16.9 C
Yerevan

Երբ Խոնարհվում Է Ճապո­նա­ցին

Ճափո­նի մարզի­չը խոնարհե­ցաւ: Խոնարհումը արտա­ցո­լա­ցումն էր իր ներաշխարհին մէջ կերտուած բարձր չափա­նիշնե­րուն, որ կեանքը կը կերտուի, երբ արժէ­քը կը սերմա­նես մէջդ եւ կը բաժնես զայն: Խոնարհումը նաեւ ցոյց տուաւ, թէ ան կը պատկա­նի երկրի մը, որ կրցած է կերտել համա­կարգ մը, ուր քաղա­քա­ցին կեանքը արժա­նա­պա­տուութեամբ կ՛ապրի: Այս արժա­նա­պա­տուութեամբ է, որ երկիր կը կերտուի:

Քաղա­քա­ցիա­կան կրթություն և դաստիա­րա­կություն։ Ահա, թե որոնք են այն նախա­պայմաննե­րը, որոնք ոչ միայն նպաստում են պետության և քաղա­քա­կիրթ հասա­րա­կության կայացմա­նը, այլև դրա հստակ և ճիշտ մեխա­նիզմի շնորհիվ կարող են զարգացնել, նոր մակարդա­կի բարձրացնել նաև հայրե­նա­սի­րությունը, որը որպես երև­ույթ, հարգանք և սեր է ծնում ոչ միայն սեփա­կան հասա­րա­կության, սեփա­կան ԵՍ‑ի հանդեպ, այլև դրա­կան տրա­մադրվա­ծություն այլոց նկատմամբ։ Ուժե­ղը միշտ ավե­լի կայա­ցած և կայուն բնա­վո­րություն ունի, բայց դրա համար նախ հարկա­վոր է կայա­նալ։ Իսկ կայա­նում են նրանք, ովքեր ուժեղ կամք և նպա­տակներ ունեն։

Այդ առումով հրա­շա­լի օրի­նակ է Ճապո­նիան։ Որպես պետություն և որպես հասա­րա­կություն։ Բոլո­րին է հայտնի, որ ճապո­նա­ցի­նե­րը ունեն խոնարհվե­լու սովո­րույթ, որը ոչ թե թուլության և հնա­զանդության, այլ դիմա­ցի­նի արժա­նա­պատվության, անձի և աշխա­տանքի, արժեքնե­րի հանդեպ հարգանքի նշան, իսկ դա շատ շատ դժվար է։ Դժվար է լինել այդքան կայուն։ Նման մակարդակ կարող է ունե­նալ միայն շատ ուժե­ղը։ Եվ հատկա­պես, որ այս աշխարհում ուժը նույնացվում է կոպտությւան հետ, խոնարհումով ցուցադրել սեփա­կան ուժը, շատ դժվար է։

Ոչ քրիստոնյա Ճապո­նիան գրե­թե քրիստո­նեա­կան գաղա­փա­րով խոնարհվում է և բարձրացնում դիմա­ցի­նին։ Այնպես, ինչպես, որ մեր Աստվա­ծա­շուչն է վկա­յում, որ «Կխո­նարհեցնի հպարտնե­րին, և կբարձրացնի խոնարհնե­րին»։ Երա­նի, եթե մենք ևս մի օր հասնենք այս գիտակցությանն ու այս մակարդա­կին։

Մեր Ուղին

Երբ Ճափո­նի Մարզի­չը Կը Խոնարհի

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Անցնող մէկ ամսուան ընթացքին աշխարհի մէջ կարծէք կեանքը պահ մը կանգ առաւ: Ժողո­վուրդնե­րու ուշադրութիւնը կեդրո­նա­ցաւ Քաթա­րի վրայ, ուր տեղի ունե­ցաւ աշխարհի ֆութպո­լի ախո­յեա­նութիւնը: Առի­թը ունե­ցանք շատ լաւ կազմա­կերպուած մրցա­շարքի մը հետեւե­լու‘ ֆութպո­լա­յին մարզա­խա­ղի բարձր չափա­նիշնե­րով:

Մրցա­շարքին մէջ եթէ մէկ կողմէ կային մարզիկ հերոսներ, որոնք ֆութպո­լա­յին աշխարհի մէջ կերտած են ու կը շարունա­կեն կերտել պատմութիւն, բայց նոյնքան ալ կային անակնկալներ: Ի յայտ եկան երկիրներ, որոնք գերա­զանցե­ցին իրենց խաղաո­ճով, եւ այդ եղաւ անսպա­սե­լի անակնկա­լը, երբ այդ մարզիկնե­րը հմա­յե­ցին հանդի­սա­տե­սը: Այս երկիրնե­րը կրցան ցոյց տալ, թէ միշտ չէ, պատմութիւնը կը կրկնուի, եւ ֆութպո­լի աշխարհին մէջ միշտ նոյն խումբե­րը չեն, որ կրնան գլխաւո­րել աղիւսակնե­րը: Աշխարհը կը փոխուի, նաեւ‘ ֆութպո­լա­յին մրցա­նիշնե­րը, նոր երկիրներ մէջտեղ կու գան եւ կրնան նուա­ճել բարձունքներ: Այս երկիրնե­րու շարքին պէտք է դասել Ճափո­նը, երբ ան ցոյց տուաւ ֆութպո­լա­յին բարձր մակարդակ եւ‘ քիչ մըն ալ աւե­լին:

Ճափո­նի մարզի­չը, որ կը խոնարհի
Լուսանկա­րը Alex Grimm‑ի

Քիչ մը աւե­լին Ճափո­նի մարզիչն էր եւ իրենց հանդի­սա­տեսնե­րը: Մարզի­չը‘ Հաղի­մէ Մորեա­սուն, որ վեհանձնութիւնը ունե­ցաւ խոնարհե­լու ժողո­վուրդին եւ համա­կիրնե­րուն առջեւ, նոյնիսկ երբ իր խումբը պարտութիւն կրեց, եւ Ճափո­նի համա­կիրնե­րը, որոնք մարզա­հա­մա­լիրնե­րը մաքրե­ցին, նոյնիսկ երբ իրենք չէին աղտո­տած ամբողջ տարածքը: Երկու վկա­յութիւն մէկ երկրէ‘ մեծ, վեհանձն եւ բարե­կիրթ վկա­յութիւններ:

Ճափո­նի մարզի­չը խոնարհե­ցաւ: Խոնարհումը արտա­ցո­լա­ցումն էր իր ներաշխարհին մէջ կերտուած բարձր չափա­նիշնե­րուն, որ կեանքը կը կերտուի, երբ արժէ­քը կը սերմա­նես մէջդ եւ կը բաժնես զայն: Խոնարհումը նաեւ ցոյց տուաւ, թէ ան կը պատկա­նի երկրի մը, որ կրցած է կերտել համա­կարգ մը, ուր քաղա­քա­ցին կեանքը արժա­նա­պա­տուութեամբ կ՛ապրի: Այս արժա­նա­պա­տուութեամբ է, որ երկիր կը կերտուի:

2015-ին աշխա­տանքա­յին այցե­լութեամբ գտնուե­ցայ Թոքիօ եւ առի­թը ունե­ցայ տեսնել Ճափո­նի գեղե­ցիկ վայրե­րը: Բայց նաեւ ժամա­նակ տուի հաղորդակցե­լու եւ ճանչնա­լու տեղա­ցի ժողո­վուրդը: Ճափոնցին անդրա­դարձած է, որ իր երկրի պատմութիւնը եղած է դաժան, եւ որ իրենք‘ որպէս երկիր ու պետա­կա­նութիւն, սխալներ գործած են: Այդ սխալնե­րը իրենց անդրա­դարձը ունե­ցած են մէկ կողմէ իրենց երկրին վրայ, բայց նաեւ‘ աշխարհին: Անոնք տեսած են, որ իրենց երկրի պատմութիւնը եւ անոր ընթացքը պէտք է փոխեն, եթէ կ՛ուզեն յառաջխա­ղացք արձա­նագրել եւ քաղա­քա­կիրթ պատմութիւն մը կերտել:

Ճափո­նի տղա­քը, որոնք կը մաքրեն
Լուսանկա­րը Anand Mahindra‑ի

Ճափոն  իր գրաւը դրած է քաղա­քա­ցիա­կան դաստիա­րա­կութեան վրայ‘ իբրեւ իրենց երկրի համա­կարգին եւ անոր յառաջխա­ղացքի հիմք ու կռուան: Քաղա­քա­ցիա­կան դաստիա­րա­կութիւնը, որով անոնք սկսած են սորվեցնել, թէ ինչպէ՛ս քաղա­քա­ցին ինքզինք պէտք է յարգէ եւ զարգացնէ իր կեանքը: Այս ընե­լով‘ նաեւ նպաստէ ուրի­շի զարգացման:

Ճափոն քրիստո­նեայ երկիր մը չէ: Քրիստո­նեայ ներկա­յութիւնը շատ փոքր մասնիկն է երկրին հաւա­քա­կա­նութեան մէջ: Բայց հիմնա­կան տուեա­լը միայն անոր մէջ չէ: Քաղա­քա­ցիա­կան դաստիա­րա­կութիւնը մարդկա­յին արժէ­քի դաստիա­րա­կութիւնն է, եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է կեանք կերտել‘ անհա­տա­կան, ընտա­նե­կան, հաւա­քա­կան եւ պետա­կան մակարդակնե­րու վրայ: Ճափո­նի համար քաղա­քա­ցիա­կան դաստիա­րա­կութիւնը զարկ տուած է աշխա­տա­սի­րութեան մը, որուն շնորհիւ կերտած են հայրե­նիք: Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս է, որ Ճափո­նի անձնա­գի­րը այսօր աշխարհի ուժե­ղա­գոյնն է, երբ անոնք կրնան աւե­լի քան 192 երկիր այցե­լել առանց մուտքի արտօ­նա­գի­րի: Ու տակաւին կարե­լի է խօսիլ իրենց ձեռք ձգած տնտե­սա­կան հսկա­յա­կան յառաջխա­ղացքին մասին, որով անոնք կերտե­ցին իրենց երկրին համար բարձր ճարտա­րա­րուեստ մը եւ զոր կը բաժնեն աշխարհին հետ:

Ճափո­նի մարզի­չը խոնարհե­ցաւ: Իր խոնարհութեան ընդմէ­ջէն ան ցոյց տուաւ իր սէրն ու յարգանքը: Ան իր պարտութիւնը եւ խումբին ձախո­ղութիւնը ընդունեց վեհանձն սրտով ու հոգիով եւ այդ բոլո­րին մէջէն ան կիսեց իր սէրը, յարգանքը եւ համե­րաշխութիւնը աշխարհին հետ: Եթէ պիտի ուզենք ստեղծել աշխարհ մը, որ համե­րաշխ է, անհրա­ժեշտ է, որ կարե­նանք մեր անձե­րուն մէջ կերտել յարգանք ու սէր եւ բաժնել զայն մենք մեր անձե­րուն, ինչպէս նաեւ ուրի­շին հետ:

Աւե­լի քան 70 տարի­ներ մեր հայրե­նի­քը մաս կազմեց խորհրդա­յին համա­կարգին, եւ 1991 թուա­կա­նի անկա­խութիւնը աշխարհասփիւռ հայուն երազն էր: Թէ՛ ուրա­խա­ցանք եւ թէ՛ ալ հպարտա­ցանք, եւ‘ մինչեւ այսօր:

Հարց պէտք է տանք‘ որքա՞ն հայրե­նիք եւ պետա­կա­նութիւն կերտե­ցինք անկա­խութե­նէն ի վեր: Որքա՞ն կրցանք վեր առնել մեր պատմութիւնը, արժեւո­րել զայն, սորվիլ իւրա­քանչիւր փուլէ‘ իր ձախո­ղութիւննե­րով ու յաջո­ղութիւննե­րով եւ ստեղծել նորը: Եթէ երկիր եւ պետա­կա­նութիւն պիտի կերտենք, այդ կը պահանջէ հաւա­քա­կան աշխա­տանք ու կամք: Հաւա­քա­կան աշխա­տանքը կը սկսի քաղա­քա­ցիա­կան դաստիա­րա­կութեամբ:

Երկիր-պետա­կա­նութիւն մը հիմնե­լու համար անհրա­ժեշտ է քաղա­քա­ցիա­կան դաստիա­րա­կութիւն մը, ուր քաղա­քա­ցին եւ ապա համա­կարգը կը լիցքաւո­րես մէկ կողմէ ազգա­յին արժէքնե­րով, բայց նոյնքան‘ հոգեմտաւոր եւ քրիստո­նէա­կան արժե­չա­փե­րու գիտակցութեամբ: Քաղա­քա­ցին պիտի սորվի, թէ ինչպէ՛ս ինքզինք պիտի դաստիա­րա­կէ ու կրթէ եւ կերտէ անհա­տա­կա­նութիւն: Քաղա­քա­ցիին դաստիա­րա­կութիւնն է, որ պիտի կերտէ հաւա­քա­կա­նութիւն մը, որ կրնայ զարգա­նալ եւ յառաջխա­ղացք արձա­նագրել: Յառա­ջա­ցած հաւա­քա­կա­նութիւնն է, որ կը ստեղծէ ամուր պետա­կա­նութիւն:

Կրցա՞նք երե­սուն եւ աւե­լի տարի­նե­րուն ընթացքին դաստիա­րա­կել հայ անհա­տը եւ հաւա­քա­կա­նութիւնը, որպէսզի կարե­նանք կերտել ուժեղ եւ հզօր պետա­կա­նութիւն:

Քրիստո­նէա­կան աստուա­ծա­բա­նութեան գլխաւոր հիմքը մարդը վերա­շի­նե­լու մէջ է: Այն մարդը, որ շեղե­ցաւ Աստուծոյ պատկե­րէն: Բայց Աստուած յոյսը չկորսնցուց: Ան մարմնա­ցաւ, աշխարհ եկաւ, խաչուե­ցաւ, մահա­ցաւ եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի մարդը վերա­շի­նէ իր շնորհած Նոր Կեանքով: Այս Նոր Կեանքը Աստուծոյ կողմէ տրուած շնորհքն է մարդուն, որպէսզի ան վերա­շի­նուի: Աստուած մարդը վերա­շի­նեց, որպէսզի նոյն մարդը ուրի­շը  վերա­շի­նէ:

Ճափո­նի մարզի­չը ցոյց տուաւ իր ստա­ցած քաղա­քա­ցիա­կան դաստիա­րա­կութեան եւ անոր արժէ­քին նկատմամբ բարձր գիտակցութիւն մը: Ան վերա­շի­նուած քաղա­քա­ցին է, որ գիտէ յարգել իր անձը, երկիրն ու ուրի­շը եւ այս բոլո­րին մէջէն յառաջխա­ղացք արձա­նագրել, նոյնիսկ երբ ան պարտութիւն կրեց:

Ճափո­նի մարզի­չը խոնարհե­ցաւ:

Կարգը այսօր հայ անհա­տին եւ քաղա­քա­ցիին է: Ասոնց անպայմա­նօ­րէն պիտի յաջորդէ հայ հաւա­քա­կա­նութիւնը եւ պետա­կա­նութիւնը: Ճիշդ է, որ մենք այսօր յուսալքուած, տկար եւ պարտուած կը զգանք, բայց այդ յուսալքուա­ծութիւնը, տկա­րութիւնը եւ պարտութիւնը կրնանք յաղթա­հա­րել, վերա­շի­նել եւ յաղթա­նակ կերտել:

Պիտի վերա­շի­նենք հայը եւ հայուն հաւա­քա­կա­նութիւնը, նաեւ‘ պետա­կա­նութիւնը:

Այս կը սկսի, երբ հայը կը խոնարհի: Եւ խոնարհութեան մէջէն հայը կը մեծնայ ու կը հզօ­րա­նայ:

Երբ Ճափո­նի մարզի­չը կը խոնարհի: Բայց նաեւ‘ հայը:

Նիկո­սիա, դեկտեմբեր 2022

Նոդվա­ծը՝ aztagdaily.com կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ