32.4 C
Yerevan

Համբա­վը Վարկա­նիշ Է

Երա­զանքն ու նպա­տակնե­րը շատ հզօր բաներ են եւ ՇԱՏ կարեւոր, բայց եթէ անոնք ներկա­յա­ցուին որպէս տեսլա­կան, եւ ոչ թէ որպէս կապկուած իրա­կա­նութիւն։ Այլա­պէս, համբաւ եւ հեղի­նա­կութիւն, խօսքե­րու հետ կը ցնդին ու կ՚երթան։

Վիգեն Հովսեփյան

Համբաւն Է Քաղա­քա­կա­նութեան Մէջ Ուժի Ամե­նօ­րեայ Դրա­մա­նի­շը։

Քաղա­քա­կա­նութեան մէջ չոր ուժը շատ կարեւոր բան է դերա­կա­տա­րի մը (պետութիւն, պաշտօ­նի վրայ անձ, ղեկա­վար, կառա­վա­րութիւն, կուսակցութիւն) համար, բայց ամե­նօ­րեայ կեանքի մէջ միշտ չէ որ չոր ուժ կը կիրա­րուի, ամէն օր չէ որ պետութիւն մը իր շահե­րը պաշտպա­նե­լու համար պատե­րազմի դիմէ, եւ ամէն պահի ընտրութիւններ չկան որ անհատ մը կամ կուսակցութիւն մը իր վարկն ու ծանրութիւնը փաստէ անոնց միջո­ցով։ Հետեւա­բար — եւ այս մասին շատ լաւ ու բովանդա­կա­լից կերպով գրած է Հանս Մորկընթաու «Politics Among Nations» գիրքին մէջ — քաղա­քա­կա­նութեան մէջ ուժի ամե­նօ­րեայ դրա­մա­նի­շը համբաւն է, համբաւն է որ ուղի­ներ կը բանայ, ազդե­լու կարո­ղա­կա­նութիւն ԵՒ կարո­ղութիւններ կ՚ընձեռնէ։

Եւ ուրեմն, ապշած կը մնամ թէ ինչպէ ՞ս անհատ քաղա­քա­կան դերա­կա­տարներ կամ կուսակցութիւններ, չեն հասկնար որ եթէ համբաւ կոսնցնեն, կը կորսնցնեն նաեւ վարկ եւ հեղի­նա­կութիւն, եւ ուրեմն կը կորսնցնեն քաղա­քա­կա­նութեան մէջ ուժի եւ ազդե­ցութեան կարեւո­րա­գոյն դրա­մա­նի­շը։

Իսկ համբաւը սուտե­րու, հռե­տո­րութեան, ճառա­խօ­սա­կան զեղումնե­րու վրայ անկա­րե­լի է կառուցել։ Մանաւանդ երկար շուչի վրայ, քաղա­քա­կան համբաւը կը ստեղծուի երբ մէկու մը խօսքն ու գործը համընկնին, եւ ոչ թէ խօսի բանէ մը ու գործէ լրիւ ուրիշ ուղղութեամբ։ Մարդիկ — մանաւանդ այս դարուս ընձեռնած միջոցնե­րով — շատ հեշտ կերպով կը տեսնեն երբ «տկար»ը պարզա­պէս յոխորտանքով կը զբա­ղի, կը հակնան երբ խոստումնե­րը դատարկա­բա­նութիւն են, եւ զանոնք երկար շունչի վրայ խաբե­լը գրե­թէ անհնա­րին է։

Եւ ուրեմն, եթէ լսող ըլլայ, քաղա­քա­նութեան մէջ յաջո­ղութեան ձգտող ոեւէ անձի կամ խումբի պիտի խրա­տէի խօսիլ զուսպ եւ միայն այնքա­նով որ գործադրուե­լի­քի չափով է ու չյո­խորտալ , մեծ-մեծ բանե­րէ չխօ­սիլ, մաշող անցեա­լի կամ հաւակնոտ ապա­գա­յի վրայ չփորձել ներկան կառուցել։ Այլ, խոստա­նալ այնքան մը որ կարե­լի է իրա­գործել՝ եւ անպայման իրա­գործել այն ինչ որ խոստա­ցուած է։

Երա­զանքն ու նպա­տակնե­րը շատ հզօր բաներ են եւ ՇԱՏ կարեւոր, բայց եթէ անոնք ներկա­յա­ցուին որպէս տեսլա­կան, եւ ոչ թէ որպէս կապկուած իրա­կա­նութիւն։ Այլա­պէս, համբաւ եւ հեղի­նա­կութիւն, խօսքե­րու հետ կը ցնդին ու կ՚երթան։

Գրա­ռումը՝ Վիգեն Հովսեփյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ