18 C
Yerevan

Միքա­յել Վարդանյան (1872–1934). Հայ Ազգա­յին-Ազա­տագրա­կան Շարժման Բոցա­շունչ Քարո­զի­չը՝ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան Ներհուն Գաղա­փա­րա­խօսն Ու Անկրկնե­լի Տեսա­բա­նը

Եւրո­պա­յի տարածքին ընկերվա­րա­կան մտքի ու քաղա­քա­կան շարժման զարթօնքի տարի­ներն էին եւ Վարանդեան ոչ միայն ուսա­նո­ղը եղաւ զուի­ցե­րիա­ցի թէ գերմա­նա­ցի, պելճի­քա­ցի թէ ֆրանսա­ցի, ռուս թէ անգլիա­ցի ընկերվա­րա­կան դէմքե­րու դասա­խօ­սա­կան ելոյթնե­րուն կամ այցե­լու դասաւանդութեանց, այլեւ՝ ընկե­րա­կան սերտ կապեր հաստա­տեց անոնց հետ։

Նազա­րեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­տետր

ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ (1872–1934).
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԲՈՑԱՇՈՒՆՉ ՔԱՐՈԶԻՉԸ՝
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՀՈՒՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՆ ՈՒ ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՏԵՍԱԲԱՆԸ

Ն. Պէրպէ­րեան

19րդ դարա­վերջին թափ առած հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին-ազա­տագրա­կան շարժումը եւ յեղա­փո­խա­կան ինքնա­հաստա­տումը յատկանշուե­ցան որքան մարտա­կան ու քաղա­քա­կան, նոյնքան եւ գաղա­փա­րա­կան ու բարո­յա­կան կրա­կով ու ոգեւորման շունչով։
Հայկա­կան Ազա­տա­մարտի ու Հայ Յեղա­փո­խա­կան Շարժման սերնդա­կերտ բոցը արծարծե­լու գաղա­փա­րա­կան ոգորման մէջ իր անզուգա­կան ներդրումը ունե­ցաւ ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ, որուն մահուան 89րդ տարե­լի­ցը կ’ոգեկոչենք Ապրիլ 22ի այս օրը։
Արցա­խի ծնունդ Գաղա­փա­րի Մեծա­նուն Մարտի­կը իրաւամբ հանդի­սա­ցաւ հայ ազգա­յին-ազա­տագրա­կան շարժման եւ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան բոցա­շունչ գաղա­փա­րա­խօսն ու տեսա­բան դրօ­շա­կի­րը՝ հայ ժողո­վուրդի եւ Հայաստա­նի ամբողջա­կան ազա­տագրութեան արիւնա­լի պայքա­րը առաջնորդող յեղա­փո­խա­կան մտքի եւ խօսքի անխարդախ պատգա­մա­բե­րը։
Գաղա­փա­րի հուրով համա­կուած էր Վարանդեա­նի ողջ էութիւնը եւ անոր գրի­չէն լոյս աշխարհ եկած էջե­րը, ինչ որ ալ ըլլար անոնց բնոյթը, հրա­պա­րա­կագրութիւն թէ պատմագրութիւն, փիլի­սո­փա­յութիւն թէ ընկե­րա­բա­նութիւն, յուշագրութիւն թէ քաղա­քա­կան բանա­վէճ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր գաղա­փա­րա­կան հրա­բուխի ժայթք էին. իրենց ջերմութեամբ ու սիրտ եւ միտք վառող կրա­կով՝ Վարանդեա­նի գրութիւննե­րը կը կլա­նէին, կ’ոգեւորէին ու պայքա­րի կը մղէին ընթերցո­ղը:

Աւա­զա­նի անունով Միքա­յէլ Յովհաննի­սեան՝ Մ․ Վարանդեան ծնած էր 1872ին, Արցա­խի Վարանդա գաւա­ռի Քեա­թուկ գիւղը։
Ծննդա­վայրի ներշնչումով ալ, հետա­գա­յին, որդեգրեց Վարանդեան գրչա­նունը, որ փաստօ­րէն նաեւ իսկա­կան ազգա­նուն դարձաւ։
(Վարանդեա­նի ծննդեան ճշգրիտ թուա­կա­նին շուրջ տարա­կարծիք են կենսա­գիրնե­րը. ոմանք կ’ընդունին 1873ը, իսկ ուրիշներ՝ 1874ը)։
Բարե­կե­ցիկ ընտա­նի­քի զաւակ՝ Վարանդեան իր տարրա­կան ու միջնա­կարգ ուսումը ստա­ցաւ Շուշիի ռէա­լա­կան վարժա­րա­նին մէջ։
Այդ ժամա­նակնե­րուն Շուշի կը հանդի­սա­նար գաղա­փա­րա­կան կազմաւորման հիմնա­կան հնոց մը՝ հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պայքա­րով տոգո­րուած, ինչպէս նաեւ ռուսա­կան թէ եւրո­պա­կան յեղա­փո­խա­կան շարժումնե­րու յառաջդի­մա­կան գաղա­փարնե­րով խանդա­վառ նորա­հաս սերունդին համար:

Վարանդեան աշա­կերտա­կան տարի­նե­րէն փարե­ցաւ Երկրի հայութեան ազգա­յին ազա­տագրումի դատին եւ, գաղա­փա­րա­պաշտ իր էութեամբ, կոչումի ու առա­քե­լութեան վերա­ծեց մտաւո­րա­կան յանձնա­ռութիւնը՝ իր մտքով ու գրի­չով նուա­ճե­լու հայկա­կան յեղա­փո­խութեան գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան հիմնաւո­րումը, հունաւո­րումը եւ ժողովրդա­կա­նա­ցումը։
Այդ ներշնչումով եւ առա­ջադրութեամբ՝ 1880ականներու վերջե­րուն գրուած իր առա­ջին յօդուածնե­րը ան լոյս ընծա­յեց ժամա­նա­կի թիֆլի­սեան հայ ազա­տա­խոհ մամուլին՝ Արասխա­նեա­նի «Մուրճ» եւ Գրի­գոր Արծրունիի «Մշակ» թերթե­րու էջե­րուն, EGO ստո­րագրութեամբ։
Շուշիի ռէա­լա­կա­նը աւարտե­լէ ետք, Թիֆլիս ապրող իր մօրեղբօր՝ յայտնի մեծա­հա­րուստ Արա­մեանցի նիւթա­կան հովա­նաւո­րութեամբ, Վարանդեան 1890ին մեկնե­ցաւ Զուի­ցե­րիա, Ժընեւի համալսա­րա­նին մէջ բարձրա­գոյն ուսման հետեւե­լու համար։
Շուտով դարձաւ Ժընեւի հայ ուսա­նո­ղա­կան շարժումնե­րու աշխոյժ մասնա­կիցն ու մղիչ ուժը։
Չբաւա­րա­րուե­ցաւ Ժընեւի համալսա­րա­նի ընկե­րա­յին գիտութեանց անուա­նի դասա­խօսնե­րու դասընթացքնե­րուն հետեւե­լով։
Նաեւ Գերմա­նիոյ համալսա­րաննե­րուն ազատ ունկնդիր դարձաւ, մօտէն հետեւե­ցաւ գերմա­նա­ցի մեծա­նուն փիլի­սո­փա­նե­րու եւ ընկե­րա­բաննե­րու դասա­խօ­սութեանց ու դասաւանդութեանց։

Եւրո­պա­յի տարածքին ընկերվա­րա­կան մտքի ու քաղա­քա­կան շարժման զարթօնքի տարի­ներն էին եւ Վարանդեան ոչ միայն ուսա­նո­ղը եղաւ զուի­ցե­րիա­ցի թէ գերմա­նա­ցի, պելճի­քա­ցի թէ ֆրանսա­ցի, ռուս թէ անգլիա­ցի ընկերվա­րա­կան դէմքե­րու դասա­խօ­սա­կան ելոյթնե­րուն կամ այցե­լու դասաւանդութեանց, այլեւ՝ ընկե­րա­կան սերտ կապեր հաստա­տեց անոնց հետ։
Ընկերվա­րա­կան Երկրորդ Միջազգայնա­կա­նի կազմութեան եւ արագ ժողովրդա­կա­նացման տարի­ներն էին, իսկ Վարանդեան արդէն գտած էր հայ ընկերվա­րա­կա­նի՝ դաշնակցակա՛նի իր ուղին։
Միքա­յէլ Վարանդեա­նի կեանքին շրջա­դարձա­յին պահը եկաւ 1892ին, երբ Դաշնակցութեան հիմնա­դիր Ռոստոմ Ժընեւ ժամա­նեց՝ Հ.Յ.Դ. պաշտօ­նա­թերթ «Դրօշակ»ի խմբագրա­կան գործը կազմա­կերպե­լու առա­քե­լութեամբ։
Ռոստոմ Վարանդեա­նի մէջ գտաւ գաղա­փա­րա­պաշտ ու տեսա­կա­նօ­րէն լաւա­գոյնս պատրաստուած այն ուժը, որ ի վիճա­կի էր արժա­նաւո­րա­պէս ի կատար ածե­լու նորաստեղծ Դաշնակցութեան ազգա­յին-յեղա­փո­խա­կան առա­ջադրանքնե­րուն գաղա­փա­րա­բա­նա­կան հիմնաւորման ու գաղա­փա­րա­կան-բարո­յա­կան քարոզչութեան պատասխա­նա­տու գործը։
Իսկ Վարանդեան Ռոստո­մի մէջ գտաւ յեղա­փո­խա­կան կենդա­նի պայքա­րի ու կազմա­կերպա­կան գործի մեծ վարպետ մը, որ իր աշխարհա­յեացքով եւ ընկե­րա­յին արդա­րութեան պաշտա­մունքով այնքա՜ն հոգե­հա­րա­զատ էր նոյնինքն Վարանդեա­նի։

Իր ուսման զուգա­հեռ՝ Վարանդեան տենդա­գին փարե­ցաւ «Դրօշակ»ի խմբագրա­կան գործին, իբրեւ Ռոստո­մի աջ բազուկը։
Ոչ միայն «Դրօշակ»ի իւրա­քանչիւր համա­րին յօդուած հասցուց, այլեւ՝ յաճախ միեւնոյն համա­րին մէջ տարբեր բաժիննե­րով աշխա­տակցութիւն բերաւ։
Գրեց խմբագրա­կան եւ առաջնորդող յօդուած։
Բանա­վէ­ճի մէջ մտաւ հայկա­կան յեղա­փո­խութիւնը մրո­տե­լու ելած աջի թէ ձախի գաղա­փա­րա­խօսնե­րուն հետ։
Բանաստեղծի յուզա­կան շունչով եւ փիլի­սո­փա­յի խոհուն վերլուծութեամբներկայացուց հայ ազատագրական շարժման զոհասեղանին ինկած հերոսները։ Մամուլի տեսութիւններով մնա­յուն լուսարձա­կի տակ պահեց եւրո­պա­կան ազա­տա­խոհ մամուլի հայանպաստ հրա­պա­րա­կումնե­րը։
Միա­ժա­մա­նակ՝ Վարանդեան նաեւ միշտ ժամա­նա­կը գտաւ կամ ստեղծեց, որպէսզի պատրաստէ եւ յօդուա­ծա­շարքի տեսքով լոյս ընծա­յէ գիտա­կան աշխա­տա­սի­րութիւններ՝ պատմա­կան, գաղա­փա­րա­բա­նա­կան, քաղա­քա­կան եւ հասա­րա­կա­գի­տա­կան հարցե­րու եւ նորա­յայտ զարգա­ցումնե­րու վերա­բե­րեալ, ի սպաս հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին-գաղա­փա­րա­կան գիտակցութեան մշա­կումին եւ հարստացման։
Այսպի­սով՝ Միքա­յէլ Վարանդեան անունը անքակտե­լիօ­րէն կապուե­ցաւ «Դրօշակ»ին եւ, պաշտօ­նա­թերթի բազմա­մեայ խմբագրի վաստա­կով, նաե՛ւ Դաշնակցութեան տեսա­բա­նի ու գաղա­փա­րա­խօ­սի, քարո­զի­չի ու արտա­սահմա­նեան լոպիիստի ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ լայն ասպա­րէ­զին։

«Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը Վարանդեան վարեց, երբեմն նաեւ միանձնեայ, մինչեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօ­նա­թերթի հրա­տա­րա­կութեան առա­ջին շրջա­նի աւարտը, 1914 թուա­կա­նը։
Իր այդ հանգա­մանքով կանո­նաւո­րա­բար մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրո­յին՝ ստանձնե­լով նախ արտա­սահմա­նեան քարոզչութեան, ապա՝ Ընկերվար Միջազգայնա­կա­նի մօտ Հ.Յ.Դ. ներկա­յա­ցուցի­չի պատասխա­նա­տուութիւնը։
Այդ զոյգ հանգա­մանքնե­րով՝ Վարանդեան մեծ ներդրում ունե­ցաւ ֆրանսե­րէն «Պրօ-Արմե­նիա» թերթի հրա­տա­րա­կութիւնը եւ Ընկերվա­րա­կան Երկրորդ Միջազգայնա­կա­նին Դաշնակցութեան լիի­րաւ անդա­մակցութիւնը իրա­կա­նացնե­լու ուղղութեամբ։
Առա­ջին Աշխարհա­մարտին բռնկումը ծանրա­գոյն անդրա­դարձ ունե­ցաւ Վարանդեա­նի վրայ՝ նաեւ գաղա­փա­րա­կան աշխարհա­յացքի փլուզման առումով։
Գաղա­փա­րա­կան արժէքնե­րու փլուզումը բառին բուն իմաստով ընկճեց իտէա­լիստ Վարանդեա­նին․

  • Ազգա­յին ճակա­տի վրայ՝ գաղա­փա­րա­կան արժէքնե­րու ոտնա­կո­խումը հայոց դէմ ցեղասպա­նութեան ահաւոր ոճի­րին գործադրութեան «յարմար» պահը «ընձե­ռեց» թրքա­կան պետութեան վարիչնե­րուն։
  • Իսկ համեւրո­պա­կան ճակա­տի վրայ՝ ընկերվա­րա­կան կուսակցութիւննե­րուն միջեւ ազգա­յին պառակտման վիհը այնքան խորա­ցաւ, որ արեան մէջ խեղդեց ընկերվա­րա­կան իտէա­լիզմի ամէն սկզբունք եւ վսեմ առա­ջադրանքներ։
    Թէեւ 1915ին Վարանդեան անցաւ Կովկաս ու որոշ ժամա­նակ վարեց Թիֆլի­սի «Հորիզոն»ին խմբագրութիւնը, բայց երկար չկրցաւ մնալ եւ վերա­դարձաւ Եւրո­պա, ուր մինչեւ Հայաստա­նի անկա­խա­ցումը գործակցե­ցաւ Պօղոս Նուպա­րի Ազգա­յին Պատուի­րա­կութեան հետ, իսկ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ստեղծումէն ետք՝ նշա­նա­կուե­ցաւ Հայաստա­նի դեսպան Հռո­մի մէջ։
    Նոյնիսկ իր մասնակցութիւնը բերաւ ՆԵՄԵ­ՍԻ­Սի իրա­կա­նացման աշխա­տանքնե­րուն, յատկա­պէս Հռո­մի մէջ Սայիտ Հալիմ փաշա­յի ահա­բե­կումին։

Բայց Առա­ջին Աշխարհա­մարտը՝ ազգե­րու միջեւ ատե­լութեան հրահրումով եւ հայ ժողո­վուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպա­նութեամբ բացած անմարդկա­յին գազա­նութեան ահաւոր վէրքով՝ ծանրօ­րէն խոցած էր գաղա­փա­րա­պաշտ Վարանդեա­նի հոգին։
Մարդկայնա­կան եւ ընկերվա­րա­կան վսե­մա­գոյն գաղա­փարնե­րու եւ արժէքնե­րու անխարդախ դրօ­շա­կիր՝ Վարանդեան բնաւ չկրցաւ հաշտուիլ ոչ միայն քաղա­քա­կիրթ աշխարհի ազա­տա­խոհ մտաւո­րա­կա­նութեան, այլեւ ընկերվա­րա­կան իր գաղա­փա­րա­կիցնե­րուն դրսեւո­րած ազգա­յին յանձնա­պաստա­նութեան վարքա­գի­ծին հետ։
Վարանդեան չկրցաւ տանիլ ոչ միայն Հայոց Մեծ Եղեռնին նկատմամբ այսպէս կոչուած Ազատն Եւրո­պա­յի պիղա­տո­սեան անտարբե­րութիւնը, այլեւ իբր թէ յանուն ընկերվա­րութեան՝ պոլշեւիկ «յեղափոխական»ներու գործած ոճիրնե­րը, որոնց ծայրա­յեղ դրսեւո­րումնե­րէն մէկը եղաւ, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ, Հայաստա­նի նորաստեղծ ազատ ու անկախ պետա­կա­նութեան խորտա­կումը։
Այդ պատճա­ռով ալ, իր կեանքին վերջին տասնա­մեա­կը Վարանդեան անցուց ինքնամփոփ։
Անշուշտ շարունա­կեց գրել, բայց քաղա­քա­կան եւ կազմա­կերպա­կան երբեմնի աշխուժութիւնը չունե­ցաւ այլեւս։
Եւ 1934ին, երբ իրեն այնքան հոգե­հա­րա­զատ ու երկա­րա­մեայ գործա­կի­ցը՝ Աւե­տիս Ահա­րո­նեան Վարանդեա­նի նախա­ձեռնութեամբ դասա­խօ­սա­կան ելոյթի համար հրաւի­րուե­ցաւ Մարսէյլ, բայց բեմի վրայ կաթուա­ծա­հար ըլլա­լով չկրցաւ ամբողջացնել իր խօսքը, Վարանդեան վերջնա­կա­նա­պէս փուլ եկաւ։
Քանի մը շաբաթ ետք, Ապրի­լի 22ին, Վարանդեան ունե­ցաւ սրտի կաթուած, որ մահա­ցու եղաւ։

Վարանդեան ամբողջ գրա­կա­նութիւն մը կտա­կեց մեր սերունդնե­րուն։
Թէեւ հիմնա­կան գործե­րը լոյս տեսան առանձին հատորնե­րով, բայց «Դրօշակ»ի եւ դաշնակցա­կան մամուլի էջե­րուն ցրուած կը մնան մեծ թուով աշխա­տա­սի­րութիւններ եւ հրա­պա­րա­կագրա­կան էջեր:
Անտիպ այդ էջե­րը աւե­լի ամբողջա­կան կ’ընծայեն գաղա­փա­րա­կան դիմա­գի­ծը այս մեծ հայուն, որ իր մտաւո­րա­կան ամբողջ կարո­ղա­կա­նութիւնը ի սպաս դրաւ հայկա­կան յեղա­փո­խութեան գաղա­փա­րա­կան բոցա­վա­ռումին՝ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի արեան մկրտութեամբ վերածնունդին եւ ամբողջա­կան ազա­տագրութեան յաղթարշաւին։
Միքա­յէլ Վարանդեա­նի «Հ.Յ.Դ. Պատմութիւն»ը, «Հոսանքներ»ը, «Հայկա­կան Շարժման նախապատմութիւն»ը, «Վերածնուած հայրե­նի­քը եւ մեր դերը», «Բողո­քը նորա­գոյն պատմութեան մէջ», «Կրօն եւ գիտութիւն»ը, «Դաշնակցութիւնը եւ նրա հակա­ռա­կորդնե­րը», «Սիմոն Զաւարեան»ը, «Մուրատ»ը, «Համայնա­վա­րութիւնը եւ միջազգա­յին յեղա­փո­խութիւնը» եւ բազմա­թիւ միւս գործե­րը գաղա­փա­րա­կան սնունդի կենսա­տու աղբիւր եղան ու կը շարունա­կեն մնալ հայոց իրե­րա­յա­ջորդ սերունդնե­րու համար։

Միքա­յէլ Վարանդեա­նի շունչովմեր սերունդները գաղափարաբանական խորքով ճանչցան ու պաշտեցին հայկական յեղափոխութիւնը, յատկապէս անոր մարտունակ կամքն ու կազմա­կերպ ուժը մարմնաւո­րած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։
Իր շունչով է, մանաւա՛նդ, որ՝
«Հայաստան կոչուած երկի­րը դարձեր է մեզ համար աւե­լի քաղցր ու հրա­պուրիչ։ Որովհե­տեւ… այդ հողը ծնուել, պարարտա­ցել է գաղա­փա­րով, որ մեր ըմբոստ նահա­տակնե­րի արիւնն է ու նրանց աճիւննե­րը։
«Սոսկ անկենդան մի նիւթ չէ այլեւս հայկա­կան հողը, այլ նա շնչաւո­րուած է, գաղա­փա­րուած։
«Նա այլեւս սոսկ նիւթա­կան քաղա­քակրթութեան մի գործօն չէ, այլ կազմում է մեր իմա­ցա­կան քաղա­քակրթութեան մի անբա­ժան մասնի­կը, մեր նորա­գոյն ազգայնա­կա­նութեան անկիւնա­քա­րը»։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ