15.8 C
Yerevan

Նահանջը Ժամա­նա­կա­վոր Է, Հաղթա­նա­կը՝ Հարատև

Այսօ­րուան խօսքի եւ գործի արժէ­քը կը կայա­նայ միայն որեւէ բան կարե­նալ կառուցե­լու մէջ, լաւն ու հզօ­րը վառա­կիչ դարձնե­լու մէջ։

Վիգեն Հովսեփյան

Նահանջներն ու պարտութիւննե­րը անմասն բաժի­նը եղած են մեր իրա­կա­նութեան, անոնցմով լեցուն է մեր ազգի հազա­րա­մեայ պատմութիւնը՝ ուր դժբախտա­բար շատ աւե­լի պարտութիւններ ունե­ցած ենք, քան յաղթա­նակներ։ Հոն ամօթ կամ վերջնա­կան բան չկայ, յատկա­պէս մեզ նման փոքր ազգե­րու համար։ Իսկա­կան ամօթն ու ողբերգութիւնը կը կայա­նայ ժամա­նա­կաւոր դժուա­րութիւննե­րէն դաս չկա­րե­նալ վերցնե­լու, եւ ինքնասրբագրումի ճամբով չվե­րա­կազմա­կերպուե­լուն մէջ։

Ուստի զուսպ, առանց յոխորտանքնե­րու եւ առանց պոռո­տա­խօ­սութեան թակարդին մէջ ներքա­շուե­լու, առանց ինքնա­հիւծիչ պայքարնե­րու եւ պառակտումնե­րու՝ պէտք է հաւա­քագրուինք իտէա­լին շուրջ, հզօր դառնա­լու հրա­մա­յա­կա­նին շուրջ, սրբագրումնե­րու ուղիով ինքնա­կազմա­կերպումի աշխա­տանքին շուրջ։

Այսօ­րուան խօսքի եւ գործի արժէ­քը կը կայա­նայ միայն որեւէ բան կարե­նալ կառուցե­լու մէջ, լաւն ու հզօ­րը վառա­կիչ դարձնե­լու մէջ։ Այս պէտք է որ ըլլայ ղեկա­վա­րութիւննե­րու դերը հեղձուցիչ պարտութիւննե­րու պարա­գա­յին, որպէսզի գօտեպնդումը իմաստ եւ արժէք ունե­նայ, որպէսզի զսպուած նուի­րումը հարիֆութիւն կամ տկա­րութիւն չնկա­տուի։ Երբ ղեկա­վա­րութիւններ կ՚ըսեմ՝ կը հասկնամ հոգեւոր, քաղա­քա­կան, մտաւո­րա­կան՝ վերէն վար, իշխա­նաւոր, ընդդի­մա­դիր թէ չգի­տեմ ինչ, որոնք իրենց բաժին ինկած մեղքի բաժի­նէն ձերբա­զա­տուե­լու ճիգին փոխա­րէն, կամ անընդունե­լին մեզի համար ընդունե­լի դարձնե­լու ճիգին փոխա­րէն՝ պէտք է կեդրո­նա­նան նոր հպարտանք կերտե­լու գործին վրայ. աւե­լի լռե­լով, աւե­լի գործե­լով։

Ահա այդ ժամա­նակ է որ մեր բոլոր նահանջներն ու պարտութիւննե­րը իսկա­պէս որ ժամա­նա­կաւոր կ՚ըլլան, իսկ մեր յաղթա­նակնե­րը՝ արմա­տա­կան եւ մնա­յուն։

Գրա­ռումը՝ Վիգեն Հովսեփյանի ֆեյսբուքյան էջից

Առնչվող Հոդվածներ