Հայաստան

ՀՅԴի Արդիականացման Անհրաժեշտութիւնը

Դժբախտաբար 1998էն ետք ալ, երբ Արցախեան առաջին պատերազմը աւարտած էր մեր յաղթանակով, Հայաստանի մէջ ՀՅԴն իր ամբողջ կարողականութիւնը վատնեց իշխանական «խաղերու» մասնակից դառնալով, անտեսելով «ներքին խոհանոցը», որ իր գոյութեան եւ վայելած ժողովրդականութեան գլխաւոր երաշխիքն էր։

Գէորգ Թորոյեան

Յաճախ բարձրաձայնուած է Դաշնակցութեան արդիականացման հարցը։ Տարբեր ժամանակներու, տարբեր անհատներ տարբեր մօտեցումներ արտայայտած են այս մասին, սակայն բոլորին ալ հասարակաց գիծը եղած է նոյնը. Դաշնակցութիւնը արդիականացնել։ Նոյնիսկ 1980-90ականներու «Դրօշակ»ներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ խմբագրականներու կամ յօդուածներու, որոնք երբեմն տողատակով, իսկ երբեմն ալ բացայայտ կերպով կը խօսին այդ անհրաժեշտութեան մասին։ Այս իմաստով գրող եւ հրապարակագիր Վահէ Օշական «Դրօշակ»ի 1991-92 տարեշրջանի 21րդ համարին մէջ իր գրած մէկ յօդուածին մէջ, ամէնէն դիպուկ ձեւով կ՛անդրադառնայ այս հարցին եւ առանց վարանելու մատը կը դնէ վէրքին վրայ։

«Բաց գաղտնիք է, որ մեր կուսակցութիւնը շատ ծանր տագնապ մը կը դիմակալէ այս շրջանին, տեսական եւ գործնական իմաստով։ Անյետաձգելի արմատական, յեղափոխական փոփոխութիւններ պէտք է յառաջացնենք անկէ ներս՝ մենք կուսակցական շարքայիններս՝ եթէ 100ամեակի լաւատես խոստումները պիտի յարգուին։ Սրբազան աւանդութիւններ, նուիրագործուած սկզբունքներ, գրեթէ բնազդային վարուելակերպեր, կանոնադրութիւն եւ գաղափարաբանութիւն, ազգային ու միջազգային կեցուածքներ – ամէն, ամէն ինչ պէտք է խստաբիբ ու լրջագոյն քննարկումի ենթարկուի կուսակցական հիմնական ուղեգիծերու սահմաններէն ներս։ Կը սկսինք անողորմ հաստատումով մը՝– Դաշնակցութիւնը երկփեղկուած կը գտնէ ինքզինքը այսօր, ուղիղ հետեւանք՝ Հայաստան մուտքին։ (…) Աւելի ուշ եւ աւելի լաւ պատրաստուած, աւելի շրջահայեաց ու համեստ հոգեբանութեամբ պէտք է մուտք գործէինք մեր երազներու, իտէալի երկրէն ներս։ Եղածը եղած է հիմա անշուշտ, սակայն դեռ ուշ ու անկարելի չէ վնասը նուազեցնելու քայլեր առնելու»։

Ճիշդ է որ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովները ժամանակի ընթացքին բարեփոխութիւններ կատարած են թէ՛ ՀՅԴ Ծրագիրին եւ թէ՛ Կանոնագիրին մէջ, սակայն այն ինչի մասին կը խօսի Վահէ Օշական, դասական փոփոխութիւններէն անդին անցնելու մասին է։ Եւ այս բոլորին  մասին կը խօսի ՀՅԴ հարիւրամեակի առիթով կուսակցութիւնը բարեփոխելու եւ արդիականացնելու ծիրէն ներս։ Այո. յեղափոխական մօտեցումներ պէտք են, որոնք կրնան նոր շունչ եւ ոգի հաղորդել կուսակցութեան, իր աշխատանքները կազմակերպելու եւ հայութեան կեանքին մէջ իբրեւ հիմնական դերակատարութիւն ստանձնած քաղաքական ուժ, իր առաքելութիւն շարունակելու։

Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք ՀՅԴ պատմութեան առաջին երեսուն տարիներուն եւ փորձենք հասկնալ զինք ծնունդ տուող պայմանները, այդ օրերու հայութեան հոգեմտաւոր եւ տնտեսական վիճակը, աշխարհաքաղաքական իրավիճակը եւ մասնաւորաբար արեւմտեան արժէքները եւ նորայայտ գաղափարներու տարածման ընթացքը, ապա կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ Դաշնակցութեան որդեգրած սկզբունքները, արժէքները, բարոյական ըմբռնումները եւ աշխատելաոճը ոչ միայն այդ օրերու, այլեւ անոնցմէ շատ-շատերը նոյնիսկ մեր օրերուն կը համարուին յեղափոխական կամ յառաջադիմական, նոյնիսկ եթէ այդ գաղափարներուն կը մեկնին հայութեան դարաւոր հոգեւոր եւ մշակութային զարգացման փուլէն։ Այլ խօսքով, Դաշնակցութիւնը իր ժամանակակիցներէն առաջ անցած էր, առնուազն Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, ուր համատարած յետադիմութիւն էր։

Սփիւռքեան պայմանները ՀՅԴն վերածեցին աւելի յարմարուող կուսակցութեան։ Տարբեր երկիրներու մէջ գաղութի հայկական դիմագիծի պահպանումը, անոր ֆիզիքական գոյութիւնը գերնպատակ ըլլալով, Դաշնակցութիւնը պարտաւորուեցաւ զիջումներ կատարելու իր յեղափոխական-յառաջադիմական մօտեցումներէն։ Այստեղ հիմնականօրէն մեծ դերակատար եղան Միջին Արեւելքի եւ Պարսկաստանի գաղութները, որոնք Սփիւռքի կազմաւորման առնուազն առաջին 50 տարիներուն կուսակցութեան ողնաշարը կը կազմէին եւ բացի Լիբանանէն, այդ երկիրներու վարչակարգերը բռնատիրական էին։ Դժբախտաբար յարմարուողականութեան այս ոգին շարունակուեցաւ եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

1991ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումով, Հայաստան անկախացաւ։ Ամբողջ եօթանասուն տարի Սփիւռքի մէջ անկախութեան ջահակիրը եղած եւ սերունդներ այդ երազով եւ տեսլականով դաստիարակած Դաշնակցութիւնը թէ՛ քաղաքականապէս եւ թէ հոգեբանօրէն պատրաստ չէր անկախութեան։ Եւ այս իրողութեան վրայ եթէ աւելցնենք հայրենի ժողովուրդին հոգեբանութեան եւ մտայնութեան անծանօթ ըլլալու փաստը, ապա պարզ կը դառնայ, որ Դաշնակցութիւնը, մխրճուելով Արցախեան պատերազմին եւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ, չկրցաւ ճշգրիտ գնահատականով իր բնական եղափոխութիւնը ապրիլ, զոր ստեղծուած էր Պաղ պատերազմի աւարտով։ Դժբախտաբար 1998էն ետք ալ, երբ Արցախեան առաջին պատերազմը աւարտած էր մեր յաղթանակով, Հայաստանի մէջ ՀՅԴն իր ամբողջ կարողականութիւնը վատնեց իշխանական «խաղերու» մասնակից դառնալով, անտեսելով «ներքին խոհանոցը», որ իր գոյութեան եւ վայելած ժողովրդականութեան գլխաւոր երաշխիքն էր։

Այսօր, հակառակ հայ ժողովուրդի, Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, Դաշնակցութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի կարիքը ունի ինքզինք արդիականացնելու, բայց ոչ դասական հասկացողութեամբ, այլ յեղափոխական մօտեցումներով։ Այս արդիականացման հիմք պէտք է ծառայեն ներկայի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, հայութեան սփռուած ըլլալու փաստը եւ անոր հետեւանքով բարոյահոգեբանական փոփոխութիւնները, մերօրեայ բարոյական արժէքները, ըմբռնումները եւ նմանօրինակ բազմաթիւ գործօններ։ Այս ինքնավերարժեւորումը կատարելու համար պէտք է ձերբազատուիլ քաղաքական եւ գաղափարական կապանքներէ։ Այլ խօսքով պէտք է ամբողջականօրէն վերանայուին ՀՅԴ Կանոնագիրը, որ այլեւս չարտացոլացներ մերօրեայ աշխարհագրական բաժանումներու պատճառած վիճակները եւ ժողովրդավարութեան մերօրեայ ըմբռնումները։

Իսկ ամէնէն կարեւորը, Դաշնակցութեան Ծրագիրին վերանայումն է։ Առանց բարդոյթներու, յուզումներու եւ ամէնէն կարեւորը՝ առանց մեծ յաւակնութիւններու, իրապաշտ մօտեցումով պէտք է քննարկել ՀՅԴ Ծրագիրը։ Ծրագիրի վերաքննարկման հիմք պէտք է ծառայէ ոչ այնքան գոյութիւն ունեցող Ծրագիրը, այլ ՀՅԴ Մանիֆեստը, որ գրուած է Քրիստափորի ոգիով եւ ան կրնայ ուղեցոյց հանդիսանալ Դաշնակցութեան արդիականացման, վերադառնալով անոր հիմնադրութեան ակունքներուն։

Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *