15.5 C
Yerevan

Խաղա­ղութե­նէն Օգտուե­լու Իմաստութիւնը

Խորհրդա­յին կարգե­րու փլուզումէմ ետք, մեզի ընձե­ռուած անկա­խութեան առա­ջին օրե­րուն, մեր ժառանգած բազմա­թիւ տնտե­սա­կան կռուաննե­րը սեփա­կա­նաշնորհե­լով՝ մենք փաստօ­րէն մեր հետա­գայ զարգացման յենա­սիւննե­րը կամաւոր կերպով փճա­ցուցինք եւ կործա­նե­ցինք, որուն պատճա­ռով հարիւր հազա­րաւոր մարդիկ անգործ մնա­ցին եւ ստի­պուած հեռա­ցան երկրէն:

Աւօ Պօղո­սեան

Չինա­ցի ռազմա­գէտ, փիլի­սո­փայ եւ զինուո­րա­կան Սուն Ցուի կը վերագրեն հետեւեալ իմաստուն խօսքը. «Խաղա­ղութեան ժամա­նակ պատրաստուիր պատե­րազմի, պատե­րազմի ժամա­նակ՝ խաղա­ղութեան»:

Այս իմաստութեան լաւա­գոյն կիրարկող երկիրնե­րէն է մեր նման աշխարհագրա­կան պայմաննե­րու մէջ գտնուող, լեռնե­րով շրջա­պա­տուած եւ մեկուսա­ցած Զուի­ցե­րիան:

Զուի­ցե­րիան երկու Համաշխարհա­յին պատե­րազմնե­րուն ընթացքին կրցաւ իր չէզո­քութիւնը պահել եւ չմիա­ցաւ որեւէ ռազմա­կան ճամբա­րի, սակայն խուսա­փե­ցաւ գերմա­նա­կան հաւա­նա­կան ներխուժումէն՝ առաւե­լա­բար իր բարձրա­բերձ լեռնե­րուն եւ անդնդա­խոր ձորե­րուն շնորհիւ, սակայն, անի­կա իր ապա­հո­վութիւնը չվստա­հե­ցաւ՝ ապաւի­նե­լով միայն իր լեռնե­րուն եւ աշխարհագրա­կան դժուար անցա­նե­լի դիրքին, այլ՝ իրեն շնորհուած խաղա­ղութեան ընթացքին, ամէ­նէն լուրջ ձեւով պատրաստուե­ցաւ հաւա­նա­կան որեւէ պատե­րազմի վտանգին:

Այդ պատրաստուա­ծութեան տարո­ղութիւնը ընկա­լե­լու համար, անհրա­ժեշտ է ներկա­յացնել մանրա­մասնութիւններ:

Զուի­ցե­րիոյ տարածքին, գետե­րու եւ կիրճե­րու վրայ կան 40,000 կամուրջներ, 2000 քիլո­մեթր ընդհա­նուր երկա­րութեամբ առաւել քան 1300 փապուղի­ներ (tunnels), որոնք թէ՛ արտա­քին աշխարհին հետ հաղորդակցութիւնը կը դիւրացնեն եւ թէ երկրի ապրանքնե­րու ներքին արագ փոխադրութիւնը եւ քաղաքնե­րը ու շրջաննե­րը իրար միացնող 5323 քիլո­մեթր ընդհա­նուր երկա­րութեամբ երկա­թուղի­ներ:

Զուի­ցե­րիա­ցի­նե­րը այս բոլոր ենթա­կա­ռոյցնե­րը ակա­նա­պա­տած են գերհզօր պայթուցիկ նիւթե­րով, որպէսզի մէկ կոճա­կի սեղմումով քանդուին՝ ներխուժող բանա­կի շարա­սիւննե­րը թաղե­լով անոնց տակ: Աւե­լին, քաղաքնե­րը եւ ամէ­նէն յետին գիւղե­րը օժտած են միջուկա­յին պատե­րազմի պարա­գա­յին ամրա­կուռ ստորգետնեայ պատսպա­րաննե­րով, ուր նոյնիսկ անհրա­ժեշտ պիտոյքնե­րը եւ ինքնա­պաշտպա­նութեան սպա­ռա­զի­նութիւնը ամբա­րուած են:

Ինքնա­պաշտպա­նութիւնը կատա­րեալ դարձնե­լու համար, այսօր բնակչութեան մինչեւ 44 տարե­կան այր մարդիկ ենթա­կայ են պարտա­դիր զինուո­րագրումի, այսինքն՝ 18 շաբաթ լուրջ մարզումի, նաեւ տարին քանի մը շաբաթ վերա­մարզումի՝ մինչեւ աւարտեն ընդհա­նուր 245օրեայ ծառա­յութիւնը: Այս բոլո­րը բնակչութիւնը կը դարձնեն մարտա­կան գործո­ղութիւննե­րու վարժ՝ ֆիզի­քա­պէս եւ հոգե­պէս:

Ռազմա­կան ոլորտի արդիա­կա­նա­ցումը եւ երկրի պաշտպա­նութեան կատա­րե­լա­գործումը, սակայն, բաւա­րար չեն երկի­րը հզօ­րացնե­լու: Հզօր տնտե­սութիւն ունե­նա­լը նոյնքան կարեւոր է եւ մրցունա­կութիւնը՝ նախա­պայման, մանաւանդ նկա­տի ունե­նա­լով որ Զուի­ցե­րիա ծով ունե­ցող երկիր չէ եւ արտադրութեան փոխադրութիւնը դէպի արտա­քին շուկայ յաւե­լեալ ծախս կ՛ենթադրէ: Այս անպա­տե­հութիւնը մասամբ մեղմա­ցուած է նախ անոր ամէ­նէն մօտիկ ծովե­րէն շատ հեռու չգտնուե­լուն, ապա՝ դրա­ցի երկիրնե­րուն՝ զարգա­ցած եւ քաղա­քա­կիրթ ըլլալնուն պատճա­ռով:

Զուի­ցե­րիա նաեւ բախտաւոր է այն առումով, որ եւրո­պա­կան մեծ պետութիւննե­րը անցեալ դարե­րուն, իրար միջեւ երկա­րա­տեւ արիւնա­լի պատե­րազմնե­րէ ետք նախընտրած են իրենց միջեւ ունե­նալ պատուար-չէզոք պետութիւն մը. առ այդ, հաշտ աչքով կը վերա­բե­րին այս փոքր երկրի գոյութեան:

Այսուհանդերձ, հակա­ռակ այս դրա­կան պայմաննե­րուն, զուի­ցե­րիա­ցի­նե­րը ժամա­նա­կին արթնութիւնը ունե­ցած են իրենց տնտե­սութիւնը զարգացնե­լու այնպի­սի ոլորտնե­րու մէջ, ուր փոխադրութեան ծախսը նուա­զա­գոյնն է եւ մանաւանդ իւրա­յա­տուկ: Անոնք որդեգրած են ծառա­յութիւննե­րու ճարտա­րա­րուեստը՝ ինչպէս դրա­մատնա­յի­նը, որ կը կազմէ տնտե­սութեան 75 տոկո­սը, ճշգրիտ առարկա­նե­րու արտադրութիւննե­րու, ժամա­ցոյցե­րու եւ բարձրո­րակ սպա­ռո­ղա­կան ապրանքնե­րու, աշխարհահռչակ տուրմե­րու, քիմիա­կան նիւթե­րու, դեղո­րայքի եւ ելեկտրա­կան ու մեքե­նա­կան բազմա­թիւ բարձրո­րակ գործիքնե­րու արտադրութիւնը:

Այս արտադրո­ղա­կան կատա­րե­լութեան հասնե­լու համար, անոնք կազմա­կերպած են բարձր մակարդա­կի անվճար կրթա­կան համա­կարգ մը՝ պարտա­դիր ուսում մինչեւ 15 տարե­կան, այսինքն ինն տարի, իսկ անկէ ետք, միայն լաւա­գոյննե­րը կը շարունա­կեն երկրորդա­կան երեք տարի­նե­րը համալսա­րան մուտքէն առաջ: Մնա­ցեալնե­րը, որոնք կ՛ուզեն հմտա­նալ արհեստնե­րու մէջ՝ կը յաճա­խեն արհեստնե­րու վարժա­րաններ, ուր երեք տարի­նե­րու ընթացքին կը մասնա­գի­տա­նան իրենց ընտրած ոլորտին մէջ: Այսպի­սով, գործա­րաննե­րը կ՛օժտուին բարձրո­րակ մասնա­գէտնե­րով, ճարտա­րա­գէտնե­րով, իսկ երկի­րը՝ լաւա­գոյն գիտաշխա­տողնե­րով:

Որպէսզի միայն եւրո­պա­կան երկրի մը օրի­նա­կով չբաւա­րա­րուինք՝ նշենք ուրիշ օրի­նակ մը եւս տարբեր աշխարհագրա­կան վայրէ մը: Լիբա­նա­նի օրի­նա­կը հետաքրքրա­կան պիտի ըլլայ: 2000ին, իսրա­յէ­լեան հզօր բանա­կը ստի­պուած հեռա­ցաւ հարաւա­յին Լիբա­նա­նի մէջ յառա­ջա­ցած իր դիրքե­րէն, վարժ չըլլա­լով երկրի այդ շրջաննե­րուն մէջ շիի մարտիկնե­րու կիրա­ռած փարթի­զա­նա­կան կռիւի մարտա­վա­րութեան: Վեց տարի ետք, իսրա­յէ­լա­ցի­նե­րը դարձեալ ներխուժե­ցին հարաւա­յին Լիբա­նան, աւե­լի արդիա­կան զէնքե­րով, սակայն այս անգամ ալ նոյն այդ շիի համայնքի կիսա­զի­նուո­րա­կան միաւորնե­րը, արդէն վեց տարի­նե­րու անդորրէն օգտուե­լով՝ աննկա­տօ­րէն եւ գերա­զանց կազմա­կերպուա­ծութեամբ սահմա­նա­յին գօտիին մէջ բազմա­թիւ գաղտնի գետնա­փոր պատսպա­րաններ կառուցած էին: Յառա­ջա­ցած զինուո­րա­կան գումարտակնե­րու թիկունքին յայտնուե­լով, դարա­նա­կալ զինեալնե­րը դուրս գալով իրենց թաքստոցնե­րէն՝ բազմա­թիւ զոհեր պատճա­ռե­ցին անոնց եւ պարտադրե­ցին նահանջել իրենց ելման կէտե­րը, սահմա­նէն անդին: Իսրա­յէ­լա­կան բանա­կը պարտուած էր:

Այս երկու օրի­նակնե­րը, ինչպէս կը տեսնենք, խիստ նման են մեր իրա­վի­ճա­կին՝ առա­ջի­նի պարա­գա­յին մեկուսա­ցած աշխարհագրութեամբ, իսկ երկրորդին՝ դիմադրութեան կարե­լիութեամբ: Նոյն օրի­նակնե­րը տարբեր են մեր իրա­վի­ճա­կի բացա­սա­կան պայմաննե­րը չէզո­քացնե­լու եւ յաղթա­հա­րե­լու քաղա­քա­կա­նութեան բացա­կա­յութեան տեսանկիւնէն:

Խորհրդա­յին կարգե­րու փլուզումէմ ետք, մեզի ընձե­ռուած անկա­խութեան առա­ջին օրե­րուն, մեր ժառանգած բազմա­թիւ տնտե­սա­կան կռուաննե­րը սեփա­կա­նաշնորհե­լով՝ մենք փաստօ­րէն մեր հետա­գայ զարգացման յենա­սիւննե­րը կամաւոր կերպով փճա­ցուցինք եւ կործա­նե­ցինք, որուն պատճա­ռով հարիւր հազա­րաւոր մարդիկ անգործ մնա­ցին եւ ստի­պուած հեռա­ցան երկրէն: Մինչ նոյն այդ թալա­նուած գործա­րաննե­րը կարե­լի էր արդիա­կա­նացնել եւ յարմարցնել նոր աշխարհա­քա­ղա­քա­կան դրութեան, որուն մէջ յայտնուած էինք եւ տնտե­սութիւնը զարգացնել: Իսկ կրթա­կան համա­կարգը, որ խորհրդա­յին ժամա­նա­կաշրջա­նին տուած էր բազմա­թիւ գիտաշխա­տողներ ու զարգա­ցած սերունդներ, անկա­խութե­նէն ետք արժեզրկուե­ցաւ տիրող նոր նիւթա­պաշտ բարքե­րուն պատճա­ռով, իսկ ուսումը եւ կրթութիւնը դարձան ոչ-պիտա­նի արժէքներ:

Արցա­խի առա­ջին պատե­րազմի յաղթա­նա­կէն ետք, հետեւե­լով Սին Ցուի իմաստուն խօսքին, պէտք էր գէթ լիբա­նա­նեան օրի­նա­կին հետեւէինք եւ նոյն կերպ պատրաստուէինք: Մինչ Լիբա­նա­նի հարաւը ռազմա­վա­րա­կան իմաստով անտառնե­րէ եւ բարձունքնե­րէ գրե­թէ զուրկ է, Արցա­խի տեղանքը լեռնա­յին եւ անտա­ռա­պատ է, ուր հազա­րաւոր ամուր եւ անտե­սա­նե­լի թաքստոցներ կրնա­յինք պատրաստել, կանխա­տե­սե­լով այս երկրորդ պատե­րազմը:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից:

Առնչվող Հոդվածներ