26.4 C
Yerevan

«Շուշին Արցա­խի Անբա­ժա­նե­լի Մասն Է Թէ՛ Տարածքա­յին, Թէ՛ Մշա­կութա­յին, Տնտե­սա­կան, Պատմա­կան Առումով». Ստե­փա­նա­կերտ

Պատմութիւնը կեղծե­լու եւ սեփա­կան քաղա­քա­կան խօսոյթն առաջ մղե­լու նպա­տա­կով երկրնե­րի եւ ժողո­վուրդնե­րի միջեւ ազգակցա­կան կապե­րի չարա­շա­հումն անընդունե­լի է եւ չի նպաստում ժողո­վուրդնե­րի միջեւ խաղա­ղութեան եւ փոխըմբռնման ամրապնդմա­նը:

Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան արտա­քին գործոց նախա­րա­րութիւնը յայտա­րա­րութեան մը միջո­ցաւ խստօ­րէն դատա­պարտեց 8 Ապրի­լին, Թրքա­կան մշա­կոյթի միջազգա­յին կազմա­կերպութեան անդամ երկիրնե­րու՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի հարցե­րու ազգա­յին յանձնա­ժո­ղովնե­րու պատուի­րա­կութեան այցե­լութիւնը բռնագրաւուած հայկա­կան Շուշի:

«Ակնյայտ է, որ այդ ապօ­րի­նի այցը, ինչպէս նաեւ այլ նմա­նա­տիպ միջո­ցա­ռումնե­րի անցկա­ցումն օկուպա­ցուած (գրաւուած) հայկա­կան Շուշի քաղա­քում, միտուած են Ադրբե­ջա­նի ու նրա դաշնա­կիցնե­րի կողմից Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան եւ նրա ժողովրդի դէմ 2020 թուա­կա­նին սանձա­զերծած ագրե­սիւ (յարձա­կո­ղա­պաշտ) պատե­րազմի եւ ուժի անօ­րի­նա­կան կիրառման արդիւնքնե­րի օրի­նա­կա­նացմա­նը: Կրկին ընդգծում ենք, որ Շուշի քաղաքն Արցա­խի անբա­ժա­նե­լի մասն է թէ՛ տարածքա­յին, թէ՛ մշա­կութա­յին, տնտե­սա­կան, պատմա­կան առումնե­րով: ԵՈՒՆԵՍԿՕի հարցե­րով ազգա­յին յանձնա­ժո­ղովնե­րի այցը Շուշի էլ աւե­լի սրբա­պիղծ եւ սադրիչ է թւում՝ հաշուի առնե­լով Արցա­խի արդէն 4 ամիս շարունա­կուող ապօ­րի­նի շրջա­փա­կումը, Ադրբե­ջա­նի զինուած ուժե­րի վերահսկո­ղութեան տակ անցած տարածքնե­րում, ներա­ռեալ՝ հին հայկա­կան Շուշի քաղա­քում հայ ժողովրդի կրօ­նա­կան, պատմա­կան եւ մշա­կութա­յին յուշարձաննե­րի համա­կարգուած ոչնչա­ցումն ու դրանց ինքնութեան կեղծումը, ինչպէս նաեւ մշա­կութա­յին ժառանգութեան օբյեկտնե­րի (կարոյցնե­րու) գոյքագրման եւ դրանց վիճա­կի ուսումնա­սի­րութեան նպա­տա­կով Լեռնա­յին Ղարա­բաղ ԵՈՒՆԵՍԿՕի գնա­հատման առա­քե­լութիւն ուղարկե­լու հարցում Ադրբե­ջա­նի իշխա­նութիւննե­րի կողմից շարունակ յարուցուող խոչընդոտնե­րը», կ՛ըսուի Արցա­խի արտա­քին գործոց նախա­րա­րութեան յայտա­րա­րութեան մէջ:

Նախա­րա­րութիւնը դիտել կու տայ, որ այսպի­սի գործո­ղութիւննե­րով, Ատրպէյճա­նի իշխա­նութիւննե­րը կը ձգտին ստա­նալ առանձին պետութիւննե­րու եւ միջազգա­յին կառոյցնե­րու ներկա­յա­ցուցիչնե­րու լռե­լեայն համա­ձայնութիւնը՝ ցեղա­յին զտման իրենց յանցաւոր ծրա­գիրնե­րուն համար, որոնց նպա­տակն է հայա­թա­փել Արցա­խը եւ ջնջել հայկա­կան բազմա­դա­րեայ ներկա­յութեան հետքե­րը:

«Պատմութիւնը կեղծե­լու եւ սեփա­կան քաղա­քա­կան խօսոյթն առաջ մղե­լու նպա­տա­կով երկրնե­րի եւ ժողո­վուրդնե­րի միջեւ ազգակցա­կան կապե­րի չարա­շա­հումն անընդունե­լի է եւ չի նպաստում ժողո­վուրդնե­րի միջեւ խաղա­ղութեան եւ փոխըմբռնման ամրապնդմա­նը: Այս կապակցութեամբ եւս մէկ անգամ յիշեցնում ենք, որ Արցա­խում, այդ թւում՝ օկուպա­ցուած հայկա­կան Շուշիում, եկե­ղե­ցի­նե­րի եւ այլ մշա­կութա­յին եւ կրօ­նա­կան յուշարձաննե­րի նկատմամբ Ադրբե­ջա­նի կողմից շարունա­կուող վանդա­լիզմի եւ պղծման դէպքե­րը հանդի­սա­նում են միջազգա­յին իրաւունքի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի Միջազգա­յին դատա­րա­նի 2021 թուա­կա­նի Դեկտեմբե­րի 7ի միջանկեալ միջոցնե­րի մասին որոշման կոպիտ խախտումներ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտա­րա­րութեան մէջ:

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ