21.4 C
Yerevan

Լուռ Եւ Ծրագրուած Գործե­լու Պահը

Հաւա­քա­կա­նութիւն մը առողջ ու կենսուակ կը պահուի առողջ ու կենսունակ ծրագրումով, իսկ ծրագրումը կարե­լի կը դառնայ կարիքնե­րու եւ պահանջնե­րու գնա­հա­տումով ու արժեւո­րումով: Ո՛չ աշխա­տանքա­յին միա­ցեալ մարմին մը կազմուած է ցարդ, ոչ ալ գաղութին կարիքնե­րը ճշդող ձեւա­չափ մը:

Վարուժ Թէնպէ­լեան

Լիբա­նա­նա­հա­յութիւնը կը դիմագրաւէ տագնա­պա­լի, աւե­լի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ աղէ­տա­լի օրեր: Քորո­նա, ընկե­րա­յին-տնտե­սա­կան տագնապներ, բժշկա­կան հոգա­տա­րութեան եւ դեղո­րայքի դժուա­րութիւն, կրթա­կան մարտահրաւէրներ, բազում կարիքներ:

Բարե­բախտա­բար, աջէն ու ձախէն կը լսենք կոչեր, թէ ամէն գնով պիտի պահուի լիբա­նա­նա­հայ գաղութին կենսունա­կութիւնը: Աներկբա­յօ­րէն կը ձայնակցինք այս կոչե­րուն: Նաեւ կը լսենք կոչեր աշխա­տանքնե­րը միա­ցեալ ճիգե­րով առաջ տանե­լու անհրա­ժեշտութեան մասին: Կոչեր, փափաքներ, բարի տրա­մադրութիւններ, բայց ցարդ գործնա­կան ոչինչ: Նպաստա­բաշխումով հաւա­քա­կա­նութիւն չի՛ պահուիր. կարճ:

Հաւա­քա­կա­նութիւն մը առողջ ու կենսուակ կը պահուի առողջ ու կենսունակ ծրագրումով, իսկ ծրագրումը կարե­լի կը դառնայ կարիքնե­րու եւ պահանջնե­րու գնա­հա­տումով ու արժեւո­րումով: Ո՛չ աշխա­տանքա­յին միա­ցեալ մարմին մը կազմուած է ցարդ, ոչ ալ գաղութին կարիքնե­րը ճշդող ձեւա­չափ մը:

Դասա­կա­նա­ցած ոճով խոստումնե­րը լուծում չեն բերեր տագնա­պին: Պէտք է ձերբա­զա­տիլ այս ինքանպա­տակ ոճէն եւ ժողո­վուրդին ներկա­յա­նալ նոր բանա­ձեւումով մը, որ սերտուած ծրա­գիրնե­րու ձեւա­չա­փով միայն կրնայ արտա­յա­տուիլ:

Պարզ հարցումներ. ինչի՞ պէտք ունի կրթա­կան մարզը, մեր դպրոցնե­րուն կարիքնե­րը գնահատուա՞ծ են: Ինչպէ՞ս հոգալ այդ կարիքնե­րը: Որքա՞ն են ծախսե­րը:

Բարե­սի­րա­կան մեր հաստա­տութիւննե­րը իսկա­պէս մեծ աշխա­տանք կը տանին, բայց աւե­լի գործնա­կան պիտի չըլլա՞յ համա­կարգումի մարմնի մը յառա­ջա­ցումը անոնց միջեւ: Ի՞նչ գումարնե­րու կարի­քը կայ առողջա­պա­կան խնամքի որոշ ապա­հո­վութիւն մը ներշնչե­լու մեր գաղութին:

Կը լսենք, որ ամէ­նօ­րեայ ուտեստե­ղէ­նը ապա­հո­վե­լու դժուա­րութիւն ունե­ցող ընտա­նիքներ կան մեր հաւա­քա­կա­նութեան մէջ: Ունի՞նք ցանկը անոնց: Ինչպէ՞ս կարե­լի է օժանդա­կութեան ձեռք երկա­րել անոնց: Ճշդուա՞ծ են առաջնա­հերթութիւննե­րը:

Դեռ կարե­լի է շարքը երկա­րել, բայց եկէք նաեւ միասնա­բար հարց տանք՝ սփիւռքի մեր հայրե­նա­կիցնե­րէն արդա­րօ­րէն օժանդա­կութիւն կը պահանջենք, բայց արդեօք աւե­լի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր ծրա­գիրնե­րով ներկա­յա­նալ աշխարհին՝ առաջնա­հերթութիւննե­րով եւ ճշդուած գումարնե­րով:

Աւե­լի ճիշդ պիտի չըլլա՞յ ծրա­գիրնե­րու որդեգրման ձեւը: Ծրա­գիրնե­րու պարա­գա­յին, մեր կոչե­րուն կը միա­նան նաեւ օտար կազմա­կերպութիւններ, NGO-ներ:

Ծրագրումը կ’օգնէ նաեւ հաւա­քա­կա­նութեան պատասխա­նատւութիւնը ստանձնած անձե­րուն, որ կարե­նան գնա­հա­տումը կատա­րել հաւա­քա­կան կեանքը խոցե­լի դարձնող թերութիւննե­րուն:

«Խօսքով ապուր չ’եփիր», կ’ըսէ ժողովրդա­յին առա­ծը:

Ժամը հասած է լուռ գործե­լու:

Բայց նաեւ՝ հաւա­քա­բար գործե­լու:

Առնչվող Հոդվածներ