20.9 C
Yerevan

Սիւնի­քը Աշխարհա­քա­ղա­քա­կան Մրցակցութեան Կեդրոն

Դժբախտա­բար միջանցքի այս գաղա­փա­րին կողմնա­կից է նաեւ Ռուսիան։ Ճիշդ է, որ անի­կա բացա­յայտօ­րէն նման յայտա­րա­րութիւններ չէ կատա­րած, բայց նաեւ հակա­ռա­կին ապա­ցոյցն ալ չէ տուած։ Այս իմաստով, 2020-ին 44-օրեայ պատե­րազմին վերջնա­կան նպա­տա­կը Սիւնի­քով ցամա­քա­յին ճամբայ բանալ էր դէպի Նախի­ջեւան եւ Թուրքիա։

Գէորգ Թորո­յեան

Սիւնի­քը պատմա­կան Հայաստա­նի կամ Մեծ Հայքի 15 նահանգնե­րէն է եւ միշտ ալ եղած է հայկա­կան թագաւո­րութիւննե­րու սահմաննե­րուն մէջ։ Արտա­շէ­սեան եւ մանաւանդ Արշա­կունի­նե­րու ժամա­նա­կաշրջա­նին եւ անոր յաջորդած պարսկա­կան տիրա­պե­տութեան շրջա­նին այդ տարածքին տանուտէ­րե­րը եղած են Սիւնի իշխաննե­րը։ Աւե­լի ուշ, 1700ական թուա­կաննե­րուն Սիւնի­քը դարձաւ Հայ ազա­տագրա­կան շարժումի կեդրո­նը՝ Դաւիթ Բէկի առաջնորդած շարժումի օրրա­նը։ 1918–1920 թուա­կաննե­րուն, Արցա­խի հետ միա­սին, Ատրպէյճա­նը Հայաստա­նի առա­ջին Հանրա­պե­տութե­նէն միշտ ալ պահանջեց այս երկրա­մա­սը։ 1920ին, Ազգե­րու Լիկա­յին, իսկ աւե­լի ուշ՝ Ուիլսը­նեան իրաւա­րար վճի­ռով, անի­կա Արցա­խի եւ Նախի­ջեւա­նի հետ միա­սին ճանչցուե­ցաւ Հայաստա­նի մաս։ Հակա­ռակ այս իրո­ղութեան, համայնա­վարնե­րը փորձե­ցին զէնքով խլել Սիւնի­քը եւ կցել Ատրպէյճա­նին։ Բարե­բախտա­բար Նժդե­հի հրա­մա­նա­տա­րութեամբ ուժե­րուն դէմ անոնք պարտութիւններ կրե­ցին եւ Սիւնի­քը մնաց Հայաստա­նի սահմաննե­րուն մէջ։ Ներկա­յիս անոր բնակչութիւնը կը հաշուէ շուրջ 135,000։ Կարեւոր քաղաքներն են՝ Կապա­նը, Գորի­սը, Սիսիա­նը, Մեղրին, Քաջա­րա­նը։

2020ին, 44օրեայ պատե­րազմի աւարտէն եւ Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րա­գի­րէն ետք, Ատրպէյճա­նը սկսաւ պահանջել Սիւնի­քով միջանցք դէպի Նախի­ջեւան։ Ըստ էութեան սա նոյն այդ հին քաղա­քա­կա­նութիւնն է որ կը վարէ մեր թշնա­մին, բնա­կա­նա­բար համա­խորհուրդ իր մեծ եղբօր՝ Թուրքիոյ, այս երկու երկիրնե­րուն մէջ ցամա­քա­յին կապ հաստա­տե­լու եւ այդ ձեւով իրա­գործե­լու Մեծն Թուրա­նիոյ ծրա­գի­րը, որուն հետա­մուտ են մեր արեւելքի եւ արեւմուտքի դրա­ցի-թշնա­մի­նե­րը։

Դժբախտա­բար միջանցքի այս գաղա­փա­րին կողմնա­կից է նաեւ Ռուսիան։ Ճիշդ է, որ անի­կա բացա­յայտօ­րէն նման յայտա­րա­րութիւններ չէ կատա­րած, բայց նաեւ հակա­ռա­կին ապա­ցոյցն ալ չէ տուած։ Այս իմաստով, 2020ին 44օրեայ պատե­րազմին վերջնա­կան նպա­տա­կը Սիւնի­քով ցամա­քա­յին ճամբայ բանալ էր դէպի Նախի­ջեւան եւ Թուրքիա։

Ռուս-թրքա­կան այս ծրա­գի­րին կը հակադրուին առա­ջին հերթին Իրա­նը, ապա Արեւմուտքը եւ մասնաւո­րա­բար՝ Միա­ցեալ Նահանգնե­րը, իւրա­քանչիւրը աշխարհա­քա­ղա­քա­կան իր շահե­րէն մեկնած։ Իրա­նի համար Հայաստա­նի սահմա­նը իր անցքն է դէպի Եւրո­պա, ինչպէս նաեւ Սիւնի­քի միջանցքի իրա­կա­նացման պարա­գա­յին Իրա­նը պատմութեան մէջ էջ մը վերջնա­կա­նա­պէս կը փակէ՝ միանգա­մընդմիշտ դուրս մնա­լով Կովկա­սէն։ Առաւել, պէտք  է նշել, որ Իրա­նի համար Հայաստա­նի սահմա­նը իր միակ «խաղաղ» սահմանն է եւ այնտեղ հարեւա­նին հետ խնդիրներ չունի։ Իրան նաեւ վերջերս հիւպա­տո­սա­րան բացաւ Կապա­նի մէջ, հասկցնե­լով, թէ համա­միտ չէ միջանցքի գաղա­փա­րին։

Միա­ցեալ Նահանգնե­րը բազմա­թիւ անգամներ պատգամ ուղղեց միջանցքով շահագրգիռ կողմե­րուն, թէ Սիւնի­քը Հայաստա­նի անձեռնմխե­լի տարածքն է։ Անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին Միա­ցեալ Նահանգնե­րու դեսպա­նին յաճա­խա­կի այցե­րը դէպի Սիւնիք, քօղարկուած պատգամ էին թուրքե­րուն եւ ռուսե­րուն այդ անցքին անոր ընդդի­մութեան։ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու այս քաղա­քա­կա­նութիւնը պէտք է հասկնալ անոր աշխարհա­քա­ղա­քա­կան հաշիւնե­րուն ընդմէ­ջէն։ Ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմով, ամե­րի­կա­ցիք նպա­տա­կադրած են քանդել ռուսա­կան կայսե­րա­կան նկրտումնե­րը եւ հետեւա­բար Սիւնի­քի միջանցքով առիթ չեն ուզեր տալ թրքա­կան կայսրութեան մը ստեղծումին, որ շատ աւե­լի վտանգաւոր է եւ նուազ վերահսկե­լի՝ քան ռուսա­կա­նը։ Նաեւ, երբ Ռուսիան պաշա­րե­լու ձեռնարկած են, անոնք առիթ պիտի չտան Սիւնի­քի միջո­ցով «զարկե­րակ» մը տալ մահա­ցող ռուսա­կան պետութեան։

Սիւնի­քը, իր աշխարհագրա­կան դիրքին առթած կարեւո­րութե­նէն բացի, հետաքրքրութիւնը կը շարժէ բոլոր պետութիւննե­րուն, մասնաւո­րա­բար Արեւմուտքին եւ մանաւանդ Միա­ցեալ Նահանգնե­րուն։

Հակա­ռակ աշխարհագրա­կան իր փոքր տարածքին, Սիւնիք հարուստ ընդերքով տարածք է։ Անոր ոսկիի, իւրա­նիումի, պղինձի եւ այլ մետաղնե­րու քանա­կը կը քրքրէ ախորժա­կը բոլոր մեծ տէրութիւննե­րուն։ Սիւնի­քը ունի նաեւ ստորգետնեայ ջուրի հսկայ շտե­մա­րաններ։ 2001ին կատա­րուած ուսումնա­սի­րութեան մը համա­ձայն, եթէ ջուրի խողո­վակներ հասցուին մինչեւ Ծոցի արա­բա­կան երկիրնե­րը, ապա տարե­կան 1․5–2 միլիառ տոլա­րի շահ կարե­լի է  ապա­հո­վել Հայաստա­նին։ Իսկ հանա­ծո­նե­րը, որոնց գինե­րը անընդհատ կը բարձրա­նան, կը գնա­հա­տուին 980 միլիառ տոլա­րով․․․ Նման հարստութիւն մը «ախորժա­բեր» է բոլո­րին համար։

Դժբախտա­բար, մեր ապի­կար ղեկա­վա­րութիւնը երե­սուն տարի շարունակ մեր ուղեղնե­րուն մէջ փորձած է մեխել այն կեղծի­քը, թէ մեր թշնա­մին՝ Ատրպէյճա­նը, նաւթ ունի եւ հետեւա­բար հարուստ երկիր է, կարծէք աշխարհի երե­սին միակ հարստութիւնը նաւթն է։ Եւ այս կեղծի­քին հիման վրայ չէ գնա­հա­տած մեր երկի­րի հարստութիւննե­րը եւ ըստ այդմ տնտե­սա­կան ուժի վերա­ծուե­լու եւ բոլո­րին համար քաղա­քա­կա­նօ­րէն շահագրգիռ երկիր դառնա­լու կարե­լիութիւննե­րը, որոնց շնորհիւ կարե­լի էր զիջումներ պարտադրել Ատրպէյճա­նին։

Հայաստա­նի ներկայ իշխա­նութիւննե­րը Սիւնի­քի այս հարստութիւննե­րը ոչ թէ խաղա­թուղթի այլ յաղթա­թուղթի կրնան վերա­ծել եւ ըստ այնմ բանակցիլ Արեւմուտքին հետ առաւե­լա­գոյն նպաստաւոր պայմաններ ստեղծե­լով Հայաստա­նի եւ Արցա­խի համար եւ Հայաստա­նը դարձնել այս տարա­ծաշրջա­նի կարեւո­րա­գոյն երկի­րը։

Սիւնի­քը կրնայ փրկել Հայաստա­նը։

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից:

Առնչվող Հոդվածներ