20 C
Yerevan

Գաղա­փա­րի Ջահով Եւ Կամքի Պայքա­րով

Մեր ինքնիշխա­նութեան ամրապնդման համար կարեւոր է հայութեան բոլոր ուժե­րի ամբողջա­կան ներդրումը, մասնաւո­րա­պէս Սփիւռքի կարո­ղա­կա­նութիւնը՝ իր մասնա­գի­տա­կան եւ տնտե­սա­կան հսկա­յա­կան միջոցնե­րով: Այս մարզում նաեւ մեծա­պէս կը կարեւո­րուի պետա­կան հիմնարկնե­րի կազմա­կերպուած եւ ծրագրաւո­րուած աշխա­տանքը:

Քարմէն Օհա­նեան

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէի Ներկա­յա­ցուցի­չին Խօսքը՝ ՀՅԴ Օրուան Առի­թով

Ստո­րեւ՝ Կիրա­կի, 5 Մարտին՝ ՀՅԴ Օրուան առի­թով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէի ներկա­յա­ցուցիչ Քարմէն Օհա­նեա­նի արտա­սա­նած խօսքը.

Սիրե­լի հայրե­նա­կիցներ,

Հայաստա­նի եւ Արցա­խի դիմագրաւած գոյութե­նա­կան ճգնա­ժա­մի այս օրե­րին, մեր ազգի բոլոր ուժե­րը համախմբե­լու եւ ամէն բանից առաջ մեր պետութեան շահե­րը պահպա­նե­լու ողջմտութեան կոչով կը սկսենք Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 132ամեակին նուի­րուած մեր այս պատգա­մը: 

Միջազգա­յին ու տարա­ծաշրջա­նա­յին ալե­կոծ այս պայմաննե­րում, ազգո­վին կանգնել ենք Արցա­խի հայութի­նը իր պատմա­կան հողին վրայ անկախ ու ինքնիշխան պահե­լու մարտահրաւէ­րին դիմաց: Գտնւում ենք անկանխա­տե­սե­լի զարգա­ցումնե­րի եւ ցնցումնե­րի միջա­վայրում՝ ժամա­նա­կին դէմ մրցե­լու հեւքին մէջ:   

Արցա­խը հայա­թա­փե­լու եւ միջանցքնե­րի պատրուա­կին տակ Հայաստա­նը մասնա­տե­լով՝ շնչա­հեղձ անե­լու եւ զայն միութե­նա­կան պետութեան մը մէջ առնե­լու պարտադրանքին առջեւ դնե­լու ծրա­գիրնե­րը բնաւ անի­րա­տե­սա­կան չեն: Պահի լրջութիւնը պարտադրում է մեզ գիտակցել, որ հատուա­ծա­կան շահե­րից մղուած՝ քաղա­քա­կան մեղադրանքնե­րով եւ ամբաստա­նութիւննե­րով զբա­ղե­լու եւ ժամա­նակ վատնե­լու շռայլութիւնը չունենք այլեւս:

Անցնող երեք տասնա­մեակնե­րին, Արցա­խի հիմնա­հարցը լուծե­լու ձախո­ղութեան փաստը՝ Անդրկովկա­սը այսօր վերա­ծել է ճակա­տումի կիզա­կէ­տի՝ Հայաստա­նը եւ Արցա­խը դնե­լով ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմով նոր թափ ու ծաւալ ստա­ցած աշխարհա­քա­ղա­քա­կան հակա­մարտութիւննե­րի խաչմե­րուկին վրայ:

Ազգո­վին վատնե­ցինք համե­մա­տա­կան խաղա­ղութեան այն տասնա­մեակնե­րը, երբ պէտք էր լծուէինք լուրջ եւ կենսունակ պետա­կան հիմնարկութիւններ ստեղծե­լու գործին՝ իբրեւ ապաւէ­նը ամուր պետութեան: Այսօր, առաւել եւս գիտակցում ենք որ միայն դաշնա­կից մէկ ուժի ամբողջա­կան ապաւի­նումը կարող է անկանխա­տե­սե­լի, անհա­կակշռե­լի եւ նոյնիսկ ծանրակշիռ հետեւանքներ ունե­նալ, մանաւանդ եթէ այդ ուժի հաշուարկնե­րը փոխւում են մեզի ոչ-նպաստաւոր ուղղութիւննե­րով: Հայաստա­նը այսօր, որեւէ ժամա­նա­կէ աւե­լի, պէտք է որ զօրա­կից դաշնա­կիցնե­րի այլընտրանքներ ունե­նայ:

Այս առումով մեծա­պէս կարեւորւում է նաեւ բանա­կա­շի­նութեան գործը: Խոցե­լի է մնա­լու մեր պետութիւնը առանց հզօր եւ արդիա­կան բանա­կի կազմաւորման: Մեր թշնա­մի­նե­րի՝ Ատրպէյճա­նի եւ Թուրքիոյ հետ խախտուած ուժե­րի հաւա­սա­րակշռութեան ստեղծումը ռազմա­վա­րա­կան հրա­մա­յա­կան է այսօր, որի գծով պէտք է աշխա­տենք մեր բաժին մասնակցութիւնը բերե­լու: 

Որպէս դաշնակցա­կաններ, գաղա­փա­րա­կան մեր աշխարհա­յեացքից է բխում այն խոր համո­զումը՝ որ կարե­լի չէ երաշխաւո­րել մեր երկրի անկա­խութիւնը եւ ինքնիշխա­նութիւնը՝ առանց ներգրաւե­լու ժողո­վուրդը պետա­կան համա­կարգի մէջ: Ժողովրդի մասնկա­ցութիւնը կարե­լի չէ ապա­հո­վել առանց հաստա­տե­լու ժողովրդա­վար հասա­րա­կարգ: Հասա­րա­կարգ՝ որի առա­ջադրանքը լինի ժողովրդի գործօն մասնակցութիւնը պետա­կան ամբողջ համա­կարգին՝ գիւղի համայնքա­պե­տա­րա­նից եւ քաղա­քի աւա­գա­նիից՝ մինչեւ պետա­կան բարձրա­գոյն ոլորտնե­րը: Իսկ Ժողովրդի գործօ­նը ազդու պիտի չլի­նի առանց ընկե­րա­յին արդա­րութեան վրայ հիմնուած հասարկարգի, առանց արտադրութեան եւ երկրի բնա­կան հարստութեան իրաւա­հաւա­սար բաշխումին: 

Աւե­լին, մեր ինքնիշխա­նութեան ամրապնդման համար կարեւոր է հայութեան բոլոր ուժե­րի ամբողջա­կան ներդրումը, մասնաւո­րա­պէս Սփիւռքի կարո­ղա­կա­նութիւնը՝ իր մասնա­գի­տա­կան եւ տնտե­սա­կան հսկա­յա­կան միջոցնե­րով: Այս մարզում նաեւ մեծա­պէս կը կարեւո­րուի պետա­կան հիմնարկնե­րի կազմա­կերպուած եւ ծրագրաւո­րուած աշխա­տանքը:  

Ուրեմն, յառա՛ջ դէպի պետա­կա­նա­շի­նութիւն: Բոլորս լծուենք հայրե­նի մեր պետութեան կայացման եւ ամրապնդման գործին, Դաշնակցութիւնը համա­րե­լով ազգին ու հայրե­նի­քին ծառա­յե­լու միջոց: 

Յոգնել է արդէն մեր ազգը հատուա­ծա­կան ինքնա­գո­վութեան մաշեցնող լօզունգնե­րից: Մեր թերութիւննե­րը մեր մէջ փնտռե­լու վեհանձնութիւնն ու մեր ազգա­յին եւ գաղա­փա­րա­կան ակունքնե­րին վերա­դառնա­լու պահանջը արդէն ինքզինք պարտադրում է, ուզենք թէ չուզենք: 

Մենք, որպէս Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կառոյց, շարունա­կում ենք գործել մեր գաղա­փա­րա­կան ակունքնե­րի հիմքով՝ հայութեան արդար պահանջնե­րի իրա­գործման ուղղութեամբ, շարունա­կում ենք մեր համայնքի հայութեան բազմա­պի­սի ծառա­յութիւններ մատուցող կառոյցնե­րին զօրակցութեան, անոնց բարգաւաճման ու համայնքը միա­կամ պահե­լով՝ համայն հայութեան շահե­րին ծառա­յե­լու, ու նաեւ Սփիւռքի մեր բոլոր գաղութնե­րին օգնութեան հասնե­լու մեր աշխա­տանքը: Մեր մարդկա­յին եւ նիւթա­կան միջոցնե­րի տրա­մադրումը պիտի շարունա­կուի առաւել թափով, հակա­ռակ մեր դիմագրաւած դժուա­րութիւննե­րին: 

Կէցցէ հայ ժողո­վուրդը, անսա­սան մնան Հայաստանն ու Արցա­խը:  

Հոդվա­ծը՝Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ