Հայաստան

Առաքելոց Վանքի Կռիւը

Առաքելոց վանքի կռիւը ըստ արժանւոյն չէ գնահատուած մեր պատմութեան մէջ: Այս կռիւը իւրայատուկ է Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ այն առումով, որ անիկա ոչ վրէժխնդրական արարք է, ոչ հակազդեցութիւն նախապէս կատարուած իրադարձութեան մը, ոչ ալ արշաւող թրքական բանակին դէմ կատարուած ինքնապաշտպանութիւն: Ան բառացիօրէն ապստամբութիւն էր տիրող բռնաճնշումներուն եւ ընկերային անարդարութիւններու դէմ:

Գեւորգ Թորոյեան

1901 թուականին, թրքական կառավարութեան բռնաճնշումներուն եւ հալածանքներուն հետեւանքով, անտանելի իրավիճակ կը տիրէր Տարօնի աշխարհին մէջ եւ այս իրավիճակը ծանր ազդած էր տեղւոյն հայութեան վրայ, որ բարոյալքուած եւ յուսահատած, համարեայ երես դարձուցած էր յեղափոխութենէն, Դաշնակցութենէն եւ ֆետայիներէն:

Այս անելանելի կացութենէն դուրս գալու համար Դուրան-Բարձրաւանդակի ԿԿ կը սկսի միջոցներ որոնել: Կոտոյի հաճին (Յակոբ Կոտոյեան) քանի մը ծրագիրներ կ՛առաջարկէ, յոյս ունենալով, որ ժողովուրդին վստահութիւնը կը վերականգնի յեղափոխութեան հանդէպ: Ֆետայիները կ՛որոշեն իրականացնել այդ ծրագիրներէն մէկը:

Նոյեմբերի սկիզբը, երբ արդէն ձիւնը իջած է լեռներուն վրայ, 25 ֆետայիներ, Գէորգ Չաւուշի եւ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ կ՛իջնեն Սասունէն եւ կ՛ապաստանին Առաքելոց վանքը: Ֆետայիները վստահ էին, թէ վանքի ամուր պարիսպներու ետին ի վիճակի պիտի ըլլան երկար ժամանակ դիմադրել թրքական բանակին:

Կառավարութիւնը տեղեկանալով ֆետայիներու Առաքելոց վանքի մէջ գտնուելու մասին, անմիջապէս զօրք կը ղրկէ, վանքը «ազատելու» ֆետայիներէն: Պաշարուած ֆետայիները երեք շաբաթ կը դիմադրեն թրքական բանակին եւ երեք շաբաթ ետք, Գէորգ Չաւուշի առաջնորդութեամբ, գիշեր ատեն, անվնաս կերպով ճեղքելով պաշարման շղթան, դուրս կու գան վանքէն եւ կը բարձրանան Սասուն: Առաւօտուն թրքական բանակը կը տեսնէ, որ վանքին մէջ կան միաբաններն ու 40ի չափ որբեր:
 Այս կռիւներու ընթացքին, ֆետայիները կու տան մէկ զոհ, իսկ թրքական բանակէն կը սպաննուին 5-6 զինուոր, իսկ զօրքէն շատ մը այլ զինուորներ կը մեռնին ցուրտէն եւ բուքէն:

Վանքի պաշարման առաջին իսկ օրէն, թրքական կողմը հասկնալով, որ դժուար պիտի ըլլայ կռուով դուրս հանել ֆետայիները, կը դիմէ բանակցութիւններու: Այստեղ հետաքրքրական է ֆետայիներու պահանջները (բնականաբար նախօրօք համակարգուած Տարօնի ԿԿի հետ), որոնք կ՛արտացոլացնեն այդ օրերու Տարօնի ղեկավարութեան քաղաքական մտածողութեան հասունութիւնը: Պահանջներն էին․

Ա․ Ներում շնորհել հայ քաղաքական բանտարկեալներուն:

Բ․ Տասանորդ տուրքի հաւաքումը կատարել հայ գիւղացիներու միջոցով:

Գ․ Քիւրտերու կողմէ գրաւուած հողերը վերադարձնել իրենց տէրերուն՝ հայերուն:

Դ․ Զինաթափել հայկական գիւղերը ասպատակող քիւրտ համիտիէները:

Ներկայացուած պահանջներէն կը կատարուի է միայն առաջինը եւ բանտէն ազատ կ՛արձակուին 31 բանտարկեալներ:

Ներկայացուած պահանջները լաւապէս քննարկելու պարագային պիտի նկատենք, որ բացի առաջին կէտէն, մնացեալները ընկերատնտեսական պահանջներ են: Պէտք է ընդգծել նաեւ, որ անոնք լաւագոյնս կը ցոլացնէին ՀՅԴ Մանիֆեստի ոգին, ուր կ՛ըսուի. «Ապստամբութեան միջոցով ձեռք բերել հայութեան քաղաքական եւ տնտեսական իրաւունքները»: Առաքելոց վանքի մէջ անհաւասար կռիւ մղող ֆետայիները հաւատարմօրէն կը գործադրէին Դաշնակցութեան Մանիֆեստին մէջ տեղ գտած այդ սկզբունքը:

Առաքելոց վանքի կռիւը ըստ արժանւոյն չէ գնահատուած մեր պատմութեան մէջ: Այս կռիւը իւրայատուկ է Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ այն առումով, որ անիկա ոչ վրէժխնդրական արարք է, ոչ հակազդեցութիւն նախապէս կատարուած իրադարձութեան մը, ոչ ալ արշաւող թրքական բանակին դէմ կատարուած ինքնապաշտպանութիւն: Ան բառացիօրէն ապստամբութիւն էր տիրող բռնաճնշումներուն եւ ընկերային անարդարութիւններու դէմ:

Տարօնի դաշնակցական ղեկավարութիւնը կը գիտակցէր, որ ժողովրդային համատարած յուսահատութիւնը կրնար դուռ բանալ արտագաղթի, կամաւոր իսլամացումի եւ տեղւոյն հայ բնակչութիւնը ժամանակ մը ետք կրնար իր հողին վրայ փոքրամասնութեան վերածուիլ:

Դաշնակցութեան նուիրեալ ղեկավարները, որոնք ժողովրդային գործիչներ էին, անելանելի այդ կացութեան դարմանումը դուրսէն չսպասեցին։ Անոնք լաւապէս կը ճանչնային իրենց ժողովուրդը եւ իբրեւ այդ, ժողովուրդին առաջնորդութիւն ստանձնած յանձնառու յեղափոխական-դաշնակցականներ, կրցան տէր կանգնիլ այդ ժողովուրդին եւ զայն դուրս բերել յուսալքիչ այդ իրավիճակէն:

Առաքելոց վանքի կռիւը պատճառ եղաւ որ Տարօնի հայութիւնը վերջնականապէս համոզուի յեղափոխութեան գաղափարներուն եւ ամուր կերպով փարի ՀՅ Դաշնակցութեան:

121 տարի առաջ, Արեւմտեան Հայաստանի փոքր մէկ քաղաքին՝ Մուշի մէջ, դաշնակցական ղեկավարները ամենայն յանձնառութեամբ կրցան տէր կանգնիլ այն ժողովուրդին, եւ իրենց վարակիչ օրինակով գօտեպնդել ժողովուրդը՝ յեղափոխութեան գաղափարներով:

Առաքելոց վանքի կռիւի պատգամը նաեւ այն է, որ դաշնակցական ֆետային, անձնազոհութեան գնով, պատրաստ է իր ժողովուրդին յոյս ու կորով ներշնչել եւ անհաւասար ուժերու դէմ անընդհատ պայքարելով, անոր կամքը ամրապնդել:

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *