18.8 C
Yerevan

Բաբկեն Փափա­զեա­նի Կազմա­կերպա­կան Մտքե­րից

Երբ այս կամ այն վայրին մէջ, հիմնո­վին տարբեր պայմաննե­րու իրա­կա­նութեան մը առջեւ գտնուե­լով, այս կամ այն մարմի­նը կ’անդրադառնայ թէ տրուած այս կամ այն որո­շումին գործադրութիւնը ոչ միայն չի ծառա­յեր նախա­տե­սուած նպա­տա­կին, այլ կրնայ նաեւ աղէ­տի մը առաջնորդել կուսակցութիւնը կամ ժողո­վուրդը, ապա­կեդրո­նացման սկզբունքին իսկ հիմունքնե­րով պարտաւոր է մերժել այդ որո­շումին գործադրութիւնը:

Կարեն Խանլա­րի

Բժիշկ, հրա­պա­րա­կա­խօս, տեսա­բան, «Ազդակ շաբա­թօ­րեակ» եւ «Դրօ­շակ» պարբե­րա­կաննե­րի վարիչ-խմբա­գիր եւ ՀՅԴ Բիւրո­յի բազմա­մեայ անդամ՝ Բաբկեն Փափա­զեա­նը (1915–1990թթ․), իր գաղա­փա­րա-քաղա­քա­կան տեսութիւննե­րով եւ կազմա­կերպա­կան ցուցումնե­րով, անփո­խա­րի­նե­լի ազդե­ցո­ղութիւն եւ նշա­նա­կա­լի դերա­կա­տա­րութիւն է ունե­ցել ՀՅԴ ժամա­նա­կա­կից պատմութեան մէջ։

Ահա ստո­րեւ ներկա­յացնում ենք անմա­հա­նուն ռահվի­րա­յի կազմա­կերպա­կան ուսմունքից էական դրոյթներ․

«․․․ Մահը աչք առնե­լով կուսակցա­կան որո­շումի գործադրութեան համար ամէն ճիգ թափե­լով է, որ կերտուած է Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան բարո­յա­կան հոյա­կապ դրա­մագլուխը։

Ըսի թէ ամէն ջանք թափե­լու պարտաւո­րութիւնը չէր ժխտեր ապա­կեդրո­նացմամբ գործե­լու ազա­տութիւնն ու պարտաւո­րութիւնը, այդ կէտը եւս կ’ուզեմ պարզել եւ եզրա­փա­կել։

Ամէն ջանք թափե­լու պահանջը կուսակցա­կան մարմիննե­րու եւ ընկերնե­րու ուղղուած է, եւ ոչ թէ ոստի­կաննե­րու կամ զինուորնե­րու հաւա­քա­կա­նութեան մը, որոնք նպա­տակնե­րու կամ գաղա­փա­րա­բա­նութեան մը նոյնութեամբ չէ, որ իրա­րու քով եկած են, այլ պետա­կան օրէնքի մը պարտադրանքով, եւ այդ պարտադրանքով իսկ կը դառնան կուրօ­րէն հրա­մաննե­րու ենթարկուե­լու ստիպման տակ գտնուող տարրեր։

Կուսակցա­կան անդամներն ու մարմիննե­րը կը գործեն իրենց ազատ կամքով կատա­րած ընտրութեան հետեւանքով եւ իրենց կողմէ ընդունուած գաղա­փա­րա­բա­նութեան մը եւ նպա­տակնե­րու ծառա­յե­լու համար։ Հետեւա­բար, երբ այս կամ այն վայրին մէջ, հիմնո­վին տարբեր պայմաննե­րու իրա­կա­նութեան մը առջեւ գտնուե­լով, այս կամ այն մարմի­նը կ’անդրադառնայ թէ տրուած այս կամ այն որո­շումին գործադրութիւնը ոչ միայն չի ծառա­յեր նախա­տե­սուած նպա­տա­կին, այլ կրնայ նաեւ աղէ­տի մը առաջնորդել կուսակցութիւնը կամ ժողո­վուրդը, ապա­կեդրո­նացման սկզբունքին իսկ հիմունքնե­րով պարտաւոր է մերժել այդ որո­շումին գործադրութիւնը, սակայն պէտք եղած ճշգրիտ փաստարկնե­րով ու պատճա­ռա­բա­նութիւննե­րով միայն, եւ ոչ թէ իբրեւ հետեւանք քմայքնե­րու կամ կամա­յա­կան մօտե­ցումնե­րու։ Միա­ժա­մա­նակ պարտի ընդունիլ լուռ ու մունջ կրել հետեւանքնե­րը իր այդ մերժո­ղա­կան կեղուածքին, եթէ պատա­հի, որ իրմէ վեր գտնուող մարմի­նը իր պատճա­ռա­բա­նութիւննե­րը տեղին չգտնե­լով, անկարգա­պա­հութիւն համա­րէ առնուած այդ ժխտա­կան քայլը։

Այդ գնով ահա, գիտակցուած կեցուածքնե­րով է միայն, ամբողջա­կան ինքնա­նուի­րումով, կուսակցութեան որո­շումնե­րու գործադրութեան համար ամէն ջանք թափե­լով է միայն, որ մենք կրնանք ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆՕՐԷՆ ԱՒԵԼԻ ՈՒԺԵՂ ԿԱՌՈՅՑՈՎ ԵՒ ՇԱՐՔԵՐՈՎ ՄԵՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆՑ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻԼ։ Այդ պարա­գա­յին ահա անընկճե­լի ուժ կը դառնայ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը»։

(Փափա­զեան Բ․, Դաշնակցա­կան ընկերնե­րուն եւ մարմիննե­րուն առաջնա­հերթ պարտաւո­րութիւնը, Դրօ­շակ, 1986 դեկտեմբեր 10, Աթենք, էջ 9)

Գրա­ռումը՝ Կարեն Խանլա­րիի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ