21.4 C
Yerevan

2008‑ի Արյունոտ Գարունը

Տարբեր զարգա­ցում չէր կրնար ունե­նալ 2008ի նախա­գա­հա­կան ընտրա­պայքա­րին ողջ ընթացքը բնո­րո­շած թշնա­մա­կան բեւե­ռա­ցումը թեկնա­ծուներ Սերժ Սարգսեա­նի եւ Լեւոն Տէր-Պետրո­սեա­նի միջեւ։ Ժողովրդա­վա­րա­կան արժէքնե­րը հիմնո­վին ոտնա­կո­խող բեւե­ռա­ցում մը, որ պետա­կան թէ ստուե­րա­յին իշխա­նաւոր ուժե­րու նիւթա­կան խայծե­րով եւ սպառնա­կան ճնշումնե­րով՝ զոյգ մրցա­կիցնե­րու հակակշռին տակ դրաւ քուէ­նե­րը ընտրա­զանգուա­ծին։

Նազա­րեթ Պէրպէ­րեան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­տետր

ՄԱՐՏԻ ՄԷԿ
2008 ԹՈՒԱԿԱՆ

Քաղա­քա­կան բռնիշխա­նութեան ամօ­թա­լի խարա­նը եւ քաղա­քա­ցիա­կան խռո­վութեանց ուսա­նե­լի դասե­րը

Մարտի առա­ջին օրը, տասնեւհինգ տարի առաջ, Հայաստա­նի համար աննա­խա­դէպ ողբերգութեան մը ակա­նա­տե­սը դարձուց ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայ ժողո­վուրդը, այլեւ՝ քաղա­քա­կիրթ ամբողջ աշխարհը։
Փետրուար 2008ի վերջին գիշե­րուան ուշ ժամե­րէն սկսեալ, քաղա­քա­ցիա­կան խռո­վութեանց եւ եղբայրասպան պատե­րազմի չարա­բաստիկ ուրուա­կան մը թեւա­ծեց քաղա­քա­մայր Երեւա­նի կեդրո­նա­կան հրա­պա­րա­կին ու շրջա­կայքին վերեւը, յատկա­պէս հարաւա­կողմը՝ Ալ. Միասնի­կեա­նի արձա­նին մերձաւո­րութեամբ։
Հայութեան հետ նաեւ միջազգա­յին հանրա­յին կարծի­քը ցնցուե­ցաւ՝ ի տես ոչ միայն նոյն ազգի զաւակնե­րուն՝ ցուցա­րարնե­րու եւ զինուո­րա­կաննե­րու միջեւ արիւնա­լի բախումնե­րու, այլեւ Երեւա­նի կեդրո­նէն ներս վաճա­ռա­տուննե­րու եւ պատա­հա­կան ինքնա­շարժնե­րու ջախջախման ու կողո­պուտի տեսա­րաննե­րուն, որոնք վայրկեա­նը վայրկեա­նին հեռարձա­կուե­ցան աշխարհի չորս ծագե­րուն։
Վերանկա­խա­ցեալ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան երի­տա­սարդ ժողովրդա­վա­րութեան ճակտին ամօ­թի խարան մը եղան 1 Մարտ 2008ի խռո­վութիւննե­րը՝ խորհրդանշե­լով քաղա­քա­կան բրտութեան խոցով ու ցաւով հիւանդա­գին գալա­րումը հայոց պետա­կա­նութեան, ժողովրդա­վա­րա­կան կարգե­րու կայացման դժուա­րին ճանա­պարհին։

*

  • *

Տակաւին այսօր եւս, երբ արդէն տասնեւհինգ տարուան հեռաւո­րութե­նէն յետա­դարձ ակնարկ մը կը նետենք Մարտ 1ին մեր հայրե­նի­քը ծանրա­գոյն անձկութեան մատնած քաղա­քա­ցիա­կան ողբերգութեան վրայ, ի վիճա­կի չենք ամբողջա­կան եւ սպա­ռիչ պատասխա­նը գտնե­լու այն մեծ հարցադրումին, թէ՝ ինչո՞ւ պատա­հե­ցաւ այդպի­սի գահա­վի­ժում մը մեր երկրի ու ժողո­վուրդի կեանքին մէջ, Հայաստա­նի առա­ջին նախա­գա­հին շուրջ խմբուած ուժե­րը ինչո՞ւ բիրտ ուժով իշխա­նութեան տիրա­նա­լու փորձ կատա­րե­ցին եւ, մանաւա՛նդ, ի՞նչ էր պատասխա­նա­տուութեան բաժի­նը Հայաստա­նի երկրորդ եւ երրորդ նախա­գահնե­րուն շուրջ խմբուած ուժե­րուն, այսինքն՝ օրուան իշխա­նութեանց եւ պետա­կան կառոյցնե­րուն, Մարտ 1ի խռո­վութեանց եւ զինեալ բախումնե­րու հրահրումին մէջ։
Փաստօ­րէն դեռ մինչեւ այսօր թափանցիկ ու սպա­ռիչ հաշուե­տուութեամբ տրուած չէ Մարտ 1ի խռո­վութեանց քաղա­քա­կան անկողմնա­կալ գնա­հա­տա­կա­նը։ Յատկա­պէս այդ նպա­տա­կով կազմուած խորհրդա­րա­նա­կան խառն յանձնա­ժո­ղովն անգամ, քանի մը անգամ երկա­րաձգե­լէ ետք իր աշխա­տանքի ամբողջացման ժամկէ­տը, ի վերջոյ սուսուփուս ձեռքե­րը լուաց եւ մէկ կողմ քաշուե­ցաւ, երբ չկրցաւ հիմնա­կան հարցադրումին պատասխա­նը գտնել կամ… ներկա­յացնել հայ հանրութեան դատաստա­նին։
Անշուշտ դժուար չէր պարզել եւ դիւրին եղաւ ճշդել պատասխա­նա­տուութեան բաժի­նը բողո­քի հաւաքնե­րու եւ ցոյցե­րու կազմա­կերպման ձեռնա­մուխ եղած քաղա­քա­կան ճամբա­րին, որ կը գլխաւո­րուէր Լեւոն Տէր-Պետրո­սեա­նի կողմէ։
Բայց Նոյնքան պարզ չէր եւ մինչեւ վերջ ալ դժուար եղաւ ստուգա­պէս ճշդել, թէ պաշտօ­նաւարտ նախա­գահ Ռ. Քոչա­րեա­նի եւ նորընտիր նախա­գահ Ս. Սարգսեա­նի իշխա­նաւոր ճամբարն ու ղեկա­վա­րած ուժա­յին կառոյցնե­րը, իրե՛նք, որքանո՞վ պատասխա­նա­տուութեան բաժին ունե­ցան քաղա­քա­ցիա­կան հակադրութեան եւ լարուա­ծութեան՝ խռո­վա­րա­րութեան այդ աստի­ճան սրումին մէջ։

*

  • *

Մարտ 1ի եղբայրասպան ընդհա­րումնե­րը յանկարծա­կի չպա­տա­հե­ցան։
19 Փետրուա­րի նախա­գա­հա­կան ընտրութեանց աւարտին հետ, անմի­ջա­պէս, ծայր առին նախա­գա­հա­կան թեկնա­ծու Սերժ Սարգսեա­նի օգտին տրուած քուէ­նե­րու 52 տոկո­սի մեծա­մասնութան արդիւնքը վիճարկող, մերժող եւ բողո­քարկող Տէր-Պետրո­սեա­նա­կան ճամբա­րի հաւաքներն ու ցոյցե­րը։ Շուրջ տասը օր շարունա­կուե­լով՝ այդ հաւաքներն ու ցոյցե­րը աստի­ճա­նա­բար թափ ստա­ցան եւ աւե­լի կարծր առճա­կատման հունի մէջ մտան՝ քաղա­քա­ցիա­կան ընդհարման վտանգը անխուսա­փե­լի դարձնե­լով։
Տարբեր զարգա­ցում չէր կրնար ունե­նալ 2008ի նախա­գա­հա­կան ընտրա­պայքա­րին ողջ ընթացքը բնո­րո­շած թշնա­մա­կան բեւե­ռա­ցումը թեկնա­ծուներ Սերժ Սարգսեա­նի եւ Լեւոն Տէր-Պետրո­սեա­նի միջեւ։ Ժողովրդա­վա­րա­կան արժէքնե­րը հիմնո­վին ոտնա­կո­խող բեւե­ռա­ցում մը, որ պետա­կան թէ ստուե­րա­յին իշխա­նաւոր ուժե­րու նիւթա­կան խայծե­րով եւ սպառնա­կան ճնշումնե­րով՝ զոյգ մրցա­կիցնե­րու հակակշռին տակ դրաւ քուէ­նե­րը ընտրա­զանգուա­ծին։
Հետեւանքը քաղա­քա­կան բացա­յայտ անզօ­րութիւնն էր նախա­գա­հա­կան աթո­ռին տիրա­ցած Սերժ Սարգսեա­նի կողմնա­կիցնե­րու ճամբա­րին։
Նորընտիր նախա­գա­հը համա­ժո­ղովրդա­յին վստա­հութեան բարո­յա­կան յենա­րա­նը չունէր, որպէսզի կարե­նար քաղա­քա­կա­նա­պէս յաղթա­հա­րել ընտրութեանց արդիւնքին դէմ ծաւա­լած տարա­ծուն բուռն դժգո­հութիւնը, որ միայն Տէր-Պետրո­սեա­նա­կան ճամբա­րի հաւաքնե­րուն եւ ցոյցե­րուն շրջա­նա­կով չէր սահա­նա­փա­կուած։
Այդ պայմաննե­րուն մէջ, ինչպէս որ ընտրութիւննե­րուն պարտուած կողմը քաղա­քա­ցիա­կան հակադրութեանց լարումին մէջ կը փնտռէր ջուրին երե­սը մնա­լու յուսա­հա­տա­կան իր ելքը, այնպէս ալ յաղթա­կան կողմը անե­լէն դուրս գալու ձեռնտու ելք նկա­տեց բիրտ ուժով ճնշումը խռո­վութեանց՝ բոլո­րին հասկցնե­լու համար, թէ իշխա­նութիւնը ի վիճա­կի է բիրտ ուժով պարտադրե­լու իր յաղթա­նա­կին «օրինականութիւն»ը։
Այդպէս ալ եղաւ։
Նախա­գա­հա­կան իշխա­նութեան համա­կարգին կուրօ­րէն հաւա­տարմագրուած զօրա­յիննե­րը բիրտ ուժով փորձե­ցին հաւաքնե­րուն վերջ տալ եւ ցուցա­րարնե­րը ցրուել։
Իսկ վերջիննե­րը աւե­լիով բիրտ, նոյնիսկ գրգռիչ եղան իրենց հակա­դարձութեան մէջ…
Աւե­լի քան տասնեա­կով սպա­նեալ եւ բազմա­տասնեակ վիրաւորներ ինկան Երեւա­նի կեդրո­նա­կան փողոցնե­րուն վրայ։ Մարտ 1ի խռո­վութիւննե­րը զսպե­լու եւ հասա­րա­կութեան մէջ ստեղծուած անիշխա­նա­կան մթնո­լորտը յաղթա­հա­րե­լու կարգա­խօսքով՝ իշխա­նութիւնը պաշարման վիճակ եւ գրաքննութիւն հաստա­տեց, հարիւրաւորներ բանտե­րը նետեց եւ, ոստի­կա­նա­կան պետութեան մը ամպհո­վա­նիին տակ, յառա­ջա­ցաւ դէպի նախա­գա­հա­կան նոր վարչա­կազմի ձեւաւո­րումը։

*

  • *

Միջազգա­յին ընտա­նի­քը անշուշտ օգտա­գործեց առի­թը։ Մարդկա­յին իրաւանց ու ժողովրդա­վա­րա­կան ազա­տութեանց պաշտպա­նութեան կարգա­խօսքով՝ Հայաստա­նով եւ տարա­ծաշրջա­նով շահագրգռուած մեծ տէրութիւննե­րը յարմար պահը գտան պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսա­լուեւ իրենց պայմաններն ու հաշիւնե­րը պարտադրե­լու համար համա­ժո­ղովրդա­յին վստա­հութեան կռուա­նէ զուրկ նախա­գա­հա­կան նորա­հաստատ իշխա­նութեան ։
Պատա­հա­կա­նօ­րէն չէր, հետեւա­բար, որ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան երրորդ նախա­գա­հը իր ընտրութե­նէն կարճ ժամա­նակ ետք յայտնուե­ցաւ մեծա­պե­տա­կան ծանրա­գոյն ճնշումին տակ՝ ընկղմե­լու… Հայաստա­նի եւ Թուրքիոյ միջեւ այսպէս կոչուած «Ֆութպո­լա­յին դիւա­նա­գի­տութեան» ոլո­րապտոյտին եւ աւա­զախրումին մէջ:
Այդ ամէ­նը, դժբախտա­բար, ողբերգա­կան այդ թուա­կա­նէն տասնեւհինգ տարի ետք իսկ, ոչ միայն դեռ սպիա­ցած վէրք չեն, այլեւ պարբե­րա­կան գալա­րումնե­րով վերա­նո­րո­գուող խոց ու ցաւ կը պատճա­ռեն հայ քաղա­քա­ցիա­կան հասա­րա­կութեան։ Յուլիս 2016ի «Սասնայ Ծռեր»ու պետա­կան յեղաշրջման արիւնա­լի, այլեւ ապարդիւն փորձին ողբերգութիւնը ցաւա­գին առումով խօսուն վկա­յութիւնը եղաւ շարունա­կուող ներքին… արիւնա­հո­սութեան։
Անշուշտ շատ ճիգեր թափուե­ցան 15ամեայ այս ժամա­նա­կա­մի­ջո­ցին, որպէսզի Մարտ 1ին բացած վէրքե­րը արմա­տա­կա­նօ­րէն դարմա­նուին եւ բնաւ չկրկնուին։
Այդուհանդերձ‘ ամօ­թի խարա­նը կը շարունա­կէ ուրուա­կա­նի պէս իր ստուե­րը զգա­լի պահել վերածնեալ Հայաստա­նի եւ հայութեան ազգա­յին-քաղա­քա­կան ինքնա­գի­տակցութեան ու հասա­րա­կա­կան ինքնա­ճա­նաչման հաստա­տա­կամ երթին վերեւը…

*

  • *

Հայաստա­նի երի­տա­սարդ ժողովրդա­վա­րութեան ճակտին յամե­ցող քաղա­քա­կան եւ քաղա­քա­ցիա­կան բրտութեանց ամօ­թա­լի խարա­նը վերջնա­կա­նա­պէս կը ջնջուի միայն այն ժամա­նակ, երբ հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն կ’ամրապնդուին ժողովրդա­վա­րա­կան մասնակցութեան կռուաննե­րը մեր երկրին ու ժողո­վուրդին կեանքին մէջ, երբ կը յարգուի եւ ակնա­ծանքով կ’ընկալուի իւրա­քանչիւր քաղա­քա­ցիի քուէն, ազա­տօ­րէն ընտրութիւն կատա­րե­լու քաղա­քա­ցիա­կան իրաւունքը, որպէսզի իշխա­նութեան ոչ մէկ յաւակնորդ փորձէ խաղալ քաղա­քա­ցիա­կան բեւե­ռացման կրա­կին հետ այնպէս, ինչպէս որ պատա­հե­ցաւ 1 Մարտ 2008ի նախօ­րէին, ընթացքին եւ… աւարտին։
Այդպէ՛ս, Ազգի եւ Հայրե­նի­քի պայծառ գալի­քը խարսխուած է 1 Մարտ 2008ի ողբերգութեամբ ու անհարկի արեան հեղումով ցաւա­գի­նօ­րէն ամրագրուած անմո­ռա­նա­լի այն պատգա­մին վրայ, թէ՝

  • ժողովրդա­վա­րութեան հզօ­րութիւնը կը կայա­նայ քուէի ուժով իշխա­նա­փո­խութիւն իրա­գործե­լու հնա­րաւո­րութեան մէջ,
  • Ժողո­վուրդի իշխա­նութեան հաստա­տումով պայմա­նաւո­րուած է իշխա­նութիւննե­րու ժողովրդա­վա­րա­կան ընտրութեանց եւ ձեւաւորման ազատ ու արդար բնոյթը,
  • Պետա­կան ու քաղա­քա­կան իշխող համա­կարգի արմա­տա­կան բարե­կարգման ու ժողովրդա­վա­րացման նախա­պայմա­նը կազմա­կերպումն ու հզօ­րա­ցումն է ժողովրդա­յին պահանջա­տի­րութեան՝ բողո­քի ու ճնշումի անդի­մադրե­լի, անխորտա­կե­լի շարժումին։

Առ այդ՝ Հայաստա­նի ներ-քաղա­քա­կան կեանքէն արմա­տա­խիլ պէտք է ընել ամէն կարգի քաղա­քա­ցիա­կան պայթումի վտանգաւոր որոմնե­րը։
Իսկ հասա­րա­կա­կան մեր շաղա­խը թունաւո­րող ու պառակտող որոմնե­րը արմա­տա­խիլ կ՚ըլլան եւ կը վնա­սա­զերծուին միայն այն ժամա­նակ, երբ հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն կ՚ամրապնդուին ժողովրդա­վա­րա­կան մասնակցութեան կռուաննե­րը մեր երկրին ու ժողո­վուրդին կեանքին մէջ, որպէսզի իշխա­նութեան ոչ մէկ յաւակնորդ փորձէ խաղալ քաղա­քա­ցիա­կան բեւե­ռացման կրա­կին հետ այնպէս, ինչպէս որ պատա­հե­ցաւ 1 Մարտ 2008ի նախօ­րէին, ընթացքին եւ… աւարտին։
Ժողովրդա­վա­րա­կան բողո­քի շարժումին «վառօ­դի տակառ»ը անխուսա­փե­լի պայթումի մատնող իշխա­նա­մո­լութեան դրսեւո­րումնե­րուն դէմ յանդի­ման, դէպի խաղաղ իշխա­նա­փո­խութիւն յառա­ջա­նա­լու հաստա­տա­կա­մութեամբ, անհրա­ժեշտ է մոռա­ցութեան չտալ 1 Մարտ 2008ի ամօ­թի խարա­նը եւ, հեռու մնա­լով ազգա­յին-հասա­րա­կա­կան մեր շաղա­խը խոցող ցնցումնե­րէն, գտնել ժողո­վուրդի կամքին հանդէպ յարգանք պարտադրե­լու ժողովրդա­վա­րա­կան պայքա­րի ուղին։
Որպէսզի երբեք չկրկնուի Մարտ Մէկի ողբերգութիւնը։
Որպէսզի միշտ յարգուի Ժողո­վուրդին Կամքը։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Պէրպէ­րեանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ