25.8 C
Yerevan

Սփյուռք-Հայաստան Միասնություն

Երկու ընկա­լումներ պէտք է ըլլան: Սփիւռքը պէտք է հասկնայ, որ Հայաստա­նը այն երկիրն է, ուր ինքզինք բոլո­րո­վին ազատ կրնայ զգալ, անկախ քաղա­քա­կան, ռազմա­կան, կուսակցա­կան դրութիւննե­րէն, իսկ Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ Սփիւռքը միակ վայրն է, ուր ինք կրնայ դիմել, երբ զինք նեղ կացութեան կը մատնեն: Այս գիտակցութիւնը երկուստեք պէտք է պահպա­նենք:


«Սփիւռքը Որոշ Ժամա­նա­կի Կառա­վարման Համա­կարգէն Հիասթա­փութիւն Ապրե­լով՝ Երես Պէտք Չէ Դարձնէ Հայաստա­նէն»

by Asbarez StaffAugust 10, 2022

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՊՌՈՇԵԱՆ ԳԻՒՂԻ «ՀԵՐՈՍՆԵՐԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՂԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ»Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂ ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑԻ (ՅԱԿՈԲԵԱՆ) ՀԵՏ

Գէորգ Թորո­յեան յատուկ «Ասպարէզ»ի համար հարցազրոյց մը ունե­ցաւ Պռո­շեան գիւղին մէջ գտնուող «Հերոսնե­րի վերա­կանգնո­ղա­կան քաղաք»ի նախա­ձեռնող Սուրէն Արեենցի հետ:

Վարեց Գէորգ Թորո­յեան։

Ստո­րեւ՝ հարցազրոյցը.

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Պրն. Սուրէն, նախ «Ասպարէզ»ի ընթերցողնե­րուն կը ներկա­յացնէք, թէ ի՛նչ է «Հերոսնե­րի վերա­կանգնո­ղա­կան քաղաք»ը:

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Նախ շնորհա­կալ եմ հարցազրոյցի համար, որովհե­տեւ Սփիւռքի մամուլը մեծ նշա­նա­կութիւն ունի մեզի համար, որովհե­տեւ Հայաստա­նը առանց Սփիւռքի եւ Սփիւռքը առանց Հայաստա­նի գոյութիւն չեն կրնար ունե­նալ:

Պատե­րազմէն ետք, երբ իմա­ցանք, որ ֆիզի­քա­պէս վիրաւորնե­րու թիւը աւե­լի քիչ է քան հոգե­բա­նա­կան վնաս ունե­ցող զինուորնե­րու քանա­կը՝ մեր խմբա­կը, որ պատե­րազմին ընթացքին վիրա­հա­տա­կան պարա­գա­ներ եւ դեղո­րայք կը հասցնէր սահմա­նը, որո­շեց հոգե­բա­նա­կան մասնա­գի­տա­ցուած կեդրոն մը հիմնել: Սփիւռքա­հա­յեր, որոնք պատե­րազմի օրե­րուն մեզի կ՛աջակցէին, մեզի նուի­րե­ցին հողակտոր մը, ուր հիմք դրինք Հայաստա­նի մէջ առա­ջին անգամ նեղ մասնա­գի­տա­կան-հոգե­բա­նա­կան կեդրո­նի մը: Կեդրո­նը նոր ձեւա­չափ է Հայաստա­նի համար. այստեղ ընկե­րա­յին ծրա­գիրնե­րու, վերա­կանգնո­ղա­կան, ընդհա­նուր նոր ապրե­լա­կերպի հետ զուգա­հեռ, հոգե­բա­նա­կան եւ հոգե­վե­րա­կանգնո­ղա­կան  ծառա­յութիւններ կը մատուցենք, պատե­րազմին մասնակցողնե­րուն, զոհուածնե­րու ընտա­նիքնե­րու անդամնե­րուն եւ անոնց, որոնք հոգե­բա­նա­կան հարցը յառաջ եկած է պատե­րազմին ընթացքին կամ պատե­րազմա­կան գործո­ղութիւննե­րու պատճա­ռով: Խօսքը 12,000 եւ աւե­լի մարդոց մասին է: Այս թիւին մէջ չեն ներառնուած հասա­րակ քաղա­քա­ցի­նե­րը կամ զինուո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազմը:

Կեդրո­նի առա­ջին բացումը կատա­րե­ցինք  25 Դեկտեմբեր 2021ին եւ եօթը ամսուան մէջ յաջո­ղե­ցանք ունե­նալ 165 քառ .մեթր շինութիւն, ուր ամսա­կան 150 պարա­գա­ներ հոգե­բա­նա­կան եւ հոգե­բուժա­կան ծառա­յութիւններ ստա­ցած են: 2022ին, մենք բացինք տարա­ծաշրջա­նին մէջ իր տեսա­կին մէջ առա­ջի­նը հանդի­սա­ցող թուայնա­ցուած եռա­չափ վախե­րու կառա­վարման Քեա­րամ Սլո­յեա­նի անուան սենեա­կը եւ Հայաստա­նի մէջ առա­ջին անգամ հիմը դրուե­ցաւ հոգե­բա­նա­կան թուայնա­ցուած բուժման, այս ձեւով, մենք կրցանք բուժման ընթացքը արա­գացնել: Կեդրո­նը ունի նաեւ ընկե­րա­յին աջակցութեան ծրա­գիրներ, այլ խօսքով ամէն ինչ կ՛օգտագործենք ՝մարդու ջղա­յին համա­կարգը հանգստացնե­լու համար: Պատե­րազմէն ետք, թիւր կարծիք կար, որ մարդը եթէ ոտքի վրայ է եւ գանգատ չունի, բայց ինքզինք հանգիստ չզգար, այդ մէկը բնա­կան է եւ հարց չկայ: Նոյնիսկ Հայաստա­նի առողջա­պա­հա­կան համա­կարգին մէջ հոգե­բա­նի դերա­կա­տա­րութեան մասին դրոյթ չկայ, այսինքն՝ օրէնսդրա­կան շատ բացեր կան:  Կեդրո­նը պետութեան հետ կ՛աշխատի, որպէսզի կարե­նանք հոգե­բա­նա­կան բուժումը հասցնել նոր մակարդա­կի: Այսօր, մեր առաջնա­հերթ հարցը հացա­տունը աւարտելն է, հոգե­կան բուժման ջրվէ­ժը, որպէսզի ֆոնտեր բանանք նոր շէնքի մը համար, ուր մարզե­րէն եկողնե­րուն համար մէկ-երկու ամի­սով գիշե­րե­լու հնա­րաւո­րութիւն կը տրուի, որպէսզի 24ժամեայ վերահսկո­ղութեան տակ գտնուին: Կեդրո­նը պիտի ունե­նայ նաեւ Արէն Մեհրա­պեա­նի անուան գրա­դա­րան, որովհե­տեւ մենք կրթութեամբ ալ պիտի պայքա­րինք եւ հոգե­բա­նա­կան բուժումը կարե­լի չէ առանց մտաւոր զարգացման:

Կեդրո­նը պիտի ունե­նայ նաեւ IT ոլորտի բաժանմունք, եւ այն զինուորնե­րը, որոնք պատե­րազմէն ետք վերա­պատրաստուած են, թէ՛ իրենք աշխա­տանք կ՛ունենան եւ թէ կեդրո­նը նիւթա­պէս եկա­մուտ կը սկսի ունե­նալ:

Այստեղ ունինք նաեւ մեծ այգի՝ 3000 քառ. մեթր տարա­ծութեամբ: Հոգե­բա­նա­կան արդի բուժման մէջ բնութիւնը կարեւոր դերա­կա­տար է եւ առանց անոր մարդը չի կրնար ամբողջա­կան կեանքին մէջ մտնել: Կեդրո­նին նպա­տակն է՝ նաեւ մարզե­րուն մէջ ունե­նալ փոքր մասնա­ճիւղեր եւ զինուորնե­րը առանց Պռո­շեան գալու, պիտի միա­նան մեր VR ցանցին, որ համաշխարհա­յին առողջա­պա­հութեան կեդրո­նին միա­ցուած է, եւ այս ձեւով բուժումնե­րը կրնանք բազմա­պատկել:

Ծրագրած ենք 2023ի վերջաւո­րութեան աւարտել ամբողջ ծրա­գի­րը՝ այսինքն կեդրո­նը ամբողջա­կան ձեւով պիտի սկսի աշխա­տիլ եւ այդ պարա­գա­յին ամսա­կան բուժումը կը հասնի 300ի, որ Հայաստա­նեան չափա­նի­շով մեծա­գոյն թիւն է:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայք։

Առնչվող Հոդվածներ