21.9 C
Yerevan

Լաւրո­վի Խոստո­վա­նութիւնը

Եւրո­պա­կան Միութեան դիտորդա­կան առա­քե­լութեան խումբի ժամա­նումը Հայաստան, վերջին 200 տարի­նե­րու ռուսա­կան տիրա­պե­տութեան վերջաւո­րութեան սկզբնաւո­րութիւնը կրնայ ըլլալ։ Լաւրո­վի յայտա­րա­րութիւնը պարտութիւն դիմագրաւող եւ անզօ­րութեան մատնուած դիւա­նա­գէ­տի մը տագնա­պին եւ խուճա­պին դրսեւո­րումն է։

Գէորգ Թորո­յեան

Ամէ­նէն խստա­պա­հանջ եւ մոլե­ռանդ կաթո­ղի­կէ կղե­րա­կա­նը թերեւս չյա­ջո­ղէր Ռուսիոյ արտա­քին գործոց նախա­րար Սերկէյ Լաւրո­վէն կորզել այնպի­սի խոստո­վա­նութիւն, որ ան կատա­րեց 2 Փետրուար 2023ին, «Ռոսիա 24» ին եւ «ՌԻԱ Նովոսթի»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, երբ ան յայտա­րա­րեց, թէ Ատրպէյճան վերա­դարձուցած է իր տարածքնե­րը, որոնք տարի­ներ շարունակ գրաւուած էին Հայաստա­նի կողմէ։

Բնա­կա­նա­բար նման յայտա­րա­րութիւն մը ընդվզում պիտի առա­ջացներ հայ հասա­րա­կութեան մէջ։ Ի վերջոյ Ռուսիա Հայաստա­նի ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կիցն է եւ իբրեւ այդպի­սին՝ պարտաւո­րութիւն ունի պաշտպա­նե­լու Հայաստա­նի շահե­րը եւ տեսա­կէտնե­րը։ Բայց…

44օրեայ պատե­րազմը եւ անոր յաջորդած քաղա­քա­կան եւ ռազմա­կան իրա­դարձութիւննե­րը եկան յուշե­լու, որ Ռուսիա այնքան ալ մեր ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կի­ցը չէ եւ Լաւրո­վի այս յայտա­րա­րութիւնը, ըստ էութեան, նորութիւն մը չէր այլ պարզա­պէս ինքնա­բա­ցա­յայտման հերթա­կան վառ ապա­ցոյցը։ Արցա­խեան առա­ջին պատե­րազմէն ի վեր, Թուրքիա­յէն եւ Ատրպէյճա­նէն ետք, Ռուսիա միակ երկիր դարձաւ, որ Հայաստան կոչեց բռնագրաւող երկիր եւ արդա­րա­ցուց Ատրպէյճա­նի պատե­րազմի ձեռնարկումը 2020ի Սեպտեմբե­րին։ Իսկ Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութե­նէն ետք, թէ Ռուսիոյ նախա­գա­հին այն յայտա­րա­րութիւնը, որ Արցա­խը Ատրպէյճան է եւ թէ այդ երկի­րի տարբեր մակարդա­կի պաշտօ­նեա­նե­րու ատրպէյճա­նա­մէտ յայտա­րա­րութիւննե­րը բացա­յայտօ­րէն կը խօսին այն իրո­ղութեան մասին, որ Ռուսիա այս տարա­ծաշրջա­նին մէջ Ատրպէյճա­նի շահե­րուն պաշտպա­նը դարձած է։

Առա­ջին հերթին, պրն. Լաւրո­վին պէտք է յիշեցնել մօտիկ անցեա­լի քաղա­քա­կան իրա­դարձութիւննե­րը։ Այսպէս, Արցա­խեան հարցը ՄԱԿի Մարդկա­յին իրաւունքնե­րու յանձնա­ժո­ղո­վին կողմէ քննարկուած է 1991 Մարտ 5ին։ Քննարկումին ընթացքին նշուած է տեղւոյն հայ ազգաբնակչութեան իրաւունքնե­րու եւ ինքնո­րոշման իրաւունքի ոտնա­հա­րումը։ Իսկ աւե­լի ուշ, 1993ին, երբ հայկա­կան բանա­կը դուրս գալով Լեռնա­յին Արցա­խի սահմաննե­րէն սկսաւ ազա­տագրել պատմա­կան Արցա­խի շրջաննե­րը, ՄԱԿի Ապա­հո­վութեան խորհուրդը չորս բանա­ձեւեր ընդունեց, թիւ 822 (1993 Ապրիլ 30), 853 (1993 Յունիս 29), 874 (1993 Հոկտեմբեր 14) եւ 884 (1993 Նոյեմբե­րի 12)։

Վերոնշեալ բանա­ձեւե­րուն մէջ ոչ մէկ տեղ նշուած է Հայաստա­նի անունը, այլ կը յիշուի «հայկա­կան զինուած ուժեր» եզրը։ Թէ պրն. Լաւրով ի՞նչ հիման վրայ կ՛ամբաստանէ Հայաստա­նը, հարցա­կան է։ Աւե­լին, ՄԱԿի բանա­ձեւե­րէն երկուքին (853 եւ 884) մէջ յստա­կօ­րէն կը դատա­պարտուի Ատրպէյճա­նը՝ զինա­դա­դա­րի խախտե­լուն եւ հայկա­կան բնա­կա­վայրե­րը ռմբա­կո­ծե­լուն համար, որուն պատճա­ռով հայկա­կան ուժե­րը գրաւած էին Քարվա­ճա­ռը, Ակնան (Աղտամ), Ջրա­կա­նը (Զանգե­լան) եւ Հորա­դի­զը։ Իսկ պրն. Լաւրով, ի հակա­ռակ այս բանա­ձեւե­րուն, կ՛արդարացնէ Ատրպէյճա­նի շղթա­յա­զերծած 44օրեայ պատե­րազմը։ Պարզա­պէս պէտք է յիշել, որ ՄԱԿի Ապա­հո­վութեան խորհուրդի այս որո­շումնե­րուն տակ ստո­րագրած է նաեւ Լաւրո­վի երկի­րը՝ Ռուսիան։ Իսկ ամէ­նէն ցաւա­լին այն է, որ նոյնինքն Լաւրո­վը ոչ մէկ ակնարկութիւն կը կատա­րէ Հադրութի եւ Շուշիի մասին, որոնք մաս կը կազմեն Լեռնա­յին Արցա­խին։ Նոյնպէս, ան բացարձակ լռութիւն կը պահէ Բերձո­րի անցքի փակման մասին եւ 120,000 հայե­րու ցեղասպա­նուե­լու վտանգին վրա­յէն կ՛անցնի, առանց ոչ մէկ խօսք արտա­սա­նե­լու, երբ Հայաստան Ռուսիոյ ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կիցն է։

Պրն. Լաւրո­վին պէտք է յուշել, որ ոչ Հայաստա­նի եւ ոչ ալ աշխարհի պատմութիւնը չէ սկսած Խորհրդա­յին Միութեան ստեղծումով եւ առ այդ, անոր պարտադրած սահմա­նագծումնե­րը չեմ համա­րուիր սրբութիւն եւ անփո­փո­խե­լի։ Այդ պարտադրուած սահմա­նագծումնե­րուն հիման վրայ է, որ Հայաստան կը մեղադրուի իբրեւ բռնագրաւող։

Ռուսիոյ արտա­քին նախա­րա­րին պէ՞տք է յիշեցնել, որ Ռուսիա բռնագրաւած էր Հայաստա­նը 1920էն մինչեւ 1991 եւ ստա­լի­նեան բռնաճնշումով Արցա­խը կցուած է Ատրպէյճա­նին։ Պէտք է յիշեցնե՞նք պրն Լաւրո­վին 1937–38 թուա­կաննե­րուն Ռուսիոյ, իբրեւ բռնագրաւող երկիր, կատա­րած ոճիրնե­րը հայ ժողո­վուրդին նկատմամբ։

Պատմութիւնը Ռուսիոյ դիմա­գի­ծը առաւել եւս կրնայ մրո­տել։ Բայց Լաւրո­վի ի բերա­նոյ քումէ այս խոստո­վա­նութիւնը դիւա­նա­գի­տա­կան հասկա­ցութեամբ ընդունուած բառամթերքէն դուրս է եւ պատճա­ռը այն է, որ ռուսա­կան դիւա­նա­գի­տութեան պետը կը գիտակցի, որ ուքրա­նա­կան ճակա­տին վրայ զինուո­րա­կան ձախո­ղութիւննե­րու կողքին, Կովկա­սեան ճակա­տի վրայ Հայաստա­նի վարած հաւա­սա­րակշիռ քաղա­քա­կա­նութեան պատճա­ռով, ռուսա­կան դիրքե­րը արդէն վտանգուած են։ Ռուսե­րու նման, Լաւրովն ալ չհասկցաւ, որ Կովկա­սի մէջ ռուսե­րու վստա­հե­լի միակ դաշնա­կի­ցը Հայաստանն է, որուն միշտ ալ դաւա­ճա­նած են։ Չհասկցան, որ Կովկա­սի մէջ իրենց դիրքերն ու ազդե­ցութիւնը պահե­լու համար, անհրա­ժեշտ էր ուժեղ Հայաստան։

Եւրո­պա­կան Միութեան դիտորդա­կան առա­քե­լութեան խումբի ժամա­նումը Հայաստան, վերջին 200 տարի­նե­րու ռուսա­կան տիրա­պե­տութեան վերջաւո­րութեան սկզբնաւո­րութիւնը կրնայ ըլլալ։ Լաւրո­վի յայտա­րա­րութիւնը պարտութիւն դիմագրաւող եւ անզօ­րութեան մատնուած դիւա­նա­գէ­տի մը տագնա­պին եւ խուճա­պին դրսեւո­րումն է։
 Այլա­պէս ալ, Ռուսիոյ արտա­քին գործոց նախա­րա­րը կը հնչեցնէ նոյն այն թէզե­րը կամ տեսա­կէտնե­րը, որոնք վերջին 30 տարի­նե­րուն, մենք վարժուած էինք լսել միմիայն Թուրքիա­յէն եւ Ատրպէյճա­նէն։ Այս տեսա­կէտնե­րու նոյնա­ցումը ապա­ցոյց է, որ ռուսա­կան քաղա­քա­կա­նութիւնը կը հակա­սէ Հայաստա­նի պետա­կա­նութեան շահե­րուն եւ բացա­յայտ համա­կարգում կայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճա­նի հետ, ի հեճուկս Հայաստա­նի։

Դժբախտա­բար, մենք միշտ ալ անտես ըրած ենք մեր մեծե­րու մտա­ծումնե­րը եւ անոնց պատգա­մը, որոնք պէտք է ուղե­ցոյց ծառա­յեն մեզի մեր հայրե­նի­քին շուրջ կատա­րուող իրա­դարձութիւննե­րը լաւա­պէս ըմբռնե­լու եւ քաղա­քա­կա­նօ­րէն ճիշդ կողմնո­րո­շուե­լու համար։ Իբրեւ վերջա­բան յիշեցնենք Դաշնակցութեան հիմնա­դիրնե­րէն Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեա­նի խօսքը, որ մարգա­րէութիւն չէ, այլ իրե­րու ճիշդ գնա­հա­տում․ «Յայտնի է նոյնպէս, որ նոյն ռուս կառա­վա­րութիւնը կովկա­սեան ազգե­րից թաթարնե­րին նախընտրում է բոլո­րից աւե­լին»։

Առնչվող Հոդվածներ