16.3 C
Yerevan

Ինչո՞ւ Պետք Է Թուրքե­րին Հաճե­լի Լինենք

Հիմա, արժէ՞ պատասխա­նել, թէ “սրա­նից ի՞նչը կտուժեր”. “ինքնիշխա­նութիւն” եւ “ՀՀ արժա­նա­պա­տիւ քաղա­քա­ցի” բառե­րը յաճախ գործա­ծել սիրող քաղա­քա­կան ուժը աս հարցումին պատասխա­նը գտնե­լու չափ խէլք չունի՞։ Իր այս առաջ քաշած տրա­մա­բա­նութեան վտանգաւո­րութիւնը հասկնա­լու չափ ուղե՞ղ։

Հրակ Փափազյան

“Եթե նման արձան ՀՀ-ում չլի­ներ, դրա­նից ի՞նչը կտուժեր, եւ ի՞նչ կշա­հեինք մենք”, վարչա­պե­տի հարցումը ճշգրիտ եւ անկեղծ ձեւա­կերպուած չէ։ Հարցը, խորքին մէջ, ոչ թէ “չլիներ“ի մասին է, այլ “չթո­ղէինք որ լիներ“ի կամ “այնպէս անէինք որ չլիներ“ի։ Այլա­պէս իմաստ եւ նպա­տակ չունի սկսած քննարկումը, որ քաղա­քա­կան կը հաւակնի ըլլալ։

Այլ խօսքով, ԱԺ ամպիո­նէն, վարչա­պե­տի բերնով, Նեմե­սի­սը յիշա­տա­կող արձա­նի կառուցումը, եւ ուրեմն Թուրքիա նեղացնող նմա­նօ­րի­նակ այլ հաւա­նա­կան եղե­լութիւններ եւս, (ինքնա)արգիլելու կամ (ինքնա)զսպելու “կարեւո­րութեան” շուրջ խորհրդա­ծե­լու բնա­կա­նո­նացման փորձի ակա­նա­տես ենք։ “Գուցէ չթողէի՞նք որ լիներ…”, “գուցէ չթողե՞նք որ լինի…”, “գուցէ չառաջարկե՞նք որ լինի…”, “գուցէ չմտածե՞նք որ լինի….”։ Յետո՞յ։ Մէկ-մէկ թուարկե՞մ թէ ուրիշ ինչեր կրնան Թուրքիոյ սրտով չըլլալ եւ անոր կողմէ որպէս պատրուակ (այո, պատրուակ) օգտա­գործուիլ։ Ուշադրութիւն. յատուկ՝ “արկա­ծախնդրութեան” մէջ մեղադրե­լու սուրը պատեա­նէն դուրս քաշել սկսածնե­րուն համար. խօսքը պետա­կան բարձրա­գոյն մակարդա­կով ձեռնարկուող հնչեղ գործուղութեան կամ դիւա­նա­գի­տա­կան յայտա­րա­րութեան մասին իսկ չէ. խօսքը հասա­րա­կա­կան առա­ջարկի հիման վրայ Երեւա­նի աւա­գա­նիի կողմէ ընդունուած, միջազգա­յի­նօ­րէն ոչ-հնչեղ, ոչ-արտա­քին դիւա­նա­գի­տա­կան, գրե­թէ զուտ ներքին սպառման ուղղուած որոշման-գործո­ղութեան մասին է։

Հիմա, արժէ՞ պատասխա­նել, թէ “սրա­նից ի՞նչը կտուժեր”. “ինքնիշխա­նութիւն” եւ “ՀՀ արժա­նա­պա­տիւ քաղա­քա­ցի” բառե­րը յաճախ գործա­ծել սիրող քաղա­քա­կան ուժը աս հարցումին պատասխա­նը գտնե­լու չափ խէլք չունի՞։ Իր այս առաջ քաշած տրա­մա­բա­նութեան վտանգաւո­րութիւնը հասկնա­լու չափ ուղե՞ղ։

Թրքա­կան կողմէ օդա­յին տարածք փակե­լու բացա­ռա­պէս նախա­յարձակ ակտին ի տես, փոխա­նակ թէկուզ զուսպ բայց դատա­պարտող դիւա­նա­գի­տա­կան խօսք ըսուի (այդ ալ քարոզչա­կան իմաստով այնպի­սի շահաւէտ պայմաննե­րու պարա­գա­յին, որպի­սիք են՝ մէկ կողմէն այդ զգետնուած ոճրա­գործնե­րու նոյնինքն Օսմանյան կառա­վա­րութեան կողմէ իսկ մահուան դատա­պարտուած ըլլա­լը, միւս կողմէն այդ ոճրա­գործնե­րու անունով Թուրքիոյ մէջ այսօր գործող փողոցնե­րը, վայրերն ու պետա­կան դպրոցնե­րը [որոնցմէ հաւա­նա­բար տեղեակ իսկ չէք]), կը ստա­նանք հերթա­կան ինքնա­խա­րա­զա­նումն ու ինքնա­նուաստա­ցումը, խորքին մէջ տգէտ բայց ինքզինք շրջա­հա­յեաց ու առա­ջա­դէմ կարծողնե­րով շրջա­պա­տուած առա­քեալ-փրկի­չին կողմէ։

Գրա­ռումը՝ Հրակ Փափազյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ