե­լու իրենց հայրե­նա­կիցնե­րուն, քոյրե­րուն եւ եղբայրնե­րուն:

Այս բոլո­րը անշուշտ զարմա­նա­լի պէտք չէ թուի բոլո­րիս համար, որովհե­տեւ Այնճա­րի նուա­ճած կենսա­փորձը հարուստ է:  Հայաւա­նի գոյերթը ամէն գնով անխա­փան պահե­լու վճռա­կա­մութիւնը այնճարցիին համար դարձած է կեանքի նշա­նա­բան ու գոյութեան իմաստ:

Մեր կեանքի ապրած այսօ­րուան խառնաշփոթ իրա­վի­ճակնե­րուն մէջ այնճա­րա­հա­յութիւնը բնա­կա­նա­բար կը դիմագրաւէ հսկա­յա­կան մարտահրաւէրներ: Տնտե­սա­կան գահա­վէժ ընթացքին պատճա­ռով գիւղա­ցին դժուա­րութեան դիմաց կը կանգնի, բերքա­հաւա­քը այսօր դժբախտա­բար դարձած է մտա­հո­գիչ եւ այնճարցին իր թափած քրտինքին արդիւնքը չի կրնար քաղել: Յառա­ջի­կայ փուլը բնա­կա­նա­բար կը մտա­հո­գէ բոլո­րը անխտիր‘ նկա­տի ունե­նա­լով եկա­մուտնե­րու աննա­խընթաց սահմա­նա­փա­կումը եւ անշուշտ յառա­ջի­կայ տարուան համար հողի մշակման ու ցանքի խիստ եւ ծանր պարտաւո­րութիւննե­րը:

Այս երեւոյթնե­րը սակայն ոչ մէկ ձեւով կրնան դառնալ պատճառ ու պատրուակ այնճա­րա­հա­յութեան մօտ ստեղծե­լու յուսա­բեկման եւ անձնա­տուա­կան տրա­մադրութիւն ու հոգե­վի­ճակ: Անա­պա­տը դրախտա­վայրի վերա­ծած եւ այսօր Լիբա­նա­նի մէջ իր իւրա­յա­տուկ տեղն ու դերա­կա­տա­րութիւնը ունե­ցող այս հայաւա­նը, վստա­հա­բար պիտի յաջո­ղի շրջանցել նաեւ այս փուլը: Մալա­րիան գիւղի հիմնադրութեան օրե­րուն դարձաւ հաւա­քա­կան չարիք, սակայն չկա­սե­ցուց այնճա­րա­հա­յութեան երթը: Մեր օրե­րուն, «Քորո­նա» ժահրի համա­վա­րա­կը իր կարգին դարձաւ պատուհաս գիւղի բնակչութեան համար, սակայն շնորհիւ գիւղի ղեկա­վա­րութեան զգաստ ու յանձնա­ռու մօտե­ցումին, կարե­լի եղաւ շրջանցել նաեւ այդ չարի­քը: Գիւղի անվտանգութեան ու ապա­հո­վութեան սպառնա­ցող բոլոր հարուածնե­րուն դիմաց այնճարցին մնաց իր կուրծքը լայնօ­րէն պարզած ու չարտօ­նեց որեւէ թափանցում կամ գիւղա­ցիի արժա­նա­պա­տուութեան ոտնա­կո­խում: Այսօր նաեւ գիւղա­ցին այդ անվտանգութեան ու ապա­հո­վութեան անկեղծ զինուորն է:

Այս առի­թով սակայն անհրա­ժեշտ  է անդրա­դառնալ այդ անվտանգութեան ու ապա­հո­վութեան ահա­զանգ հանդի­սա­ցող հողա­վա­ճառքի թունաւոր երեւոյթին. մանաւանդ ներկայ փուլին անպա­տասխա­նա­տու ու պատե­հա­պաշտ անհատնե­րու կողմէ ճգնա­ժա­մը պատրուակ ծառա­յեցնե­լով կը դիմուի անպարկեշտ ու վատ նախա­ձեռնութիւննե­րու: Անոնք այսպէս կոչուած միջնորդի կամ զանա­զան նենգ ու ստա­խօս վարքա­գի­ծե­րու որդեգրումով, շինծու պատճա­ռա­բա­նութիւննե­րով, օտարնե­րու հողա­վա­ճառքի անընդունե­լի գործընթա­ցը կը փորձեն նուի­րա­կա­նացնել‘ յագուրդ տալու համար իրենց անհա­տա­կան շահե­րուն, ոտնա­կո­խե­լով գիւղի պատմութիւնն ու արժա­նա­պա­տուութիւնը եւ իրենց ազգա­յին գիտակցութիւնը վաճառքի հանած կը փորձեն սառնասրտօ­րէն նաեւ վտանգել գիւղին հայկա­կա­նութիւնը:

Մուսա լերան հերո­սա­մարտի եւ Այնճա­րի հիմնադրութեան տարե­դարձնե­րու նշումին առի­թով, մեծա­գոյն մարտահրաւէ­րը, որ կը դրուի մեր դիմաց, Այնճար հայաւա­նի հայկա­կա­նութեան անա­ղարտ պահպա­նումն է: Անշուշտ այս մարտահրաւէ­րը պէտք է վերա­ծել համազգա­յին ռազմա­վա­րութեան եւ համա­հայկա­կան ճիգով փորձել պատմա­կան այս չարի­քը միանգա­մընդմիշտ հեռացնել գիւղի երկնա­կա­մա­րին վրա­յէն: Եթէ իսկա­պէս կը հաւա­տանք ու կ՛ըմբռնենք, որ Այնճա­րը համա­հայկա­կան արժէք է, հետեւա­բար անոր գոյութեան պահպա­նումը պէտք է արժա­նա­նայ համազգա­յին զօրակցութեան: Աշխա­տանք, որուն հիմնա­կան զինուո­րագրեա­լը պէտք է ըլլայ գիւղի եւ արտա­սահմա­նի մէջ ապրող ամբողջ այնճա­րա­հա­յութիւնը:

Աղբյուրը‘ Ազդակ Օրա­թերթ

Առնչվող Հոդվածներ