Հայաստան

Դաշնակցութեան Առաքելութիւնը Ծառայութիւն է

«Մեր ուղղութիւնը պարզ էր՝ ծառայել մեր ժողովուրդին, թեթեւացնել նրա կրած ծանր բեռը, բանալ նրա աչքերը, կռուիլ նրա կեղեքողների, խաբողների դէմ: Սակայն կեանքի հրապոյրները մեծ էին, իսկ ազատութեան ճանապարհը փշոտ…» (Սիմոն Զաւարեան, «Յառաջ», Թիֆլիս, 1905)։

Գէորգ Թորոյեան

Դաշնակցութեան յեղափոխական գործունէութեան առաջին երեսնամեակի սերունդը իր կենցաղով, իր նուիրումով եւ իր բարոյականով, իր մէջ կը խտացնէ Դաշնակութեան գաղափարական աշխարհի բովանդակ էութիւնը:

Այս իմաստով դիպուկ է Սիմոն Զաւարեանի հետեւեալ խօսքը, որ իր մէջ կը խտացնէ Դաշնակցութեան գաղափարական-գործունէութեան ամբողջ ներաշխարհը:

«Մեր ուղղութիւնը պարզ էր՝ ծառայել մեր ժողովուրդին, թեթեւացնել նրա կրած ծանր բեռը, բանալ նրա աչքերը, կռուիլ նրա կեղեքողների, խաբողների դէմ: Սակայն կեանքի հրապոյրները մեծ էին, իսկ ազատութեան ճանապարհը փշոտ…» (Սիմոն Զաւարեան, «Յառաջ», Թիֆլիս, 1905)։

Իր հիմնադրութենէն եւ յեղափոխական գործունէութիւն ծաւալելէն 15 տարի ետք, Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Զաւարեան իր այս խօսքով կը վերանորոգէ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհի իւրայատկութիւնը, որ կը հիմնուի ժողովուրդին ծառայելուն վրայ: Ան յստակօրէն կը մատնանշէ ծառայութեան այն ուղիները, որոնցմով ընթացած էր եւ պիտի ընթանայ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը: Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք հրապարակած «Մանիֆեստ»ով կռիւ կը յայտարարէր հայ ժողովուրդի թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին թշնամիներուն դէմ: Ժողովուրդը անտէր մնացած ըլլալով, կը շահագործուէր, կը կեղեքուէր, կը հարստահարուէր եւ տնտեսապէս կ՛ապրէր ծայրայեղ թշուառութեան մէջ։ Այս կեղեքումին մասնակից էին, դժբախտաբար, հայ մեծահարուստներ, վաշխառուներ նոյնիսկ եկեղեցականներ: Այս իրավիճակը պատճառ դարձած էր որ հայ ժողովուրդը ոչ միայն Արեւմտեան Հայաստանի այլեւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ եւս մատնուի թշուառութեան եւ ապրի խաւարի ու տգիտութեան մէջ, անտեղեակ մարդկային իր տարրական իրաւունքներուն:

Դաշնակցութեան յեղափոխական գործիչները լաւապէս գիտակցած էին, որ հայ մարդու ազատագրութեան առաջին նախապայմանը, ինչպէս Զաւարեան կ՛ըսէ. «բանալ անոր աչքերը»ն էր, այսինքն արթնցնել հայ մարդու գիտակցութիւնը եւ այդ աշխատանքին ճանապարհը հայութեան կրթութեան եւ գիտութեան հաղորդակից դարձնելն է: Պատահական չէ, որ նոյն այդ գործիչներուն մէջ մեծ է թիւը անոնց, որոնք տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր ժամանակներու, յեղափոխական-կազմակերպական գործունէութեան կողքին զբաղեցան նաեւ ուսուցչութեամբ, որովհետեւ անոնք համոզուած էին, որ հայ ժողովուրդի ազգային եւ մարդկային իրաւունքներու գիտակցումը կը սկսի կրթութեամբ: Այս ոգին եւ գործելաոճը Դաշնակցութեան համար եղաւ հիմնաքար, նոյնիսկ երբ 1921ին Հայաստանի անկախութեան անկումէն ետք, Դաշնակցութիւնը դարձաւ սփիւռքեան կազմակերպութիւն: Եւ Սփիւռքի կազմաւորման ամէնէն դժնդակ առաջին տարիներուն իսկ, ան ձեռնամուխ եղաւ դպրոցներու հիմնումի եւ կրթութեան գործունէութեան ծաւալման:

Դաշնակցութիւնը միաժամանակ անողոք պայքար մղեց հայ ժողովուրդը կեղեքող, թալանող եւ հարստահարող «շահագործող ցեցերուն» դէմ, առանց խտրութիւն դնելու անոր ազգային պատկանելիութեան մէջ, մինչեւ անգամ իրենց պաշտօնը չարաշահող եկեղեցականներուն դէմ: Այս պայքարը, որ կու գար Դաշնակցութեան ընկերվարական համոզումներէն, ոչ միայն կը միտէր ընկերային արդարութեան հաստատումը, այլեւ հայ ժողովուրդի տնտեսական կացութեան բարելաւումը, որ հիմք պիտի հանդիսանար անոր զարգացման եւ կրթութեան եւ պիտի նպաստէր ազգային գիտակցութեան զարթօնքին, որ իր հերթին պիտի յանգեցնէր ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման: Այս մասին նաեւ կ՛ազդարարէր ՀՅԴի «Մանիֆեստ»ը, երբ կոչ կ՛ուղղէր ապստամբութեան միջոցով ձեռք բերել հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ տնտեսական իրաւունքները: Այսինքն Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան իսկ օրէն կը գիտակցէր, որ հայութեան տնտեսական ազատութիւնը, անոր տնտեսական իրաւունքներու ձեռքբերումը նոյնքան անհրաժեշտ է, որքան անոր քաղաքական իրաւունքները: Աւելին. անոնք միաձուլուած են, եւ կարելի չէ պատկերացնել հասարակութիւն մը, որ կրնայ քաղաքական ուժի վերածուիլ, երբ տնտեսապէս աղքատ վիճակի մէջ է:

Զաւարեան իր խօսքը կ՛աւարտէ «սակայն»ով, այսինքն, կը յուշէ թէ այդ դժուարին առաքելութեան մէջ, որ հիմնուած է անձնական զոհողութիւններու վրայ, անպայմանօրէն սայթաքողներ եղած են, իսկ ազատութեան համար պայքարողներու համար ալ, կռիւը եղած է դաժան:

Այլապէս Զաւարեանի այս պատգամը նոյնքան այժմէական է եւ Դաշնակցական գործի ուղեցոյց նաեւ մեր օրերուն համար: Մասնաւորաբար Հայաստանի անկախութենէն ետք, թէ՛ ժողովուրդի կրթական մակարդակը ձգուեցաւ երեսի վրայ եւ թէ աղքատութեան մէջ գլորուած հայրենի ժողովուրդը մինչեւ օրս ալ կը կեղեքուի, կը շահագործուի եւ տնտեսապէս կը մնայ ծանր կացութեան մէջ:

ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցը այս ոգիով եւ շունչով պէտք է գործէր անցնող երեսուն տարիներուն: Զաւարեանի այս պատգամը հիմքն է ՀՅԴ Ծրագիրի գաղափարական ուղղութեան, եւ տակաւին ուշ չէ վերադառնալու ծրագրային մեր ակունքներուն՝ այսինքն ծառայել հայ ժողովուրդին:

Միայն այս պարագային ՀՅԴի անունը կը մաքրուի արդար կամ անարդար ցեխարձակումներէ, եւ Դաշնակցութեան կրնայ վերադարձնել իր երբեմնի հռչակն ու վարկը:

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *