Հայաստան

Այլընտրանքային Ընդդիմութեան Անհրաժեշտութիւնը

Միւս կողմէ, իշխանութիւնները, որոնք առաջին օրերուն կատարեալ լռութիւն կը պահէին, սպասելով հաւաքներու ընթացքին, արդէն երկու շաբաթ ետք ինքնավստահ կը թուէին ըլլալ, որ խորհրդարանական ընդդիմութեան իշխանափոխութեան այս պահանջ-բողոքները արդէն ձախողած են:

Գէորգ Թորոեան 

Աւելի քան մէկուկէս ամիս տեւած բողոքի հանրահաւաքներէ եւ երթերէ ետք, շուրջ տասը օր առաջ՝ Յունիս 15ին, Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, թէ խորհրդարանական ընդդիմութեան բողոքի հաւաքներն ու անհնազանդութեան գործողութիւնները կը դադրեցուին եւ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պիտի անցնի ցանցային անհնազանդութեան եւ պայքարի: Ան չմանրամասնեց ցանցային պայքարի մանրամասնութիւնները:

Բողոքի այս գործողութիւնները, որոնց ազդանշան տրուած էր Ապրիլ 23ի դէպի Ծիծեռնակաբերդ ջահերթով, ապա Մայիս 1ին կատարուած ամենամեծ հաւաքով, որուն մասնակիցներուն թիւը գնահատուած էր մօտաւորապէս 13,000 հոգիով, «Դիմադրութիւն եւ փրկենք Արցախը» նշանախօսքին տակ, ժողովրդային ընդունելութիւն չգտան: Բողոքը առաջնորդող քաղաքական այս ուժերը, որոնք հիմնականին մէջ կառավարած էին երկիրը քսանամեակ մը (1998-2018), վերջին չորս տարին ամէն առիթ փորձեցին շահարկել կացութիւնը, պահանջելով իշխանութիւններու հրաժարականը եւ իշխանութեան յանձնումը իրենց: Անցեալ տարի Յունիսին կայացած արտահերթ ընտրութիւններուն անոնք չյաջողեցան կազմել մեծամասնութիւն եւ խորհրդարան մուտք գործեցին իբրեւ փոքրամասնութիւն:

Խորհրդարանական ընդդիմութեան բողոքի այս գործողութիւնները եկան ապացուցելու, որ անիկա ժողովրդական լայն յենարան չունի: Հակառակ լրատուամիջոցներու կողմէ այս հաւաքներն ու անհնազանդութեան դէպքերը անդադար լուսաբանելու իրողութեան, մասնակիցներուն թիւը օր ըստ օրէ անկում արձանագրեց եւ ցոյցերու կազմակերպիչներուն «յաղթանակը մօտ է» խոստումը հիասթափութիւն յառաջացուց եւ առաջին օրերու թափը սկսաւ նահանջել եւ վերջին օրերուն մասնակիցներուն թիւը միայն քանի մը հազար էր արդէն:

Միւս կողմէ, իշխանութիւնները, որոնք առաջին օրերուն կատարեալ լռութիւն կը պահէին, սպասելով հաւաքներու ընթացքին, արդէն երկու շաբաթ ետք ինքնավստահ կը թուէին ըլլալ, որ խորհրդարանական ընդդիմութեան իշխանափոխութեան այս պահանջ-բողոքները արդէն ձախողած են: Հակառակ այս իրողութեան, անոնք ոչ մէկ կտրուկ քայլի դիմեցին հաւաքները ցրելու կամ խոչընդոտելու: Աւելին, հաւանաբար տեսնելով հետզհետէ նօսրացող հանրահաւաքները, անոնք ձգեցին, որ այս շարժումը ինզինք սպառէ:

Ինչո՞ւ ժողովուրդը չընդառաջեց այս շարժումին՝ Հայաստանն ու Արցախը փրկելու ահազանգային կոչերուն:

 Ա. Ինչպէս նշուեցաւ, վերջին չորս տարիներուն այս ընդդիմութիւնը ամէն առիթ շահարկեց իշխանութեան հասնելու:

 Բ. Վերջին մէկ տարին, որպէս խորհրդարանական խմբակցութիւններ, անոնք դրական եւ շինիչ գործունէութիւն չցուցաբերեցին:

 Գ. Անցնող չորս տարիներուն, անոնք չընդունեցին վերջին քսան տարիներու իրենց յանցաւոր գործունէութիւնը: Բազմաթիւ վերլուծաբաններու կարծիքով քսան տարիներու կառավարման հետեւանք էր 44օրեայ պատերազմի աղէտալի պարտութիւնը:

 Դ. Վերջին չորս տարիներուն եւ մասնաւորաբար անցնող մէկ տարուան ընթացքին, այս ընդդիմութիւնը չցուցաբերեց քաղաքական կամք, անցեալի անաչառ գնահատականը կատարելու, ընդունելու իր սխալները երկիրի կառավարման մէջ, եւ համագործակցելու ներկայ իշխանութիւններուն հետ, անցեալի ախտերը (կաշառակերութիւն, թալան, փտածութիւն եւայլն) վերացնելու:

 Ե. Հանրահաւաքներու ընթացքին բեմէն հնչող հակասական յայտարարութիւնները, որոնք ամբոխավարական էին, հաւատք չներշնչեցին ժողովուրդին միանալու իրենց:

 Զ. Բողոքի հանրահաւաքները սկսելէ կարճ ատեն մը ետք ակներեւ դարձաւ, որ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ կան տարակարծութիւններ, որուն դրսեւորումը ի յայտ եկաւ Յունիս 21ին, երբ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան յայտարարեց, թէ կը հրաժարի երեսփռխանական իր լիազօրութենէն:

Պէտք է նշել, որ գործող իշխանութիւններու թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին քիչ մը երկչոտ ու երբեմն հարցականներով լեցուն քաղաքականութիւնը բաւականին հիասթափութիւն յառաջացուցած է նոյնիսկ անոնց ընտրազանգուածին մօտ: Բայց այս իրականութիւնը բաւարար պատճառ չեղաւ, որ իշխանութիւններէն դժգոհ զանգուածը միահամուռ միանայ այս ցոյց-բողոքի ելոյթներուն:

45օրեայ բողոքի երթերուն ամէնէն աւելի քննադատութեան թիրախ դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ ոստիկանները ամբողջ այս գործողութիւններու ընթացքին ոչ մէկ անգամ վահաններով, մահակներով, ջրցան մեքենաներով կամ արցունքաբեր կազերով չխանգարեցին ցուցարարներուն կամ երթի մասնակիցներուն, նոյնիսկ այն պարագաներուն երբ յատկապէս իրենք թիրախ դարձան ցոյցերուն մասնակիցներուն կողմէ: Իսկ եթէ պատահեցան կոշտ կամ բիրտ միջամտութիւններ կամ ձերբակալութիւններ, այդ մէկը կարելի չէ տարածել ամբողջ ոստիկանութեան վրայ: Ցոյցի կազմակերպիչները, մասնակիցներն ու անոնց քարոզչամեքենաները պահ մը մոռցան, կամ այդպէս ձեւացուցին, որ ոստիկանները երկիրի օրինականութեան պաշտպաններն են եւ ոչ թէ միմիայն իրենց անվտանգութեան ծառայողները:

Արդար էր նաեւ քաղաքական կարգ մը վերլուծաբաններու այն հարցադրումը, թէ ո՞ւր են Երեւանի 200,000է աւելի քուէարկողները, որոնք մէկ տարի առաջ կայացած երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց քուէն տուած էին ընդդիմութեան: Եթէ այդ քուէարկողներուն միայն տասը առ հարիւրը մասնակցէր, ապա հանրահաւաքներն ու երթերը շատ աւելի բազմամարդ պիտի ըլլային:

 Այս շարժումը, եթէ մէկ կողմէ իշխանութիւններուն համար զսպող գործօն էր՝ Արցախի հարցով բանակցութիւններուն աւելի կոշտ դիրքորոշում որդեգրելու, ապա միջազգային հետեւորդներու մօտ կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ, այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ Հայաստանի ժողովուրդը Արցախի փրկութեամբ մտահոգուած չէ:

 Մէկ տարի առաջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պարտութիւն կրած եւ խորհրդարանի բեմէն յաճախ փողոց վերադառնալու եւ փողոցային պայքար մղելու սպառնալիքը հնչեցուցած խորհրդարանական ընդդիմութիւնը փողոցային պայքարէն ալ պարտուած դուրս ելաւ եւ իբրեւ քաղաքական ուժ իրողապէս յայտնուած է փակուղիի մէջ:

 Արցախեան վերջին պատերազմէն, անցնող տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններէն եւ վերջապէս այս ցոյցերու ընթացքին եւ անկէ ետք, քաղաքական վերլուծաբաններ անհրաժեշտ կը նկատեն այլընտրանքային նոր ուժի մը ձեւաւորումը:

 Ժողովրդային այն զանգուածը, որ բաւական պատկառելի թիւ կը կազմէ եւ դժգոհ է թէ՛ իշխանութիւններէն եւ թէ խորհրդարանական ընդդիմութենէն, այդ պահանջը կը զգայ:

 Կը մնայ, որ քաղաքական նոր դէմքեր, ազգային-գաղափարական նոր ծրագիրով մը հանդէս գան որպէս երրորդ ուժ, որ իբրեւ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն ունենայ շինիչ գործունէութիւն եւ զսպող հանգամանք դառնալով՝ խթանէ իշխանութիւններուն ճիշդ գործունէութեամբ զբաղիլ։ Այդ ուժը ժամանակ մը յետոյ կրնայ ոչ միայն դառնալ խորհրդարանական խմբակցութիւն, այլեւ գործող իշխանութիւն:

 Այլ խօսքով Հայաստանի մէջ այլընտրանքային ընդդիմութեան կազմաւորումը պահանջք է եւ անհրաժեշտութիւն:

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *