Պատգամ որ յստակօրէն կը հաստատէ թէ Արցախի ապագայի հարցով, ինքը Արցախահայութիւնը վճռակամ է եւ պահանջատէր բոլորէն՝ որպէսզի ինքը կարենայ ապահով եւ ինքնիշխան ապրիլ իր պապենական հողին վրայ։
Վիգեն Հովսեփյան
Որքան հպարտառիթ եւ գօտեպնդիչ երեւոյթ է տեսնել այն հոծ բազմութիւնը որ երէկ հաւաքուած էր Ստեփանակերտի մէջ։ Գործող իշխանութիւններ՝ նախագահէն մինչեւ նախարարներ, նախկին նախագահներ, ընդդիմադիր ուժեր եւ հեղինակութիւններ ի մի եկած ՄԷԿ ՆՊԱՏԱԿԻ համար։ Արդարեւ, պատերազմի օրերէն այսդին, սա միասնականութեան եզակի երեւոյթ է։ Բոլորին զիրար միացնողը ինքնիշխան, հայկական եւ ամբողջական Արցախի տեսլականն է։
Անշուշտ որ տարատեսակ եւ երբեմն ալ անհեթեթ մեկնաբանութիւններու տեղի տուած է այս հաւաքը, բայց պարզ այն հանգամանքը որ անոր կազմակերպումին եւ զօրակցութեան մէջ դերակատար եղած են ԲՈԼՈՐԸ, այնքանով ալ հզօր է նաեւ անոր պատգամը։ Պատգամ որ կը վերահաստատէ Արցախի բնակչւթեան յանձնառութիւնը եւ յստակ պահանջ կը ներկայացնէ միջազգային հանրութեան՝ ըսելու համար թէ երբ Արցախի ապագան է խնդրոյ առարկան, ապա ներքին խնդիրները, հաւակնութիւններն ու ճաշակները մէկ կողմ կը դրուին։ Պատգամ որ յստակօրէն կը հաստատէ թէ Արցախի ապագայի հարցով, ինքը Արցախահայութիւնը վճռակամ է եւ պահանջատէր բոլորէն՝ որպէսզի ինքը կարենայ ապահով եւ ինքնիշխան ապրիլ իր պապենական հողին վրայ։
Վերջապէս, փաստօրէն եւ ոչ պարզ զուգադիպութեամբ մը ճշտուած իր կայացած պահով, այս միասնական հաւաքն ու Ազգային Ժողովի պատգամը ուղղուած են ժամեր ետք Սոչիի մէջ կայանալիք հանդիպման մասնակիցներուն եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեան, անոնց ըսելու համար թէ ժողովրդավար Արցախը չի կրնար մաս դառնալ բռնապետական Ատրպէյճանին՝ ոչ տրամաբանութեամբ, ոչ ալ միջազգային օրէնքներու ու համամարդկային արժէքներու հիման վրայ։
Կը մնայ որ միջազգային ուժերն ու հանրութիւնը հասկնան թէ համապատասխան ճնշումները պէտք է բանեցուին ոչ թէ Հայաստանի վրայ, այլ Ատրպէյճանի։
Արցախը տէրն է իր ապագային,
Արցախը տէրն է իր իրաւունքներուն,
իսկ մենք՝ ամբողջ ազգով Արցախի կողքին ենք։
Գրառումը՝ Վիգեն Հովսեփյանի ֆեյսբուքյան էջից։