Արտաքին ճակատի վրայ եւս կատարուեցան նոր իրադարձութիւններ: Միացեալ Նահանգները ԵԱՀԿի նոր ներկայացուցիչ նշանակեց եւ կը փորձէ վերաշխուժացնել ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակը, որուն յաջորդեց Պրիւքսէլի մէջ կայացած Շարլ Միշէլի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը:
Գէորգ Թորոյեան
Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը մօտաւորապէս երկուքուկէս ամսուան դադարէ ետք, Սեպտեմբեր 2ին կազմակերպեց հերթական հանրահաւաքը, Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ եւ ազդարարեց նոր սկիզբ մը, այսպէս կոչուած իր «Դիմադրութիւն» շարժման:
Թուականի ընտրութիւնը պատահական չէր: Ան կը զուգադիպէր Արցախի անկախութեան հռչակման 31րդ տարեդարձին եւ շատ հաւանաբար կազմակերպիչներու հաշուարկներով այս հանգամանքը կրնար մեծաթիւ ներկայութիւն ապահովել եւ «կանաչ լոյս» տալ անցնող Ապրիլի նման մեկնարկած անհնազանդութեան քայլերուն: Սակայն, թուականի այս կարեւորութիւնը ոչինչ փոխեց իրականութենէն եւ ըստ որոշ աղբիւրներու գնահատումին, ցոյցերուն ներկայ եղած են մօտաւորապէս 2500 հոգի:
Ցոյցերը համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան Յունիսի 15ին ցոյցերու դադրեցումին զուգահեռ խոստացած էր անցնիլ ցանցային պայքարի (առանց մանրամասնելու, թէ ինչ է ցանցային պայքարը եւ ինչպէս պիտի տարուի), սակայն այս իմաստով ոչ մէկ քայլ տեսնուեցաւ հանրութեան կողմէ: Միաժամանակ, Սեպտեմբեր 2ի գլխաւոր պատգամախօսը ըլլալով, ան նորութիւններ չունէր: Ան յայտարարեց, թէ իրենց նպատակը իշխանութեան ձգտումը չէ այլ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու ազգային միասնականութեամբ հայանպաստ լուծման հասնիլը: Միեւնոյն ժամանակ, ան իր խօսքին մեծ մասը յատկացուց իշխանափոխութեան գործընթացին: Այլ խօսքով, երկու տասնամեակ երկիրը ղեկավարած քաղաքական ուժերու այս համախմբումը քաղաքական խօսք կամ պատգամ չունէր:
Անցեալ Յունիսին, ինքզինք սպառած նկատելով, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ճիշդ քայլի դիմեց դադրեցնելով հանրահաւաքներն ու երթերը: Ի՞նչ փոխուեցաւ այս երկու ամիսներուն, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը վերադարձաւ փողոց, ակնկալելով որ հայրենի հայութիւնը արձագանքէ նորացուած, բայց հինցած այս հանրահաւաքներուն:
Ամէնէն յատկանշական իրադարձութիւնը, անկասկած, Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Սօս գիւղերու յանձնումն էր Ատրպէյճանին: Այս մասին հանրահաւաքի կազմակերպիչները քար լռութիւն պահեցին յանձնումի ամբողջ գործընթացի ընթացքին եւ Սեպտեմբեր 2ին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարուեցաւ այդ գծով: Ճիշդ է, որ անոնք առաջին իսկ օրէն յայտարարած էին, թէ պիտի չվիճարկեն Նոյեմբեր 9ի յայտարարութիւնը, բայց եւ այնպէս քաղաքական այս ուժերը 22 ամիս ժամանակ ունէին քաղաքական աշխատանք տանելու Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեամբ նախատեսուած հայկական երեք գիւղերու յանձնումը խոչընդոտելու կամ առնուազն որոշ ժամանակով յետաձգելու, սպասելով քաղաքական նոր իրավիճակներու, որոնցմէ կարելի էր հայանպաստ կէտեր կորզել: Լռելեայն այս համաձայնութիւնը հարցականներ ստեղծեց հասարակ հայ քաղաքացիին մօտ, անոնց Արցախը փրկելու կոչերուն իրաւացիութեան շուրջ: Հայաստանի քաղաքացին հարց կու տայ, թէ վերոնշեալ երեք գիւղերը Արցախի մաս չէի՞ն կազմեր, եւ հետեւաբար այս մեղսակից-յանցակից լռութիւնը կասկածի տեղ կու տայ անոնց յայտարարուած նպատակներուն շուրջ: Նաեւ շատեր հարց կու տան, թէ ինչու այս ընդդիմութիւնը կարգախօս ընտրած է, որ Արցախը Ատրպէյճանի մաս պիտի չկազմէ, եւ չեն յայտարարեր, թէ Արցախը Հայաստանի մաս պէտք է կազմէ կամ առնուազն անկախ պետութիւն է: Ընտրուած կարգախօսը ականուած է եւ չի բխիր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերէն:
Արտաքին ճակատի վրայ եւս կատարուեցան նոր իրադարձութիւններ: Միացեալ Նահանգները ԵԱՀԿի նոր ներկայացուցիչ նշանակեց եւ կը փորձէ վերաշխուժացնել ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակը, որուն յաջորդեց Պրիւքսէլի մէջ կայացած Շարլ Միշէլի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը: Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ գործակցութեան նոր հորիզոններ կրնան բացուիլ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցով: Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան արեւմտեան այս միջամտութեան գործունեայ քայլերը հաշտ աչքով չեն դիտուիր Մոսկուայի կողմէ, որ կը փորձէ այս հակամարտութեան բոլոր լծակները պահել իր ձեռքերուն մէջ: Ուշագրաւ էր նոյն այս օրերուն ռուսաստաբնակ մեծահարուստ Ռուբէն Վարդանեանի Արցախ հաստատուելու որոշումը, որ համընկնեցաւ Սեպտեմբեր 2ի ցոյցերուն: Ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի որոշումը՝ վերադառնալ քաղաքական կեանք, համակարգուած աշխատանք մըն է, Հայաստանին պարտադրելու ռուսական օրակարգը:
Խորհրդարանական ընդդիմութեան փողոց վերադարձին մէջ թերեւս պէտք է տեսնել նաեւ անոնց կողմէ վերջին ճիգ մը, ջուրի երես մնալու: Սեպտեմբեր 25ին 18 խոշորացուած համայնքներու մէջ պիտի կատարուին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ: Անցեալ տարի ՏԻՄ ընտրութիւններուն խորհրդարանական ընդդիմութիւնը փայլուն արդիւնքներ չարձանագրեց: Անցեալ Յունիսի, «Դիմադրութիւն» շարժման անփառունակ աւարտով, ընդդիմութեան վարկանիշը մեծ անկում արձանագրած է: Այս հանրահաւաքներով անոնք կը յուսան խայծ մը տալ տարբեր շրջաններու իրենց ընտրական մեքենաներուն եւ գէթ պահելու իրենց ընտրազանգուածը:
Յառաջիկայ ամիսները կրնան վճռորոշ ըլլալ Հայաստանի պետականութեան համար: Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը իր քաղաքական անբովանդակ ծրագիրով ի վիճակի չէ այս ձեւով նպաստելու պետականութեան ամրացման:
Հայաստանի մէջ երիտասարդ մտաւորականներու սերունդ մը կայ որ արդէն կը բարձրաձայնէ երրորդ ուժի մը գոյացման անհրաժեշտութիւնը:
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։