28.3 C
Yerevan

PRO ARMENIA‑ն հասա­րա­կա­կան կազմա­կերպութիւն է:

Նկա­տի ունե­նա­լով Հայաստա­նի ռւ հայութեան դիմագրաւած բազում մարտահրաւէրնե­րը, ինչպէս նաեւ գրե­թէ բոլոր ոլորտնե­րուն մէջ աշխա­տանքի դաշտ ունե­նա­լու հնա­րաւո­րութիւննե­րը, PRO ARMENIA‑ն հանդէս կուգայ այս էջով իր կատա­րե­լիք աշխա­տանքնե­րուն իրա­զեկ դարձնե­լու հայ հասա­րա­կութիւնը:
Անոր աշխա­տանքա­յին ծիրը պիտի ընդգրկէ մասնաւո­րա­բար Հայաստա­նի գիւղե­րու զարգա­ցումը, ինչպէս դպրոցնե­րու, մշա­կոյթի տունե­րու վերա­նո­րո­գում, գիւղա­ցի­նե­րուն անմի­ջա­կան օժանդա­կութիւն անոնց կենսա­մա­կարդա­կը բարե­լաւե­լու, ի խնդիր գիւղե­րու զարգացման, որ հիմնա­քա­րը կրնայ հանդի­սա­նալ պետութեան հզօ­րացման: Մեր գերխնդի­րը պիտի ըլլայ որ հայ մարդը իր արդար աշխա­տանքը ունե­նայ եւ այդ աշխա­տանքի արդիւնքը հաւա­սա­րա­պէս ծառա­յէ թէ իր եւ թէ հասա­րա­կութեան բարօ­րութեան:
Այս աշխա­տանքնե­րուն զուգա­հեռ աշխա­տանք պիտի տարուի թէ գիւղե­րու եւ թէ քաղաքնե­րու մէջ հասա­րա­կութեան դաստիա­րակման, զարգացման գծով եւ գիտա­կից ու գործունեայ քաղա­քա­ցի պատրաստութեան, առանց տարի­քի եւ սեռի խտրութեան, մասնաւո­րա­բար կեդրո­նա­նա­լով կանանց եւ ուսա­նո­ղութեան վրայ:
Պատրաստ ենք եւ պիտի համա­գործակցինք այլ հասա­րա­կա­կան կազմա­կերպութիւննե­րու հետ, որոնք աշխա­տանքա­յին նմա­նօ­րի­նակ ծրա­գիրներ ունին:
Ինչպէս նշե­ցինք, այս էջով շարունա­կա­բար պիտի տեղե­կացնենք կատա­րե­լիք եւ կատա­րուած մեր գործունէութեան մասին, ըլլա­լով առաւե­լա­գոյն չափով թափանցիկ եւ հաշուե­տուութեան գիտակցութեամբ ներկա­յա­նա­լու մեր հայրե­նա­կիցնե­րուն:
Սիրով պատրաստ ենք լսե­լու Ձեր առա­ջարկնե­րը եւ նկա­տո­ղութիւննե­րը եւ մեր կարե­լին պիտի ընենք կատա­րեա­լին հասնե­լու, ի շահ մեր հայրե­նի­քի հզօ­րացման եւ մեր ժողո­վուրդի բարօ­րութեան:

Գրա­ռումը՝ PRO ARMENIA-ի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ