ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

2008-ի Արյունոտ Գարունը

Տարբեր զարգացում չէր կրնար ունենալ 2008ի նախագահական ընտրապայքարին ողջ ընթացքը բնորոշած թշնամական բեւեռացումը թեկնածուներ Սերժ Սարգսեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի միջեւ։ Ժողովրդավարական արժէքները հիմնովին ոտնակոխող բեւեռացում մը, որ պետական թէ ստուերային իշխանաւոր ուժերու նիւթական խայծերով եւ սպառնական ճնշումներով՝ զոյգ մրցակիցներու հակակշռին տակ դրաւ քուէները ընտրազանգուածին։

Նազարեթ Պէրպէրեան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

ՄԱՐՏԻ ՄԷԿ
2008 ԹՈՒԱԿԱՆ

Քաղաքական բռնիշխանութեան ամօթալի խարանը եւ քաղաքացիական խռովութեանց ուսանելի դասերը

Մարտի առաջին օրը, տասնեւհինգ տարի առաջ, Հայաստանի համար աննախադէպ ողբերգութեան մը ականատեսը դարձուց ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը, այլեւ՝ քաղաքակիրթ ամբողջ աշխարհը։
Փետրուար 2008ի վերջին գիշերուան ուշ ժամերէն սկսեալ, քաղաքացիական խռովութեանց եւ եղբայրասպան պատերազմի չարաբաստիկ ուրուական մը թեւածեց քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնական հրապարակին ու շրջակայքին վերեւը, յատկապէս հարաւակողմը՝ Ալ. Միասնիկեանի արձանին մերձաւորութեամբ։
Հայութեան հետ նաեւ միջազգային հանրային կարծիքը ցնցուեցաւ՝ ի տես ոչ միայն նոյն ազգի զաւակներուն՝ ցուցարարներու եւ զինուորականներու միջեւ արիւնալի բախումներու, այլեւ Երեւանի կեդրոնէն ներս վաճառատուններու եւ պատահական ինքնաշարժներու ջախջախման ու կողոպուտի տեսարաններուն, որոնք վայրկեանը վայրկեանին հեռարձակուեցան աշխարհի չորս ծագերուն։
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան երիտասարդ ժողովրդավարութեան ճակտին ամօթի խարան մը եղան 1 Մարտ 2008ի խռովութիւնները՝ խորհրդանշելով քաղաքական բրտութեան խոցով ու ցաւով հիւանդագին գալարումը հայոց պետականութեան, ժողովրդավարական կարգերու կայացման դժուարին ճանապարհին։

*

  • *

Տակաւին այսօր եւս, երբ արդէն տասնեւհինգ տարուան հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք Մարտ 1ին մեր հայրենիքը ծանրագոյն անձկութեան մատնած քաղաքացիական ողբերգութեան վրայ, ի վիճակի չենք ամբողջական եւ սպառիչ պատասխանը գտնելու այն մեծ հարցադրումին, թէ՝ ինչո՞ւ պատահեցաւ այդպիսի գահավիժում մը մեր երկրի ու ժողովուրդի կեանքին մէջ, Հայաստանի առաջին նախագահին շուրջ խմբուած ուժերը ինչո՞ւ բիրտ ուժով իշխանութեան տիրանալու փորձ կատարեցին եւ, մանաւա՛նդ, ի՞նչ էր պատասխանատուութեան բաժինը Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն շուրջ խմբուած ուժերուն, այսինքն՝ օրուան իշխանութեանց եւ պետական կառոյցներուն, Մարտ 1ի խռովութեանց եւ զինեալ բախումներու հրահրումին մէջ։
Փաստօրէն դեռ մինչեւ այսօր թափանցիկ ու սպառիչ հաշուետուութեամբ տրուած չէ Մարտ 1ի խռովութեանց քաղաքական անկողմնակալ գնահատականը։ Յատկապէս այդ նպատակով կազմուած խորհրդարանական խառն յանձնաժողովն անգամ, քանի մը անգամ երկարաձգելէ ետք իր աշխատանքի ամբողջացման ժամկէտը, ի վերջոյ սուսուփուս ձեռքերը լուաց եւ մէկ կողմ քաշուեցաւ, երբ չկրցաւ հիմնական հարցադրումին պատասխանը գտնել կամ… ներկայացնել հայ հանրութեան դատաստանին։
Անշուշտ դժուար չէր պարզել եւ դիւրին եղաւ ճշդել պատասխանատուութեան բաժինը բողոքի հաւաքներու եւ ցոյցերու կազմակերպման ձեռնամուխ եղած քաղաքական ճամբարին, որ կը գլխաւորուէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ։
Բայց Նոյնքան պարզ չէր եւ մինչեւ վերջ ալ դժուար եղաւ ստուգապէս ճշդել, թէ պաշտօնաւարտ նախագահ Ռ. Քոչարեանի եւ նորընտիր նախագահ Ս. Սարգսեանի իշխանաւոր ճամբարն ու ղեկավարած ուժային կառոյցները, իրե՛նք, որքանո՞վ պատասխանատուութեան բաժին ունեցան քաղաքացիական հակադրութեան եւ լարուածութեան՝ խռովարարութեան այդ աստիճան սրումին մէջ։

*

  • *

Մարտ 1ի եղբայրասպան ընդհարումները յանկարծակի չպատահեցան։
19 Փետրուարի նախագահական ընտրութեանց աւարտին հետ, անմիջապէս, ծայր առին նախագահական թեկնածու Սերժ Սարգսեանի օգտին տրուած քուէներու 52 տոկոսի մեծամասնութան արդիւնքը վիճարկող, մերժող եւ բողոքարկող Տէր-Պետրոսեանական ճամբարի հաւաքներն ու ցոյցերը։ Շուրջ տասը օր շարունակուելով՝ այդ հաւաքներն ու ցոյցերը աստիճանաբար թափ ստացան եւ աւելի կարծր առճակատման հունի մէջ մտան՝ քաղաքացիական ընդհարման վտանգը անխուսափելի դարձնելով։
Տարբեր զարգացում չէր կրնար ունենալ 2008ի նախագահական ընտրապայքարին ողջ ընթացքը բնորոշած թշնամական բեւեռացումը թեկնածուներ Սերժ Սարգսեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի միջեւ։ Ժողովրդավարական արժէքները հիմնովին ոտնակոխող բեւեռացում մը, որ պետական թէ ստուերային իշխանաւոր ուժերու նիւթական խայծերով եւ սպառնական ճնշումներով՝ զոյգ մրցակիցներու հակակշռին տակ դրաւ քուէները ընտրազանգուածին։
Հետեւանքը քաղաքական բացայայտ անզօրութիւնն էր նախագահական աթոռին տիրացած Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցներու ճամբարին։
Նորընտիր նախագահը համաժողովրդային վստահութեան բարոյական յենարանը չունէր, որպէսզի կարենար քաղաքականապէս յաղթահարել ընտրութեանց արդիւնքին դէմ ծաւալած տարածուն բուռն դժգոհութիւնը, որ միայն Տէր-Պետրոսեանական ճամբարի հաւաքներուն եւ ցոյցերուն շրջանակով չէր սահանափակուած։
Այդ պայմաններուն մէջ, ինչպէս որ ընտրութիւններուն պարտուած կողմը քաղաքացիական հակադրութեանց լարումին մէջ կը փնտռէր ջուրին երեսը մնալու յուսահատական իր ելքը, այնպէս ալ յաղթական կողմը անելէն դուրս գալու ձեռնտու ելք նկատեց բիրտ ուժով ճնշումը խռովութեանց՝ բոլորին հասկցնելու համար, թէ իշխանութիւնը ի վիճակի է բիրտ ուժով պարտադրելու իր յաղթանակին «օրինականութիւն»ը։
Այդպէս ալ եղաւ։
Նախագահական իշխանութեան համակարգին կուրօրէն հաւատարմագրուած զօրայինները բիրտ ուժով փորձեցին հաւաքներուն վերջ տալ եւ ցուցարարները ցրուել։
Իսկ վերջինները աւելիով բիրտ, նոյնիսկ գրգռիչ եղան իրենց հակադարձութեան մէջ…
Աւելի քան տասնեակով սպանեալ եւ բազմատասնեակ վիրաւորներ ինկան Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն վրայ։ Մարտ 1ի խռովութիւնները զսպելու եւ հասարակութեան մէջ ստեղծուած անիշխանական մթնոլորտը յաղթահարելու կարգախօսքով՝ իշխանութիւնը պաշարման վիճակ եւ գրաքննութիւն հաստատեց, հարիւրաւորներ բանտերը նետեց եւ, ոստիկանական պետութեան մը ամպհովանիին տակ, յառաջացաւ դէպի նախագահական նոր վարչակազմի ձեւաւորումը։

*

  • *

Միջազգային ընտանիքը անշուշտ օգտագործեց առիթը։ Մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարական ազատութեանց պաշտպանութեան կարգախօսքով՝ Հայաստանով եւ տարածաշրջանով շահագրգռուած մեծ տէրութիւնները յարմար պահը գտան պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալուեւ իրենց պայմաններն ու հաշիւները պարտադրելու համար համաժողովրդային վստահութեան կռուանէ զուրկ նախագահական նորահաստատ իշխանութեան ։
Պատահականօրէն չէր, հետեւաբար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահը իր ընտրութենէն կարճ ժամանակ ետք յայտնուեցաւ մեծապետական ծանրագոյն ճնշումին տակ՝ ընկղմելու… Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այսպէս կոչուած «Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ոլորապտոյտին եւ աւազախրումին մէջ:
Այդ ամէնը, դժբախտաբար, ողբերգական այդ թուականէն տասնեւհինգ տարի ետք իսկ, ոչ միայն դեռ սպիացած վէրք չեն, այլեւ պարբերական գալարումներով վերանորոգուող խոց ու ցաւ կը պատճառեն հայ քաղաքացիական հասարակութեան։ Յուլիս 2016ի «Սասնայ Ծռեր»ու պետական յեղաշրջման արիւնալի, այլեւ ապարդիւն փորձին ողբերգութիւնը ցաւագին առումով խօսուն վկայութիւնը եղաւ շարունակուող ներքին… արիւնահոսութեան։
Անշուշտ շատ ճիգեր թափուեցան 15ամեայ այս ժամանակամիջոցին, որպէսզի Մարտ 1ին բացած վէրքերը արմատականօրէն դարմանուին եւ բնաւ չկրկնուին։
Այդուհանդերձ` ամօթի խարանը կը շարունակէ ուրուականի պէս իր ստուերը զգալի պահել վերածնեալ Հայաստանի եւ հայութեան ազգային-քաղաքական ինքնագիտակցութեան ու հասարակական ինքնաճանաչման հաստատակամ երթին վերեւը…

*

  • *

Հայաստանի երիտասարդ ժողովրդավարութեան ճակտին յամեցող քաղաքական եւ քաղաքացիական բրտութեանց ամօթալի խարանը վերջնականապէս կը ջնջուի միայն այն ժամանակ, երբ հետեւողականօրէն կ’ամրապնդուին ժողովրդավարական մասնակցութեան կռուանները մեր երկրին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ, երբ կը յարգուի եւ ակնածանքով կ’ընկալուի իւրաքանչիւր քաղաքացիի քուէն, ազատօրէն ընտրութիւն կատարելու քաղաքացիական իրաւունքը, որպէսզի իշխանութեան ոչ մէկ յաւակնորդ փորձէ խաղալ քաղաքացիական բեւեռացման կրակին հետ այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ 1 Մարտ 2008ի նախօրէին, ընթացքին եւ… աւարտին։
Այդպէ՛ս, Ազգի եւ Հայրենիքի պայծառ գալիքը խարսխուած է 1 Մարտ 2008ի ողբերգութեամբ ու անհարկի արեան հեղումով ցաւագինօրէն ամրագրուած անմոռանալի այն պատգամին վրայ, թէ՝

  • ժողովրդավարութեան հզօրութիւնը կը կայանայ քուէի ուժով իշխանափոխութիւն իրագործելու հնարաւորութեան մէջ,
  • Ժողովուրդի իշխանութեան հաստատումով պայմանաւորուած է իշխանութիւններու ժողովրդավարական ընտրութեանց եւ ձեւաւորման ազատ ու արդար բնոյթը,
  • Պետական ու քաղաքական իշխող համակարգի արմատական բարեկարգման ու ժողովրդավարացման նախապայմանը կազմակերպումն ու հզօրացումն է ժողովրդային պահանջատիրութեան՝ բողոքի ու ճնշումի անդիմադրելի, անխորտակելի շարժումին։

Առ այդ՝ Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքէն արմատախիլ պէտք է ընել ամէն կարգի քաղաքացիական պայթումի վտանգաւոր որոմները։
Իսկ հասարակական մեր շաղախը թունաւորող ու պառակտող որոմները արմատախիլ կ՚ըլլան եւ կը վնասազերծուին միայն այն ժամանակ, երբ հետեւողականօրէն կ՚ամրապնդուին ժողովրդավարական մասնակցութեան կռուանները մեր երկրին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ, որպէսզի իշխանութեան ոչ մէկ յաւակնորդ փորձէ խաղալ քաղաքացիական բեւեռացման կրակին հետ այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ 1 Մարտ 2008ի նախօրէին, ընթացքին եւ… աւարտին։
Ժողովրդավարական բողոքի շարժումին «վառօդի տակառ»ը անխուսափելի պայթումի մատնող իշխանամոլութեան դրսեւորումներուն դէմ յանդիման, դէպի խաղաղ իշխանափոխութիւն յառաջանալու հաստատակամութեամբ, անհրաժեշտ է մոռացութեան չտալ 1 Մարտ 2008ի ամօթի խարանը եւ, հեռու մնալով ազգային-հասարակական մեր շաղախը խոցող ցնցումներէն, գտնել ժողովուրդի կամքին հանդէպ յարգանք պարտադրելու ժողովրդավարական պայքարի ուղին։
Որպէսզի երբեք չկրկնուի Մարտ Մէկի ողբերգութիւնը։
Որպէսզի միշտ յարգուի Ժողովուրդին Կամքը։

Գրառումը՝ Նազարեթ Պէրպէրեանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *