23.3 C
Yerevan

Երբ Սանձերդ Կը Յանձնես Օտարնե­րուն

Օտարնե­րը անշուշտ գոհ են, որ մեր հարցին «լուծումը» կրկին իրենց յանձնուած է, եւ մենք, հակա­ռակ մեզի տրուած 26 տարի­նե­րու հոյա­կապ առի­թին, անգամ մը եւս ապուրի ամա­նին դիմաց կանգնած ենք գլուխնիս կախ, թղթէ շերե­փով:

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Արցա­խի առա­ջին յաղթա­նա­կէն ետք (1994) պատմութիւնը մեզի‘ հայե­րուս, 26 տարի առիթ ընծա­յեց (մինչեւ սեպտեմբեր 2020) , որպէսզի կերտենք արդիա­կան հզօր բանակ եւ նոր օրե­րու ռազմա­կան արհեստա­գի­տութիւն: Մեր հայրե­նի ղեկա­վարնե­րը այդ չըրին: Արդեօք անկա­րե­լի՞ էր: Արդեօք երկրին հարստութիւննե­րը բաւա­րար չէի՞ն: Արդեօք մեր հայրե­նի ղեկա­վարնե­րը շարժե­ցան անձնակեդրո՞ն տրա­մա­բա­նութեամբ: Յամե­նայն դէպս մեր հայրե­նի ղեկա­վարնե­րը այդ չըրին, եւ երկի­րը 2020‑ի քննութեան ներկա­յա­ցաւ տկար ու անպատրաստ:

2020‑ի Արցա­խի պատե­րազմի ջախջա­խիչ պարտութե­նէն ետք, սպա­սե­լիօ­րէն, մեր երկրին ճակա­տագրին տնօ­րի­նումը գրե­թէ ամբողջութեամբ օտարնե­րուն ձեռքն է: Գլխաւո­րա­բար‘ Ռուսիոյ, Ամե­րի­կա­յի, Թուրքիոյ, Իրա­նի եւ Ազրպէյճա­նի:

Այլեւս շատ փոքր է այն դերը, զոր Հայաստա­նը կրնայ ունե­նալ իր ճակա­տա­գի­րի տնօ­րի­նումին մէջ: Մենք‘ իբրեւ նկա­տա­ռե­լի ուժ, գրե­թէ չկանք: Ներկա­յիս մեր ուժի գրե­թէ միակ աղբիւրը մեր աշխարհագրա­կան դիրքն է, որ կրնայ արթնցնել կարգ մը օտար պետութիւննե­րու հետաքրքրութիւնը:

Մենք արդէն կորսնցուցած ենք Արցա­խը: Ահաւոր իրո­ղութիւն:

Կը թուի, թէ Հայաստա­նի ղեկա­վա­րութիւնը կը փորձէ ռուսա­կան արեւե­լումը աստի­ճա­նա­բար փոխա­րի­նել ամե­րի­կեա­նով: Բան մը, որ շատ դժուար իրա­կա­նա­նա­լի է եւ երկի­րը կրնայ տանիլ յաւե­լեալ ցնցումնե­րու:

Ամե­րի­կան եւ Ռուսիան Կովկա­սի մէջ հակադրուած են իրա­րու: Թուրքիա եւ Ազրպէյճան յստա­կօ­րէն կ՛ուզեն Սիւնի­քը աւելցնել իրենց արդէն իսկ ձեռք ձգած հայաստա­նեան շրջաննե­րուն վրայ:

Օտարնե­րը անշուշտ գոհ են, որ մեր հարցին «լուծումը» կրկին իրենց յանձնուած է, եւ մենք, հակա­ռակ մեզի տրուած 26 տարի­նե­րու հոյա­կապ առի­թին, անգամ մը եւս ապուրի ամա­նին դիմաց կանգնած ենք գլուխնիս կախ, թղթէ շերե­փով:

* * *

2020‑ի Հայաստա­նի պարտութիւնը պատմա­կան է իր տարո­ղութեամբ եւ հետեւանքնե­րով: Ան ոչ միայն հսկա­յա­կան կորուստնե­րու պատճառ դարձաւ, այլ նաեւ բացա­յայտեց, որ Ազրպէյճա­նին թիկունք եղան թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ Ռուսիան, եւ որ‘ Արեւմուտքը անուշ խօսքեր ըսաւ ու ձեռքե­րը լուաց: Հայը անգամ մը եւս մինակ էր: Կարե­լի չէ եւ սխալ է մեր ուսումնա­սի­րութիւննե­րուն եւ թեզե­րուն  մէջ 2020‑ի ջախջա­խող պարտութիւնը շրջանցե­լը եւ մոռնա­լը: Մինչեւ որ իրա­կա­նացնենք կատա­րուա­ծը սրբագրող նոր յաղթա­նակ, չենք կրնար մենք մեզ ծանր կերպով պարտուած չնկա­տել:

Այս վիճա­կին մէջ փրկութեան ռազմա­վա­րա­կան ուղին կ՛անցնի‘

Ա) հայրե­նի բանա­կի եւ իր սպա­ռա­զի­նութեան ու մեթոտնե­րու անյա­պաղ արդիա­կա­նա­ցումէն եւ հզօ­րա­ցումէն,

Բ) արա­գօ­րէն նոր օրե­րու ռազմա­կան արդիւնա­բե­րութիւն զարգացնե­լէն, եւ

Գ) ուժեղ տնտե­սութիւն կերտե­լէն:

Պետութիւն, հայրե­նիք, ազգ փրկե­լու կարո­ղութե­նէն հեռու պիտի ըլլանք, եթէ չգործենք այս ուղիով:

Յաջո­ղե­լու համար անհրա­ժեշտ է խմբուիլ եւ Հայաստա­նի ու սփիւռքի գիտա­կան, արհեստա­գի­տա­կան եւ նիւթա­կան կարե­լիութիւննե­րը կեդրո­նացնել ա՛յս  ռազմա­վա­րա­կան ուղիին վրայ:

Փետրուար 2024

Առնչվող Հոդվածներ