20.4 C
Yerevan

Հայաստան…«Կարմիր Աքցան»ին Մեջ

Հայաստա­նը, որ քաղա­քակրթա­կան խաչմե­րուկնե­րու մէկ բանա­լին է, կրնայ շարունա­կել իր երթը՝ առանց սպա­սե­լու, որ կայսրութիւննե­րը փուլ գան, բայց այսօ­րուան կտրուածքով կրնայ շատ սուղ գին վճա­րել, եթէ Արեւմուտքի խոստումնե­րը (եթէ կան) ջուր դառնան։

Սագօ Արեան

Նոյնը կարե­լի է նկա­րագրել Թուրքիա-Ռուսաստան անհասկնա­լի, բայց նաեւ բացա­յայտ ու պարզ ռազմա­վա­րա­կան «մեծ սիրոյ» պարա­գա­յին։ Սա եւս անպայման պիտի ունե­նայ իր վախճա­նը՝ ինչպէս որ ունե­ցաւ սկիզբ եւ ընթացք։ Այս բոլո­րը հաշուի առնե­լով տրա­մա­բա­նա­կան է անհանգստա­նալ, որ Ռուսաստա­նի մտա­հո­գուա­ծութիւնը կրնայ շատ արագ վերա­ծուիլ ատե­լութեան եւ Հայաստանն ու Արցա­խը կրնան դառնալ անոր զոհը։

Օրե­րը միշտ կը բերեն առանցքա­յին իրա­դարձութիւններ։ Այս վերջերս խաղի ընդհա­նուր հաշիւը կը բանար Հայաստա­նի վարչա­պետ Նիկոլ Փաշի­նեան, որ գրե­թէ առա­ջին անգամ այդքան ծանր մեղադրանքներ, նաեւ փաստեր կը դնէր Ռուսաստա­նի ուսե­րուն վրայ։ Իտա­լա­կան «La Repubblica»ին խօսե­լով՝ Փաշի­նեան ո՛չ միայն կը բողո­քէր Ղարա­բա­ղի մէջ ռուսա­կան դերի թուլա­ցումէն, այլ ի լուր աշխարհին կը յայտա­րա­րէր, որ Ռուսաստան կը պատրաստուի լքել Հարաւա­յին Կովկա­սը. բան մը, որ ըրած էր նաեւ ասկէ առաջ։ Փաշի­նեա­նի իրաւա­ցիութեան անդրա­դառնա­լէ առաջ, հարկ է այստեղ կարեւոր շեշտ մը դնել՝ ըսե­լու համար, որ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի առկայ վիճա­կին գլխաւոր պատասխա­նա­տուն միայն Ատրպէյճա­նը չէ, այլեւ հաւա­սա­րա­պէս՝ Ալիեւի վարչա­կարգին կանաչ լոյս վառած Փութի­նի վարչա­կարգն է։ Հիմա շատեր վերագրումներ պիտի ընեն ու պիտի փորձեն իրա­վի­ճա­կը փարա­տել՝ ըսե­լով, որ Ռուսաստան շատ խառն վիճա­կի մէջ է, Արցա­խի մէջ ինչ-ինչ պատճառնե­րով անոր ձեռքե­րը կապուած են։ Ասոնք բոլո­րո­վին տանե­լի կամ ընդունե­լի վարկածներ չեն, որովհե­տեւ Արցա­խի այսօ­րուան իրադրութեան մասին խօսե­լու ժամա­նակ հաշուի պէտք է առնել, որ աւե­լի քան 120 հազար հայեր յայտնուած են սովա­մահ ըլլա­լու բաւա­կան լուրջ վտանգի մը դէմ յանդի­ման եւ ասոր փոխա­րէն կը նկա­տուին ռուս խաղա­ղա­պահնե­րուն ո՛չ միայն չէզոք մօտե­ցումնե­րը, այլեւ կը լսուի, որ անոնք Արցա­խի փուռե­րէն իրենց օգտա­գործած չափա­բա­ժին հացէն աւե­լի հաց կը պահանջեն, որպէսզի Աստուծոյ տուած հացը աղբը թափեն…

Ի վերջոյ, սա ի՞նչ կը նշա­նա­կէ…

Ճիշդ է, որ երբ քաղա­քա­գի­տա­կան վարկածնե­րու կամ մօտե­ցումնե­րու մասին կը խօսուի, ապա ստի­պո­ղութիւն է հեռու մնալ զգա­ցա­կան կամ յուզա­կան արձա­գանգնե­րէ, բայց Արցա­խի առկայ իրա­վի­ճա­կը քլած-անցած է ամէն ինչ ու փաստ է, որ եթէ շուտով լուծումներ չգտնուին, ապա հայե­րը ազգո­վին ակա­նա­տես պիտի ըլլան արցախցի­նե­րու սովա­մա­հութեան կամ ալ Արցա­խի հայա­թափման։ Ու այս վիճակնե­րուն մէջ, ի վերջոյ, ո՞ւր էր Ռուսաստա­նը, երբ պաշա­րումի առա­ջին ճաղե­րը կառուցուե­ցան եւ Արցա­խը դարձաւ պատանդ Արեւելք-Արեւմուտք մեծ խաղին։ Ու հիմա հարց. ինչո՞վ էր սխալ Նիկոլ Փաշի­նեա­նը, երբ բոլո­րին գիտցա­ծը բացի տուաւ արար աշխարհին առջեւ… կամ նաեւ ըսաւ, որ որեւէ պետութեան համար սխալ է՝ իր անվտանգութեան համա­կարգը հարիւր տոկո­սով կապել միայն մէկ պետութեան հետ։ Այս բոլո­րը գետին թափուած շքեղ մարգա­րիտներ են՝ մանաւանդ այս փուլին, երբ Ռուսաստան իսկա­պէս յայտնուած է բաւա­կան ծանր վիճա­կի մը մէջ։ Կ՚արժէ՞ր, պէ՞տք էր, որ Փաշի­նեան այս խաղին դիմէր կամ ժամկէ­տի առումով որքա՞ն ապա­հով էին այս մօտե­ցումնե­րը… Հապա՞ պատե­րազմի ահը… Հապա ամբողջա­կան խաղա­ղութեան բացա­կա­յութեան, նաեւ Ալիեւի ախորժակնե­րուն ընդա­ռաջ հնչած այս խօսքե­րը վտանգաւոր չե՞ն Արցա­խի եւ Հայաստա­նի համար։ Այս բոլո­րը կան, այս մտա­հո­գութիւննե­րը այսօր ալ ծանր օղա­կի պէս շրջա­պա­տած են հայկա­կան կողմին վիզը, բայց այս բոլո­րը արձա­գանգն է Արցա­խի ընդհա­նուր անյոյս դրութեան։

Այս շերտէն դուրս, անշուշտ, պէտք է հաշուի առնել Ռուսաստա­նի մեծ մտա­հո­գութիւնը, որ կապ ունի Հայաստան-Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգներ յարա­բե­րութիւննե­րուն հետ։ Ու այստեղ եւս զարմա­նա­լի ոչինչ կայ։ Թէեւ այսօր Հայաստա­նի մէջ կը սկսին ԱՄՆ‑ի հետ համա­տեղ զօրա­վարժութիւններ, սակայն սա նորութիւն մը չէ, ոչ ալ նոր որակ կրնայ բերել Երեւան-Ուա­շինկթըն յարա­բե­րութիւննե­րուն։ Անշուշտ, այս խնդրին մէջ թաղուած է շան գլուխը, որ ունի ռուսա­կան շեշտաւո­րում եւ կը մատնէ այն մեծ ու խորքա­յին հարցումը, թէ արդեօք Երեւան դէպի Արեւմո՞ւտք կը թեքուի։ Նոր չէ այս վախը, սակայն, այսօր կը հնչէ շատ աւե­լի տարբեր երանգնե­րով եւ ծաւալնե­րով։ Այստեղ ալ, անշուշտ, Ռուսաստա­նի կողմէ կայ որո­շա­կի իրաւա­ցիութիւն՝ այն իմաստով, որ Փաշի­նեան չէր կրնար այսքան բացի տալ Մոսկուա­յի պարա­գա­յին իր վերա­պա­հութիւննե­րը, եթէ անոնց դիմաց ստա­ցած չըլլար՝ յատկա­պէս Ուա­շինկթը­նի վստա­հե­ցումնե­րը։ Ու այս նոյն կէտին վրայ կը բիւրե­ղա­նայ մեծա­գոյն պայքա­րին խորա­պատկե­րը։

Ուքրայնա­յի տագնա­պէն ասդին Ռուսաստան շատ չէզոք դիրքե­րու մէջ է՝ մանաւանդ Հարաւա­յին Կովկա­սի մէջ։ Արցա­խի պարա­գա­յին ռուս խաղա­ղա­պահնե­րը, ի տարբե­րութիւն 44-օրեայ պատե­րազմին յաջորդած առա­ջին փուլին, դարձած են շատ անտարբեր եւ անգործունեայ։ Նկա­տե­լի է, որ այս առումով Քրեմլին մեծ խնդիրներ ունի ինքն իսկ։ Ռուսաստան դարձած է մեծ հիւանդ մարմին մը, որուն ձեռքե­րը կապուած են, ոտքե­րը քարա­ցած, իսկ ուղե­ղը կը գործէ իրա­կա­նութե­նէն կտրուած՝ յաճախ ունե­նա­լով վերա­ցա­կան մտա­ծումներ։ Այս բոլո­րին առընթեր, Մոսկուա կը փորձէ շունչ քաշել հեռաւոր Ափրի­կէի մէջ կամ Սուրիոյ տափաստաննե­րուն վրայ՝ յար եւ նման այն մեծ համա­կարգե­րուն, որոնք մոլուցքնե­րու մէջ գտնուե­լով հանդերձ կը փորձեն իրենց հիւանդութիւննե­րը գաղտնի պահել։ Այդ տէրութիւննե­րը կը խօսին նոր սէրեր փնտռե­լու մարմա­ջով ու կը մոռնան իրենց անցեա­լի կեանքն ու հաւա­տարմութիւննե­րը։

Նոյնը կարե­լի է նկա­րագրել Թուրքիա-Ռուսաստան անհասկնա­լի, բայց նաեւ բացա­յայտ ու պարզ ռազմա­վա­րա­կան մեծ սիրոյ պարա­գա­յին։ Սա եւս անպայման պիտի ունե­նայ իր վախճա­նը՝ ինչպէս որ ունե­ցաւ սկիզբ եւ ընթացք։ Այս բոլո­րը հաշուի առնե­լով տրա­մա­բա­նա­կան է անհանգստա­նալ, որ Ռուսաստա­նի մտա­հո­գուա­ծութիւնը կրնայ շատ արագ վերա­ծուիլ ատե­լութեան եւ Հայաստանն ու Արցա­խը կրնան դառնալ անոր զոհը։

Հայաստա­նը, որ քաղա­քակրթա­կան խաչմե­րուկնե­րու մէկ բանա­լին է, կրնայ շարունա­կել իր երթը՝ առանց սպա­սե­լու, որ կայսրութիւննե­րը փուլ գան, բայց այսօ­րուան կտրուածքով կրնայ շատ սուղ գին վճա­րել, եթէ Արեւմուտքի խոստումնե­րը (եթէ կան) ջուր դառնան։ Այդ պարա­գա­յին, գահա­վի­ժող մեծ եւ հիւանդ մարմիննե­րու շռնթա­լից անկումին հետ այդ մարմնէն ելած մեծ մաղձակտորնե­րը կրնան երկինք բարձրա­նալ ու կրնան տեղացնել դժոխքի ամբողջ անէծքն ու չարութիւնը։

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս
Հոդվա­ծը՝ arevelk.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ