15.1 C
Yerevan

Քաղա­քա­կա­նացման Անհրա­ժեշտությունը

Պիտի գա՞յ այն օրը երբ դաշնակցա­կան երի­տա­սարդութիւնը սթա­փի եւ վերա­դառնայ 20րդ Ընդհ Ժողո­վի ոգիին եւ տրա­մա­բա­նութեան:

Հարութ Աղբալյան


1972ին գումա­րուած ՀՅԴ 20րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վը կը յատկանշուէր հիմնա­կա­նին մէջ երկու կարեւոր որո­շումնե­րով: Առա­ջի­նը ժամա­նա­կի եւ պայմաննե­րու բերմամբ յեղա­փո­խա­կան աւանդնե­րու վերա­դարձի որո­շումն էր, իսկ երկրորդը աւե­լի կարեւոր՝ դաշնակցա­կան երի­տա­սարդութիւնը յեղա­փո­խա­կա­նացնե­լու եւ քաղա­քա­կա­նացնե­լու որո­շումն էր:

ՀՅԴ շարքե­րը եւ մասնաւո­րա­բար երի­տա­սարդութիւնը քաղա­քա­կանցնե­լու որո­շումը երկար գործընթա­ցի մը սկզբնա­կէտ մըն էր: Այդ որո­շումէն ետք տարբեր գաղութնե­րու մէջ հիմնուե­ցան երի­տա­սարդա­կան միաւորներ, աշխուժացման աշխա­տանք տարուե­ցաւ ուսա­նո­ղա­կան միութիւննե­րը աւե­լի գործունեայ դերա­կա­տա­րութիւն ունե­նա­լու, ՀՅԴ մամուլը գաղա­փա­րա­կան եւ քաղա­քա­կան լայն արշաւ մը ձեռնարկեց, խրա­խուսուե­ցաւ մտաւո­րա­կա­նութիւնը, թէ կուսակցա­կան շարքե­րուն մէջ եւ թէ համա­կիր շրջա­պա­տին մէջ: Այս աշխա­տանքին արդիւնքը եղաւ այն որ գաղա­փա­րա­կան սերունդ մը հասակ առաւ, աւե­լի հայկա­կան, աւե­լի պահանջա­տէր եւ աւե­լի իրա­զեկ հայ կեանքին եւ մեր արդար իրաւունքնե­րու ձեռքբերման: Գաղա­փա­րա­կան-քաղա­քա­կան հասունութեան տէր այս երի­տա­սարդութիւնը տարբեր հանգրուաննե­րու եւ տարբեր գործե­լա­դաշտե­րու մէջ ինքզինք լաւա­գոյնս դրսեւո­րեց, որուն լաւա­գոյն օրի­նակնե­րէն կարե­լի է համա­րել Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴի վերընձիւղումն ու Արցա­խեան առա­ջին պատե­րազմւ սփիւռքա­հայ երի­տա­սարդնե­րու մասնակցութիւնը:

Դժբախտա­բար 1985–1986 թուա­կաննե­րուն Լիբա­նա­նի մէջ Դաշնակցա­կան որոշ ընկերնե­րու դէմ կատա­րուած առեւանգումներն ու ահա­բե­կումնե­րը այս գործընթա­ցին թափը կասե­ցուցին: 

1994ին Արցա­խեան առա­ջին պատե­րազմի աւարտէն եւ մասնաւո­րա­բար 1998էն ետք, ՀՅԴ շարքե­րուն մէջ, բնա­կա­նա­բար առանց որո­շումի, սկսաւ 1972ի որո­շումին հակա­ռակ գործընթա­ցը: Կազմա­կերպա­կան կեանքը սկսաւ ամլա­նալ, քաղա­քա­կա­նա­ցումը տեղի տուաւ քաղքե­նիացման եւ ենթարկուե­լու մտայնութեան: Կուսակցա­կա­նա­ցումը գերա­դա­սուե­ցաւ հայկա­կա­նութե­նէն եւ ՀՅԴի բարո­յա­կան սկզբունքնե­րէն եւ երի­տա­սարդութիւնը փոխա­նակ քաղա­քա­կա­նացնե­լու աշխա­տանքը շարունա­կե­լու, անուղղա­կիօ­րէն աշխա­տանք տարուե­ցաւ կեղծ կամ զգա­ցա­կան հայրե­նա­սի­րութիւնը շեփո­րա­հա­րե­լու, տեղայնա­կա­նութիւնը սկսաւ տարա­ծուիլ, իսկ ամէ­նէն վտանգաւո­րը այն է որ ՀՅԴ շարքերն ու երի­տա­սարդութիւնը գերին դարձաւ գաղա­փա­րա­կան-քաղա­քա­կան հիմնաւո­րում չունե­ցող նշա­նա­խօսքե­րու: Այլ խօսքով երի­տա­սարդութիւնը ապա­քա­ղա­քա­կա­նացնե­լու եւ մեր իրաւունքնե­րու հետապնդումը իր քաղա­քա­կան պարունա­կէն պարպե­լու եւ զայն վերա­ծե­լու լոզունգա­յին: Մասնաւո­րա­բար ակնե­րեւ է վերջերս հրա­պա­րակ նետուած լոզունգնե­րը՝ դիմադրութիւն, Արցա­խը ուրա­ցո­ղը դաւա­ճան է եւայլն:

Այսօր, 1972ի Ընդհա­նուր Ժողա­վէն յիսում տարի ետք, ՀՅԴ շարքե­րը կը պարզեն կուսակցա­կաննե­րու ամբողջութիւն մը, զուրկ քաղա­քա­կան յստակ տեսլա­կա­նէ, հայրե­նիք-պետութիւն-իշխա­նութիւն եռեակ հասկա­ցութիւնը փոխա­րի­նուած է իշխա­նա­տենչութեան վտանգաւոր լոզունգնե­րով, իսկ գաղութնե­րու մէջ առօ­րեայ տեղայնա­կան սպա­ռիչ հարցե­րով: Նոյնիսկ ներկայ բախտո­րոշ հանգրուա­նին չկայ պատկե­րա­ցում սփիւռքի դերա­կա­տա­րութեան, անոր ներուժի օգտա­գործման ի սպաս Հայաստա­նի եւ Հայ ժողո­վուրդին: Պատկե­րա­ցում չկայ նոյնիսկ սփիւռքի ապա­գա­յի նկատմամբ, եւ կարծէք ձուլման գործընթա­ցի հետ հոգե­բա­նօ­րէն հաշտուած է այսօ­րուան դաշնակցա­կա­նը:

Կը մնայ հիմնա­կան հարցումը. Պիտի գա՞յ այն օրը երբ դաշնակցա­կան երի­տա­սարդութիւնը սթա­փի եւ վերա­դառնայ 20րդ Ընդհ Ժողո­վի ոգիին եւ տրա­մա­բա­նութեան: Պիտի գա՞յ այն օրը երբ դաշնակցութեան ղեկա­վա­րութիւնը վերա­դառնայ 20րդ Ընդհ Ժողո­վի որո­շումնե­րու գործադրութեան գործընթա­ցը վերսկսե­լու:

Առնչվող Հոդվածներ