ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Միքայել Վարդանյան (1872-1934). Հայ Ազգային-Ազատագրական Շարժման Բոցաշունչ Քարոզիչը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներհուն Գաղափարախօսն Ու Անկրկնելի Տեսաբանը

Եւրոպայի տարածքին ընկերվարական մտքի ու քաղաքական շարժման զարթօնքի տարիներն էին եւ Վարանդեան ոչ միայն ուսանողը եղաւ զուիցերիացի թէ գերմանացի, պելճիքացի թէ ֆրանսացի, ռուս թէ անգլիացի ընկերվարական դէմքերու դասախօսական ելոյթներուն կամ այցելու դասաւանդութեանց, այլեւ՝ ընկերական սերտ կապեր հաստատեց անոնց հետ։

Նազարեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ (1872-1934).
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԲՈՑԱՇՈՒՆՉ ՔԱՐՈԶԻՉԸ՝
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՀՈՒՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՆ ՈՒ ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՏԵՍԱԲԱՆԸ

Ն. Պէրպէրեան

19րդ դարավերջին թափ առած հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը եւ յեղափոխական ինքնահաստատումը յատկանշուեցան որքան մարտական ու քաղաքական, նոյնքան եւ գաղափարական ու բարոյական կրակով ու ոգեւորման շունչով։
Հայկական Ազատամարտի ու Հայ Յեղափոխական Շարժման սերնդակերտ բոցը արծարծելու գաղափարական ոգորման մէջ իր անզուգական ներդրումը ունեցաւ ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ, որուն մահուան 89րդ տարելիցը կ’ոգեկոչենք Ապրիլ 22ի այս օրը։
Արցախի ծնունդ Գաղափարի Մեծանուն Մարտիկը իրաւամբ հանդիսացաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բոցաշունչ գաղափարախօսն ու տեսաբան դրօշակիրը՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան արիւնալի պայքարը առաջնորդող յեղափոխական մտքի եւ խօսքի անխարդախ պատգամաբերը։
Գաղափարի հուրով համակուած էր Վարանդեանի ողջ էութիւնը եւ անոր գրիչէն լոյս աշխարհ եկած էջերը, ինչ որ ալ ըլլար անոնց բնոյթը, հրապարակագրութիւն թէ պատմագրութիւն, փիլիսոփայութիւն թէ ընկերաբանութիւն, յուշագրութիւն թէ քաղաքական բանավէճ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր գաղափարական հրաբուխի ժայթք էին. իրենց ջերմութեամբ ու սիրտ եւ միտք վառող կրակով՝ Վարանդեանի գրութիւնները կը կլանէին, կ’ոգեւորէին ու պայքարի կը մղէին ընթերցողը:

Աւազանի անունով Միքայէլ Յովհաննիսեան՝ Մ․ Վարանդեան ծնած էր 1872ին, Արցախի Վարանդա գաւառի Քեաթուկ գիւղը։
Ծննդավայրի ներշնչումով ալ, հետագային, որդեգրեց Վարանդեան գրչանունը, որ փաստօրէն նաեւ իսկական ազգանուն դարձաւ։
(Վարանդեանի ծննդեան ճշգրիտ թուականին շուրջ տարակարծիք են կենսագիրները. ոմանք կ’ընդունին 1873ը, իսկ ուրիշներ՝ 1874ը)։
Բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ՝ Վարանդեան իր տարրական ու միջնակարգ ուսումը ստացաւ Շուշիի ռէալական վարժարանին մէջ։
Այդ ժամանակներուն Շուշի կը հանդիսանար գաղափարական կազմաւորման հիմնական հնոց մը՝ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարով տոգորուած, ինչպէս նաեւ ռուսական թէ եւրոպական յեղափոխական շարժումներու յառաջդիմական գաղափարներով խանդավառ նորահաս սերունդին համար:

Վարանդեան աշակերտական տարիներէն փարեցաւ Երկրի հայութեան ազգային ազատագրումի դատին եւ, գաղափարապաշտ իր էութեամբ, կոչումի ու առաքելութեան վերածեց մտաւորական յանձնառութիւնը՝ իր մտքով ու գրիչով նուաճելու հայկական յեղափոխութեան գաղափարախօսական հիմնաւորումը, հունաւորումը եւ ժողովրդականացումը։
Այդ ներշնչումով եւ առաջադրութեամբ՝ 1880ականներու վերջերուն գրուած իր առաջին յօդուածները ան լոյս ընծայեց ժամանակի թիֆլիսեան հայ ազատախոհ մամուլին՝ Արասխանեանի «Մուրճ» եւ Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ» թերթերու էջերուն, EGO ստորագրութեամբ։
Շուշիի ռէալականը աւարտելէ ետք, Թիֆլիս ապրող իր մօրեղբօր՝ յայտնի մեծահարուստ Արամեանցի նիւթական հովանաւորութեամբ, Վարանդեան 1890ին մեկնեցաւ Զուիցերիա, Ժընեւի համալսարանին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։
Շուտով դարձաւ Ժընեւի հայ ուսանողական շարժումներու աշխոյժ մասնակիցն ու մղիչ ուժը։
Չբաւարարուեցաւ Ժընեւի համալսարանի ընկերային գիտութեանց անուանի դասախօսներու դասընթացքներուն հետեւելով։
Նաեւ Գերմանիոյ համալսարաններուն ազատ ունկնդիր դարձաւ, մօտէն հետեւեցաւ գերմանացի մեծանուն փիլիսոփաներու եւ ընկերաբաններու դասախօսութեանց ու դասաւանդութեանց։

Եւրոպայի տարածքին ընկերվարական մտքի ու քաղաքական շարժման զարթօնքի տարիներն էին եւ Վարանդեան ոչ միայն ուսանողը եղաւ զուիցերիացի թէ գերմանացի, պելճիքացի թէ ֆրանսացի, ռուս թէ անգլիացի ընկերվարական դէմքերու դասախօսական ելոյթներուն կամ այցելու դասաւանդութեանց, այլեւ՝ ընկերական սերտ կապեր հաստատեց անոնց հետ։
Ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականի կազմութեան եւ արագ ժողովրդականացման տարիներն էին, իսկ Վարանդեան արդէն գտած էր հայ ընկերվարականի՝ դաշնակցակա՛նի իր ուղին։
Միքայէլ Վարանդեանի կեանքին շրջադարձային պահը եկաւ 1892ին, երբ Դաշնակցութեան հիմնադիր Ռոստոմ Ժընեւ ժամանեց՝ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագրական գործը կազմակերպելու առաքելութեամբ։
Ռոստոմ Վարանդեանի մէջ գտաւ գաղափարապաշտ ու տեսականօրէն լաւագոյնս պատրաստուած այն ուժը, որ ի վիճակի էր արժանաւորապէս ի կատար ածելու նորաստեղծ Դաշնակցութեան ազգային-յեղափոխական առաջադրանքներուն գաղափարաբանական հիմնաւորման ու գաղափարական-բարոյական քարոզչութեան պատասխանատու գործը։
Իսկ Վարանդեան Ռոստոմի մէջ գտաւ յեղափոխական կենդանի պայքարի ու կազմակերպական գործի մեծ վարպետ մը, որ իր աշխարհայեացքով եւ ընկերային արդարութեան պաշտամունքով այնքա՜ն հոգեհարազատ էր նոյնինքն Վարանդեանի։

Իր ուսման զուգահեռ՝ Վարանդեան տենդագին փարեցաւ «Դրօշակ»ի խմբագրական գործին, իբրեւ Ռոստոմի աջ բազուկը։
Ոչ միայն «Դրօշակ»ի իւրաքանչիւր համարին յօդուած հասցուց, այլեւ՝ յաճախ միեւնոյն համարին մէջ տարբեր բաժիններով աշխատակցութիւն բերաւ։
Գրեց խմբագրական եւ առաջնորդող յօդուած։
Բանավէճի մէջ մտաւ հայկական յեղափոխութիւնը մրոտելու ելած աջի թէ ձախի գաղափարախօսներուն հետ։
Բանաստեղծի յուզական շունչով եւ փիլիսոփայի խոհուն վերլուծութեամբներկայացուց հայ ազատագրական շարժման զոհասեղանին ինկած հերոսները։ Մամուլի տեսութիւններով մնայուն լուսարձակի տակ պահեց եւրոպական ազատախոհ մամուլի հայանպաստ հրապարակումները։
Միաժամանակ՝ Վարանդեան նաեւ միշտ ժամանակը գտաւ կամ ստեղծեց, որպէսզի պատրաստէ եւ յօդուածաշարքի տեսքով լոյս ընծայէ գիտական աշխատասիրութիւններ՝ պատմական, գաղափարաբանական, քաղաքական եւ հասարակագիտական հարցերու եւ նորայայտ զարգացումներու վերաբերեալ, ի սպաս հայ ժողովուրդի ազգային-գաղափարական գիտակցութեան մշակումին եւ հարստացման։
Այսպիսով՝ Միքայէլ Վարանդեան անունը անքակտելիօրէն կապուեցաւ «Դրօշակ»ին եւ, պաշտօնաթերթի բազմամեայ խմբագրի վաստակով, նաե՛ւ Դաշնակցութեան տեսաբանի ու գաղափարախօսի, քարոզիչի ու արտասահմանեան լոպիիստի ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ լայն ասպարէզին։

«Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը Վարանդեան վարեց, երբեմն նաեւ միանձնեայ, մինչեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթի հրատարակութեան առաջին շրջանի աւարտը, 1914 թուականը։
Իր այդ հանգամանքով կանոնաւորաբար մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյին՝ ստանձնելով նախ արտասահմանեան քարոզչութեան, ապա՝ Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը։
Այդ զոյգ հանգամանքներով՝ Վարանդեան մեծ ներդրում ունեցաւ ֆրանսերէն «Պրօ-Արմենիա» թերթի հրատարակութիւնը եւ Ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականին Դաշնակցութեան լիիրաւ անդամակցութիւնը իրականացնելու ուղղութեամբ։
Առաջին Աշխարհամարտին բռնկումը ծանրագոյն անդրադարձ ունեցաւ Վարանդեանի վրայ՝ նաեւ գաղափարական աշխարհայացքի փլուզման առումով։
Գաղափարական արժէքներու փլուզումը բառին բուն իմաստով ընկճեց իտէալիստ Վարանդեանին․

  • Ազգային ճակատի վրայ՝ գաղափարական արժէքներու ոտնակոխումը հայոց դէմ ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրին գործադրութեան «յարմար» պահը «ընձեռեց» թրքական պետութեան վարիչներուն։
  • Իսկ համեւրոպական ճակատի վրայ՝ ընկերվարական կուսակցութիւններուն միջեւ ազգային պառակտման վիհը այնքան խորացաւ, որ արեան մէջ խեղդեց ընկերվարական իտէալիզմի ամէն սկզբունք եւ վսեմ առաջադրանքներ։
    Թէեւ 1915ին Վարանդեան անցաւ Կովկաս ու որոշ ժամանակ վարեց Թիֆլիսի «Հորիզոն»ին խմբագրութիւնը, բայց երկար չկրցաւ մնալ եւ վերադարձաւ Եւրոպա, ուր մինչեւ Հայաստանի անկախացումը գործակցեցաւ Պօղոս Նուպարի Ազգային Պատուիրակութեան հետ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք՝ նշանակուեցաւ Հայաստանի դեսպան Հռոմի մէջ։
    Նոյնիսկ իր մասնակցութիւնը բերաւ ՆԵՄԵՍԻՍի իրականացման աշխատանքներուն, յատկապէս Հռոմի մէջ Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումին։

Բայց Առաջին Աշխարհամարտը՝ ազգերու միջեւ ատելութեան հրահրումով եւ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեամբ բացած անմարդկային գազանութեան ահաւոր վէրքով՝ ծանրօրէն խոցած էր գաղափարապաշտ Վարանդեանի հոգին։
Մարդկայնական եւ ընկերվարական վսեմագոյն գաղափարներու եւ արժէքներու անխարդախ դրօշակիր՝ Վարանդեան բնաւ չկրցաւ հաշտուիլ ոչ միայն քաղաքակիրթ աշխարհի ազատախոհ մտաւորականութեան, այլեւ ընկերվարական իր գաղափարակիցներուն դրսեւորած ազգային յանձնապաստանութեան վարքագիծին հետ։
Վարանդեան չկրցաւ տանիլ ոչ միայն Հայոց Մեծ Եղեռնին նկատմամբ այսպէս կոչուած Ազատն Եւրոպայի պիղատոսեան անտարբերութիւնը, այլեւ իբր թէ յանուն ընկերվարութեան՝ պոլշեւիկ «յեղափոխական»ներու գործած ոճիրները, որոնց ծայրայեղ դրսեւորումներէն մէկը եղաւ, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ, Հայաստանի նորաստեղծ ազատ ու անկախ պետականութեան խորտակումը։
Այդ պատճառով ալ, իր կեանքին վերջին տասնամեակը Վարանդեան անցուց ինքնամփոփ։
Անշուշտ շարունակեց գրել, բայց քաղաքական եւ կազմակերպական երբեմնի աշխուժութիւնը չունեցաւ այլեւս։
Եւ 1934ին, երբ իրեն այնքան հոգեհարազատ ու երկարամեայ գործակիցը՝ Աւետիս Ահարոնեան Վարանդեանի նախաձեռնութեամբ դասախօսական ելոյթի համար հրաւիրուեցաւ Մարսէյլ, բայց բեմի վրայ կաթուածահար ըլլալով չկրցաւ ամբողջացնել իր խօսքը, Վարանդեան վերջնականապէս փուլ եկաւ։
Քանի մը շաբաթ ետք, Ապրիլի 22ին, Վարանդեան ունեցաւ սրտի կաթուած, որ մահացու եղաւ։

Վարանդեան ամբողջ գրականութիւն մը կտակեց մեր սերունդներուն։
Թէեւ հիմնական գործերը լոյս տեսան առանձին հատորներով, բայց «Դրօշակ»ի եւ դաշնակցական մամուլի էջերուն ցրուած կը մնան մեծ թուով աշխատասիրութիւններ եւ հրապարակագրական էջեր:
Անտիպ այդ էջերը աւելի ամբողջական կ’ընծայեն գաղափարական դիմագիծը այս մեծ հայուն, որ իր մտաւորական ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ հայկական յեղափոխութեան գաղափարական բոցավառումին՝ Ազգի եւ Հայրենիքի արեան մկրտութեամբ վերածնունդին եւ ամբողջական ազատագրութեան յաղթարշաւին։
Միքայէլ Վարանդեանի «Հ.Յ.Դ. Պատմութիւն»ը, «Հոսանքներ»ը, «Հայկական Շարժման նախապատմութիւն»ը, «Վերածնուած հայրենիքը եւ մեր դերը», «Բողոքը նորագոյն պատմութեան մէջ», «Կրօն եւ գիտութիւն»ը, «Դաշնակցութիւնը եւ նրա հակառակորդները», «Սիմոն Զաւարեան»ը, «Մուրատ»ը, «Համայնավարութիւնը եւ միջազգային յեղափոխութիւնը» եւ բազմաթիւ միւս գործերը գաղափարական սնունդի կենսատու աղբիւր եղան ու կը շարունակեն մնալ հայոց իրերայաջորդ սերունդներու համար։

Միքայէլ Վարանդեանի շունչովմեր սերունդները գաղափարաբանական խորքով ճանչցան ու պաշտեցին հայկական յեղափոխութիւնը, յատկապէս անոր մարտունակ կամքն ու կազմակերպ ուժը մարմնաւորած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։
Իր շունչով է, մանաւա՛նդ, որ՝
«Հայաստան կոչուած երկիրը դարձեր է մեզ համար աւելի քաղցր ու հրապուրիչ։ Որովհետեւ… այդ հողը ծնուել, պարարտացել է գաղափարով, որ մեր ըմբոստ նահատակների արիւնն է ու նրանց աճիւնները։
«Սոսկ անկենդան մի նիւթ չէ այլեւս հայկական հողը, այլ նա շնչաւորուած է, գաղափարուած։
«Նա այլեւս սոսկ նիւթական քաղաքակրթութեան մի գործօն չէ, այլ կազմում է մեր իմացական քաղաքակրթութեան մի անբաժան մասնիկը, մեր նորագոյն ազգայնականութեան անկիւնաքարը»։

Գրառումը՝ Նազարեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *