16.3 C
Yerevan

1–5 Մայիս 1920․ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւն․ Մայի­սեան Խռո­վութեանց Եւ Հայրե­նա­դաւութեան Դառնա­գոյն Էջը

Մաս երկրորդ

Յանկարծ Ալեքսանդրա­պո­լի մէջ բռնկե­ցան հայ պոլշեւիկնե­րու Մայիս Մէկի խռո­վութիւննե­րը՝ Հայաստա­նի հանրա­պե­տա­կան կարգե­րու տապալման եւ պետա­կան բռնաշրջումի կոչե­րով։

Նազա­րեթ Բերբերյան

Թէեւ Հայաստա­նի օրուան կառա­վա­րութիւնը կ՚անդրադառնար, որ Քեմա­լա­կան Թուրքիոյ եւ Լենի­նեան Ռուսաստա­նի միջեւ ընդդէմ Դաշնա­կիցնե­րուն զինակցութիւն կնքե­լու գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենային, բայց ստուգա­պէս դեռ բացա­յայտուած չէին ծալքերն ու տարո­ղութիւնը այդ դաւա­դիր «գործարք»ին… Ստոյգ էր սակայն եւ արդէն փաստա­ցի իրո­ղութիւն, որ մուսաւա­թա­կան Ատրպէյճա­նը մէկ գիշե­րուան մէջ, Ապրիլ 28¬29ին, որո­շեց Կարմիր Համազգեստ հագնիլ․․․ Այսպէս կոչուած Կարմիր Ատրպէյճա­նը խորհրդա­յին իշխա­նութեան դրօշ պարզեց, որպէսզի Կարմիր Բանա­կի անդրկովկա­սեան զօրքե­րուն միա­նա­լով՝ ամբողջ թափով Հայաստա­նի վրա­յով արշաւէ Թուրքիոյ հետ միա­նա­լու իր համաթրքա­կան ցնորքին իրա­գործման ուղղութեամբ։

Օրին հայ քաղա­քա­կան մտքի բոլոր թեւե­րուն համար պարզ ու որոշ էր, որ Ատրպէյճա­նի խորհրդայնա­ցումը Քեմա­լա­կան Թուրքիոյ դրդումով եւ ուղղա­կի միջամտութեամբ կատա­րուած քայլ էր: Համաթրքա­կան ներշնչում ունե­ցող այդ քայլին նպա­տա­կը մէկ ու միակ էր՝ իրա­գործել Պաքուի եւ Անգա­րա­յի միա­ցումը… Իսկ այդ միացման համար առաջնա­հերթա­բար հարկ էր բռնագրաւել հայկա­կան Ղարաբաղ¬Զանգեզուր¬Նախիջեւան ընդարձակ հողա­շերտը եւ զայն… «կամուրջ»ի վերա­ծել ի սպաս համաթրքա­կան միութեան իրա­կա­նա­ցումին։ Անո­րոշն ու անստոյգը Լենի­նեան Ռուսաստա­նի քաղա­քա­կան հաշիւներն էին։

Շուտով պարզ դարձաւ, որ խորհրդա­յին իշխա­նութիւնը ամէն գնով վճռած էր… վերա­տի­րա­նալ Ցարա­կան Կայսրութեան տիրա­պե­տութեան տակ գտնուող անդրկովկա­սեան տարածքնե­րուն։ Յատկա­պէս Պաքուն, իր նաւթա­հո­րե­րով, «անփո­խա­րի­նե­լի» կը նկա­տուէր Լենի­նի եւ անոր գործընկերնե­րուն աչքին։ Այդ դիտանկիւնէն հասկնա­լի էր, որ Խորհրդա­յին Ռուսաստա­նը իր կենսա­կան խնդիրնե­րէն մէկը կը լուծէր Ատրպէյճա­նի․․․ «խորհրդայնա­ցումով»։ Բայց հասկնա­լի չէր, թէ Կարմիր Ռուսաստա­նը ինչպէ՞ս կրնար չտեսնել, թէ թուրքեւատրպէյճա­նեան երկեա­կին հռչա­կած «խորհրդայնացում»ը կեղծ էր եւ, ըստ ամե­նայնի, կը ծառա­յէր Հայաստա­նի վրա­յով համաթրքա­կան միութիւնը իրա­գործե­լու հաշիւնե­րուն․․․ Հասկնա­լի չէր, աւելիո՛վ, Խորհրդա­յին Ռուսաստա­նի անդրկովկա­սեան զօրքե­րուն ուղղա­կի զինակցութիւնը Կարմիր համազգեստ հագած թուրքեւատրպէյճա­նեան զօրա­յիննե­րուն հետ… Մանաւանդ որ միա­ցեալ գրո­հի ձեռնարկե­լով Հայաստա­նի հիւսի­սէն ու արեւելքէն՝ Կարմիր Բանակն ու անոր զօրքե­րը համալրած համաթրքա­կան շարժման «կարմիր համազգեստ» հագած զինուորնե­րը վերջնա­գիր յղած էին Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան՝ պահանջե­լով, որ երեք օրէն Ղարա­բաղ-Զանգե­զուր-Նախի­ջեւան կամուրջը յանձնեն… «խորհրդա­յիննե­րուն»։ 

Ատրպէյճա­նի Ապրիլ 28ի խորհրդայնա­ցումով՝ Հայաստան յայտնուած էր երկու կրա­կի մէջ. — Մէկ կողմէ Հայաստան կը դիմագրաւէր համաթրքա­կան գրո­հը՝ թուրքեւա­զե­րի միութեան ծրագրի գործադրութեան թափ տալով։ — Իսկ միւս կողմէ՝ Հայաստան անձկութեամբ կը հետեւէր պոլշեւի­կեան Ռուսաստա­նի ռազմա­կան քայլե­րուն, որոնք կը սպառնա­յին ազատ ու անկախ Հայաստա­նի գոյութեան՝ Անդրկովկա­սը ամբողջա­պէս վերստին խորհրդա­յին մակա­նի տակ առնե­լու քաղա­քա­կա­նութեամբ։ Մինչ Հայաստա­նի արեւելքէն ատրպէյճա­նա­կան կարմիր բանա­կա­յիննե­րը (որոնց հրա­մա­նա­տա­րութեան մէջ էին նաեւ Անաստաս Միկո­յեա­նի օրի­նա­կով հայ պոլշեւիկներ) թափ տուած էին իրենց ներխուժման, Եւ մինչ հիւսի­սէն ռուս ու վրա­ցի պոլշեւիկնե­րը Հայաստա­նի խորհրդայնացման իրենց ծրա­գի­րը յաջողցնե­լու դաւեր կ՚որոճային, Յանկարծ Ալեքսանդրա­պո­լի մէջ բռնկե­ցան հայ պոլշեւիկնե­րու Մայիս Մէկի խռո­վութիւննե­րը՝ Հայաստա­նի հանրա­պե­տա­կան կարգե­րու տապալման եւ պետա­կան բռնաշրջումի կոչե­րով։ 

Թէեւ փոքրա­թիւ էին հայ պոլշեւիկնե­րը եւ չունէին ժողովրդա­յին ծաւալ ստա­նա­լու որեւէ յոյս ու հեռանկար, բայց անոնց խռո­վա­րա­րութեանց առա­ջա­ցուցած խառնաշփո­թին մէջ մեծ էր վտանգը ոչ-հայ փոքրա­մասնութեանց հակա­պե­տա­կան ըմբոստացման՝ ապաւի­նե­լով Քեմալ-Լենին արտա­քին զօրակցութեան։ Մայիս 3ին գումա­րուած Հայաստա­նի խորհրդա­րա­նին բուռն նիստը եկաւ աւե­լիով ծանրացնե­լու վտանգաւոր այդ կացութիւնը։ Մատի վրայ համրուող ձախա­կողմեան խորհրդա­րա­նա­կաննե­րը Ալ. Խատի­սեա­նի կառա­վա­րութե­նէն պահանջե­ցին, որ շուտա­փոյթ ընդա­ռա­ջէ պոլշեւիկնե­րու յղած անձնա­տուութեան պահանջնե­րուն եւ վերջնա­գիրնե­րուն՝ առա­ջին հերթին «հասկա­ցո­ղութիւն» ցուցա­բե­րե­լով Ալեքսանդրա­պո­լի հակա­պե­տա­կան ցուցա­րարնե­րուն նկատմամբ։ Իսկ աջա­կողմեան (Ժողովրդա­կան) եւ անկուսակցա­կան պատգա­մաւորնե­րը ընդհանրա­պէս անճրկած էին եւ ի վիճա­կի չէին ստանձնե­լու վճռա­կան քայլի դիմե­լու պատասխա­նա­տուութիւնը։ Մինչդեռ ստեղծուած ճգնա­ժամն ու անե­լը դիմագրաւե­լու համար անհրա­ժեշտ էր ամբողջա­կան՝ միա­կամ ու վճռա­կան զօրա­շարժ։ 

Առնչվող Հոդվածներ