14 C
Yerevan

Դաշնակցութեան Փրկօ­ղա­կը. (Գ Մաս)

Կանո­նա­գի­րի փոփո­խութիւնը պէտք է ըլլայ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան էութեան վրայ: Կուսակցութիւնը ժամա­նա­կա­կից կազմա­կերպութեան վերա­ծե­լու համար պէտք է վերա­դառնալ Քրիստա­փո­րա­կա­նութեան:

Յարութ Աղբա­լեան

ՀՅԴ կանո­նա­գի­րի գլխաւոր թերութիւնը կը մնայ այն իրո­ղութիւնը, որ ան ժողովրդա­վար չէ այնքան, որքան կը յաւակնին ցոյց տալ կանո­նա­գի­րի պաշտպաննե­րը:
Հայաստա­նի անկա­խա­ցումէն առաջ, ՀՅԴ ծրա­գի­րին քաղա­քա­կան պահանջներ բաժի­նին մէջ կար ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ ենթա­բա­ժի­նը, ուր բանա­ձեւուած էր այն կէտը, որ անկախ Հայաստա­նի մէջ բոլոր տեսա­կի ընտրութիւննե­րը պէտք է կատա­րուին ուղղա­կի եւ համա­մասնա­կան դրութեամբ: Անկա­խա­ցումէն ետք, այս բաժի­նը հասկնա­լի պատճառնե­րող դուրս եկաւ ծրա­գի­րէն, իբրեւ անմի­ջա­կան իրա­գործե­լի առա­ջադրանք: Ամբողջ երե­սուն տարի Դաշնակցութիւնը միշտ ալ հետա­մուտ եղաւ իր այդ նպա­տա­կին իրա­գործման: Այստեղ սակայն կը ծագի հիմնա­կան հարցումը: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ կուսակցութիւնը մը դաւա­նի սկզբունք մը (ուղղա­կի եւ համա­մասնա­կան ընտրա­կարգ) եւ իր շարքե­րուն մէջ որդեգրէ իր դաւա­նանքին ճիշդ հակա­ռա­կը (մեծա­մասնա­կան եւ անուղղա­կի ընտրա­կարգ): Այսինքն կանո­նա­գի­րը, ըսռ էութեան կը հակա­սէ ՀՅԴ ծրա­գի­րին եւ հաւա­տամքին: Ուղղա­կի եւ համա­մասնա­կան ընտրա­կարգը ՀՅԴ դաւա­նած էր, որովհե­տեւ ժողովրդա­վա­րութեան մէջ այն կը համա­րուի ամէ­նէն արդար ընտրա­կան համա­կարգը, այլ համա­կարգեր ժողովրդա­վա­րութեան կեղծիքներն են: Որովհե­տեւ ներկա­յա­ցուցչա­կան դրութեան մէջ, վարի խաւի ընտրողնե­րը կը դառնան փոքրա­մասնութիւն ընտրող ժողովնե­րուն մէջ: ՀՅԴ վերնա­խաւը լաւա­պէս իրա­զեկ եղած է այս փաստին եւ զայն օգտա­գործած է ահընդհատ ինքզինք վերարտադրե­լու: Այլ խօսքով, տասնա­մեակնե­րէ ի վեր, ՀՅԴ մարմիննե­րը չեն ներկա­յացներ իրենց կազմա­կերպութեան ընտրա­զանգուա­ծի, այսինքն ընկերնե­րու կամքը, այլ զիրենք ընտրող ժողովնե­րու մեծա­մասնութեան կամքը, որ կրնայ առա­ջա­ցած ըլլալ փոքրա­մասնութե­նէ: ՀՅԴ կանո­նա­գի­րի ընտրա­կան ձեւը հնա­րաւո­րութիւն կ’ընձեռէ որ ընկերնե­րու 25–35 առ հարիւրը մարմիններ ընտրող ժողովնե­րուն (Ներկա­յա­ցուցչա­կան, Շրջա­նա­յին, Ընդհա­նուր) դառնան մեծա­մասնութիւն: Այս իրո­ղութիւնը կազմա­կերպութեան մէջ ստեղծած է մենաշնորհա­յին (monopol) իրա­վի­ճակ մը, իր բացա­սա­կան բոլոր հետեւանքնե­րով: Ինչպէս նաեւ այս ընտրա­կան դրութիւնը պատճատ դարձած է որ ընտրա­կան կարգը շրջուի գլխի­վայր, եւ ընտրող մասսան ենթարկուի մարմիննե­րուն եւ ընտրութիւնը կատա­րէ անոնց ցուցմունքնե­րով:

Երկրորդ ոչ-ժողովրդա­վար դրոյթը որ գոյութիւն ունի կանո­նագրին մէջ, կամ աւե­լի ճիշդ կը բացա­կա­յի անկէ, կուսակցա­կան մարմիննե­րու անդա­մակցող եւ միա­ժա­մա­նակ պետա­կան եւ ազգա­յին պաշտօններ զբա­ղեցնող անձե­րու զատո­րո­շումն է: Այստեղ ժողովրդա­վա­րութեան ամբողջա­կան խախտում կայ, երբ մարմնի անդամ (ներ) միա­ժա­մա­նակ կը զբա­ղեցնեն պաշտօններ, եւ բնա­կա­նա­բար նոյն անհա­տը կը դառնայ միա­ժա­մա­նակ հաշուռտու եւ հաշուեառ: Ժողովրդա­վա­րօ­րէն անհասկնա­լի եւ անբա­ցատրե­լի է այս դրոյթին բացա­կա­յութիւնը ՀՅԴ կանո­նա­գի­րէն:

Կանո­նա­գի­րէն կը բացա­կա­յի նաեւ ՀՅԴ մարմիննե­րու անդա­մակցութեան ժամկէ­տը: Այսինքն նոյն անհա­տը կրնայ տասնեակ տարի­ներ մաս կազմել միեւնոյն մարմի­նին, բան մը որ երկար տարի­նե­րու եւ վերեւը նշուած ոչ-ժողովրդա­վար դրոյթնե­րուն, կը յանգեցնէ մենաշնորհի, թէ անհա­տա­կան եւ թէ խմբա­կա­յին: Այս անսահմա­նա­փակ հնա­րաւո­րութիւնը որ տուած է կանո­նա­գի­րը, պատճառ դարձած է քատրե­րու պատրաստութեան բացա­կա­յութեան եւ մարմիննե­րու անդամնե­րու անընդհատ վերարտադրման, երի­տա­սարդ եւ նոր ուժե­րու ներառման եւ հետեւա­բար կուսակցութեան վերա­թարմացման, երի­տա­սարդա­կա­նացման եւ արդիա­կա­նացման, որու հետեւանքով կուսակցութիւնը աւե­լի շատ սկսած  է ծառա­յել (այսօր ալ կը ծառա­յէ) խմբա­կի մը շահե­րուն եւ ոչ թէ կուսակցութեան նպա­տակնե­րուն եւ ժողո­վուրդին:

ՀՅԴ 33րդ Ընդհա­նուր ժողո­վը որո­շում ունէր կանո­նա­գի­րի վերա­նայման, դժբախռա­բար այդ գծով անցնող երեք տարի­նե­րուն ոչինչ կատա­րուած է:

Կը յաջո­ղի՞ Դաշնակցութիւնը վերա­նա­յե­լու եւ անհրա­ժեշտ սրբագրումներն ու փոփո­խութիւննե­րը կատա­րել կանո­նա­գի­րին մէջ: Այս հարցումին պատասխա­նէն կախեալ է անոր հետա­գայ ընթացքը: Եթէ Դաշնակցութեան վերնա­խաւը բծախնդիր է կուսակցութեան վարկով եւ ապա­գա­յով, ապա անյա­պաղ պէտք է դիմէ կանո­նա­գի­րի փոփո­խութիւննե­րուն: Ինչպէս նշուե­ցաւ, այսօ­րուայ ապա­ռողջ իրա­վի­ճա­կը ծնունդ է կանո­նա­գի­րի թերի ժողովրդա­վա­րութեան ուստի անոր փրկութիւնը կախեալ է իր կանո­նա­գի­րէն:

Կանո­նա­գի­րի փոփո­խութիւնը պէտք է ըլլայ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան էութեան վրայ: Կուսակցութիւնը ժամա­նա­կա­կից կազմա­կերպութեան վերա­ծե­լու համար պէտք է վերա­դառնալ Քրիստա­փո­րա­կա­նութեան: Հայկա­կան իրա­կա­նութեան մէջ ամէ­նէն տարա­ծուն եւ ժողովրդա­կան լայն ենթա­հող վայե­լող կազմա­կերպութիւն, ան ի վիճա­կի է իր ներուժը առաւե­լա­գոյնը օգտա­գործե­լու, եւ այդ կարե­լիութիւնը հնա­րաւոր է ստեղծել կանո­նա­գի­րի արմա­տա­կան փոփո­խութեամբ, հաւա­տա­րիմ մնա­լով ապա­կեդրո­նացման սկզբունքին եւ Քրիստա­փո­րա­կա­նութեան:

Դաշնակցութեան փրկօ­ղա­կը իր կանո­նա­գիրն է:

ՎԵՐՋ

Առնչվող Հոդվածներ