Օտարները անշուշտ գոհ են, որ մեր հարցին «լուծումը» կրկին իրենց յանձնուած է, եւ մենք, հակառակ մեզի տրուած 26 տարիներու հոյակապ առիթին, անգամ մը եւս ապուրի ամանին դիմաց կանգնած ենք գլուխնիս կախ, թղթէ շերեփով:
ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Արցախի առաջին յաղթանակէն ետք (1994) պատմութիւնը մեզի` հայերուս, 26 տարի առիթ ընծայեց (մինչեւ սեպտեմբեր 2020) , որպէսզի կերտենք արդիական հզօր բանակ եւ նոր օրերու ռազմական արհեստագիտութիւն: Մեր հայրենի ղեկավարները այդ չըրին: Արդեօք անկարելի՞ էր: Արդեօք երկրին հարստութիւնները բաւարար չէի՞ն: Արդեօք մեր հայրենի ղեկավարները շարժեցան անձնակեդրո՞ն տրամաբանութեամբ: Յամենայն դէպս մեր հայրենի ղեկավարները այդ չըրին, եւ երկիրը 2020-ի քննութեան ներկայացաւ տկար ու անպատրաստ:
2020-ի Արցախի պատերազմի ջախջախիչ պարտութենէն ետք, սպասելիօրէն, մեր երկրին ճակատագրին տնօրինումը գրեթէ ամբողջութեամբ օտարներուն ձեռքն է: Գլխաւորաբար` Ռուսիոյ, Ամերիկայի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի:
Այլեւս շատ փոքր է այն դերը, զոր Հայաստանը կրնայ ունենալ իր ճակատագիրի տնօրինումին մէջ: Մենք` իբրեւ նկատառելի ուժ, գրեթէ չկանք: Ներկայիս մեր ուժի գրեթէ միակ աղբիւրը մեր աշխարհագրական դիրքն է, որ կրնայ արթնցնել կարգ մը օտար պետութիւններու հետաքրքրութիւնը:
Մենք արդէն կորսնցուցած ենք Արցախը: Ահաւոր իրողութիւն:
Կը թուի, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ ռուսական արեւելումը աստիճանաբար փոխարինել ամերիկեանով: Բան մը, որ շատ դժուար իրականանալի է եւ երկիրը կրնայ տանիլ յաւելեալ ցնցումներու:
Ամերիկան եւ Ռուսիան Կովկասի մէջ հակադրուած են իրարու: Թուրքիա եւ Ազրպէյճան յստակօրէն կ՛ուզեն Սիւնիքը աւելցնել իրենց արդէն իսկ ձեռք ձգած հայաստանեան շրջաններուն վրայ:
Օտարները անշուշտ գոհ են, որ մեր հարցին «լուծումը» կրկին իրենց յանձնուած է, եւ մենք, հակառակ մեզի տրուած 26 տարիներու հոյակապ առիթին, անգամ մը եւս ապուրի ամանին դիմաց կանգնած ենք գլուխնիս կախ, թղթէ շերեփով:
* * *
2020-ի Հայաստանի պարտութիւնը պատմական է իր տարողութեամբ եւ հետեւանքներով: Ան ոչ միայն հսկայական կորուստներու պատճառ դարձաւ, այլ նաեւ բացայայտեց, որ Ազրպէյճանին թիկունք եղան թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ Ռուսիան, եւ որ` Արեւմուտքը անուշ խօսքեր ըսաւ ու ձեռքերը լուաց: Հայը անգամ մը եւս մինակ էր: Կարելի չէ եւ սխալ է մեր ուսումնասիրութիւններուն եւ թեզերուն մէջ 2020-ի ջախջախող պարտութիւնը շրջանցելը եւ մոռնալը: Մինչեւ որ իրականացնենք կատարուածը սրբագրող նոր յաղթանակ, չենք կրնար մենք մեզ ծանր կերպով պարտուած չնկատել:
Այս վիճակին մէջ փրկութեան ռազմավարական ուղին կ՛անցնի`
Ա) հայրենի բանակի եւ իր սպառազինութեան ու մեթոտներու անյապաղ արդիականացումէն եւ հզօրացումէն,
Բ) արագօրէն նոր օրերու ռազմական արդիւնաբերութիւն զարգացնելէն, եւ
Գ) ուժեղ տնտեսութիւն կերտելէն:
Պետութիւն, հայրենիք, ազգ փրկելու կարողութենէն հեռու պիտի ըլլանք, եթէ չգործենք այս ուղիով:
Յաջողելու համար անհրաժեշտ է խմբուիլ եւ Հայաստանի ու սփիւռքի գիտական, արհեստագիտական եւ նիւթական կարելիութիւնները կեդրոնացնել ա՛յս ռազմավարական ուղիին վրայ:
Փետրուար 2024