16.9 C
Yerevan

Ինչո՞ւ Շուշին Չդարձավ Մեր Ստա­լինգրա­դը

Մենք չկրցանք մնալ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղին մէջ, որուն ազա­տագրութեան համար սկսաւ պայքա­րը, եւ Սթա­լինկրա­տի նման մնա­լու կեցութիւն ստեղծել։

Վահե Աբելյան

ՍԹԱԼԻՆԿՐԱՏԸ …Վերջերս Ֆէյսպուքին վրայ կը կարդամ հետեւեալ նկա­տո­ղութիւնը՝ որ Արցա­խը մեր Սթա­լինկրատն է։ Նոյն կարե­լի է կարդալ poster ներու վրայ եւս ցոյցե­րու ընթացքիին։ Կ՚ուզեմ հետեւեալ նկա­տո­ղութիւնը ընել։ 

Սթա­լինկրա­տը տեղի մը համար ակնարկ չէ, այլ ժողովրդա­յին դիմադրութեան ակնարկ է։ Գետի­նին վրայ յամա­ռօ­րէն մնա­լու ակնարկ է։ Wikipedia‑ն ցոյց կուտայ որ Սթա­լինկրա­տի պատե­րազմը տեւեց 23 August 1942 – 2 February 1943, այսինք 163 օր։ Բայց այդ  պատե­րազմին տեւո­ղութեան ոչ մէկ քաղա­քա­ցի Սթա­լինկրա­տը ձգեց։ Չմոռնանք որ Սովե­տա­կան Միութեան միա­հե­ծան իշխո­ղը Սթա­լինն էր եւ քաղա­քը իր անունով կոչուած էր։ Ոչ մէկը, չեմ ըսեր զինուոր այլ նաեւ քաղա­քա­ցի կրնար համարձա­կիլ ձցել եւ հեռա­նալ քաղա­քէն, ինչպէս կը պատա­հի այժմ Ուքրա­նիոյ մէջ։ Սթա­լինկրա­տի քաղա­քա­ցի­նե­րը մնա­ցին ահռե­լի պայմաննե­րու մէջ, բայց մնա­ցին հոն՝ Սթա­լինկրա­տի մէջ։ 

Բայց մենք չկրցանք մնալ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղին մէջ, որուն ազա­տագրութեան համար սկսաւ պայքա­րը, եւ Սթա­լինկրա­տի նման մնա­լու կեցութիւն ստեղծել։ Ղարա­բա­ղը շատ շուտ դատարկուե­ցաւ իր ժողո­վուրդէն։ Իմ կարծի­քովս այդ եղաւ քանի որ անցնող 30 տարի­նե­րուն ժողո­վուրդը չպատրաստուե­ցաւ այդ հաւա­նա­կա­նութեա­նը։ Նմա­նա­պէս այդ երէք տասնա­մեանկնե­րուն ոչ միայն սահմա­նա­պահ զինուորնե­րուն համար միայն bunker–ներ,  պէտք եղած թիւով պատսպա­րաններ շինե­լու կարի­քը կար այլ նաեւ Ղարա­բա­ղի ամբողջ բնակչութիւնը լաւ պաշտպա­նուած պատսպա­րաննե­րու մէջ ապաստան գտնե­լու կարի­քը կար։ Առա­ջարկներ եղան մամուլին մէջ։ Բայց այդ ուղղութեամբ մտա­ծո­ղութիւն չկար կարծես։  Կամ ալ Նիւթա­կան միջոցնե­րը չկա­յին։ Տրոննե­րուն ռմբա­կո­ծումնե­րով Ղարա­բա­ղը չէր իյնար եթէ ժողո­վուդը գետնին տակ, լաւ կառուցուած ապստա­րաննե­րու մէջ պաշտպա­նուած մնա­լու կարե­լիութիւնը ունե­նար։ Ղաբա­բա­ղը շատ շուտ պարպուե­ցաւ իր ժողո­վուրդէն։ 

Երկրորդ Համաշխարհա­յին պատե­րազմին պզտիկ Մալթա կղզին, որ լեռնա­յին Ղարա­բա­ղէն շատ աւե­լի պզտիկ է, անդա­դար ռմբա­կո­ծուե­ցաւ Նազի Գերամնիոյ կողմէ։ Ըստ տեղե­կութեան Մալթա կղզիին վրայ շատ աւե­լի շատ ռումբ տեղած քան Անգլիոյ, բայց ժողո­վուրդը մնաց կործա­նուած կղզիին վրայ եւ Նազի Գերմա­նա­ցի­նե­րը չկրցան ծունկի բեռել կղզին ռմբա­կո­ծումով եւ գրաւել կղզին։ Գետի­նը, գետնի վրայ կռուող զինուո­րը կը գրաւէ, եթէ կրնայ գրաւել, եւ ոչ թէ օդէն հարուա­ծող օդա­չունե­րը կամ տրօննե­րը։  Ազե­րի զորքը չէր կրնար գրաւել Շուշին եթէ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի բնակչութիւնը մնա­ցած ըլլար պաշտպա­նուած bunker ներու մէջ։ 

Այնպէս որ ան որ կ՚ըսէ որ Ղարա­բա­ղը մեր Սթա­լինկրատ է, դժբախտա­բար նմա­նութեան պատմա­կան իրո­ղութիւնէն տեղեակ չի թուիր ըլլալ։ Այլա­պէս նման բաղդա­տութիւն պատմա­կա­նօ­րէն սխալ է։ Լեռնա­յին, ապա­ռաժ Շուշին, բնութեանբ ամրոց մը, անխորտա­կե­լի ամրոց մը ըլլա­լու ամէն կարե­լիութիւն ունէր, բայց չեղաւ, վատնուած կենսա­կան երե­սուն տարի­նե­րուն պատճա­ռաւ։

Աղբյուրը՝

https://www.facebook.com/1686843286/posts/10217311313449971

Առնչվող Հոդվածներ