Հայաստան

Անտեսված Նախագուշացումներ

(մաս առաջին)

1991-ի Սեպտեմբեր 21ին, Սովետական Միութենէն բաժնուելու «Անկախութեան» հանրաքուէ։ Համայն հայութիւնը, Հայաստանի տարածքին մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցի անկախութեան հանրաքուէին «կողմ» քուէարկելով, բայց մենք, չգիտես ին՜չ ին՜չ պատճառներէ մղուած, հակառակ կողմն ենք բռնած։ Այո, շատեր մոռցած են կամ չեն ուզեր յիշել կամ չեն հաւատար երբ այդ մասին կ՚ակնարկեմ։

Հրաչ Սիմոնյան

Կը գտնուինք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 33րդ ընդհանուր ժողովի շեմին, եւ բազմաթիւ նախկին եւ ներկայ Դաշնակցականներ, կ՚արտայայտեն իրենց ցաւն ու դժգոհութիւնը Դաշնակցութեան քաղաքական ուղղուածութեան եւ կազմակերպական իրավիճակի մասին։ 

Դժգոհութիւններու ժամանակաշրջանը ընդհանրապէս եղած է վերջին քսան տարիները։ Ես կ՚ուզեմ երթալ աւելի առաջ եւ նաեւ յիշել այն ճակատագրական սխալները որոնք գործուեցան Սովետական լուծէն դուրս գալու ժամանակ եւ որոնք ծնունդ տուին այսօրուան Դաշնակցութեան ձախաւեր վիճակին։ Կարելի չէ առանձնացնել վերջին 20 տարիները առանց անդրադառնալու նախորդող 7-8 տարիներուն։ Նաեւ կը փոխանցեմ որոշ մտքեր որոնք կրնան օգտակար հանդիսանալ յառաջիկայ այս ժողովին։ 

Յարգանքով եւ ակնածանքով կը խոնարհիմ անշուշտ այդ օրերու Արցախեան պատերազմին զոհուած Դաշնակցական մարտիկներու շիրիմներուն առջեւ։ Ոչ ոք կրնայ ուրանալ Դաշնակցութեան հիմնարար դերը Արցախի ազատագրական պայքարին։ 

Սակայն այդ պանծալի իրագործումներու ընթացքին էր որ աններելի սխալներ գործուեցան եւ կուսակցութեան վարկը օր ըստ օրէ մեր բոլորի աչքերու առաջ սկսաւ գահավիժիլ։ 

Եւ այսպէս՝ 

1991-ի Սեպտեմբեր 21ին, Սովետական Միութենէն բաժնուելու «Անկախութեան» հանրաքուէ։ Համայն հայութիւնը, Հայաստանի տարածքին մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցի անկախութեան հանրաքուէին «կողմ» քուէարկելով, բայց մենք, չգիտես ին՜չ ին՜չ պատճառներէ մղուած, հակառակ կողմն ենք բռնած։ Այո, շատեր մոռցած են կամ չեն ուզեր յիշել կամ չեն հաւատար երբ այդ մասին կ՚ակնարկեմ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դէմ քուէարկելու կոչեր կ՚ընէր ամենուրէք։ Եւ օրուայ ղեկավարութիւնը մեզի կը պարտադրէր քարոզել եւ համոզել մեր ժողովուրդին որ չերթայ արկածախնդրութեան եւ չքուէարկէ անկախութեան ի նպաստ։ Կրնա՞ք երեւակայել որ կուսակցութիւն մը որ իր ամբողջ էութեամբ պայքարած է անկախութեան համար, որուն շարքերը տարիներով երազած են անկախութեան մասին, որոշէ երթալ իր ժողովուրդի կամքին դէմ եւ այդ ալ անկախութեան հարցով։ Կրնա՞ք երեւակայել հիասթափութեան ալիքը շարքերէն ներս։ Բնականաբար հանրաքուէի արդիւնքը չախչախից մեծամասնութեամբ եղաւ «կողմ», Հայաստանը անկախացաւ, իսկ մենք եւ Կոմունիստ կուսակցութիւնը միասնաբար, ստացանք մէկ տոկոսէն ալ պակաս։ 

1991-ի նախագահական ընտրութիւններ։ Ոմանք, որոնց շարքին նաեւ ես, արտայայտուած ենք այդ ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան մասնակցութեան գաղափարին դէմ եւ անխոհեմ գտած ենք հակադրուիլ այդ օրերու արդէն իսկ ժողովուրդի համակրանքը եւ վստահութիւնը շահած «Ղարաբաղի Կոմիտէի»ին։ Փոխարէնը առաջարկած ենք առիթ տալ մեր Սփիւռքեան շարքերուն կազմակերպուելու, տարածուելու եւ հաստատուելու Հայաստանեան բոլոր համայնքներուն մէջ յիրաւի Դաշնակցական նկարագիր կերտելու եւ Դաշնակցական կազմեր ստեղծելու մտադրութեամբ՝ նուազագոյնը տասը տարի տալ մենք մեզի, որմէ ետք ժողովուրդի վստահութիւնը շահած կարելի պիտի ըլլար ճակատաբաց մուտք գործել քաղաքական կեանք։ Բայց ո՚չ, որոշուեցաւ անմիջապէս մտնել քաղաքականութիւն, պարտաւորուեցանք մեր բարձրագոյն մարմիններէն ներս ընդունիլ եւ վստահիլ մարդկանց որոնցմէ ոմանք մի քանի տարի առաջ կոմունիստական շարքայիններ եղած էին։ Արդիւնքը այն եղաւ որ վարկաբեկուած չորս տոկոսով դուրս մնացինք քաղաքական կեանքէն եւ մինչեւ օրս այդ վարկաբեկումէն չենք կարողացած ձերբազատուիլ։ 

1992 ՝Դաշնակցութեան 25րդ ընդհանուր ժողովը առաջին անգամ նորանկախ Հայաստանի մէջ գումարելու որոշում։ Ինքնին հիանալի վերահաստատման քայլ մը կրնար ըլլալ կուսակցութեան համար եթէ անշուշտ մինչ այդ հակադրուած չըլլայինք օրուայ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, որը բացառիկ ճարպիկ խաղով մը կրցաւ վիժել տալ այդ ժողովի գումարումը։ Ան հռչակեց Հրայր Մարուխեանը անբաղձալի տարր «persona non grata», տուաւ 48 ժամ որ Հայաստանը լքէ եւ դուրս գայ երկրէն։ Ըստ կարգ մը ընկերներու, որոնց շարքին նաեւ ես կը թելադրէինք որ Մարուխեանը պէտք է որոշէ մնալ Հայաստան եւ ի հարկին ձերբակալուի իսկ ժողովը պէտք է գումարուի առանց յետաձգուելու, յայտարարելով որ կուսակցութեան «ընդհանուր ժողով»ը շատ աւելի բարձր է քան ոեւէ մէկ անհատ, նոյնիսկ եթէ խնդրոյ առարկայ անձը կուսակցութեան ղեկավարն է։ Այդ որոշումը առնելով, Մարուխեան հաւանաբար պիտի հերոսանար եւ կուսակցութեան վարկանիշը բարձրանար ժողովուրդի մօտ։ Փոխարէնը, Մարուխեանը որոշեց լքել Հայաստանը ՝դժբախտաբար անվերադարձ, եւ ժողովականները լքեցին «իրենց» տարիներու երազած անկախ երկիրը եւ գումարեցին ժողովը «օտար» Ֆրանսայի մէջ։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ճիշդ էր Դաշնակցութիւնը վարկաբեկելու իր հաշիւներուն մէջ. իսկ մենք իր խաղը խաղացինք։ 

1993-1994 ՝ Հակադրութիւններ, ըմբոստութիւն իշխանութեան դէմ։ Բանտարկութիւններ եւայլն։ Հակառակ անոր որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի բազմաթիւ որոշումները գտած եմ հակազգային բայց միշտ ալ դէմ եղած եմ նորանկախ Հայաստանի պետական այրերուն դէմ պայքարելու գաղափարին ։ Միշտ մտածած եմ որ մենք քաղաքական հակամարտութիւններու մէջ մտնելու փոխարէն պէտք է ըլլանք կառուցողական, կազմակերպուինք եւ օգնենք եւ մեր գաղափարախօսութիւնը տարածենք ժողովուրդին մէջ, զօրանանք իբրեւ կուսակցութիւն, փայլուն ապագայի մը հեռանկարով։ 

1998-2008 ՝ Քոչարյան բանտէն կ՚ազատէ քաղաքական բանտարկեալ Դաշնակցականները բացի երկու հոգիէ՝ Արծրունին եւ Մնջոյանը։ Պատանդ պահելով զանոնք բանտի խուլ անկիւններուն մէջ, հաւանաբար ի հարկին օր մը, բանտէն դուրս եկած Դաշնակցական նորելուկ ղեկավարութեան դէմ օգտագործելու միտումով։ Այդ պատանդները տակաւին մինչեւ օրս, բանտարկեալի կարգավիճակ ունին եւ զոհերն են, իրենց իսկ դաւանած Դաշնակցութեան։ Դարձանք Քոչարյանի հնազանդ հետեւորդներ։ Մեղսակից դարձանք անոր կեղեքումներուն, լուռ մնացինք ի տես անարդարութիւններուն եւ չբացայայտեցինք զանոնք։ Քոչարյանի օրով վերջնականապէս եւ ամբողջական ձեւով դարձանք գործիք իշխանութիւններու ձեռքին, մեղսակից դարձանք կեղծուած եւ զեղծարարութիւններով լի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, հաւանաբար քանի մը անպէտք աթոռի համար։ 

Քոչարյանի նախագահութեան շրջանի առաջին տարիներուն էր, 2000 թուին երբ որոշեցի դուրս գալ շարքերէն եւ ինքս նաեւ չդառնալ մեղսակից Դաշնակցութեան այդ նսեմացուցիչ քաղաքականութեան։ Անշուշտ դուրս գալու պատճառները բազմաթիւ էին, սակայն Դաշնակցութեան այս վարկաբեկուած եւ մեղսակցող քաղաքականութիւնն էր հիմնական պատճառը, որուն դէմ տարիներու իմ տարած պայքարը մնացած էր ապարդիւն։ 2008-ի Մարտի 1ի ահաւոր այդ օրուայ մասին Դաշնակցութիւնը մնաց լուռ։ Հետագային չաջակցեցաւ նաեւ քաղաքական բանտարկեալներուն եւ ոչ մէկ մեղադրական խօսք պատահարներուն մասին ։ Քոչարյանի նկատմամբ մնաց միշտ հնազանդ, չգիտես ինչու, երեւի պատմութիւնը օր մը այդ բացայայտումները կ՚ընէ։ 

[շարունակելի]

Աղբյուրը՝

https://www.facebook.com/hratch.simonian/posts/10155726105136651

Աղբյուրը՝

https://www.facebook.com/hratch.simonian/posts/10155726105136651
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *