16.2 C
Yerevan

Մի՛ Ներէք Մեզ

Չըմբռնե­ցինք միասնա­կա­նութեան խորհուրդը. միայն արտա­սա­նե­ցինք‘ «Բռունցքուելն է յաւերժութիւնն Հայաստա­նի», ինչպէս օդին մէջ կը ձգենք «ցաւդ տանեմ»-ները:

Թամար Տօնա­պե­տեան

Ի՞նչ ըրինք. ինչպէ՞ս հոս հասանք:

Հաւա­նա­բար աւե­լի պատշաճ պիտի ըլլար հարցնել‘ ի՞նչ չըրի՜նք:

Չըրինք այն, որ պէտք էր ընէինք, երբ ունէինք առի­թը. ըրինք այն, որ պէտք չէր ընէինք:

Գինովցանք մեր ուրա­խութե­նէն. ուսամբարձ ցատկռտե­ցինք, եռա­գոյնը ծածա­նե­ցինք, բարձրա­ձայն երգե­ցինք, կենացներ խմե­ցինք, բեմե­րէն ճառեր արտա­սա­նե­ցինք, ուս-ուսի սաւառնե­ցանք, գոչե­լով հասանք Արա­րա­տի բարձունքին, հասանք Մուշ-Սասուն, զիրար գրկե­ցինք ու մեր քոչա­րին ծուռ-շիտակ պարե­ցինք:

Յետո՞յ. յետոյ մեծ ու փոքրով, ներսով դուրսով աչք գոցե­ցինք իրա­րու վրայ կուտա­կուող սխալնե­րուն, աչք գոցե­ցինք ոճրա­գործնե­րու, պնա­կա­լէզնե­րու, կաշա­ռա­կերնե­րու, բթա­միտնե­րու,  օտա­րա­մոլնե­րու, անպա­տիւնե­րու, ստա­խօսնե­րու, ազգա­յին արժա­նա­պա­տուութե­նէ զուրկ սողուննե­րու, հասանք ժողովրդա­վա­րութեան քողին տակ յայտնուած ու հայութե­նէ զուրկ կամա­կա­տարնե­րու:

Համբե­րե­ցինք‘ ըսե­լով, որ հայրե­նի­քը տակաւին մանուկ է, համբե­րենք, օգնենք, տա՜նք. դեռ պատա­նի է, համբե­րենք, դեռ երի­տա­սարդ է, կը սորվի, ժամա­նակ տանք, պիտի շտկուի:

Ժամա­նա­կը տուինք ու մեր պայծա­ռա­գոյն արեւնե­րը յանձնե­ցինք հողին‘ հազիւ ծածա­նող եռա­գոյննե­րու ստուե­րին տակ:

Չտե­սանք, չուզե­ցինք տեսնել, նախընտրե­ցինք երա­զել. սիրա­հա­րած էինք:

Եթէ տեսանք, ապա‘ կէս աչքով. մնա­ցեա­լը դատե­ցինք մեր սրտով միայն:

Չբարձրա­ձայնե­ցինք. եթէ բարձրա­ձայնե­ցինք, ապա‘ միայն հայհո­յանքով, միայն յոխորտանքով, կամ անուշա­համ սին խօսքեր նետե­ցինք օդին մէջ ու անձնա­կա­նը գերա­դա­սե­ցինք: Այլա­պէս, լուռ հեռա­ցանք, կամ մեր գրի­չին մէջ թաղե­ցինք մեր միտքերն ու մտա­հո­գութիւննե­րը:  Զիրար չլսե­ցինք:

Վարուժան չկարդա­ցինք, Նարդունի չկարդա­ցինք. եթէ կարդա­ցինք, ապա‘ հպանցիկ. չհասկցանք, չիւրա­ցուցինք «Հայրե­նի­քի ոգին», «Կարմիր հողը», չիւրա­ցուցինք «Հայաստան ամէն բանէ վեր»-ը, շունչ չտուինք այդ խորհուրդին:

Չըմբռնե­ցինք միասնա­կա­նութեան խորհուրդը. միայն արտա­սա­նե­ցինք‘ «Բռունցքուելն է յաւերժութիւնն Հայաստա­նի», ինչպէս օդին մէջ կը ձգենք «ցաւդ տանեմ»-ները:

Չսորվե­ցանք. չսորվե­ցանք մեր սխալնե­րէն: Մեզմէ ոմանք մոռցան պահ մը, որ թուրքը թուրք է. մոռցան աշխարհի չգրուած օրէնքնե­րուն մասին, թաւշեայ լոլո­նե­րով ապուշցան:

Մեր բողո­քի ձայնը բարձրա­ցուցինք օտար ատեաննե­րու առջեւ, ի զուր ակնկա­լե­ցինք, որ գոնէ քրիստո­նեայ աշխարհը շարժի: Չենք հասկցած տակաւին, որ մեր փրկութիւնը միայն մենք ենք: Բայց ո՞ւր ենք մենք. «մենք»-ը մեր գիրքե­րուն մէջ է, մեր շրթունքնե­րուն վրայ‘ երբեմն: «Մենք» չկա՜յ այլա­պէս:

Միտք չպատրաստե­ցինք:  Չկա­ռուցե­ցինք. եթէ կառուցե­ցինք, ապա‘ պսպղուն պողո­տա­ներ միայն. չկա­ռուցե­ցինք մեր պետա­կա­նութիւնը ամրապնդող համա­կարգ: Թաղուե­ցանք մեր փառաւոր անցեա­լին մէջ, հպարտա­ցանք մեր անցեա­լի տաղանդնե­րով, ներկան օտա­րա­մոլ հոսանքին տուինք‘ ամէն օր քիչ մը աւե­լի ջլա­տե­լով ազգա­յի­նը. նախընտրե­ցինք նմա­նիլ, քան‘ զատո­րո­շուիլ: «Մի՜ խառնէք մեզ…»-ը մեր շուրթե­րուն‘ գացինք ու խառնուեցա՜նք:

Մեր ինքնուրոյնը ոտնա­կո­խե­ցինք, համաշխարհա­յին բարքե­րով շփա­ցանք ու փճա­ցուցինք մե՜րը:  Լեզուն օրա­կան խաչե­ցինք. գիրը օրա­կան խաչե­ցինք: Չգիտցանք ու տակաւին չե՜նք հասկցած, թէ այս ընե­լով‘ որքա՜ն մեր ինքնութե­նէն կը զիջինք:

Թոյլ տուինք, որ ջլա­տեն մեզ. այո՛, թո՜յլ տուինք:

Բարձրա­ձայնե­ցինք‘ ազատ, անկախ ու միա­ցեալ հայրե­նիք. այդ ոգիով դաստիա­րա­կուե­ցան շատե՜ր: Այդ երա­զը մեր հոգի­նե­րուն մէջ‘ բախե­ցանք դառն իրա­կա­նութեան, որ ահաւա­սիկ մեր առջեւ պարզուած է. բանտուած, կախեալ ու բզիկ-բզիկ հայրե­նի­քի ալ աւե­լի փոքր մնա­ցորդը միայն, որուն վերջին աքա­ցին տալու ախորժա­կը սրած է «հարեւան» թուրքը:

Հայրե­նա­դարձութեան մասին հոս ու հոն խօսե­ցանք միայն. զիրար այպա­նե­ցինք: Ո՛չ մէկ ենթա­հող պատրաստե­ցինք, ո՛չ մէկ ռազմա­վա­րութիւն մշա­կե­ցինք այս ուղղութեամբ:  Անհե­թեթ ու կցկտուր քայլեր առնե­լով, հայրե­նի­քը քիչ-քիչ օտա­րացնե­լով‘ կարծե­ցինք, որ սփիւռքը պիտի ներգրաւենք. չհասկցանք, որ Եղեռնէն վերապրածնե­րու սերունդը հայրենի՜ն է, որ կը փնտռէ:

Չըմբռնե­ցինք անկա­խութեան արժէ­քը, վառ չպա­հե­ցինք 28 մայի­սի արե՜ւը, մեր պետա­կա­նութիւնը «քամուն տուինք»:

Յետե­ղեռնեան գաղութնե­րուն մէջ մեր հազիւ վերապրած պապե­րը իրենց առաւե­լա­գոյնը տուին հայ օճա­խը հայ պահե­լու համար. մեր աչքը չբա­ցած‘ Սիս ու Մասիս էր մեր շուրթե­րուն, եռա­գոյնն էր մեր սրտե­րուն: Հիմա՞. վերանկա­խա­ցած հայրե­նի­քի մէջ հայու դարաւոր սուրբ օճա­խը գազաննե­րուն առջեւ փռած ենք, մե՜ր իսկ հողին վրայ դարձած ենք մուրացկան, դարձած ենք ստրուկ:

Չունե­ցանք առաջնա­հերթութեան գիտակցութիւն եւ սուզուե­ցանք կեղծի­քի, սուտի, նիւթա­պաշտութեան կեղտոտ ոլո­րապտոյտին մէջ եւ մեր դարաւոր ու փառաւոր ազգը ստո­րա­ցուցինք‘ բաց վէրքին վրայ նո՜ր վէրք բանա­լով:

Հանդուրժո­ղա­կա­նութիւն ցոյց տուինք, համամարդկայնութեա՜ն ձգտե­ցանք‘ արիւնարբու գազաննե­րու ժանիքնե­րուն տակ ծուա­րած. մինչ պէտք էր «սրէինք պիտի մեր ժանիքներն ու սրե­րը մեր կեռ»‘ Դաւթեա­նի բառե­րով:

Ստո­րա­ցուցինք մեր ազգա­յին արժէքնե­րը, քուրջի կտոր դարձուցինք մեր ազգա­յին արժա­նա­պա­տուութիւնը, մեր վեհ դրօ­շը‘ մեր բազմա­չարչար եռա­գոյնը: Խլե­ցինք մեր նոր սերունդին ապա­գան, այժմ ինկած ենք ընկե­րա­յին ցանցերո՜ւ վրայ «լուծել»-ու մեր հայրե­նի­քի «լինել-չլինել»-ութիւնը:

Չպատրաստե­ցինք ազգա­յին արժա­նա­պա­տուութեան գիտակցութիւնը ունե­ցող հեռա­տես ղեկա­վարներ, չունե­ցանք հայրե­նի­քը անխախտ պահե­լու յանձնա­ռութեան գիտակցութիւն, չթրծե­ցինք վաղուան դիւա­նա­գէտնե­րը: Մանրուքնե­րով զբա­ղե­ցանք ու հայրե­նի­քի ապա­գան վստա­հե­ցանք ուրի­շին: Չունինք համազգա­յին տեսիլք, չունինք համազգա­յին ռազմա­վա­րութիւն. մութին մէջ խարխա­բե­լով կը փորձենք տեղ-տեղ լոյսի շողեր փնտռել ու անոնցմէ կառչիլ:

Կրնա՞նք վերընձիւղել Սարդա­րա­պա­տի ոգին, կրնա՞նք վերջա­պէս արթննալ ու մէկ կողմ շպրտել ստրուկի հոգե­վի­ճա­կը. կրնա՞նք մենք մեզի հետ անկեղծա­նալ, տէրն ու ծառան ըլլալ մեր հայրե­նի­քին: Եթէ‘ այո, այն ատեն միայն իրաւունք կ՛ունենանք մեր արցունքը խառնե­լու Եռաբլուրի հողին: Այլա­պէս, մի՜ ներէք մեզ, մեր նահա­տակ քոյրեր, եղբայրներ:

Նյութի աղբյուրը‘ Azdagdaily.com

Առնչվող Հոդվածներ