16.9 C
Yerevan

ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտյա­նի Կոչը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէն խստօ­րէն կը դատա­պարտէ Արցա­խը վտանգող եւ շրջա­նին մէջ հայութիւնը բնաջնջե­լու նպա­տա­կով, աւե­լի ընդարձակ զինուո­րա­կան գործո­ղութեան մը ձեռնարկե­լու միտող Ատրպէյճա­նի (եւ Թուրքիոյ) այս քայլե­րը:

Արցա­խը Բնաջնջման Եզրին Կը Գտնուի  

Արդէն չորրորդ օրն է, որ Ատրպէյճան շրջա­փա­կուած կը պահէ Արցա­խը Հայաստա­նին կապող Լաչի­նի միջանցքը, մարդա­սի­րա­կան խոր տագնա­պի մատնե­լով Արցա­խի բնակչութիւնը, որուն հայթայթուող բնա­կան կազի գիծը նոյնպէս փակուած կը մնայ Պաքուի կողմէ:

Թշնա­մա­կան այս մթնո­լորտին մէջ, Արցա­խի ժողո­վուրդը պարտադրուած՝ կը դիմագրաւէ ձմեռնա­յին խիստ պայմաննե­րը՝ առանց կենսա­կան իր մթերքնե­րը ապա­հո­վե­լու միջոցնե­րը ունե­նա­լու: Շրջա­փակման շարունա­կումով՝ ժողո­վուրդը կ՛ապրի զինուո­րա­կան դրութեան մէջ, ուր պահանջուած է որդեգրել խիստ տնտե­սա­վարման եւ խնա­յո­ղա­կան միջոցներ:

Արցա­խը կը գտնուի թուրք-ատրպէյճա­նա­կան առանցքին կողմէ բնաջնջուե­լու եզրին:

Այս իրա­վի­ճա­կին մէջ, Հայաստա­նի եւ Արցա­խի իշխա­նութիւննե­րը կոչ ըրին միջազգա­յին հանրութեան՝ գործե­լու եւ ձեռնա­ծալ չմնա­լու: Հակա­ռակ անոր որ Միա­ցեալ Նահանգնե­րը, Եւրո­պա­կան Միութիւնը եւ Ֆրանսա կոչ ըրին Պաքուին՝ վերջ տալու այս շրջա­փա­կումին, հայ ժողո­վուրդը նախա­պէս ալ տեսած է միջազգա­յին ուժե­րու դժկա­մութիւնը վճռա­կան եւ կտրուկ քայլե­րու դիմե­լու՝ նոյնիսկ միջազգա­յին օրէնքնե­րու եւ կարգե­րու բացա­յայտ խախտումի պարա­գա­նե­րու:

Նոյն ժամա­նակ, Ռուսիա, որ խաղա­ղա­պահ ուժե­րու գումարտակ մը ունի Արցա­խի մէջ, ըստ երեւոյթին, տագնա­պը լուծե­լու կարո­ղութիւնը չունի, ոչ ալ ի վիճա­կի է գործադրե­լու իրեն վստա­հուած Արցա­խի բնակչութեան ապա­հո­վութիւնը երաշխաւո­րե­լու պարտա­կա­նութիւնը:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէն խստօ­րէն կը դատա­պարտէ Արցա­խը վտանգող եւ շրջա­նին մէջ հայութիւնը բնաջնջե­լու նպա­տա­կով, աւե­լի ընդարձակ զինուո­րա­կան գործո­ղութեան մը ձեռնարկե­լու միտող Ատրպէյճա­նի (եւ Թուրքիոյ) այս քայլե­րը:

Գործի լծուե­լու ժամա­նա­կը հիմա է: Կոչ կ՛ընենք միջազգա­յին համայնքին՝ պատրաստե­լու մարդկա­յին իրաւունքնե­րը իրա­պէս պաշտպա­նող եւ Արցա­խը իր բնիկ բնակչութե­նէն պարպե­լու նպա­տա­կով ի գործ դրուած շրջա­փա­կումը վճռա­կան քայլե­րով վերացնե­լու յստակ ծրա­գիր մը:

Կոչ կ՛ընենք նաեւ մեր համայնքի անդամնե­րուն՝ ըլլա­լու միասնա­կան՝ ազգին դիմագրաւած տագնա­պա­լի այս օրե­րուն եւ, օրի­նակ, այս հարցը ընտրուած պաշտօ­նա­տարնե­րու եւ մարդկա­յին իրաւանց պաշտպաննե­րու ուշադրութեան հաւա­քա­բար յանձնե­լով՝ զայն հրա­տապ պահե­լու Արցա­խի մեր եղբայրնե­րուն եւ քոյրե­րուն սիրոյն, մեր ազգի սիրոյն:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
15 Դեկտեմբեր, 2022

Հայտա­րա­րությունը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ