Ինչու՞ միակողմանի։
-Որովհետեւ չներկայացուց իր մէջ (առնուազն Խորհրդակցական Ձայնով) ՀՅԴ Շարքերու լու՜ռ ու դժգոհ կուսակցականները։
Յարութ Գալայճեան
Հ. Յ.Դաշնակցութիւնը 100 տարի գործեց ու ապրեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ շնորհիւ հայ ժողովուրդին, իր գաղափարական ուժին եւ պետականակեդրոն պայքարին։
Վերջին 30 տարին «վերանկախացած» Հայաստան հապճեպ ու անկազմակերպ իր մուտքով եւ անցեալի փառահեղ դրամագլուխի հետեւողական աղաւաղումով ու մսխումով՝ ՀՅԴ-ն այսօր կը տապլտկի Քաղաքակազմակերպական Մահաքունի մէջ, ուր վերակենդանացման նախանշաններ գրեթէ չկան…
Վերջերս քուէական հաշուարկներով նախապատրաստուած եւ քոչարեանառուս ներշնչումներով գումարուած ՀՅԴ 34-րդ ԸԺ-ը եկաւ այդ Մահաքունին տալու յաւելեալ յոռետեսութիւն։
Ըստ երեւոյթին, վերջին ԸԺ-ը միակողմանի, վախկոտ եւ ջայլամեան քննարկումներով չվարանեցաւ հրապարակայնօրէն եզրակացնելու, որ «Արտակարգ էր ու՝ Պատմական»…
• Ինչու՞ միակողմանի՝
- Որովհետեւ չներկայացուց իր մէջ (առնուազն Խորհրդակցական Ձայնով) ՀՅԴ Շարքերու լու՜ռ ու դժգոհ կուսակցականները։
• Ինչու՞ վախկոտ՝
- Որովհետեւ չհամարձակեցաւ որդեգրել ինքնուրոյն քաղաքականութիւն ու նախընտրեց մնալ Քոչարեանի գրկին մէջ։
• Ինչու՞ ջայլամեան՝
- Որովհետեւ մերժեց տեսնել ՀՅԴ-ի ընդհանուր հեղինակազրկման իսկական պատճառները։
Եւ ամենաողբերգականը եղաւ այն՝ որ նորընտիր (կամ վերարտադրուած) բիւրոյի Մարմիններուն եւ Ընկերներուն փոխանցած Անդրանիկ-Շրջաբերականը յատկացուեցաւ «Գերագոյն Խնդրին»՝ ՀՅԴ ԱՄՆ-ի Արեւմտեանի «Ապօրինի եւ Ինքնակոչ» Կեդրոնական Կոմիտէին, իբրեւ երկրորդ մանկունակ սպառնալիք՝ ԸԺ-ի գումարումէն ասդին…
Կը հասկցուի այնպէս, որ ՀՅԴ-ի հիմնախնդիրը այսօր ոչ թէ մեր պետականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնն է, այլ՝ Արեւմտեանի բռնի հպատակեցումը ՀՅԴ ՀԵՂԻՆԱԿԱԶՐԿՈՒԱԾ ՔՍԱՆԱՄԵԱՅ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ։
Կը հասկցուի այնպէս, որ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱ՜Ն են ԸԺ-ի Բանաձեւերը, ժողովրդային վարկանիշի գրեթէ զերոյականացումը, շարքերու վերականդանացումն ու միասնութիւնը, քաղաքական ինքնուրոյնութիւնը, Կանոնագրի ու Ծրագրի վերաթարմացումը, Սփիւռքի ճահճացումը, եւայլն-եւայլն…
Փաստօրէն, ՀՅԴ Քարացած Վերնախաւը վերջին տարիներուն անհիմն պատճառաբանութիւններով եւ կանոնագրային աճպարարութիւններով դաշնակցական վաստակաւոր ընկերներ դուրս շպրտելէ ետք միամտաբար կը շարունակէ հաւատալ , որ Դաշնակցութեան սպառնացող միակ վտանգը տակաւին իր մէջ է, Արեւմտեանի Կեդրոնական Կոմիտէութիւնն է, եւ ՈՉ՝ իր թեւերուն տակ թաքնուած նոր Աղուաններն ու Ռուբէն Յակոբեանները կամ այլ սերժքոչական «դաշնակցական» իշխաններ։
Այլապէս, Դաշնակցութեան Շարքերը եւ Ապակեդրոնացեալ Շրջանները ինչպէ՜ս կրնան հանդուրժել նման ԸԺ-ի ներկայացման խայտառակութեան եւ բաւարարուիլ անոր լոզունգային յայտարարութեամբ՝ «Արցախի Հայաթափում եւ Հայաստանի Թուրքացում»-ին դէմ պայքար մղելու պղտոր ու գինով ամփոփումով, առանց քաղաքագիտական վերլուծումի եւ առարկայական փաստարկումներու։
Այսօրուան բոլոր երեւոյթներն ալ 2 իրողութիւն կը մատնանշեն•
1- Մնալ նոյն ալեկոծ ծովուն մէջ եւ պահպանել խորտակման սպառնացող նաւուն ղեկը, նոյն մարիշալներով։
2- Շարունակել քոչարեանական հակապետական քաղաքականութիւնը ԳՄ-ի (կամ՝ 2-րդ Բիւրոյի) ղեկավարութեամբ։
Դաշնակցութեան ԸԺ-ները ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԱՏԵԱՆՆԵՐՆ ԵՆ, ուր կը բարձրաձայնուին գործուած սխալներն ու ձեռքբերումները, կը չեղարկուին հնամաշ տարազաւորումները, կը վերահաստատուին նոր ընթացքին հետ քայլ պահող նախկին որոշումները եւ կ՚ամրագրուին ներքին-կազմակերպական, Հայաստանեան, տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական բանաձեւումներ։
34-րդ ԸԺ-ը եղաւ ՈՒՐԻՇ ԲԱՆ։
Վերջին խօսքը՝ Շարքերու՜նն է…
20 ՄԱՐՏ 2022
ՄՈՒՂՆԻ
Գրառումը՝ Harout Kalaidjian-ի ֆեյսբուքյան էջից։