24.5 C
Yerevan

Հասկա­նա­լու Համար

Հայկա­կան հանրա­յին դաշտը՝ facebookեան պատե­րէն մինչեւ փողո­ցի այս կամ այն մայթ, իր տարաբնոյթ ձայնե­րով՝ Հայաստա­նեան թէ Սփիւռքեան, կառա­վա­րա­կան թէ ընդդի­մա­դիր, «տեղա­ցի» թէ «հայրե­նա­դարձ», այնքան հարուստ է աղբով:

Հրակ Փափա­զեան

«Ի՞նչ ընել» մերօ­րեայ դժուա­րա­գոյն հարցումին եթէ կայ մէ՛կ յստակ եւ աներկբայ պատասխան, հետեւեալն է. կրթութիւն։ Կրթուիլ, կրթել, կրթուիլ, կրթել։ Կամ մանթրա կը դառնայ ասի­կա, կամ կը մնանք ուր որ ենք. աւե­լի ճիշդը՝ աւե­լի խորը կ՚ իջնենք կպչուն ու տաք այս կեղտին մէջ։
Հայկա­կան հանրա­յին դաշտը՝ facebookեան պատե­րէն մինչեւ փողո­ցի այս կամ այն մայթ, իր տարաբնոյթ ձայնե­րով՝ Հայաստա­նեան թէ Սփիւռքեան, կառա­վա­րա­կան թէ ընդդի­մա­դիր, «տեղա­ցի» թէ «հայրե­նա­դարձ», այնքան հարուստ է աղբով, տգի­տութեամբ, սուտով, ձեռնա­վա­րութեամբ, միջմարդկա­յին յարգանքի ի սպառ բացա­կա­յութեան դրսեւո­րումնե­րով, եւայլն, որ վիճա­կի շարունա­կութեան պարա­գա­յին չկայ այլընտրանք՝ այս տաքուկպչունին մէջ սուզուե­լուն։ Ուրեմն չկայ աւե­լի մեծ հրա­մա­յա­կան քան՝ (նախ)ինքնակրթուիլն ու կրթե­լը։ Կրթութիւն իր լայն առումով. առնուազն՝ մտա­ծե­լու արուեստ, արժէքներ, գիտե­լիք։
Շնորհա­կա­լութիւն, այս առումով, այն քիչ մարդոց, որ այս ուղղութեամբ թէկուզ համեստ քայլեր կ՚առնեն, անկախ անկէ՝ թէ ուր՝ կրթա­կան համա­կարգէ ներս, հանրա­յին այլ դաշտե­րու վրայ, թէ սեփա­կան բազմո­ցի եւ գիրքի միջա­կայքին։

Գրա­ռումը՝ Հրակ Փափա­զեանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ