ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

1-5 Մայիս 1920․ Հայաստանի Հանրապետութիւն․ Մայիսեան Խռովութեանց Եւ Հայրենադաւութեան Դառնագոյն Էջը

Մաս Վերջին

Հայաստանի եւ հայութեան ազգային ներքին ճակատի միասնականութեան ամրապնդումով եւ սեփական պետութեան բանակի հզօրացումով պայմանաւորուած է այդ արեւելումը։

Նազարեթ Բերբերյան

Մայիս 4ին Հ.Յ.Դ. Բիւրոն արտահերթ ժողով գումարեց եւ ընդլայնուած խորհրդակցութեան հրաւիրեց պետական եւ կուսակցական իր ղեկավար ուժերը՝ տագնապէն ելքը որոշելու համար։ Անշուշտ դաշնակցական ղեկավարութեան մէջ եւս կային մտածողներ (ինչպէս նոյնինքն Սիմոն Վրացեան, որ 1920ի Նոյեմբերին պիտի ստանձնէր վարչապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան), որոնք վերապահ էին «Բիւրօ-Կառավարութիւն» կազմելու քայլին նկատմամբ։ Բայց պահը պատմական ծանրագոյն նշանակութիւն ունէր եւ ամբողջական պատասխանատուութիւն ստանձնելու հրամայականը կը շեշտէր։ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ գործող քաղաքական ուժերը ընդհանրապէս պատրաստ չէին ստանձնելու պոլշեւիկեան խռովութիւնները երկաթեայ բռունցքով զսպելու եւ հայկական ներուժը լրիւ, արտաքին վտանգին դէմ, զօրաշարժի մղելու պատասխանատուութիւնը։ 

Անելը դիմագրաւելու միակ ելքը Ազգի եւ Հայրենիքի առջեւ ամբողջական պատասխանատուութիւն ստանձնելու վճռականութիւնն էր։ Առաջնահերթօրէն հարկ էր վերջ տալ, յատկապէս խորհրդարանական ուժերու մակարդակին վրայ, Մայիս 1920ի առաջին օրերուն առաջացած հայ քաղաքական մտքի եւ կամքի ներքին երկուութեան, այլեւ երկատումին։ Նախ՝ Մայիս Մէկին սկսած խռովութիւնները պէտք է զսպուէին եւ անոնց պատասխանատուները օրէնքի ուժով պատժուէին։ Ապա՝ կտրական Ո՛չ պատասխանը պէտք է տրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը հայ պոլշեւիկներուն յանձնելու վերջնագրին։ Ի վերջոյ Խորհրդային Ռուսաստանը դաւադիր զինակցութեան մէջ մտած էր Քեմալական Թուրքիոյ հետ՝ Հայաստանի հաշւոյն հողեր զիջելով համաթրքական շարժման նոր «ասպետ»ին։ Հայաստանի անկախութեան պահպանման մեծագոյն հրամայականին, փաստօրէն, մահացու հարուած կը հասցնէին խորհրդայիններուն հետ ամէն գնով «լեզու գտնելու» քաղաքականութեան ջատագովները… 

Դանակը հասած էր հայ ժողովուրդի ոսկորին․․․ Խորհրդարանէն ներս թէ դուրս, բուռն էր պահանջը սերունդներու ծով արեամբ նուաճուած անկախ Հայաստանը ամէն գնով պաշտպանելու եւ կործանումէ փրկելու զօրաշարժին։ Ահա ա՛յս առումով օրհասական պահ էր Հայաստանի համար եւ Դաշնակցութիւնը արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ ազգային իր պատասխանատուութեան։ Եւ 5 Մայիս 1920ին Դաշնակցութիւնը ստանձնեց Հայաստանի կառավարման լրիւ պատասխանատուութիւնը։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն փաստօրէն ստիպուեցաւ իր լրիւ կազմով ստանձնելու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ղեկին ամբողջական պատասխանատուութիւնը։ 

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն առաջացուց բժիշկ Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեամբ եօթը հոգինոց կառավարութիւն մը․ – Համօ Օհանջանեան, վարչապետութեան կողքին, ստանձնեց նաեւ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ իր ունեցած արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը։ – Ռուբէն Տէր-Մինասեան եղաւ, միաժամանակ, զինուորական եւ ներքին գործոց նախարար։ Սիմոն Վրացեան ստանձնեց գիւղատնտեսութեան եւ աշխատանքի նախարարութիւնները։ – Աբրահամ Գիւլխանդանեանի յանձնուեցան ֆինանսներու եւ արդարադատութեան նախարարութիւնները։ Արշակ Ջամալեան ստանձնեց հաղորդակցութեան նախարարի պատասխանատուութիւնը։ – Գրիգոր Ղազարեան միատեղեց կրթութեան եւ արուեստի նախարարի պաշտօնները։ ¬ Սարգիս Արարատեան ստանձնեց խնամատարութեան եւ վերաշինութեան նախարարութիւնները։ Բիւրօ-Կառավարութիւնը մինչեւ Մայիսի կէսը ամբողջապէս հակակշռի տակ առաւ հանրապետութեան ներքին ճակատը։ 

Բիւրօ-Կառավարութեան որոշումով՝ Ալեքսանդրապոլի խռովարարները ծանրագոյն պատիժի ենթարկուեցան։ Հայ պոլշեւիկները, իբրեւ հայրենիքի դաւաճաններ ու հակապետական տարրեր, կա՛մ կախաղան հանուեցան, կա՛մ փախուստ տալով Վրաստան ու Ատրպէյճան ապաստանեցան։ Իսկ Հայոց Բանակը իր ամբողջ թափով լծուեցաւ Զանգեզուրի պաշտպանութեան՝ արեւեքէն եկող կարմիր-ազերի բանակայիններու գրոհը դիմագրաւելու զօրաշարժին։ 

Բիւրօ-Կառավարութիւնը միաժամանակ լարուած աշխատանքի անցաւ Կարմիր Ռուսաստանի հետ հասկացողութեան եւ գործակցութեան եզրեր գտնելու ճակատին վրայ։ Լեւոն Շանթի գլխաւորութեամբ կազմեց բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ քաղաքական անհրաժեշտ վարկը կը վայելէր ռուս պոլշեւիկներու մօտ՝ Խորհրդային Ռուսաստանի նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ունեցած ազգային-քաղաքական բնական դաշնակիցի քաղաքականութիւնը ներկայացնելու եւ ընդունելի դարձնելու համար։ Եթէ Շանթի պատուիրակութիւնը ի վերջոյ ձախողեցաւ իր այդ առաքելութեան մէջ, պատճառները Հայաստանի հանրապետական իշխանութեանց մէջ պէտք չէ փնտռել, այլ նոյնինքն Լենին-Քեմալ երկեակի մեծ դաւադրութեան մէջ․․․ 

Բիւրօ-Կառավարութիւնը յաջողեցաւ նաեւ մեծապետական քաղաքականութեան ճակատին վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դուրս բերելով թուրքեւազերի համաթրքական կողմի եւ Լենին-Քեմալ դաւադիր գործակցութեան պարտադրած… շրջափակումէն։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական մեծ աշխուժութեամբ, Պօղոս-Նուպար փաշայի Ազգային Պատուիրակութեան հետ գործակցաբար, յառաջ մղեց միջազգային իրաւական նուիրագործումը հայկական իրաւունքներուն եւ պահանջներուն՝ 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի Դաշնագրին մէջ։ Փաստացի «դիկտատուրա» ըլլալով հանդերձ՝ 5 Մայիս 1920ին կեանքի կոչուած Բիւրօ-Կառավարութիւնը, նոյնպէս փաստօրէն, դրաւ հիմը Հայաստանի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հանրապետութեան ազգային-քաղաքական ՀԱՅԿԱԿԱ՛Ն արեւելումին։ 

Հայաստանի եւ հայութեան ազգային ներքին ճակատի միասնականութեան ամրապնդումով եւ սեփական պետութեան բանակի հզօրացումով պայմանաւորուած է այդ արեւելումը։ Նաեւ՝ Ռուսաստանի հետ բնական դաշնակիցի ռազմավարութեան վրայ խարսխուած է։ Միաժամանակ՝ Արեւմուտքի հետ մերձեցման եւ քաղաքակրթական ու ժողովրդավարական ընդհանուր եզրերու զարգացման հունով կ՚ընթանայ այդ արեւելումը։ Բայց մանաւանդ համաթրքական վտանգին դիմագրաւումը, հայկակա՛ն այդ արեւելումով, իր բնականոն հունին մէջ կը դնէ հայեւթուրք երկխօսութիւնը։ Ի վերջոյ թրքական ցեղասպան պետութիւնը կը դնէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անբռնաբարելի իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու պարտաւորութեան տակ։

Ահա ա՛յս առումով 1920ի Մայիս Մէկի խռովութիւնները սեւով ու մուրով ամօթի խարան մըն են հայ քաղաքական մտքի ճակտին։ Առանց անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ամբողջ դարեր ապրելէ ետք, յատկապէս թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն հազիւ վերականգնած, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ դաւադրական խռովութեանց դիմեցին հայ քաղաքական գործիչներ՝ կարմիր բանակայիններու եւ թուրք-ատրպէյճանական ասպատակողներու զէնքի ուժով տապալելու համար հայոց պետականութիւնը։ Հայ պոլշեւիկները սեփական հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան դէմ բռնաշրջումի նման «ժառանգութիւն» մը թողուցին հայոց պատմութեան էջերուն։ Դաժան ու դառն դասերով յատկանշուող «ժառանգութիւն» մը, որ ե՛ւ մեր սերունդին, ե՛ւ գալիք սերունդներուն վրայ պարտք կը դնէ ամէն գնով կանխելու ազգային-պետական առումով ծանրագոյնը՝ հայրենադաւութեան յանցագործութիւնը։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *