24.6 C
Yerevan

Անտեսված Նախա­գուշա­ցումներ

(մաս առա­ջին)

1991‑ի Սեպտեմբեր 21ին, Սովե­տա­կան Միութե­նէն բաժնուե­լու «Անկա­խութեան» հանրա­քուէ։ Համայն հայութիւնը, Հայաստա­նի տարածքին մեծ խանդա­վա­ռութեամբ կը մասնակցի անկա­խութեան հանրա­քուէին «կողմ» քուէարկե­լով, բայց մենք, չգի­տես ին՜չ ին՜չ պատճառնե­րէ մղուած, հակա­ռակ կողմն ենք բռնած։ Այո, շատեր մոռցած են կամ չեն ուզեր յիշել կամ չեն հաւա­տար երբ այդ մասին կ՚ակնարկեմ։

Հրաչ Սիմոնյան

Կը գտնուինք Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան 33րդ ընդհա­նուր ժողո­վի շեմին, եւ բազմա­թիւ նախկին եւ ներկայ Դաշնակցա­կաններ, կ՚արտայայտեն իրենց ցաւն ու դժգո­հութիւնը Դաշնակցութեան քաղա­քա­կան ուղղուա­ծութեան եւ կազմա­կերպա­կան իրա­վի­ճա­կի մասին։ 

Դժգո­հութիւննե­րու ժամա­նա­կաշրջա­նը ընդհանրա­պէս եղած է վերջին քսան տարի­նե­րը։ Ես կ՚ուզեմ երթալ աւե­լի առաջ եւ նաեւ յիշել այն ճակա­տագրա­կան սխալնե­րը որոնք գործուե­ցան Սովե­տա­կան լուծէն դուրս գալու ժամա­նակ եւ որոնք ծնունդ տուին այսօ­րուան Դաշնակցութեան ձախաւեր վիճա­կին։ Կարե­լի չէ առանձնացնել վերջին 20 տարի­նե­րը առանց անդրա­դառնա­լու նախորդող 7–8 տարի­նե­րուն։ Նաեւ կը փոխանցեմ որոշ մտքեր որոնք կրնան օգտա­կար հանդի­սա­նալ յառա­ջի­կայ այս ժողո­վին։ 

Յարգանքով եւ ակնա­ծանքով կը խոնարհիմ անշուշտ այդ օրե­րու Արցա­խեան պատե­րազմին զոհուած Դաշնակցա­կան մարտիկնե­րու շիրիմնե­րուն առջեւ։ Ոչ ոք կրնայ ուրա­նալ Դաշնակցութեան հիմնա­րար դերը Արցա­խի ազա­տագրա­կան պայքա­րին։ 

Սակայն այդ պանծա­լի իրա­գործումնե­րու ընթացքին էր որ աննե­րե­լի սխալներ գործուե­ցան եւ կուսակցութեան վարկը օր ըստ օրէ մեր բոլո­րի աչքե­րու առաջ սկսաւ գահա­վի­ժիլ։ 

Եւ այսպէս՝ 

1991‑ի Սեպտեմբեր 21ին, Սովե­տա­կան Միութե­նէն բաժնուե­լու «Անկա­խութեան» հանրա­քուէ։ Համայն հայութիւնը, Հայաստա­նի տարածքին մեծ խանդա­վա­ռութեամբ կը մասնակցի անկա­խութեան հանրա­քուէին «կողմ» քուէարկե­լով, բայց մենք, չգի­տես ին՜չ ին՜չ պատճառնե­րէ մղուած, հակա­ռակ կողմն ենք բռնած։ Այո, շատեր մոռցած են կամ չեն ուզեր յիշել կամ չեն հաւա­տար երբ այդ մասին կ՚ակնարկեմ։ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը դէմ քուէարկե­լու կոչեր կ՚ընէր ամե­նուրէք։ Եւ օրուայ ղեկա­վա­րութիւնը մեզի կը պարտադրէր քարո­զել եւ համո­զել մեր ժողո­վուրդին որ չերթայ արկա­ծախնդրութեան եւ չքուէարկէ անկա­խութեան ի նպաստ։ Կրնա՞ք երեւա­կա­յել որ կուսակցութիւն մը որ իր ամբողջ էութեամբ պայքա­րած է անկա­խութեան համար, որուն շարքե­րը տարի­նե­րով երա­զած են անկա­խութեան մասին, որո­շէ երթալ իր ժողո­վուրդի կամքին դէմ եւ այդ ալ անկա­խութեան հարցով։ Կրնա՞ք երեւա­կա­յել հիասթա­փութեան ալի­քը շարքե­րէն ներս։ Բնա­կա­նա­բար հանրա­քուէի արդիւնքը չախչա­խից մեծա­մասնութեամբ եղաւ «կողմ», Հայաստա­նը անկա­խա­ցաւ, իսկ մենք եւ Կոմունիստ կուսակցութիւնը միասնա­բար, ստա­ցանք մէկ տոկո­սէն ալ պակաս։ 

1991‑ի նախա­գա­հա­կան ընտրութիւններ։ Ոմանք, որոնց շարքին նաեւ ես, արտա­յայտուած ենք այդ ընտրութիւննե­րուն Դաշնակցութեան մասնակցութեան գաղա­փա­րին դէմ եւ անխո­հեմ գտած ենք հակադրուիլ այդ օրե­րու արդէն իսկ ժողո­վուրդի համակրանքը եւ վստա­հութիւնը շահած «Ղարա­բա­ղի Կոմիտէի»ին։ Փոխա­րէ­նը առա­ջարկած ենք առիթ տալ մեր Սփիւռքեան շարքե­րուն կազմա­կերպուե­լու, տարա­ծուե­լու եւ հաստա­տուե­լու Հայաստա­նեան բոլոր համայնքնե­րուն մէջ յիրաւի Դաշնակցա­կան նկա­րա­գիր կերտե­լու եւ Դաշնակցա­կան կազմեր ստեղծե­լու մտադրութեամբ՝ նուա­զա­գոյնը տասը տարի տալ մենք մեզի, որմէ ետք ժողո­վուրդի վստա­հութիւնը շահած կարե­լի պիտի ըլլար ճակա­տա­բաց մուտք գործել քաղա­քա­կան կեանք։ Բայց ո՚չ, որո­շուե­ցաւ անմի­ջա­պէս մտնել քաղա­քա­կա­նութիւն, պարտաւո­րուե­ցանք մեր բարձրա­գոյն մարմիննե­րէն ներս ընդունիլ եւ վստա­հիլ մարդկանց որոնցմէ ոմանք մի քանի տարի առաջ կոմունիստա­կան շարքա­յիններ եղած էին։ Արդիւնքը այն եղաւ որ վարկա­բե­կուած չորս տոկո­սով դուրս մնա­ցինք քաղա­քա­կան կեանքէն եւ մինչեւ օրս այդ վարկա­բե­կումէն չենք կարո­ղա­ցած ձերբա­զա­տուիլ։ 

1992 ՝Դաշնակցութեան 25րդ ընդհա­նուր ժողո­վը առա­ջին անգամ նորանկախ Հայաստա­նի մէջ գումա­րե­լու որո­շում։ Ինքնին հիա­նա­լի վերա­հաստատման քայլ մը կրնար ըլլալ կուսակցութեան համար եթէ անշուշտ մինչ այդ հակադրուած չըլլա­յինք օրուայ նախա­գահ Լեւոն Տէր Պետրո­սեա­նին, որը բացա­ռիկ ճարպիկ խաղով մը կրցաւ վիժել տալ այդ ժողո­վի գումա­րումը։ Ան հռչա­կեց Հրայր Մարուխեա­նը անբաղձա­լի տարր «persona non grata», տուաւ 48 ժամ որ Հայաստա­նը լքէ եւ դուրս գայ երկրէն։ Ըստ կարգ մը ընկերնե­րու, որոնց շարքին նաեւ ես կը թելադրէինք որ Մարուխեա­նը պէտք է որո­շէ մնալ Հայաստան եւ ի հարկին ձերբա­կա­լուի իսկ ժողո­վը պէտք է գումա­րուի առանց յետաձգուե­լու, յայտա­րա­րե­լով որ կուսակցութեան «ընդհա­նուր ժողով»ը շատ աւե­լի բարձր է քան ոեւէ մէկ անհատ, նոյնիսկ եթէ խնդրոյ առարկայ անձը կուսակցութեան ղեկա­վարն է։ Այդ որո­շումը առնե­լով, Մարուխեան հաւա­նա­բար պիտի հերո­սա­նար եւ կուսակցութեան վարկա­նի­շը բարձրա­նար ժողո­վուրդի մօտ։ Փոխա­րէ­նը, Մարուխեա­նը որո­շեց լքել Հայաստա­նը ՝դժբախտա­բար անվե­րա­դարձ, եւ ժողո­վա­կաննե­րը լքե­ցին «իրենց» տարի­նե­րու երա­զած անկախ երկի­րը եւ գումա­րե­ցին ժողո­վը «օտար» Ֆրանսա­յի մէջ։ Լեւոն Տէր Պետրո­սեան ճիշդ էր Դաշնակցութիւնը վարկա­բե­կե­լու իր հաշիւնե­րուն մէջ. իսկ մենք իր խաղը խաղա­ցինք։ 

1993–1994 ՝ Հակադրութիւններ, ըմբոստութիւն իշխա­նութեան դէմ։ Բանտարկութիւններ եւայլն։ Հակա­ռակ անոր որ Լեւոն Տէր Պետրո­սեա­նի բազմա­թիւ որո­շումնե­րը գտած եմ հակազգա­յին բայց միշտ ալ դէմ եղած եմ նորանկախ Հայաստա­նի պետա­կան այրե­րուն դէմ պայքա­րե­լու գաղա­փա­րին ։ Միշտ մտա­ծած եմ որ մենք քաղա­քա­կան հակա­մարտութիւննե­րու մէջ մտնե­լու փոխա­րէն պէտք է ըլլանք կառուցո­ղա­կան, կազմա­կերպուինք եւ օգնենք եւ մեր գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը տարա­ծենք ժողո­վուրդին մէջ, զօրա­նանք իբրեւ կուսակցութիւն, փայլուն ապա­գա­յի մը հեռանկա­րով։ 

1998–2008 ՝ Քոչարյան բանտէն կ՚ազատէ քաղա­քա­կան բանտարկեալ Դաշնակցա­կաննե­րը բացի երկու հոգիէ՝ Արծրունին եւ Մնջո­յա­նը։ Պատանդ պահե­լով զանոնք բանտի խուլ անկիւննե­րուն մէջ, հաւա­նա­բար ի հարկին օր մը, բանտէն դուրս եկած Դաշնակցա­կան նորե­լուկ ղեկա­վա­րութեան դէմ օգտա­գործե­լու միտումով։ Այդ պատանդնե­րը տակաւին մինչեւ օրս, բանտարկեա­լի կարգա­վի­ճակ ունին եւ զոհերն են, իրենց իսկ դաւա­նած Դաշնակցութեան։ Դարձանք Քոչարյա­նի հնա­զանդ հետեւորդներ։ Մեղսա­կից դարձանք անոր կեղե­քումնե­րուն, լուռ մնա­ցինք ի տես անարդա­րութիւննե­րուն եւ չբա­ցա­յայտե­ցինք զանոնք։ Քոչարյա­նի օրով վերջնա­կա­նա­պէս եւ ամբողջա­կան ձեւով դարձանք գործիք իշխա­նութիւննե­րու ձեռքին, մեղսա­կից դարձանք կեղծուած եւ զեղծա­րա­րութիւննե­րով լի նախա­գա­հա­կան եւ խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութիւննե­րուն, հաւա­նա­բար քանի մը անպէտք աթո­ռի համար։ 

Քոչարյա­նի նախա­գա­հութեան շրջա­նի առա­ջին տարի­նե­րուն էր, 2000 թուին երբ որո­շե­ցի դուրս գալ շարքե­րէն եւ ինքս նաեւ չդառնալ մեղսա­կից Դաշնակցութեան այդ նսե­մա­ցուցիչ քաղա­քա­կա­նութեան։ Անշուշտ դուրս գալու պատճառնե­րը բազմա­թիւ էին, սակայն Դաշնակցութեան այս վարկա­բե­կուած եւ մեղսակցող քաղա­քա­կա­նութիւնն էր հիմնա­կան պատճա­ռը, որուն դէմ տարի­նե­րու իմ տարած պայքա­րը մնա­ցած էր ապարդիւն։ 2008‑ի Մարտի 1ի ահաւոր այդ օրուայ մասին Դաշնակցութիւնը մնաց լուռ։ Հետա­գա­յին չաջակցե­ցաւ նաեւ քաղա­քա­կան բանտարկեալնե­րուն եւ ոչ մէկ մեղադրա­կան խօսք պատա­հարնե­րուն մասին ։ Քոչարյա­նի նկատմամբ մնաց միշտ հնա­զանդ, չգի­տես ինչու, երեւի պատմութիւնը օր մը այդ բացա­յայտումնե­րը կ՚ընէ։ 

[շարունա­կե­լի]

Աղբյուրը՝

https://www.facebook.com/hratch.simonian/posts/10155726105136651

Աղբյուրը՝

https://www.facebook.com/hratch.simonian/posts/10155726105136651

Առնչվող Հոդվածներ