17.1 C
Yerevan

Խաղա­ղութեան Մեռեալ Օրա­կարգը

Ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմը քաղա­քա­կան պարգեւ մըն էր, որ տրուե­ցաւ հայ ժողո­վուրդին եւ Հայաստա­նին։ Ռուսա­կան կողմի թուլա­ցումը պատճառ դարձաւ, որ Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութեան քաղա­քա­կան շարունա­կա­կա­նութիւնը կանգ առնէ։ Արեւմուտքը արդէն սկսած է թափանցել տարա­ծաշրջան եւ ռուս-թրքա­կան ծրա­գի­րի իրա­գործման արգելք հանդի­սա­նալ։

Գէորգ Թորո­յեան

2020 Նոյեմբեր 9ի յանձնուո­ղա­կան յայտա­րա­րութե­նէն ետք, Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը որդեգրե­ցին խաղա­ղութեան օրա­կարգը։ Նոյն այս օրա­կարգով, ներկայ վարչա­կազմը կազմա­կերպեց արտա­հերթ խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութիւննե­րը եւ ժողո­վուրդի վստա­հութեան քուէն ստա­նա­լով, ինքզինք աւե­լի ապա­հով զգաց Հայաստա­նի հարեւան-թշնա­մի­նե­րուն հետ երկխօ­սութեան ձեռնարկե­լու։

Թէ՛ արտա­հերթ խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութիւննե­րէն առաջ եւ թէ անկէ ետք, Ատրպէյճան ոչ միայն չյարգեց Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութեամբ ստանձնած պարտաւո­րութիւննե­րը (գերի­նե­րու ազատ արձա­կում, զինա­դուլի յարգում, Բերձո­րի միջանցքի անխա­փան գործունէութիւն եւայլն), այլ նաեւ երեք անգամ պատե­րազմ ձեռնարկեց Հայաստա­նի դէմ։ Միա­ժա­մա­նակ, բազմա­թիւ անգամներ Արցա­խի խաղաղ բնա­կիչներ թիրախ դարձան Ատրպէյճա­նի բանա­կի դիպուկա­հարնե­րուն, տեղի ունե­ցան Խծա­բերդի, Փառուխի, բռնագրաւումնե­րը։ Անցեալ տարի ատրպէյճանցի­նե­րուն կողմէ փակուե­ցաւ Արցախ ուղղուող կազա­տա­րը։ Իսկ թէ՛ պետա­կան, թէ՛ լրա­տուա­կան-քարոզչա­կան մակարդակնե­րու վրայ, ատրպէյճանցի­նե­րը կը յոխորտան ոչ միայն Սիւնի­քի միջանցքի պահանջով, այլ նաեւ Սեւա­նայ լիճը, Երեւա­նը խլե­լու սպառնա­լի­քով։ Իսկ այս Դեկտեմբե­րի սկիզբին Բերձո­րի անցքին փակումը, ատրպէյճա­նա­կան հերթա­կան ճնշումն է Հայաստա­նի վրայ, խաղա­ղութեան անոր պատկե­րա­ցումնե­րուն տեղի տալու։

Դժբախտա­բար, հայ քաղա­քա­կան միտքը ճշգրիտ գնա­հա­տա­կա­նը չտուաւ 44օրեայ պատե­րազմին։ Չհասկցանք, որ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը այս պատե­րազմին շարունա­կութիւնն է 1915ի Հայոց Ցեղասպա­նութեան, տակաւին չենք ուզեր հասկնալ որ Ռուսիոյ հովա­նաւո­րութեամբ Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութիւնը շարունա­կուող օղակն է Քեմալ-Լենին 1920ի համա­ձայնութեան, որով Հայաստա­նը իբրեւ մանրադրամ բաժնե­ցին իրենց միջեւ։

44օրեայ պատե­րազմը տեղադրել միմիայն հայ-ատրպէյճա­նա­կան հակա­մարտութեան ծիրէն ներս, մեծա­գոյն սխալն է, որ ինքզինքին թոյլ կրնայ տալ քաղա­քա­կան որեւէ ուժ։ Միայն Մինսքի խմբա­կի անցեա­լի գործունէութիւնը անոր վառ ապա­ցոյցն է։ Եւ այս հանգա­մանքը, դժբախտա­բար, երեք տասնա­մեակ ականջի ետեւ նետե­ցինք։ Հետեւանքը՝ 44օրեայի մեր պարտութիւնն էր։

Ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմը քաղա­քա­կան պարգեւ մըն էր, որ տրուե­ցաւ հայ ժողո­վուրդին եւ Հայաստա­նին։ Ռուսա­կան կողմի թուլա­ցումը պատճառ դարձաւ, որ Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութեան քաղա­քա­կան շարունա­կա­կա­նութիւնը կանգ առնէ։ Արեւմուտքը արդէն սկսած է թափանցել տարա­ծաշրջան եւ ռուս-թրքա­կան ծրա­գի­րի իրա­գործման արգելք հանդի­սա­նալ։ Այս պարունա­կին մէջ պէտք է տեսնել Ատրպէյճա­նի կողմէ Բերձո­րի միջանցքի փակումը եւ ռուսա­կան անկա­րո­ղութիւնն ու չկա­մութիւնը։

Սակայն միջանցքի փակումը նաեւ քաղա­քա­կան խաղա­թուղթ մը տուաւ Հայաստա­նին։ Անցնող շաբաթ ՄԱԿի Ապա­հո­վութեան խորհուրդի կողմէ Բերձո­րի անցքի փակման քննարկումը, ինքնըստինքեան թէ՛ անցքին եւ թէ առհա­սա­րակ Արցա­խի հարցին միջազգայնա­ցումն էր, թէկուզ մարդա­սի­րութեան պիտա­կին տակ։ Ապա­հո­վութեան խորհուրդի նիստին խօսք առնողնե­րը, որոնք շեշտե­ցին անցքի բացման անհրա­ժեշտութիւնը, անուղղա­կիօ­րէն ընդունե­ցին Արցա­խի հարցի գոյութիւնը, զորս Ատրպէյճան աւե­լի քան երկու տարի է կը հերքէ։ Այս փաստը պէտք է օգտա­գործուի հայկա­կան դիւա­նա­գի­տութեան կողմէ, առաջ մղե­լով Արցա­խի ժողո­վուրդի ինքնո­րոշման իրաւունքը։ Եթէ 30 տարի Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը խաբե­ցին սեփա­կան ժողո­վուրդին, թաքցնե­լով բանակցութիւննե­րու ընթացքը, այն սին պատրանքը ստեղծե­լով, որ կը բանակցին Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կին շուրջ, ապա այսօր Ռուսիոյ թուլա­ցումով եւ Ատրպէյճա­նի ոչ-ճիշդ հաշուարկնե­րու բերումով Հայաստա­նին տրուած է առիթ մը Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կի հարցը բարձրացնել միջազգա­յին ատեաննե­րու մէջ եւ զայն ներկա­յացնել թէկուզ իբրեւ մարդա­սի­րա­կան խնդիր։

Այս բոլոր իրա­դարձութիւննե­րը կը յուշեն, թէ խաղա­ղութիւն առայժմ չկայ։ Մեզի տրուած խաղա­ղութեան այս պահը հանգրուան մըն է, որ կրնայ երկար չտեւել։ Արեւմուտքի կողմէ խաղա­ղութեան եւ կայունութեան կոչե­րը եւս հանգրուա­նի մը համար են, որմէ պէտք է առաւե­լա­գոյնս օգտուինք։

Հայաստա­նի եւ հայ ժողո­վուրդի առջեւ ծառա­ցած բազմա­թիւ խնդիրնե­րէն գլխաւո­րը Արցա­խի եւ արցա­խա­հա­յութեան գոյութեան հարցերն են։ Ոչ իշխա­նութիւննե­րը, ոչ ալ ընդդի­մութիւնը այլեւս իրաւունք չունին կեղծ օրա­կարգե­րով ներկա­յա­նա­լու ժողո­վուրդին, որ յոգնած է արդէն անոնց լեզուակռիւնե­րէն եւ փոխա­դարձ անի­մաստ մեղադրանքնե­րէն։

1994ին պարտուած Ատրպէյճա­նը 25 տարի չգնաց խաղա­ղութեան եւ համբե­րա­տար կերպով բանակցե­լով, ժամա­նակ շահե­լով, հզօ­րա­ցաւ այնքան, որ ձեռնարկեց պատե­րազմի եւ այսօր խաղա­ղութեան կոչեր հնչեցնող Երեւա­նին կը սպառնայ նոյնինքն Երեւա­նի գրաւումով։

Ատրպէյճա­նի խաղա­ղութեան պատկե­րա­ցումը 1915ի Ցեղասպա­նութեան շարունա­կութիւնն է։ Ինչպէ՞ս կարե­լի պիտի ըլլայ հայկա­կան կողմին խաղա­ղութեան պատկե­րա­ցումը պարտադրել Ատրպէյճա­նին ։ Ահաւա­սիկ այս հարցումին պարտաւոր են պատասխա­նել Հայաստա­նի քաղա­քա­կան ուժերն ու իշխա­նութիւննե­րը։

Ինչպէս նշե­ցինք. առանց 44օրեայ պատե­րազմի քաղա­քա­կան ճշգրիտ գնա­հա­տա­կա­նը տալու, առանց ընդունե­լու իւրա­քանչիւրիս յանցաւոր մեղսակցութիւնը այդ պարտութեան, մենք պիտի շարունա­կենք խարխա­փիլ հերոսներ եւ դաւա­ճաններ փնտռե­լու ոլո­րապտոյտին մէջ։ Թշնա­միին ցանկութիւնն ալ այդ է։

Արցա­խի հարցը անխուսա­փե­լիօ­րէն միջազգայնա­ցած է, ի հեճուկս Ալիեւի եւ Ռուսիոյ։ Անհրա­ժեշտ է օգտուիլ քաղա­քա­կան այս պահէն, ճիշդ կողմնո­րո­շումով ապա­հո­վել առա­ջին հերթին անոր անվտանգութիւնը եւ ապա քաղա­քա­կան կարգա­վի­ճա­կը։ Ճիշդ է, որ միջազգա­յին ընտա­նի­քը այսօր աւե­լի շատ զբա­ղած է ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմով, բայց եւ այնպէս մեզի համար ստեղծուած է որոշ չափով բարենպաստ պայմաններ Հայաստա­նի շահե­րը առաջ մղե­լու։

Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը պարտաւոր են հասկնալ եւ Ատրպէյճա­նին հասկցնել եւ գործել այն համո­զումով, որ եթէ խաղա­ղութիւն պիտի հաստա­տուի, ապա այդ պէտք է ըլլայ հայկա­կան օրա­կարգով։
Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ