Հայաստան

Բաբկեն Փափազեանի Կազմակերպական Մտքերից

Երբ այս կամ այն վայրին մէջ, հիմնովին տարբեր պայմաններու իրականութեան մը առջեւ գտնուելով, այս կամ այն մարմինը կ’անդրադառնայ թէ տրուած այս կամ այն որոշումին գործադրութիւնը ոչ միայն չի ծառայեր նախատեսուած նպատակին, այլ կրնայ նաեւ աղէտի մը առաջնորդել կուսակցութիւնը կամ ժողովուրդը, ապակեդրոնացման սկզբունքին իսկ հիմունքներով պարտաւոր է մերժել այդ որոշումին գործադրութիւնը:

Կարեն Խանլարի

Բժիշկ, հրապարակախօս, տեսաբան, «Ազդակ շաբաթօրեակ» եւ «Դրօշակ» պարբերականների վարիչ-խմբագիր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի բազմամեայ անդամ՝ Բաբկեն Փափազեանը (1915-1990թթ․), իր գաղափարա-քաղաքական տեսութիւններով եւ կազմակերպական ցուցումներով, անփոխարինելի ազդեցողութիւն եւ նշանակալի դերակատարութիւն է ունեցել ՀՅԴ ժամանակակից պատմութեան մէջ։

Ահա ստորեւ ներկայացնում ենք անմահանուն ռահվիրայի կազմակերպական ուսմունքից էական դրոյթներ․

«․․․ Մահը աչք առնելով կուսակցական որոշումի գործադրութեան համար ամէն ճիգ թափելով է, որ կերտուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բարոյական հոյակապ դրամագլուխը։

Ըսի թէ ամէն ջանք թափելու պարտաւորութիւնը չէր ժխտեր ապակեդրոնացմամբ գործելու ազատութիւնն ու պարտաւորութիւնը, այդ կէտը եւս կ’ուզեմ պարզել եւ եզրափակել։

Ամէն ջանք թափելու պահանջը կուսակցական մարմիններու եւ ընկերներու ուղղուած է, եւ ոչ թէ ոստիկաններու կամ զինուորներու հաւաքականութեան մը, որոնք նպատակներու կամ գաղափարաբանութեան մը նոյնութեամբ չէ, որ իրարու քով եկած են, այլ պետական օրէնքի մը պարտադրանքով, եւ այդ պարտադրանքով իսկ կը դառնան կուրօրէն հրամաններու ենթարկուելու ստիպման տակ գտնուող տարրեր։

Կուսակցական անդամներն ու մարմինները կը գործեն իրենց ազատ կամքով կատարած ընտրութեան հետեւանքով եւ իրենց կողմէ ընդունուած գաղափարաբանութեան մը եւ նպատակներու ծառայելու համար։ Հետեւաբար, երբ այս կամ այն վայրին մէջ, հիմնովին տարբեր պայմաններու իրականութեան մը առջեւ գտնուելով, այս կամ այն մարմինը կ’անդրադառնայ թէ տրուած այս կամ այն որոշումին գործադրութիւնը ոչ միայն չի ծառայեր նախատեսուած նպատակին, այլ կրնայ նաեւ աղէտի մը առաջնորդել կուսակցութիւնը կամ ժողովուրդը, ապակեդրոնացման սկզբունքին իսկ հիմունքներով պարտաւոր է մերժել այդ որոշումին գործադրութիւնը, սակայն պէտք եղած ճշգրիտ փաստարկներով ու պատճառաբանութիւններով միայն, եւ ոչ թէ իբրեւ հետեւանք քմայքներու կամ կամայական մօտեցումներու։ Միաժամանակ պարտի ընդունիլ լուռ ու մունջ կրել հետեւանքները իր այդ մերժողական կեղուածքին, եթէ պատահի, որ իրմէ վեր գտնուող մարմինը իր պատճառաբանութիւնները տեղին չգտնելով, անկարգապահութիւն համարէ առնուած այդ ժխտական քայլը։

Այդ գնով ահա, գիտակցուած կեցուածքներով է միայն, ամբողջական ինքնանուիրումով, կուսակցութեան որոշումներու գործադրութեան համար ամէն ջանք թափելով է միայն, որ մենք կրնանք ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆՕՐԷՆ ԱՒԵԼԻ ՈՒԺԵՂ ԿԱՌՈՅՑՈՎ ԵՒ ՇԱՐՔԵՐՈՎ ՄԵՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆՑ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻԼ։ Այդ պարագային ահա անընկճելի ուժ կը դառնայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը»։

(Փափազեան Բ․, Դաշնակցական ընկերներուն եւ մարմիններուն առաջնահերթ պարտաւորութիւնը, Դրօշակ, 1986 դեկտեմբեր 10, Աթենք, էջ 9)

Գրառումը՝ Կարեն Խանլարիի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *