16.3 C
Yerevan

Առա­քե­լոց Վանքի Կռիւը

Առա­քե­լոց վանքի կռիւը ըստ արժանւոյն չէ գնա­հա­տուած մեր պատմութեան մէջ: Այս կռիւը իւրա­յա­տուկ է Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ այն առումով, որ անի­կա ոչ վրէժխնդրա­կան արարք է, ոչ հակազդե­ցութիւն նախա­պէս կատա­րուած իրա­դարձութեան մը, ոչ ալ արշաւող թրքա­կան բանա­կին դէմ կատա­րուած ինքնա­պաշտպա­նութիւն: Ան բառա­ցիօ­րէն ապստամբութիւն էր տիրող բռնաճնշումնե­րուն եւ ընկե­րա­յին անարդա­րութիւննե­րու դէմ:

Գեւորգ Թորո­յեան

1901 թուա­կա­նին, թրքա­կան կառա­վա­րութեան բռնաճնշումնե­րուն եւ հալա­ծանքնե­րուն հետեւանքով, անտա­նե­լի իրա­վի­ճակ կը տիրէր Տարօ­նի աշխարհին մէջ եւ այս իրա­վի­ճա­կը ծանր ազդած էր տեղւոյն հայութեան վրայ, որ բարո­յալքուած եւ յուսա­հա­տած, համա­րեայ երես դարձուցած էր յեղա­փո­խութե­նէն, Դաշնակցութե­նէն եւ ֆետա­յի­նե­րէն:

Այս անե­լա­նե­լի կացութե­նէն դուրս գալու համար Դուրան-Բարձրաւանդա­կի ԿԿ կը սկսի միջոցներ որո­նել: Կոտո­յի հաճին (Յակոբ Կոտո­յեան) քանի մը ծրա­գիրներ կ՛առաջարկէ, յոյս ունե­նա­լով, որ ժողո­վուրդին վստա­հութիւնը կը վերա­կանգնի յեղա­փո­խութեան հանդէպ: Ֆետա­յի­նե­րը կ՛որոշեն իրա­կա­նացնել այդ ծրա­գիրնե­րէն մէկը:

Նոյեմբե­րի սկիզբը, երբ արդէն ձիւնը իջած է լեռնե­րուն վրայ, 25 ֆետա­յի­ներ, Գէորգ Չաւուշի եւ Անդրա­նի­կի գլխաւո­րութեամբ կ՛իջնեն Սասունէն եւ կ՛ապաստանին Առա­քե­լոց վանքը: Ֆետա­յի­նե­րը վստահ էին, թէ վանքի ամուր պարիսպնե­րու ետին ի վիճա­կի պիտի ըլլան երկար ժամա­նակ դիմադրել թրքա­կան բանա­կին:

Կառա­վա­րութիւնը տեղե­կա­նա­լով ֆետա­յի­նե­րու Առա­քե­լոց վանքի մէջ գտնուե­լու մասին, անմի­ջա­պէս զօրք կը ղրկէ, վանքը «ազա­տե­լու» ֆետա­յի­նե­րէն: Պաշա­րուած ֆետա­յի­նե­րը երեք շաբաթ կը դիմադրեն թրքա­կան բանա­կին եւ երեք շաբաթ ետք, Գէորգ Չաւուշի առաջնորդութեամբ, գիշեր ատեն, անվնաս կերպով ճեղքե­լով պաշարման շղթան, դուրս կու գան վանքէն եւ կը բարձրա­նան Սասուն: Առաւօ­տուն թրքա­կան բանա­կը կը տեսնէ, որ վանքին մէջ կան միա­բաններն ու 40ի չափ որբեր:
 Այս կռիւնե­րու ընթացքին, ֆետա­յի­նե­րը կու տան մէկ զոհ, իսկ թրքա­կան բանա­կէն կը սպաննուին 5–6 զինուոր, իսկ զօրքէն շատ մը այլ զինուորներ կը մեռնին ցուրտէն եւ բուքէն:

Վանքի պաշարման առա­ջին իսկ օրէն, թրքա­կան կողմը հասկնա­լով, որ դժուար պիտի ըլլայ կռուով դուրս հանել ֆետա­յի­նե­րը, կը դիմէ բանակցութիւննե­րու: Այստեղ հետաքրքրա­կան է ֆետա­յի­նե­րու պահանջնե­րը (բնա­կա­նա­բար նախօ­րօք համա­կարգուած Տարօ­նի ԿԿի հետ), որոնք կ՛արտացոլացնեն այդ օրե­րու Տարօ­նի ղեկա­վա­րութեան քաղա­քա­կան մտա­ծո­ղութեան հասունութիւնը: Պահանջներն էին․

Ա․ Ներում շնորհել հայ քաղա­քա­կան բանտարկեալնե­րուն:

Բ․ Տասա­նորդ տուրքի հաւա­քումը կատա­րել հայ գիւղա­ցի­նե­րու միջո­ցով:

Գ․ Քիւրտե­րու կողմէ գրաւուած հողե­րը վերա­դարձնել իրենց տէրե­րուն՝ հայե­րուն:

Դ․ Զինա­թա­փել հայկա­կան գիւղե­րը ասպա­տա­կող քիւրտ համի­տիէ­նե­րը:

Ներկա­յա­ցուած պահանջնե­րէն կը կատա­րուի է միայն առա­ջի­նը եւ բանտէն ազատ կ՛արձակուին 31 բանտարկեալներ:

Ներկա­յա­ցուած պահանջնե­րը լաւա­պէս քննարկե­լու պարա­գա­յին պիտի նկա­տենք, որ բացի առա­ջին կէտէն, մնա­ցեալնե­րը ընկե­րատնտե­սա­կան պահանջներ են: Պէտք է ընդգծել նաեւ, որ անոնք լաւա­գոյնս կը ցոլացնէին ՀՅԴ Մանիֆեստի ոգին, ուր կ՛ըսուի. «Ապստամբութեան միջո­ցով ձեռք բերել հայութեան քաղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան իրաւունքնե­րը»: Առա­քե­լոց վանքի մէջ անհաւա­սար կռիւ մղող ֆետա­յի­նե­րը հաւա­տարմօ­րէն կը գործադրէին Դաշնակցութեան Մանիֆեստին մէջ տեղ գտած այդ սկզբունքը:

Առա­քե­լոց վանքի կռիւը ըստ արժանւոյն չէ գնա­հա­տուած մեր պատմութեան մէջ: Այս կռիւը իւրա­յա­տուկ է Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ այն առումով, որ անի­կա ոչ վրէժխնդրա­կան արարք է, ոչ հակազդե­ցութիւն նախա­պէս կատա­րուած իրա­դարձութեան մը, ոչ ալ արշաւող թրքա­կան բանա­կին դէմ կատա­րուած ինքնա­պաշտպա­նութիւն: Ան բառա­ցիօ­րէն ապստամբութիւն էր տիրող բռնաճնշումնե­րուն եւ ընկե­րա­յին անարդա­րութիւննե­րու դէմ:

Տարօ­նի դաշնակցա­կան ղեկա­վա­րութիւնը կը գիտակցէր, որ ժողովրդա­յին համա­տա­րած յուսա­հա­տութիւնը կրնար դուռ բանալ արտա­գաղթի, կամաւոր իսլա­մա­ցումի եւ տեղւոյն հայ բնակչութիւնը ժամա­նակ մը ետք կրնար իր հողին վրայ փոքրա­մասնութեան վերա­ծուիլ:

Դաշնակցութեան նուի­րեալ ղեկա­վարնե­րը, որոնք ժողովրդա­յին գործիչներ էին, անե­լա­նե­լի այդ կացութեան դարմա­նումը դուրսէն չսպա­սե­ցին։ Անոնք լաւա­պէս կը ճանչնա­յին իրենց ժողո­վուրդը եւ իբրեւ այդ, ժողո­վուրդին առաջնորդութիւն ստանձնած յանձնա­ռու յեղա­փո­խա­կան-դաշնակցա­կաններ, կրցան տէր կանգնիլ այդ ժողո­վուրդին եւ զայն դուրս բերել յուսալքիչ այդ իրա­վի­ճա­կէն:

Առա­քե­լոց վանքի կռիւը պատճառ եղաւ որ Տարօ­նի հայութիւնը վերջնա­կա­նա­պէս համո­զուի յեղա­փո­խութեան գաղա­փարնե­րուն եւ ամուր կերպով փարի ՀՅ Դաշնակցութեան:

121 տարի առաջ, Արեւմտեան Հայաստա­նի փոքր մէկ քաղա­քին՝ Մուշի մէջ, դաշնակցա­կան ղեկա­վարնե­րը ամե­նայն յանձնա­ռութեամբ կրցան տէր կանգնիլ այն ժողո­վուրդին, եւ իրենց վարա­կիչ օրի­նա­կով գօտեպնդել ժողո­վուրդը՝ յեղա­փո­խութեան գաղա­փարնե­րով:

Առա­քե­լոց վանքի կռիւի պատգա­մը նաեւ այն է, որ դաշնակցա­կան ֆետա­յին, անձնա­զո­հութեան գնով, պատրաստ է իր ժողո­վուրդին յոյս ու կորով ներշնչել եւ անհաւա­սար ուժե­րու դէմ անընդհատ պայքա­րե­լով, անոր կամքը ամրապնդել:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից:

Առնչվող Հոդվածներ