20 C
Yerevan

Դաշնակցութիւնը եւ Հայաստա­նի Քաղա­քա­ցիին Վստա­հութեան Քուէն

Սարգիս Դանիէ­լեան

Տաւուշի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունե­ցած հայ-ադրբե­ջա­նա­կան բախումնե­րուն արձա­գանգե­լով, Դաշնակցութեան Սփիւռքի կառոյցնե­րը, գլխաւո­րա­բար երի­տա­սարդա­կան միութիւննե­րը եւ Հայ Դատի գրա­սե­նեակնե­րը, անգամ մը եւս լարե­ցին իրենց ուժե­րը եւ ցոյցե­րով, քաղա­քա­կան շփումնե­րով եւ lobby-ինկի շատ աքթիւ աշխա­տանքնե­րով, իրենց մասնակցութիւնը բերին Պաքուի հակա­հայ արշաւի դէմ պայքա­րին: Անցնող շաբթուան ընթացքին տեսանք, թէ ինչ մեծ աշխա­տանք կատա­րե­ցին անոնք թէ օտար երկիրնե­րու կառա­վա­րութիւննե­րուն մօտ, եւ թէ Ադրբե­ջա­նի դեսպա­նա­տունե­րուն եւ հիւպա­տո­սա­րաննե­րուն առջեւ: Ի հարկէ, աշխա­տանք կատա­րե­ցին նաեւ շատ ուրիշ հայկա­կան միութիւններ եւ կազմա­կերպութիւններ, բայց ամե­նաե­րեւե­լին եւ ամե­նա­տա­րա­ծունը դաշնակցա­կան շրջա­նակնե­րուն կը պարտինք, քանի որ անոնք ունին կազմա­կերպուած կառոյցներ՝ Սփիւռքի բոլոր գաղութնե­րուն մէջ:

Իրա­կա­նութեան մէջ, տարբեր բան չէինք ակնկա­լեր Դաշնակցութեան համասփիւռ կառյցնե­րէն: Անոնք միշտ ալ առա­ջին գիծի վրայ եղած են, երբ որ Հայ Դատի եւ Հայաստա­նի պաշտպա­նութեան հարց գոյութիւն ունե­ցած է: Այսպէս եղած է Արցա­խի հարցի վերարծարծումի առա­ջին օրէն՝ 1988-էն մինչեւ այսօր, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ ապա­գա­յին: Բոլորն ալ ըսած են եւ կ’ընդունին, որ հայկա­կան աւանդա­կան կուսակցութիւններն ու կազմա­կերպութիւննե­րը, որոնք տարա­ծուած են աշխարհով մէկ, ազգա­յին արժէք են եւ շատ բան ունին տալիք Հայաստա­նին եւ հայ ժողո­վուրդին: Իսկ ՀՅԴ‑ն, իր տարա­ծուա­ծութեամբ եւ կազմա­կերպա­կան ցանցով, ամե­նաազդե­ցիկն է եւ ամե­նաաշխա­տունա­կը (ասի­կա կ’ը­սենք, առանց նսե­մացնե­րու միւսնե­րուն տարած աշխա­տանքը):

Անցեալ շաբաթ հպարտ էինք Հայաստա­նի բանա­կին քաջա­գործութիւննե­րով, հայ քաղա­քա­ցի­նե­րու միասնա­կա­նութեամբ եւ Սփիւռքի մեր հայրե­նա­կիցնե­րու ցոյցե­րով եւ քաղա­քա­կան ու մարդա­սի­րա­կան աջակցութեամբ: Հպարտ էինք նաեւ ՀՅԴ սփիւռքեան կառոյցնե­րու կատա­րած աշխա­տանքով եւ զարմա­նա­լի բան չտե­սանք այս բոլո­րին մէջ:

Զարմա­նա­լին, հաւա­նա­բար, ՀՅԴ‑ի աշխա­տանքնե­րուն արձա­գանքն էր՝ Հայաստա­նի դաշնակցա­կան շրջա­նակնե­րուն մէջ: Բազմա­թիւ դաշնակցա­կան գրիչներ, ղեկա­վարներ եւ գործիչներ, յանկարծ սկսան խրատ բաժնել հայրե­նի ժողո­վուրդին եւ ցոյց տալ Դաշնակցութեան համա­հայկա­կան կառոյցին աշխա­տանքնե­րը՝ Տաւուշի կռիւնե­րուն առի­թով: Տեսա՞ք Դաշնակցութիւնը ինչեր կ’ը­նէ աշխարհի տարբեր քաղաքնե­րուն մէջ, տեսա՞ք ինչպէս ցոյցեր կազմա­կերպե­ցին, տեսա՞ք քաղա­քա­կան աշխա­տանքնե­րը, երի­տա­սարդա­կան միութիւննե­րու եւ Հայ Դատի գործունէութիւնը: Հիմա հասկցէք, թէ ի՞նչ է Դաշնակցութիւնը եւ ատոր համե­մատ կեցուածք ճշդե­ցէք,  ատոր համե­մատ վերա­բերմունք ունե­ցէք Դաշնակցութեան հանդէպ, կ’ը­սէին հայաստանցի գործիչնե­րը իրենց յօդուածնե­րով եւ ֆէյսպուքի գրութիւննե­րով:

Ցաւա­լի է, որ Դաշնակցութեան Հայաստա­նի կազմա­կերպութեան եւ կուսակցութեան Հայաստա­նի կառոյցին անունով խօսող մարդի­կը դեռ չեն հասկցած, որ հայրե­նի մեր ժողո­վուրդը Դաշնակցութեան հանդէպ կեցուածք կը ճշդէ ոչ թէ Սփիւռքի, այլ Հայաստա­նի մէջ իրենց գործունէութեան համար: Եթէ Հայաստա­նի քաղա­քա­ցի­նե­րուն 98  տոկո­սը կը մերժէ Դաշնակցութիւնը, ապա պէտք է այլեւս ըմբռնել, որ այդ մերժումը ոչ թէ Դաշնակցութեան Սփիւռքի գործունէութեան համար է, այլ՝ Հայաստա­նեան վերջին 23 տարի­նե­րու գործունէութեան համար: Վստահ եմ, որ Հայաստա­նի ժողո­վուրդը կը գնա­հա­տէ Սփիւռքի մէջ բոլո­րին, ներա­ռեալ՝ ՀՅԴ‑ի հայանպաստ գործունէութիւնը: Ո՞ր հայը դէմ կրնայ ըլլալ Ադրբե­ջա­նի կամ Թուրքիոյ դէմ դաշնակցա­կան (եւ ոչ միայն) տեղա­կան մարմիննե­րու տարած աշխա­տանքին: Վերջին ցոյցե­րուն, գրե­թէ բոլոր քաղաքնե­րուն մէջ, մենք ակա­նա­տես եղանք նաեւ Հայաստա­նէն արտա­գաղթած հայե­րու մեծ թիւով մասնակցութեան: Սա ցոյց կու տայ, որ բոլոր հայե­րը կը գնա­հա­տեն Սփիւռքի մէջ մեր կազմա­կերպութիւննե­րուն տարած հայանպաստ աշխա­տանքը:

Իսկ եթէ Հայաստա­նի մէջ Դաշնակցութեան հանդէպ ժխտա­կան տրա­մադրութիւն գոյութիւն ունի, ատոր պատճա­ռը Հայաստա­նի դաշնակցա­կան կառոյցի եւ անոր ղեկա­վա­րութեան վերջին 23 տարի­նե­րու գործունէութիւնն է: Կարե­լի է արդա­րացնել այդ գործունէութիւնը հազար ու մէկ տեսակ փաստարկնե­րով, բայց փաստը կը մնայ փաստ՝ հայրե­նի ժողո­վուրդը մերժած է բոլոր անոնց, որոնք մաս կազմե­ցին թալա­նող եւ հայ մարդու իրաւունքնե­րը բռնա­բա­րող նախկին բոլոր ռեժիմնե­րուն: Մերժած է Դաշնակցութեան, որովհե­տեւ 23 տարի շարունակ եւ մինչեւ այսօր, ՀՅԴ տեղւոյն ղեկա­վա­րութիւնը սխալ ընթացքի մէջ է, եւ դեռ կը մերժէ սրբագրել իր սխա­լը, եւ փոխա­րէ­նը ժիհատ յայտա­րա­րած է Հայաստա­նի ազգընտիր իշխա­նութիւննե­րուն դէմ:

Ուստի, ՀՅԴ Հայաստա­նի ղեկա­վարնե­րուն, գործիչնե­րուն եւ քարո­զիչնե­րուն կը մնայ հասկնալ, որ եթէ կ’ուզեն Դաշնակցութեան վարկա­նի­շը եւ դերը բարձրացնել Հայաստա­նի մէջ, անոնք պէտք է սրբագրեն իրենց սխալ ընթացքը եւ պէտք է ստեղծեն իրենց սեփա­կան արժէքնե­րը, պէտք է կարե­նան իրենց սեփա­կան գործունէութեամբ դրա­կա­նօ­րէն ազդել Հայաստա­նի մեր մարտունակ ժողո­վուրդին վրայ: Պէտք է հասկնան, որ Սփիւռքի կառոյցնե­րուն ետեւ պահուը­տի­լը, Սփիւռքի դաշնակցա­կան աւանդը եւ քաղա­քա­կան դրա­մագլուխը օգտա­գործե­լը օգտա­կար պիտի չըլլայ Հայաստա­նի ՀՅԴ ղեկա­վարնե­րուն համար, քանի որ վաղուց հայաստանցի­նե­րը տարբե­րութիւն դրած են ու կը շարունա­կեն դնել Հայաստա­նի եւ Սփիւռքի դաշնակցա­կաննե­րուն միջեւ: Ամէն անգամ երբ Հայաստան այցե­լած ենք, բոլո­րէն լսած ենք նոյն խօսքը՝ «իսկա­կան Դաշնակցութիւնը Սփիւռքում է»: Իսկ երբ ՀՅԴ Հայաստա­նի ղեկա­վարնե­րը կը փորձեն Սփիւռքի կառոյցնե­րու գործունէութիւնը ցոյց տալով Հայաստա­նի մէջ վարկ եւ համակրանք շահիլ, պարզա­պէս աւե­լի եւս կը խորացնեն հայաստանցի­նե­րու այն համո­զումը, որ «իսկա­կան Դաշնակցութիւնը դրսում է»: Հայաստանցի­նե­րը կ’ը­սեն՝ «մենք գիտենք թէ ի՞նչ կ’ը­նէ ՀՅԴն Սփիւռքի մէջ: Իսկ դուք ի՞նչ կ’ը­նեք այստեղ՝ Հայաստա­նի մէջ: Եթէ կ’ուզէք մեր վստա­հութեան քուէն ստա­նալ, ուրեմն փոխե­ցէք ձեր ընթացքը եւ արժա­նի եղեք մեր վստա­հութեան, ինչպէս որ դուրսը՝ Սփիւռքի մէջ, ՀՅԴն արժա­նի եղած է սփիւռա­քա­հա­յութեան կարեւոր մէկ հատուա­ծի վստա­հութեան քուէին»:

Սա՝ ՀՅԴ Հայաստա­նի կառոյցին մասին: Իսկ ինչ կը վերա­բե­րի մեր սփիւռքեան կառոյցնե­րուն, Հայաստա­նի ժողո­վուրդը միշտ հարց կու տայ, թէ ինչու՞ Սփիւռքի ՀՅԴն չի կրնար ազդել Հայաստա­նի ՀՅԴին վրայ: Ինչու՞ Սփիւռքի կառոյցը իր սանձը յանձնած է Հայաստա­նի ղեկա­վարնե­րուն եւ չի կրնար ազատ կողմնո­րո­շուիլ եւ աւե­լի հաւա­սա­րակշռուած քաղա­քա­կա­նութիւն պարտադրել Հայաստա­նի ՀՅԴին: Ինչու՞ այսքան միա­կողմա­նի տեղե­կա­ցուա­ծութիւն կայ Սփիւռքի դաշնակցա­կան շրջա­նակնե­րուն մէջ՝ ներհա­յաստա­նեան խնդիրնե­րուն մասին:

Այս բոլո­րին պատասխաննե­րը իւրա­քանչիւրս ալ գիտենք եւ կը պահենք մեր սրտին մէջ: Ժամա­նակն է, որ խօսինք այս խնդի­նե­րուն մասին: Խօսինք անկեղծութեամբ եւ անկաշկանդ, որպնէսզի կարե­նանք լուծել մեր մեծա­գոյն խնդի­րը՝ Հասյաստա­նի մէջ կայա­նա­լու խնդի­րը: Ի վերջոյ, Դաշնակցութիւնը ստեղծուած է Հայաստա­նի համար, կը հաւա­տայ Միա­ցեալ Հայաստա­նի անկա­խութեան եւ ազա­տութեան: Իսկ ի՞նչ արժէք ունի Դաշնակցութիւնը, եթէ իր հայրե­նի­քին մէջ, դաշնակցակսան զոհա­բե­րութեամբ եւ արիւնով ներկուած հայրե­նի­քին մէջ, կորսնցուցած է իր երբեմնի հզօր հմայքը եւ ժողո­վուրդին վստա­հութիւնը: Ի՞Նչ իմաստ ունի այս համասփիւռ դաշնակցա­կան կառոյցը, եթէ հայրե­նի ժողո­վուրդը չի վստա­հիր տեղւոյն՝ հայաստա­նեան կառոյցին եւ ղեկա­վա­րութեան:

Ժամա­նակն է, որ մտա­ծենք: Մանաւանդ Սփիւռքի մէջ:

Առնչվող Հոդվածներ