15.2 C
Yerevan

Դաշնակցութեան Առա­քե­լութիւնը Ծառա­յութիւն է

«Մեր ուղղութիւնը պարզ էր՝ ծառա­յել մեր ժողո­վուրդին, թեթեւացնել նրա կրած ծանր բեռը, բանալ նրա աչքե­րը, կռուիլ նրա կեղե­քողնե­րի, խաբողնե­րի դէմ: Սակայն կեանքի հրա­պոյրնե­րը մեծ էին, իսկ ազա­տութեան ճանա­պարհը փշոտ…» (Սիմոն Զաւա­րեան, «Յառաջ», Թիֆլիս, 1905)։

Գէորգ Թորո­յեան

Դաշնակցութեան յեղա­փո­խա­կան գործունէութեան առա­ջին երեսնա­մեա­կի սերունդը իր կենցա­ղով, իր նուի­րումով եւ իր բարո­յա­կա­նով, իր մէջ կը խտացնէ Դաշնա­կութեան գաղա­փա­րա­կան աշխարհի բովանդակ էութիւնը:

Այս իմաստով դիպուկ է Սիմոն Զաւա­րեա­նի հետեւեալ խօսքը, որ իր մէջ կը խտացնէ Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­կան-գործունէութեան ամբողջ ներաշխարհը:

«Մեր ուղղութիւնը պարզ էր՝ ծառա­յել մեր ժողո­վուրդին, թեթեւացնել նրա կրած ծանր բեռը, բանալ նրա աչքե­րը, կռուիլ նրա կեղե­քողնե­րի, խաբողնե­րի դէմ: Սակայն կեանքի հրա­պոյրնե­րը մեծ էին, իսկ ազա­տութեան ճանա­պարհը փշոտ…» (Սիմոն Զաւա­րեան, «Յառաջ», Թիֆլիս, 1905)։

Իր հիմնադրութե­նէն եւ յեղա­փո­խա­կան գործունէութիւն ծաւա­լե­լէն 15 տարի ետք, Դաշնակցութեան հիմնա­դիրնե­րէն Զաւա­րեան իր այս խօսքով կը վերա­նո­րո­գէ Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­կան աշխարհի իւրա­յատկութիւնը, որ կը հիմնուի ժողո­վուրդին ծառա­յե­լուն վրայ: Ան յստա­կօ­րէն կը մատնանշէ ծառա­յութեան այն ուղի­նե­րը, որոնցմով ընթա­ցած էր եւ պիտի ընթա­նայ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը: Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութե­նէն անմի­ջա­պէս ետք հրա­պա­րա­կած «Մանիֆեստ»ով կռիւ կը յայտա­րա­րէր հայ ժողո­վուրդի թէ՛ ներքին եւ թէ արտա­քին թշնա­մի­նե­րուն դէմ: Ժողո­վուրդը անտէր մնա­ցած ըլլա­լով, կը շահա­գործուէր, կը կեղե­քուէր, կը հարստա­հա­րուէր եւ տնտե­սա­պէս կ՛ապրէր ծայրա­յեղ թշուա­ռութեան մէջ։ Այս կեղե­քումին մասնա­կից էին, դժբախտա­բար, հայ մեծա­հա­րուստներ, վաշխա­ռուներ նոյնիսկ եկե­ղե­ցա­կաններ: Այս իրա­վի­ճա­կը պատճառ դարձած էր որ հայ ժողո­վուրդը ոչ միայն Արեւմտեան Հայաստա­նի այլեւ Արեւե­լեան Հայաստա­նի մէջ եւս մատնուի թշուա­ռութեան եւ ապրի խաւա­րի ու տգի­տութեան մէջ, անտե­ղեակ մարդկա­յին իր տարրա­կան իրաւունքնե­րուն:

Դաշնակցութեան յեղա­փո­խա­կան գործիչնե­րը լաւա­պէս գիտակցած էին, որ հայ մարդու ազա­տագրութեան առա­ջին նախա­պայմա­նը, ինչպէս Զաւա­րեան կ՛ըսէ. «բանալ անոր աչքերը»ն էր, այսինքն արթնցնել հայ մարդու գիտակցութիւնը եւ այդ աշխա­տանքին ճանա­պարհը հայութեան կրթութեան եւ գիտութեան հաղորդա­կից դարձնելն է: Պատա­հա­կան չէ, որ նոյն այդ գործիչնե­րուն մէջ մեծ է թիւը անոնց, որոնք տարբեր վայրե­րու մէջ, տարբեր ժամա­նակնե­րու, յեղա­փո­խա­կան-կազմա­կերպա­կան գործունէութեան կողքին զբա­ղե­ցան նաեւ ուսուցչութեամբ, որովհե­տեւ անոնք համո­զուած էին, որ հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին եւ մարդկա­յին իրաւունքնե­րու գիտակցումը կը սկսի կրթութեամբ: Այս ոգին եւ գործե­լաո­ճը Դաշնակցութեան համար եղաւ հիմնա­քար, նոյնիսկ երբ 1921ին Հայաստա­նի անկա­խութեան անկումէն ետք, Դաշնակցութիւնը դարձաւ սփիւռքեան կազմա­կերպութիւն: Եւ Սփիւռքի կազմաւորման ամէ­նէն դժնդակ առա­ջին տարի­նե­րուն իսկ, ան ձեռնա­մուխ եղաւ դպրոցնե­րու հիմնումի եւ կրթութեան գործունէութեան ծաւալման:

Դաշնակցութիւնը միա­ժա­մա­նակ անո­ղոք պայքար մղեց հայ ժողո­վուրդը կեղե­քող, թալա­նող եւ հարստա­հա­րող «շահա­գործող ցեցե­րուն» դէմ, առանց խտրութիւն դնե­լու անոր ազգա­յին պատկա­նե­լիութեան մէջ, մինչեւ անգամ իրենց պաշտօ­նը չարա­շա­հող եկե­ղե­ցա­կաննե­րուն դէմ: Այս պայքա­րը, որ կու գար Դաշնակցութեան ընկերվա­րա­կան համո­զումնե­րէն, ոչ միայն կը միտէր ընկե­րա­յին արդա­րութեան հաստա­տումը, այլեւ հայ ժողո­վուրդի տնտե­սա­կան կացութեան բարե­լաւումը, որ հիմք պիտի հանդի­սա­նար անոր զարգացման եւ կրթութեան եւ պիտի նպաստէր ազգա­յին գիտակցութեան զարթօնքին, որ իր հերթին պիտի յանգեցնէր ազգա­յին իրաւունքնե­րու ձեռքբերման: Այս մասին նաեւ կ՛ազդարարէր ՀՅԴի «Մանիֆեստ»ը, երբ կոչ կ՛ուղղէր ապստամբութեան միջո­ցով ձեռք բերել հայ ժողո­վուրդի քաղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան իրաւունքնե­րը: Այսինքն Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան իսկ օրէն կը գիտակցէր, որ հայութեան տնտե­սա­կան ազա­տութիւնը, անոր տնտե­սա­կան իրաւունքնե­րու ձեռքբե­րումը նոյնքան անհրա­ժեշտ է, որքան անոր քաղա­քա­կան իրաւունքնե­րը: Աւե­լին. անոնք միա­ձուլուած են, եւ կարե­լի չէ պատկե­րացնել հասա­րա­կութիւն մը, որ կրնայ քաղա­քա­կան ուժի վերա­ծուիլ, երբ տնտե­սա­պէս աղքատ վիճա­կի մէջ է:

Զաւա­րեան իր խօսքը կ՛աւարտէ «սակայն»ով, այսինքն, կը յուշէ թէ այդ դժուա­րին առա­քե­լութեան մէջ, որ հիմնուած է անձնա­կան զոհո­ղութիւննե­րու վրայ, անպայմա­նօ­րէն սայթա­քողներ եղած են, իսկ ազա­տութեան համար պայքա­րողնե­րու համար ալ, կռիւը եղած է դաժան:

Այլա­պէս Զաւա­րեա­նի այս պատգա­մը նոյնքան այժմէա­կան է եւ Դաշնակցա­կան գործի ուղե­ցոյց նաեւ մեր օրե­րուն համար: Մասնաւո­րա­բար Հայաստա­նի անկա­խութե­նէն ետք, թէ՛ ժողո­վուրդի կրթա­կան մակարդա­կը ձգուե­ցաւ երե­սի վրայ եւ թէ աղքա­տութեան մէջ գլո­րուած հայրե­նի ժողո­վուրդը մինչեւ օրս ալ կը կեղե­քուի, կը շահա­գործուի եւ տնտե­սա­պէս կը մնայ ծանր կացութեան մէջ:

ՀՅԴ հայաստա­նեան կառոյցը այս ոգիով եւ շունչով պէտք է գործէր անցնող երե­սուն տարի­նե­րուն: Զաւա­րեա­նի այս պատգա­մը հիմքն է ՀՅԴ Ծրա­գի­րի գաղա­փա­րա­կան ուղղութեան, եւ տակաւին ուշ չէ վերա­դառնա­լու ծրագրա­յին մեր ակունքնե­րուն՝ այսինքն ծառա­յել հայ ժողո­վուրդին:

Միայն այս պարա­գա­յին ՀՅԴի անունը կը մաքրուի արդար կամ անարդար ցեխարձա­կումնե­րէ, եւ Դաշնակցութեան կրնայ վերա­դարձնել իր երբեմնի հռչակն ու վարկը:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ