21.9 C
Yerevan

ՀՅԴի Արդիա­կա­նացման Անհրա­ժեշտութիւնը

Դժբախտա­բար 1998էն ետք ալ, երբ Արցա­խեան առա­ջին պատե­րազմը աւարտած էր մեր յաղթա­նա­կով, Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴն իր ամբողջ կարո­ղա­կա­նութիւնը վատնեց իշխա­նա­կան «խաղե­րու» մասնա­կից դառնա­լով, անտե­սե­լով «ներքին խոհա­նո­ցը», որ իր գոյութեան եւ վայե­լած ժողովրդա­կա­նութեան գլխաւոր երաշխիքն էր։

Գէորգ Թորո­յեան

Յաճախ բարձրա­ձայնուած է Դաշնակցութեան արդիա­կա­նացման հարցը։ Տարբեր ժամա­նակնե­րու, տարբեր անհատներ տարբեր մօտե­ցումներ արտա­յայտած են այս մասին, սակայն բոլո­րին ալ հասա­րա­կաց գիծը եղած է նոյնը. Դաշնակցութիւնը արդիա­կա­նացնել։ Նոյնիսկ 1980–90ականներու «Դրօշակ»ներուն մէջ կարե­լի է հանդի­պիլ խմբագրա­կաննե­րու կամ յօդուածնե­րու, որոնք երբեմն տողա­տա­կով, իսկ երբեմն ալ բացա­յայտ կերպով կը խօսին այդ անհրա­ժեշտութեան մասին։ Այս իմաստով գրող եւ հրա­պա­րա­կա­գիր Վահէ Օշա­կան «Դրօշակ»ի 1991–92 տարեշրջա­նի 21րդ համա­րին մէջ իր գրած մէկ յօդուա­ծին մէջ, ամէ­նէն դիպուկ ձեւով կ՛անդրադառնայ այս հարցին եւ առանց վարա­նե­լու մատը կը դնէ վէրքին վրայ։

«Բաց գաղտնիք է, որ մեր կուսակցութիւնը շատ ծանր տագնապ մը կը դիմա­կա­լէ այս շրջա­նին, տեսա­կան եւ գործնա­կան իմաստով։ Անյե­տաձգե­լի արմա­տա­կան, յեղա­փո­խա­կան փոփո­խութիւններ պէտք է յառա­ջացնենք անկէ ներս՝ մենք կուսակցա­կան շարքա­յիններս՝ եթէ 100ամեակի լաւա­տես խոստումնե­րը պիտի յարգուին։ Սրբա­զան աւանդութիւններ, նուի­րա­գործուած սկզբունքներ, գրե­թէ բնազդա­յին վարուե­լա­կերպեր, կանո­նադրութիւն եւ գաղա­փա­րա­բա­նութիւն, ազգա­յին ու միջազգա­յին կեցուածքներ – ամէն, ամէն ինչ պէտք է խստա­բիբ ու լրջա­գոյն քննարկումի ենթարկուի կուսակցա­կան հիմնա­կան ուղե­գի­ծե­րու սահմաննե­րէն ներս։ Կը սկսինք անո­ղորմ հաստա­տումով մը՝– Դաշնակցութիւնը երկփեղկուած կը գտնէ ինքզինքը այսօր, ուղիղ հետեւանք՝ Հայաստան մուտքին։ (…) Աւե­լի ուշ եւ աւե­լի լաւ պատրաստուած, աւե­լի շրջա­հա­յեաց ու համեստ հոգե­բա­նութեամբ պէտք է մուտք գործէինք մեր երազնե­րու, իտէա­լի երկրէն ներս։ Եղա­ծը եղած է հիմա անշուշտ, սակայն դեռ ուշ ու անկա­րե­լի չէ վնա­սը նուա­զեցնե­լու քայլեր առնե­լու»։

Ճիշդ է որ Դաշնակցութեան Ընդհա­նուր ժողովնե­րը ժամա­նա­կի ընթացքին բարե­փո­խութիւններ կատա­րած են թէ՛ ՀՅԴ Ծրա­գի­րին եւ թէ՛ Կանո­նա­գի­րին մէջ, սակայն այն ինչի մասին կը խօսի Վահէ Օշա­կան, դասա­կան փոփո­խութիւննե­րէն անդին անցնե­լու մասին է։ Եւ այս բոլո­րին  մասին կը խօսի ՀՅԴ հարիւրա­մեա­կի առի­թով կուսակցութիւնը բարե­փո­խե­լու եւ արդիա­կա­նացնե­լու ծիրէն ներս։ Այո. յեղա­փո­խա­կան մօտե­ցումներ պէտք են, որոնք կրնան նոր շունչ եւ ոգի հաղորդել կուսակցութեան, իր աշխա­տանքնե­րը կազմա­կերպե­լու եւ հայութեան կեանքին մէջ իբրեւ հիմնա­կան դերա­կա­տա­րութիւն ստանձնած քաղա­քա­կան ուժ, իր առա­քե­լութիւն շարունա­կե­լու։

Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք ՀՅԴ պատմութեան առա­ջին երե­սուն տարի­նե­րուն եւ փորձենք հասկնալ զինք ծնունդ տուող պայմաննե­րը, այդ օրե­րու հայութեան հոգեմտաւոր եւ տնտե­սա­կան վիճա­կը, աշխարհա­քա­ղա­քա­կան իրա­վի­ճա­կը եւ մասնաւո­րա­բար արեւմտեան արժէքնե­րը եւ նորա­յայտ գաղա­փարնե­րու տարածման ընթացքը, ապա կը հասնինք այն եզրա­կա­ցութեան, որ Դաշնակցութեան որդեգրած սկզբունքնե­րը, արժէքնե­րը, բարո­յա­կան ըմբռնումնե­րը եւ աշխա­տե­լաո­ճը ոչ միայն այդ օրե­րու, այլեւ անոնցմէ շատ-շատե­րը նոյնիսկ մեր օրե­րուն կը համա­րուին յեղա­փո­խա­կան կամ յառա­ջա­դի­մա­կան, նոյնիսկ եթէ այդ գաղա­փարնե­րուն կը մեկնին հայութեան դարաւոր հոգեւոր եւ մշա­կութա­յին զարգացման փուլէն։ Այլ խօսքով, Դաշնակցութիւնը իր ժամա­նա­կա­կիցնե­րէն առաջ անցած էր, առնուազն Հայկա­կան լեռնաշխարհին մէջ, ուր համա­տա­րած յետա­դի­մութիւն էր։

Սփիւռքեան պայմաննե­րը ՀՅԴն վերա­ծե­ցին աւե­լի յարմա­րուող կուսակցութեան։ Տարբեր երկիրնե­րու մէջ գաղութի հայկա­կան դիմա­գի­ծի պահպա­նումը, անոր ֆիզի­քա­կան գոյութիւնը գերնպա­տակ ըլլա­լով, Դաշնակցութիւնը պարտաւո­րուե­ցաւ զիջումներ կատա­րե­լու իր յեղա­փո­խա­կան-յառա­ջա­դի­մա­կան մօտե­ցումնե­րէն։ Այստեղ հիմնա­կա­նօ­րէն մեծ դերա­կա­տար եղան Միջին Արեւելքի եւ Պարսկաստա­նի գաղութնե­րը, որոնք Սփիւռքի կազմաւորման առնուազն առա­ջին 50 տարի­նե­րուն կուսակցութեան ողնա­շա­րը կը կազմէին եւ բացի Լիբա­նա­նէն, այդ երկիրնե­րու վարչա­կարգե­րը բռնա­տի­րա­կան էին։ Դժբախտա­բար յարմա­րուո­ղա­կա­նութեան այս ոգին շարունա­կուե­ցաւ եւ կը շարունա­կուի մինչեւ այսօր։

1991ին, Խորհրդա­յին Միութեան փլուզումով, Հայաստան անկա­խա­ցաւ։ Ամբողջ եօթա­նա­սուն տարի Սփիւռքի մէջ անկա­խութեան ջահա­կի­րը եղած եւ սերունդներ այդ երա­զով եւ տեսլա­կա­նով դաստիա­րա­կած Դաշնակցութիւնը թէ՛ քաղա­քա­կա­նա­պէս եւ թէ հոգե­բա­նօ­րէն պատրաստ չէր անկա­խութեան։ Եւ այս իրո­ղութեան վրայ եթէ աւելցնենք հայրե­նի ժողո­վուրդին հոգե­բա­նութեան եւ մտայնութեան անծա­նօթ ըլլա­լու փաստը, ապա պարզ կը դառնայ, որ Դաշնակցութիւնը, մխրճուե­լով Արցա­խեան պատե­րազմին եւ Հայաստա­նի ներքա­ղա­քա­կան կեանքին մէջ, չկրցաւ ճշգրիտ գնա­հա­տա­կա­նով իր բնա­կան եղա­փո­խութիւնը ապրիլ, զոր ստեղծուած էր Պաղ պատե­րազմի աւարտով։ Դժբախտա­բար 1998էն ետք ալ, երբ Արցա­խեան առա­ջին պատե­րազմը աւարտած էր մեր յաղթա­նա­կով, Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴն իր ամբողջ կարո­ղա­կա­նութիւնը վատնեց իշխա­նա­կան «խաղե­րու» մասնա­կից դառնա­լով, անտե­սե­լով «ներքին խոհա­նո­ցը», որ իր գոյութեան եւ վայե­լած ժողովրդա­կա­նութեան գլխաւոր երաշխիքն էր։

Այսօր, հակա­ռակ հայ ժողո­վուրդի, Հայաստա­նի, Սփիւռքի եւ Արցա­խի դիմագրաւած մարտահրաւէրնե­րուն, Դաշնակցութիւնը որեւէ ժամա­նա­կէ աւե­լի կարի­քը ունի ինքզինք արդիա­կա­նացնե­լու, բայց ոչ դասա­կան հասկա­ցո­ղութեամբ, այլ յեղա­փո­խա­կան մօտե­ցումնե­րով։ Այս արդիա­կա­նացման հիմք պէտք է ծառա­յեն ներկա­յի աշխարհա­քա­ղա­քա­կան իրա­վի­ճա­կը, հայութեան սփռուած ըլլա­լու փաստը եւ անոր հետեւանքով բարո­յա­հո­գե­բա­նա­կան փոփո­խութիւննե­րը, մերօ­րեայ բարո­յա­կան արժէքնե­րը, ըմբռնումնե­րը եւ նմա­նօ­րի­նակ բազմա­թիւ գործօններ։ Այս ինքնա­վե­րարժեւո­րումը կատա­րե­լու համար պէտք է ձերբա­զա­տուիլ քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան կապանքնե­րէ։ Այլ խօսքով պէտք է ամբողջա­կա­նօ­րէն վերա­նա­յուին ՀՅԴ Կանո­նա­գի­րը, որ այլեւս չարտա­ցո­լացներ մերօ­րեայ աշխարհագրա­կան բաժա­նումնե­րու պատճա­ռած վիճակնե­րը եւ ժողովրդա­վա­րութեան մերօ­րեայ ըմբռնումնե­րը։

Իսկ ամէ­նէն կարեւո­րը, Դաշնակցութեան Ծրա­գի­րին վերա­նա­յումն է։ Առանց բարդոյթնե­րու, յուզումնե­րու եւ ամէ­նէն կարեւո­րը՝ առանց մեծ յաւակնութիւննե­րու, իրա­պաշտ մօտե­ցումով պէտք է քննարկել ՀՅԴ Ծրա­գի­րը։ Ծրա­գի­րի վերաքննարկման հիմք պէտք է ծառա­յէ ոչ այնքան գոյութիւն ունե­ցող Ծրա­գի­րը, այլ ՀՅԴ Մանիֆեստը, որ գրուած է Քրիստա­փո­րի ոգիով եւ ան կրնայ ուղե­ցոյց հանդի­սա­նալ Դաշնակցութեան արդիա­կա­նացման, վերա­դառնա­լով անոր հիմնադրութեան ակունքնե­րուն։

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ